Մարի Պօյաճեանի հաւաքածոյ - Փարիզ, Ֆրանսա

Այս էջով ներկայացուած նիւթերը մեզի յանձնեց Մարի Պօյաճեան Մարտ 2016-ին Փարիզի Անաքօ տափանաւին (Péniche Anako) վրայ Յուշամատեանի կողմէ կազմակերպուած ձեռնարկի մը ընթացքին։ Մարիի մեծ հայրն ու մեծ մայրը յաջորդաբար Էսքիշեհիրէն եւ Քիւթահիայէն են, երկու դրացի քաղաքներ Պուրսայի նահանգին մէջ գտնուող։ Հայրական կողմը Սուլթանեաններն են, մինչ մայրական կողմը՝ Տէր Ղազարեանները։ Մարիի մայրը կը կոչուէր Նուարդ Տէր Ղազարեան (յետագային Սուլթանեան-Պօյաճեան)։ Նուարդ դուստրն էր Միհրան Քիւլահեանի եւ Մարիք Քիւլահեանի (ծնեալ Տէր Ղազարեան)։ Ծանօթ է նաեւ Մարիքի հօր անունը՝ Ստեփան Տէր Ղազարեան։ Իսկ Մարիի հայրը՝ Կարապետ Սուլթանեանն էր։ Երբ Ֆրանսա կը հասնի, Կարապետ իր մականունը Սուլթանեանէն կը փոխէ Պօյաճեանի։

Գառնիկ Պետրոսեան (Քիւթահիայէն), որ Նուարդ Տէր Ղազարեանի (յետագային Սուլթանեան-Պօյաճեան) զարմիկն է։ Գառնիկի հայրը Տէր Պետրոս քհնյ. Տէր Պետրոսեանն է, որ Նուարդի հօրեղբայրն է։

Տէր Պետրոս քահանայի ընտանիքը, Քիւթահիա։ Ետեւի շարք, ոտքի, ձախէն աջ՝ Զարուհի, Գառնիկ, Յակոբ։ Կեդրոնը, նստած, ձախէն աջ՝ Մարթէն (ծնեալ Ունանեան, երէցկինը), Տէր Պետրոս Պետրոսեան (աշխարհիկ անուն Կարապետ Քիւլահեան), Հաճի Էվա (հաւանաբար երէցկնոջ մայրը)։ Առջեւի շարք, ձախէն աջ՝ Գայիանէ, Ռափիկ, Մկրտիչ։ Լուսանկարը քաշուած է Քիւթահիոյ մէջ, Տէր Պետրոսին տան մէջ, քաղաքին հայ լուսանկարիչ Ստեփան Երամեանի կողմէ։

Մարթէն Պետրոսեան (ծնեալ Ունանեան) եւ ամուսինը՝ Տէր Պետրոս Պետրոսեան։

1) Քիւթահիա. Տէր Պետրոս քհնյ. Պետրոսեանի որդիները Գառնիկ եւ Յակոբ։
2) Գէորգ Սուլթանեան, Օսմանեան բանակի մէջ զինուորի տարազով։ Գէորգ զարմիկն է Նուարդի ամուսինին՝ Կարապետին, ծնած է Էսկիշեհիր 1887-ին, հօր անունն է Պօղոս։ Ան նաեւ հեղինակն է այս էջով ներկայացուած յուշագրութեան, որ գրի առնուած է Ֆրանսայի մէջ 1948-ին։ Յետագային Գէորգ կը հաստատուի Ֆրանսա։

Սոյն յուշերուն հեղինակը՝ Գէորգ Սուլթանեան (աջին), իր հօրեղբօր որդւոյն՝ Կարապետ Սուլթանեանի հետ։ Լուսանկարուած են Պոլիս, մօտաւորապէս 1912-13 թուականին։ Այդ ժամանակ Գէորգ օսմանեան բանակին մէջ իր զինուորական ծառայութիւնը կը կատարէր։ Յուշերուն մէջ կը նկարագրէ նաեւ լուսանկարուելու այս պահը։ Ինք այն ժամանակ կը ծառայէր Էտիրնէի կողմերը, երբ քանի մը օրով արձակուրդ կ՚առնէ, որպէսզի Էսկիշէհիրէն գործով Պոլիս եկած Կարապետին հետ հանդիպի։

Գէորգ Սուլթանեանի անտիպ յուշերը։ Այստեղ կը տեսնենք ձեռագիր տետրակը։

Մօտ 225 էջերէ բաղկացած այս գործին մէջ յուշագիրը կը պատմէ իր եւ ընտանիքին կեանքը Էսկիշեհիրի մէջ։ Փոքր տարիքէն որբ կը մնայ եւ կ՚անցնի հօրեղբօր խնամքին տակ։ Կարճ ժամանակ քաղաքին հայկական վարժարանը յաճախելէ ետք, մօտ 14 տարեկանին դպրոցը կը ձգէ եւ գործի կ՚անցնի քաղաքին հայ առեւտրականներուն քով։ Կը զինուորագրուի Օսմանեան բանակին մէջ, տասնապետի պաշտօն կը ստանայ եւ կը մասնակցի Պալքանեան պատերազմին։ 1915-ին, Գէորգ եւ իր երկու հօրեղբայրներուն ընտանիքները Էսկիշեհիրի բոլոր հայերուն նման կը տեղահանուին։ Ուղղութիւնը Տէր Զօր երթալ էր, բայց երբ Հալէպ կը հասնին կաշառքով կը յաջողին այստեղ մնալ, յետագային ալ կը հաստատուին Հալէպի մօտակայ գիւղերէն մէկուն մէջ ուր կը զբաղին երկարգործութեամբ։ Ընտանիքին մէջ մահեր տեղի կ՚ունենան, բայց Գէորգ ինք կը վերապրի։

Զինադադարէն ետք Գէորգ Սուլթանեանը կը գտնենք Ատանա, ապա Էսկիշեհիր, կրկին Ատանա, ուր կը մնայ մինչեւ 1921-ի վերջը։ Յունիս 1920-ին, Ատանայի մէջ կ՚ամուսնանայ Սիս քաղաքէն Մայրամ Գույումճեանի հետ։ Կիլիկիոյ հայերու երկրորդ գաղթէն ետք, ինք, կինը ու իրենց առաջին ցաւակը՝ Գրիգոր (ծնած Ատանա 1921-ին), կը հաստատուին նախ Իսքենտերունի (Ալեքսանտրէթ) գաղթակայանին մէջ, ապա կ՚անցնին Պէյրութ, ուր նոյնպէս կ՚ապրին վրանի տակ, Լիբանանի մայրաքաղաքին նաւահանգիստին մօտակայ գտնուող հայկական մեծ գաղթակայանին մէջ։ 1923-ին կը ծնի Գէորգի եւ Մայրամի դուստրը՝ Գոհարիկ, իսկ 1926-ին ալ իրենց երկրորդ որդին՝ Պօղոս։ Ընտանիքը 1926-ին կը գաղթէ Ֆրանսա, ուր Գէորգ կ՚աշխատի զանազան գործարաններու մէջ։ 1927-ին կը ծնի երրորդ որդին՝ Ալբիար։ Երկրորդ Համաշխարհային պատերազմին բռնկումին Գէորգին ընտանիքը արդէն հաստատուած է Փարիզ, ուր կեանքի պայմանները չափազանց դժուար են։ Այս պայմաններուն մէջ Գէորգն ու իր որդին՝ Գրիգոր, կը մեկնին Գերմանիա, ուր իբրեւ բանուոր կ՚աշխատին օդանաւաշինութեան գործարանի մը մէջ, Օշէրսլեպէն (Oschersleben, Պերլինի արեւմուտքը)։ Պատերազմի վերջին տարին նացիները Գէորգը կ՚աշխատցնեն ստրուկ բանուորներու (Zwangsarbeiter) ջոկատներուն մէջ։ Այստեղ ալ կը վերապրի եւ պատերազմի աւարտին կը վերադառնայ Փարիզ։ Կը մահանայ 1980-ականներուն։

Ահաւասիկ սովորական մարդու մը արտասովոր կեանքը…

Բարեկենդանը Քիւթահիոյ մէջ։ Հետաքրքրական է որ լուսանկարին մէջ երեւցող չորս անձերն ալ տղամարդիկ են։ Ձախէն առաջինը (ոտքի, ծպտուած) Գառնիկ Պետրոսեանն է։

Չեղերկանեան ընտանիք։ Այս մէկը Զարուհի Պետրոսեանի (Տէր Պետրոսին դուստրը) ընտանիքն է։ Նստած, ձախէն աջ՝ Զարուհի Չեղերկանեան (ծնեալ Պետրոսեան), Պարգեւ (նստած, փոքրիկ տղան), Արթին Չեղերկանեան (Զարուհիի ամուսինը)։ Ոտքի, ձախէն աջ՝ Յակոբ, Գայիանէ, Մկրտիչ։