Հայկանուշ Սարայտարեան եւ Յովհաննէս Հովարտեան էօտէմիշի մէջ, Զմիւռնիոյ մօտիկ, 1918-1920։ Այս պատկերը վերաշխատցուած է Գայոս Հովարտեանի կողմէ։

Ճէլալեան հաւաքածոյ - Աթէնք

24/08/22 (վերջին փոփոխութիւն՝ 24/08/22)

Յիշողութեան այս նիւթերը հաւաքուեցան 1 եւ 2 Ապրիլ 2022-ին Աթէնքի մէջ տեղի ունեցած Յուշամատեանի աշխատանոցին ընթացքին։

Սոյն էջը պատրաստուեցաւ գործակցութեամբ Աթէնքի «Արմենիքա» պարբերաթերթին եւ «Համազգային» միութեան Աթէնքի մասնաճիւղին։ Աշխատանոցին հովանաւորն էր գերմանական EVZ «Յիշողութիւն, պատասխանատւութիւն եւ ապագայ» հիմնարկութիւնը։

Այս էջով կը ներկայացնենք Արտա Ճէլալեանի հօրենական եւ մօրենական կողմերուն պատմութիւնը։ Արտան այս վկայութիւնները քաղած է հօրմէն՝ Յակոբ Ճէլալեանէն եւ հօրաքրոջմէն՝ Էվի Թոմպուլեանէն (ծնեալ Ճէլալեան)։ Իսկ մօրենական կողմին մասին տեղեկութիւնները ան հաւաքած է մօրմէն՝ Ճուլիա Ճէլալեանէն (ծնեալ Հովարտեան) եւ մօրաքրոջմէն՝ Նորմա Տէլիկիօրկիէն (ծնեալ Հովարտեան)։

Ճէլալեան եւ Ալեքսանեան ընտանիքները

Ճէլալեան ընտանիքը Էսքիշէհիրէն է։ Ընտանիքին նախահայրերէն կը յիշուին Գէորգը եւ Եւան, որոնց զաւակներն էին՝ Արտաշէսը (1898-1991), Լուսաբերը (1901-1980-ականներ), Հայկուհին (1896-ի շուրջ-1981), Աբրահամը (-1980)։ Արտաշէս Ճէլալեանը Արտային հօրենական մեծ հայրն է։

20-րդ դարու սկիզբներուն, Ճէլալեան ընտանիքը Էսքիշէհիրէն կը տեղափոխուի Անգարա։ Հոս, Արտաշէս կը զբաղէր մանր առեւտրական գործերով։

Ցեղասպանութեան տարիներուն, բազմաթիւ վտանգներ դիմագրաւելով եւ Անգարայի հայ կաթոլիկ համայնքին օգնութեամբ, Արտաշէս կը յաջողի ընտանիքին հետ գաղտնի կերպով դուրս գալ քաղաքէն եւ ապաստան գտնել Իզմիր/Զմիւռնիոյ մէջ։ Ան իր կեանքին ընթացքին յաճախ ականատեսի վկայութիւններ կու տար Անգարայէն Իզմիր ճամբուն վրայ ցեղասպանութեան ահաւորութիւններուն մասին։ Իզմիր հասնելէ ետք, գիտենք որ Արտաշէս դերձակութիւն կը սորվի թուրք վարպետներու քով։

1922-ի վերջերը, երբ Զմիւռնիան կը գրաւուէր թրքական ուժերուն կողմէ, Արտաշէսն ու ընտանիքը կ՚որոշեն դուրս գալ Օսմանեան կայսրութենէն։ Նախ կ՚անցնին Պոլիս, հոնկէ կը տեղափոխուին Պուլկարիոյ Վառնա քաղաքը, ապա կ՚անցնին Սոֆիա։ Պուլկարիայէն կը տեղափոխուին Յունաստան, նախ՝ Սելանիկ, ապա Աթէնք, ուր կը հասնին 1920-ականներու կէսերուն։

Աթէնքի մէջ Արտաշէս կ՚ամուսնանայ Գոհար Ալահվերտեանի հետ։ Այս վերջինը պարսկական հպատակութիւն ունէր, ինչ որ պատճառ կ՚ըլլայ որ Արտաշէսն ալ պարսկահպատակ դառնայ։ Իրենց ամուսնութենէն քանի մը ամիս ետք Գոհար կը մահանայ։

Աթէնքի մէջ Արտաշէս կ՚աշխատէր յունահայ յայտնի դերձակուհիի՝ Ասթրայի (մականունը անյայտ) քով, որուն դերձակատունը նոյնպէս կը կոչուէր «Ասթրա»։ Աւելի ուշ դերձակութիւնը կը ձգէ եւ կը սկսի գորգի վաճառականութիւն եւ նորոգութիւն ընել Աթէնքի կեդրոնին մէջ գտնուող իր խանութին մէջ։

Արտաշէսին մայրը՝ Եւան, կը մահանայ 1925-ի շուրջ։ Ամուսինը՝ Գէորգը, կը վերամուսնանայ Կիւլհանումին հետ։ Այս ամուսնութենէն կը ծնի Սերոբը, 1925-ին։ Գէորգին մահէն ետք (թուականը անյայտ), Կիւլհանում կը վերամուսնանայ Սարաֆեանի մը հետ, եւ այս ձեւով ալ Սերոբը կը սկսի կրել Սարաֆեան մականունը։ Արտաշէսին քոյրն ու եղբայրը՝ Լուսաբերը եւ Աբրահամը կը գաղթեն Ֆրէզնօ (Քալիֆորնիա), ուր կ՚ապրին մինչեւ իրենց մահը։ Սերոբ Սարաֆեանը Խորհրդային Հայաստան կը մեկնի 1946-1947-ի ներգաղթին:

Արտաշէս իր կարգին կը վերամուսնանայ Մարիքա Ալեքսանեանին հետ, 28 Փետրուար 1937-ին։ Մարիքա ծնած էր 1915-ին Քորտէլիոյի մէջ (ներկայիս Քարշըքայեա-Karşıyaka), որ Իզմիրի մօտակայ ծովափնեայ վայր մըն է։ Անոր մայրն էր Պէաթրիսը, հայրը՝ Յակոբը։ Պէաթրիսին մօր անունը Հեղինէ էր։ Պէաթրիս եւ Յակոբ ունէին երեք զաւակ. Մարիքա, Արթաքի (Արթին, Յարութիւն), եւ Գէորգ (Վովոք)։ Այս վերջինը ի ծնէ հիւանդ էր։ Մարիքա փոքր տարիքէն իսկ յունարէնին լաւ կը տիրապետէր, նկատի ունենալով որ Քորտէլիոյի մէջ շրջապատուած էր յունախօսներով։

1922-ին, թուրքերը կը ձերաբակալեն հայրը՝ Յակոբը եւ մօրեղբայրը (անունը անյայտ)։ Հայրն ու մօրեղբայրը այս ձեւով անհետ կը կորին։ Երբ Իզմիր քաղաքին մէջ սկիզբ կ՚առնէ մեծ հրդեհը, Պէաթրիս ամբողջ ընտանիքը կը հաւաքէ, կու գայ նաւահանգիստ, ուրկէ նաւ մը կը նստին եւ կը հասնին Յունաստան։ Խուճապային այս ճամբորդութեան ընթացքին, ան իր հետ առած էր միայն ընտանիքին ոսկեդրամները եւ ոսկեղէնները, ինչպէս նաեւ արծաթապատ կողքով աղօթագիրք մը։

Կը հասնին Աթէնք։ Հոս, Պէաթրիս իր բերած ոսկիներով տուն մը կը գնէ Նէօ Ֆալիրօ թաղամասին մէջ։ Ծովեզերեայ այս տունը իրեն կը յիշեցնէր իր հայրենի քաղաքը՝ Քորտէլիօն։ Պէաթրիս կը գնէ նաեւ կարի մեքենայ մը եւ դերձակութիւն կը սկսի ընել։ Անոր որդին՝ Գէորգը, Յունաստան հասնելէ քանի մը տարի ետք կը մահանայ։ Դուստրը՝ Մարիքան, կը սկսի յաճախել Ֆիքսի հայկական վարժարանը (Ազգային Միացեալ վարժարան), որ կը գտնուէր հայ կաթոլիկներուն եկեղեցիին կողքին՝ կաթոլիկ համայնքին պատկանող շէնքի մը մէջ։ Այնուհետեւ, Մարիքա կը տիրանայ դպրոցական թոշակի մը եւ կը սկսի յաճախել Աթէնքի ամերիկեան աղջիկներու գոլէճը։ Այս մէկը Իզմիրի նոյնանուն միսիոնարական դպրոցին շարունակութիւնն էր։ Կը գտնուէր Բալէօ Ֆալիրօ թաղամասին մէջ, իսկ աւելի ուշ ալ կը տեղափոխուի Էլլինիքոն թաղամաս։ Գոլէճը երկու բաժին ունէր. մէկը յատկացուած էր յունախօս աշակերտուհիներուն, միւսը՝ հայախօսներուն։ Նոյն այս ժամանակներուն Պէաթրիսին միւս որդին՝ Արթաքին, Բ. համաշխարհային պատերազմէն ետք Խարթում կ՚երթայ աշխատելու համար, բայց քանի մը տարի ետք կը վերադառնայ Աթէնք։

1937-ին, երբ Արտաշէսը եւ Մարիքան կ՚ամուսնանան, ամուսինը այս առիթով Խալանտրիի մէջ (Աթէնքի հիւսիսը) դէմ դիմաց գտնուող երկու տուներ կը գնէ, որպէսզի իր եւ կնոջ ընտանիքները հոն ապրին։ Գեղեցիկ տուներ էին, ունէին իրենց պարտէզն ու հաւնոցը, իսկ մուտքի դուռին վրայ գրուած էին Արտաշէսին անունին եւ մականունին սկզբնատառերը։ Հոս կը ծնի ամուսնացեալ զոյգին առաջին որդին՝ Գէորգը (1937-1942)։ Բ. Համաշխարհային պատերազմի տարիներուն փոքրիկը կը հիւանդանայ, բժիշկ գտնելը չափազանց դժուար էր այդ ժամանակներուն, կարելի չըլլար երեխային բժշկական անհրաժեշտ խնամքը ապահովել եւ ան կը մահանայ։ 1938-ին կը ծնի Յակոբը (1938-2021), որ Արտային հայրն է։ 1943-ին կը ծնի Եւա/Եւին։

Արտաշէսը Աթէնքի մէջ անուանի հնավաճառ եւ գորգավաճառ էր։ Ան իր տունէն մինչեւ Աթէնքի կեդրոնի վաճառատունը մօտ 20 քմ. երկարութիւնը կ՚ընէր ոտքով։ Պատերազմի տարիներուն գերմանական բանակը այս տուներէն մէկը կը բռնագրաւէ։ Հոս կը սկսին բնակիլ գերմանացի երկու բարձրաստիճան զինուորականներ, մինչ դիմացի տան մէջ կը խմբուին Ճէլալեան եւ Ալեքսանեան ընտանիքներուն բոլոր անդամները։ Վկայութիւններուն համաձայն, այս համակեցութիւնը համերաշխ անցած է։

Պատերազմէն ետք Արտաշէսն ու ընտանիքը կը փոխադրուին Քուքաքի, ուր նոր տուն մը կը կառուցեն։ Այդ ժամանակներուն Յակոբ Ճէլալեան կը մեկնի Վենետիկ, ուր կը սկսի յաճախել Մխիթարեան միաբանութեան պատկանող Մուրատ-Ռափայէլեան վարժարանը։

Պէաթրիս կը մահանայ 1960-ականներու սկիզբը։ Արտաշէս եւ Մարիքա կը մահանան 1991-ին։

Հովարտեան եւ Հայրապետեան ընտանիքները

Հովարտեան ընտանիքը Էօտէմիշէն է, որ կը գտնուի Իզմիր քաղաքին արեւելքը։

Յովհաննէս Հովարտեան (ծնեալ 1868-ին) կ՚ամուսնանայ Հայկանուշ Սարայտարեանին հետ։ Երկուքն ալ Էօտէմիշ ծնած են։ Յովհաննէս մանրավաճառ retailer էր։ Ունէին չորս զաւակ. Աղաւնի, Սիրվարդ, Գայոս (ծնեալ 1906-ին) եւ Էմանուէլ:

1922-ին, երբ թրքական ուժերը կը պատրաստուէին գրաւել Իզմիրը, Հովարտեան ընտանիքը կը մեկնի Յունաստան, երբ տակաւին ծայր չէր առած այս քաղաքէն զանգուածային գաղթի շարժումը։ Գաղթը իրենց համար յարաբերաբար հեզասահ տեղի կ՚ունենայ, եւ Յունաստան կը յաջողին բերել մեծ քանակութեամբ սեփական իրեր։ Հովարտեանները կը հաստատուին Աթէնքի մէջ եւ Քուքաքի թաղամասին մէջ կը բանան մանրավաճառատուն մը։ Յովհաննէսը այս տարիներուն կը միանայ բողոքական եկեղեցիին։ Ան կը մահանայ 1970-ականներու սկիզբը, երբ արդէն թեւակոխած էր 100 տարեկանը։ Հայկանուշ կը մահանայ 1953-ին։

Էօտէմիշ, 1920։ Հայկական տեղական վարժարանին աշակերտները, ուսուցիչներ եւ կրօնաւորներ։ Աղաւնի Հովարտեան (ուսուցչուհի) նստած է կրօնաւորներուն աջին։ Վեղարով կրօնաւորը Գուսան վարդապետն է։
Էօտէմիշէն բացիկ, 1919-1922-ի շուրջ։ Յունարէնով գրուած է՝ «Հայ սկաուտներու արարողութիւն»։
Էօտէմիշէն բացիկ, 1919-1922-ի շուրջ։ Յունարէնով գրուած է՝ «Օդակայան»։
Զմիւռնիայէն բացիկ։

Յովհաննէսին եւ Հայկանուշին դուստրը՝ Աղաւնին, Էօտէմիշի մէջ մանկապարտէզի ուսուցչուհի էր։ Բ. Համաշխարհային պատերազմէն ետք, ան կ՚ամուսնանայ Տոքթ. Թորոսեանին հետ եւ միասին կը գաղթեն Արժանթին։ Միւս որդին՝ Գայոսը, 1920-ական թուականներուն կը մեկնի Ֆրանսա, ուր կ՚աշխատի Փարիզի մէջ գտնուող Renault ինքնաշարժներու գործարանին մէջ։ Այնուհետեւ, կը սկսի աշխատիլ Kodak լուսանկարչական ընկերութեան մէջ։ Հոս կը սորվի լուսանկարչութեան արհեստը եւ կը մասնագիտանայ լուսանկարներու զարգացումին մէջ։ 8 տարի Ֆրանսա ապրելէ ետք, Գայոս կը վերադառնայ Յունաստան, ուր Աթնէքի Սինթակմա թաղամասին մէջ այլ գործընկերներու հետ կը բանայ լուսանկարչութեան խանութ մը։ Աթէնքի մէջ յայտնի լուսանկարիչներ յաճախ իրեն կը դիմէին իրենց պատկերները զարգացնելու համար։ Գայոս կ՚ամուսնանայ Անահիտ Հայրապետեանի հետ։ Կը մահանայ 1982-ին, Աթէնքի մէջ։

Աթէնքի ՀՄԸՄ-ի ֆութպօլի խումբը։ Ոտքի, աջէն 3-րդը՝ Գայոս Հովարտեան։ Ոտքի, կեդրոնը՝ Փաթրիք Սարգիսեան (ակնոցով)։
Աթէնք, 1930-ականներ։ Ծովափին ֆութպօլի խումբ մը։ Ոտքի, աջէն 2-րդը՝ Գայոս Հովարտեան։

Յունաստանի մէջ խմբային դաշտագնացութեան պատկերներ՝ Գայոս Հովարտեանի ալպոմէն առնուած, 1930-ական եւ 1940-ական թուականներ

Գայոս Հովարտեան անդամ էր հայկական խումբի մը, որ 1930-ական եւ 1940-ական թուականներուն դաշտագնացութիւններ կը կազմակերպէր Յունաստանի զանազան կողմերը։ Խումբը կը կոչուէր «Բնութենասէր»։ Խումբին պտոյտները կանգ կ՚առնեն Բ. Համաշխարհային պատերազմին ընթացքին, սակայն կը շարունակուին հակամարտութիւններու աւարտէն ետք։ Այս բաժինով ներկայացուած բոլոր պատկերները կը ներկայացնեն խումբին բազմազան պտոյտները։

Անահիտ (ոտքի, ձախէն 3-րդը), Ազատուհի (նստած, ձախէն 4-րդը), Արթին (աջէն առաջինը) եւ ընկերներ (հաւանաբար Սուրէն եւ Ժիրայր Ճէնազեան), Աթէնքի մէջ Բ. Համաշխարհային պատերազմէն առաջ։

Գայոսին կնոջ՝ Անահիտին իսկական մականունը Յարութիւնեան էր։ Հայրը՝ Հայրապետ Յարութիւնեանը, ծնած էր Պուրտուր (Գոնիայի նահանգ)։ Հայրապետին առաջին կնոջ անունը անյայտ է, բայց գիտենք որ այս առաջին ամուսնութենէն ծնած են երկու զաւակ. Տիգրանուհի եւ Կարապետ (1910-1960)։ Հայրապետին ընտանիքը Պուրտուրէն կը տեղափոխուի Իզմիր, ուր կը մահանայ իր առաջին կինը։ Այնուհետեւ Հայրապետ կը վերամուսնանայ Նոյեմզար (Նոյեմի) Գէհեայեանին հետ։ Ան ծնած էր 1892-ին Իզմիրի մէջ։ Ծնողներն էին՝ Հաճի Աննան եւ Յովհաննէսը, որոնք ունէին հինգ դուստր եւ մէկ որդի. Լուչիա (Լուսի), Սողմէն, Նոյեմի (1892-1967), Մաքրուհի, Մակտաղ, Ստեփան։ Նոյեմին եւ Սողմէնը ուսուցչութիւն կ՚ընէին Իզմիրի Հռիփսիմեանց աղջկանց վարժարանին մէջ։

Նոյեմի եւ Հայրապետ կ՚ամուսնանան 1916-ի շուրջ։ Կ՚ունենան երեք զաւակ. Յարութիւն (Արթին, 1917-1989), Ազատուհի (1918-1982), Անահիտ (Արտային մեծ մայրը, 1920-2005)։ Իզմիրի մէջ կ՚ապրէին երկյարկանի տան մը մէջ։ Արթին Արթինեան հետագային կը դառնայ գեղանկարիչ։ Իսկ Ազատուհի (հետագային Ճէճիզեան) տնօրէնն էր Աթէնքի Գարակէօզեան հաստատութեան։

Հայրապետ վարչական գործեր կ՚ընէր Իզմիրի մէջ ապրող թուրք փաշայի մը քով։ Ցեղասպանութեան տարիներուն, օսմանեան իշխանութիւնները զինք կ՚աքսորեն Տէր Զօր (սուրիական անապատ)։ 1922-ի վերջերուն, երբ քաղաքին քրիստոնեաները կը ստիպուին լքել իրենց քաղաքը եւ գաղթել Յունաստան, Հայրապետ այդ ժամանակներուն տակաւին չէր վերադարձած հայրենի իր քաղաքը։ Նոյեմի ինք կը կազմակերպէ ընտանիքին խուճապահար գաղթը։ Ոսկնիները կը պահէ զաւակներուն վերարկուներուն եւ իրենց հետ առած վերմակներուն մէջ։ Թուրք դրացինին կ՚օգնէ իրենց փոխադրութեան գործին մէջ. կառքի մը մէջ կը լեցնեն տան առարկաներէն ինչ որ կարելի էր եւ կ՚ուղղուին նաւահանգիստ։ Հոս, թուրքեր կը խուզարկեն Նոյեմին դրամ գտնելու յոյսով, բայց ոսկիները լաւ պահուած էին։ Հաւանաբար օրեր սպասելէ ետք, ի վերջոյ Նոյեմին եւ զաւակները ֆրանսական նաւ մը կը մտնեն եւ կը հասնին Հիտրա կղզին։ Հիտրայի մէջ պետական պաշտօնեաներ կը հարցնեն իրենց մականունը, զաւակները անմիջապէս իրենց հօր՝ Հայրապետին անունը կու տան, եւ այս ձեւով ալ պաշտօնապէս կ՚արձանագրուին իբրեւ Հայրապետեան։

Երեք տարի կը մնան Հիտրա։ Նոյեմի, որ լաւապէս կը տիրապետէր յունարէնին, կը մասնակցի տեղւոյն Կարմիր խաչի աշխատանքներուն յատկապէս գաղթականներուն ճաշ բաժնելով։ Անոնք կ՚ապրէին կղզիին վրայ գտնուող գաղթակայանին մէջ։

Այս ժամանակներուն Հայրապետ կը վերադառանայ Իզմիր։ Կ՚իմանայ որ ընտանիքը Յունաստան անցած է եւ կ՚ապրի Հիտրայի մէջ։ Ինքն ալ կը յաջողի հասնիլ այս կղզին եւ կը վերամիանայ ընտանիքին։ Բայց այս ուրախութիւնը կը տեւէ կարճ, քանի որ Հայրապետ սրտի կաթուած կ՚ունենայ եւ կը մահանայ։ Կը թաղուի Հիտրայի մէջ։

1925-ի շուրջ Նոյեմին եւ իր հինգ զաւակները կը տեղափոխուին Աթէնք եւ կը հաստատուին Քեսարիանի թաղամասին մէջ։ Աղջիկները կը սկսին յաճախել նոյն այս թաղամասի հայկական վարժարանը, մինչ տղաքը կը սկսին աշխատիլ։ Աւելի ուշ ընտանիքը կը տեղափոխուի Նէոս Քոզմոս թաղամաս եւ կը բնակին հայկական գաղթակայանին մօտակայ սեփական տան մը մէջ։ Աղջիկները դպրոց կը փոխեն եւ կը սկսին յաճախել Տուրղութիի հայկական վարժարանը։

Այս ժամանակներուն Տիգրանուհին Մարսէյ կը գաղթէ։ Երկու դուստրերը՝ Ազատուհին եւ Անահիտը դպրոցական թոշակ կը ստանան, կը սկսին յաճախել Աթէնքի ամերիկեան աղջկանց գոլէճը եւ շրջանաւարտ կ՚ըլլան կրթական այս հաստատութենէն։ Անահիտը  ունէր ամերիկացի բարերարուհի մը՝ Ճուլիա Լէյն։ Անահիտ կը թղթակցէր անոր հետ։ Հետագային, երբ Անահիտ կ՚ամուսնանայ եւ դուստր մը կ՚ունենայ, անունը կը դնեն Ճուլիա՝ ի յիշատակ բարերարուհիին։ Ճուլիան նոյնպէս նոյն բարերարուհիէն թոշակ կը ստանայ եւ կը յաճախէ Սելանիկի ամերիկեան գոլէճը։

Անահիտ կ՚ամուսնանայ Գայոսին հետ՝ 1945-ին, Աթէնքի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցիին մէջ։ Կը ծնին իրենց դուստրերը՝ Ճուլիան (1946, Արտային մայրը) եւ Նորման (1948) և իրենց որդին՝ Հայրապետը (1956)։

Ազատուհի Հայրապետեան-Ճէճիզեան։
Անահիտ Հայրապետեան, դիմանկար։ Լուսանկարը վերաշխատցուած է ամուսինին՝ Գայոս Հովարտեանին կողմէ, 1950։
Անահիտ Հայրապետեան-Հովարտեան իր կեսուրին՝ Անուշին հետ։ Նէօս Քոզմոս, 1944-1945։
Հովարտեան քոյրերը՝ Սիրվարդ եւ Աղաւնի։