Էքիզեան հաւաքածոյ – Աթէնք

Հեղինակ՝ Անի Աբիկեան, 2708/2024 (վերջին փոփոխութիւն՝ 27/08/2024)։ Սոյն էջը պատրաստուեցաւ գործակցութեամբ Աթէնքի «Արմենիքա» պարբերաթերթին։

Այս էջով հրատարակուած ընտանեկան պատմութիւնը մեզի ներկայացուց Քերոբ Էքիզեան՝ Յուշամատեանի՝ Աթէնքի մէջ տեղի ունեցած աշխատանոցին ընթացքին (2022):

Սոյն յօդուածին ընտանեկան պատմութեան գլխաւոր դէմքը Քերովբէն է՝ Քերոբ Էքիզեանի հօրենական մեծ հայրը: Գրութիւնը կը հիմնուի նաեւ Քերովբէի յուշագրութեան վրայ, որ գրի առնուած է 1917-1919 տարիներուն: Յուշագրութիւնը Հայկական (Արեւելեան) Լեգէոնի կազմաւորման մասին հազուագիւտ վկայութիւն մըն է եւ լուսարձակի տակ կ’առնէ Քերովբէ Էքիզեան լեգէոնականի ապրումներն ու անոր զինուորական ծառայութեան փորձառութիւնները:

Ընտանեկան այս պատմութիւնը կը հիմնուի նաեւ Քերովբէի կնոջ՝ Սրբուհի Էքիզեանի քրոջ կամ եղբօր թոռնուհիին՝ Տիգրանուհի Էքիզեանի գրառած տեղեկութիւններուն վրայ: Այդ վկայութիւնները նախ բերանացի ըսուեցան Քերոբ Էքիզեանին, երբ ան 2000 թուականին այցելեց Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներ, ապա Տիգրանուհի զանոնք գրի առաւ եւ յանձնեց Քերոբին:

Քերովբէ էքիզեան ծնած է 1884-ին, Կեսարիոյ շրջանի Չոմախլու/Չոմաքլու գիւղը: Ան ունէր երեք եղբայր. Բաբէլ, Յարութիւն եւ Սեդրակ:

Յարութիւն եւ Բաբէլ իրենց երիտասարդ տարիքին կը գաղթեն Ա. Մ. Ն.: Հոն Յարութիւն կ’ամուսնանայ Նեկտարին հետ (մականունը՝ անյայտ): Կ’ունենան երկու զաւակ՝ Համբար եւ Մկըր: Բաբէլ կ’ամուսնանայ եւ կ’ունենայ երկու դուստր՝ Վերժին եւ Կիւլիզար: Հետագային (1922-ին), Վերժին կ’ամուսնանայ Տիգրանուհի Էքիզեանի հօրեղբօր՝ Ներսէսի հետ եւ կ’ունենայ երկու որդի` Կարապետ եւ Էլըն: Կարապետ կ’ունենայ երկու որդի, իսկ Էլըն՝ երեք որդի եւ մէկ դուստր: Ներսէս 44 տարեկանին յանկարծամահ կ’ըլլայ եւ Վերժին տարի մը ետք կը վերամուսնանայ: Առաջին համաշխարհային պատերազմէն ետք, Բաբէլ Ամերիկայէն կը մեկնի Ատանա, ուր կը վերամուսնանայ (կնոջ անունը անծանօթ է): Կ’ունենայ երեք որդի՝ Համբար, Գաբրիէլ եւ Սեդրակ:

Քերովբէ Էքիզեանի չորրորդ եղբայրը՝ Սեդրակը, Չոմախլուի մէջ կը նուիրուի ուսուցչական ասպարէզին եւ կը պաշտօնավարէ Կրթասիրացի հովանաւորած «Խրիմեան» վարժարանին մէջ: Սեդրակ կ’ամուսնանայ Եւայի հետ եւ կ’ունենայ որդի մը՝ Համբարը: Ցեղասպանութեան տարիներուն, Սեդրակն ու ընտանիքը կը տեղահանուին: Կը պատմուի, թէ այդ տարիներուն Սեդրակ խեղդամահ կ’ըլլայ Ատանայի Սիհուն գետին մէջ երբ հոն նետուած է կարծած ըլլալով հարազատի մը դիակը տեսնել անոր մէջ: Զինադադարէն ետք, Եւա կը յաջողի գաղթել Ամերիկա, ուր կը վերամուսնանայ Ճոն Տէր Յակոբեանին հետ, իսկ Համբար կը մնայ Քերովբէ Էքիզեանի ընտանիքին մէջ (Յունաստան) մինչեւ 1932, երբ մայրը կը յաջողի Յունաստան գալ եւ որդին միասին տանիլ Ա. Մ. Ն.:

Քերովբէ պատանի տարիքին Չոմախլուի մէջ կ’անդամակցի Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութեան եւ մաս կը կազմէ գիւղի ֆետայական խումբին: Կը ծանօթանայ Սրբուհիին եւ 1909-ին կ’ամուսնանան: Քաղաքական պատճառներով հետապնդուած ըլլալով, Քերովբէ 1910-ին կը ստիպուի լքել իր ծննդավայրը եւ գաղթել Ա. Մ. Ն.՝ ետին թողելով իր նորապսակ կողակիցը: Նիւ Եորքի մէջ, եղբօր՝ Յարութիւնին հետ կը բանայ ճաշարան մը: Չոմախլու մնացած Սրբուհի 1915-ին համագիւղացի հայոց հետ պիտի տեղահանուէր դէպի Սուրիա:

Արեւելեան (հետագային` Հայկական) Լեգէոնի կազմաւորումը

Ռազմական այս միաւորը հիմնուած է Առաջին համաշխարհային պատերազմի տարիներուն՝ 15 Նոյեմբեր 1916-ին, Եգիպտոսի մէջ: Ան կը գործէր ֆրանսական դրօշին տակ՝ թուրքերուն դէմ: Սկզբնական շրջանին, Արեւելեան Լեգէոնն ունէր երկու բաժանմունք. առաջինը կազմուած էր հայ, երկրորդը՝ սուրիացի արաբ կամաւորներէ: Հայկական բաժանմունքին առաջին կամաւորները կու գային 1915-ի աշնան Փորթ Սայիտ հաստատուած Մուսա Լերան հայ գաղթականներէն: Կարճ ժամանակ ետք, Եգիպտոսէն եւ Միացեալ Նահանգներէն հայ կամաւորներ կը միանան Լեգէոնին, որ կը մասնակցի պաղեստինեան ճակատին վրայ տեղի ունեցած ռազմական գործողութիւններուն, հետագային ալ՝ դաշնակից բանակներուն կողմէ Կիլիկիոյ գրաւումին: Յունուար 1919-էն սկսեալ Արեւելեան Լեգէոնը կը վերանուանուի. հայերէ կազմուած եւ Կիլիկիա հաստատուած միաւորը կը կոչուի Հայկական Լեգէոն, մինչ Լիբանան հաստատուածը՝ Սուրիական Լեգէոն:

Այդ ժամանակ Ա. Մ. Ն. գտնուող Քերովբէ, տոգորուած հայրենասիրական ոգիով, ինք ալ կը զինուորագրուի Արեւելեան Լեգէոնին: Ան իր յուշագրութեան մէջ կը նկարագրէ կամաւոր ծառայութեան տարիները: Նիւ Եորքէն նաւ առնելով 13 օր ճամբորդելէ ետք՝ 30 Օգոստոս 1917-ին կը հասնի Մարսէյի նաւահանգիստը: Նաւուն վրայ կային 400 զինուորներ, որոնց շարքին նաեւ հայ կամաւորներ: Ասոնց շարքին էր Արտաւազդ Հանըմեանը, որ ըստ Քերովբէի վկայութեան, հայրենասիրական ճառերով կը տոգորէր հայ կամաւորները: Ֆրանսացի պաշտօնակատարներ ջերմութեամբ կը դիմաւորեն զանոնք: Քերովբէ իր յուշագրութեան մէջ բուռն զգացումներով կ’անդրադառնայ վրէժխնդրութեան իր ծարաւին, որ յառաջ եկած էր Ցեղասպանութեան այս տարիներուն արտասահման հասնող արհաւրալից տեղեկութիւններէն:

Ձախէն աջ՝ Սրբուհի Էքիզեան, փոքրիկը՝ Պայծառ Էքիզեան, Քերովբէ Էքիզեան, Կիւլխադիր Աւագեան, Միհրան Աւագեան, անծանօթ մը (գաղթականական տետրակին վրայ արձանագրուած է որպէս Համբար), Մարտիրոս Աւագեան:

Քերովբէ Էքիզեանի ընտանիքին եւ անոնց քով պատսպարեալ ազգականներուն գաղթականական տետրակը, Աթէնքի Մոսխաթօ շրջանին մէջ հաստատուելուն համար: Կը նշուին հաստատման թուականը (13 Յունուար 1922), ինչպէս նաեւ իւրաքանչիւր անձի անունն ու տարիքը: Կարմիր կնիքները դրած է ամերիկեան Կարմիր Խաչը, որոնցմով կը հաստատեն թէ ալիւր, մանկական կաթ եւ նիւթական օժանդակութիւն տրամադրած են նշուած անձերուն:

Քանի մը օր Ֆրանսա մնալէ ետք, հայ կամաւորները կը ղրկուին Եգիպտոս, ուր պիտի միանային Արեւելեան Լեգէոնին: Այնուհետեւ, Քերովբէ Արեւելեան Լեգէոնին հետ կը ղրկուի Կիպրոս, ուր կը հաստատուին Ֆամակուսթայի մօտակայ Մոնարկա (ներկայիս Պողազթէփէ) գիւղին մէջ: Հոս, ֆրանսացի սպաներու հսկողութեան տակ չորս ամիս շարունակ մարզումներ տեղի կ’ունենան: Սպաներուն շարքին էին նաեւ երկու հայեր՝ Վահան Փորթուգալեանը եւ Ճոն Շիշմանեանը (ամերիկեան բանակէն):

Քերովբէ իր յուշագրութեան մէջ մանրամասն կը վկայէ Լեգէոնին մէջ ծառայութեան դժուարին պայմաններուն մասին. սնունդի պակաս, թշուառութիւն, չափազանց ծանր մարզումներ, սպաներու կողմէ անմարդկային վերաբերմունք: Այս բոլոր մարտահրաւէրները չեն շեղեցներ Քերովբէն ու անոր ընկերները իրենց ծառայութեան նպատակէն:

Կը յիշուի, թէ 13 Մարտ 1918-ին, Կիպրոսի իրենց զօրակայանը կ’այցելեն բարձրաստիճան սպաներ: Այնուհետեւ, հաւանաբար այս այցելութեան շնորհիւ, հայ զինուորները կը սկսին արժանանալ իրենց պակսող կենսական բոլոր պէտքերուն: Ամիսներ տեւած մարզումներէ ետք, անոնք այլեւս ատակ կը համարուին ղրկուելու ռազմաճակատ, ուր պիտի մասնակցէին Արարայի ճակատամարտին:

Այսպէս, 19 Սեպտեմբեր 1918-ին Արարա (արաբերէնով՝ عرعر) բարձունքին վրայ (Պաղեստին), Արեւելեան Լեգէոնի հայ զինուորները իրենց մասնակցութիւնը կը բերեն թուրք-գերմանական բանակին դէմ Դաշնակից զօրքերու ճակատումին: Բուռն կռիւներէ ետք, դաշնակիցները յաղթանակ կ’արձանագրեն՝ գրաւելով Արարայի բարձունքը: Ճակատամարտին հայ լեգէոնականները կ’ունենան 23 զոհ եւ 76 վիրաւոր:

Արարայի ճակատամարտէն ետք, Արեւելեան Լեգէոնը Դաշնակից բանակներուն հետ կը յառաջանայ դէպի հիւսիս: Կը հասնին Հայֆա, ապա 12 Հոկտեմբերին կը մտնեն Պէյրութ, ուր ջերմօրէն կ’ողջունուին քաղաքը արդէն իսկ մտած Դաշնակից զօրքերուն կողմէ: Ցեղասպանութենէն վերապրած եւ Պէյրութ ապաստանած հայերը նոյնպէս ցնծութեան մէջ էին, երբ կը լսեն ֆրանսական համազգեստով զինուորներու հայերէն խօսակցութիւնը:

Հայ լեգէոնականները այնուհետեւ նաւով կը փոխադրուին Իսքէնտէրուն (Աղեքսանտրէթ, Անտիոքի շրջան): Քերովբէ իր յուշերուն մէջ յատուկ շեշտով կը ներկայացնէ իսքէնտէրունցիներու ժխտական վերաբերմունքը հայ լեգէոնականներուն նկատմամբ: Ան վկայութիւններ կու տայ իրենց դէմ տեղի ունեցած յարձակումներուն, անարդար բանտարկութիւններուն, բանտին մէջ իրենց կրած չարչարանքներուն եւ պատիժներուն մասին: Հայ լեգէոնականները Իսքէնտէրունէն կ’անցնին Կիլիկիա, ուր կը կեդրոնանան երկու քաղաքներու մէջ՝ Ատանա եւ Այնթապ:

Հայկական Լեգէոնի կողմէ Քերովբէ Էքիզեանին տրուած բարի վարուց վկայագիր, Ապրիլ 1919-ին: Ստորագրուած է գումարտակի հարիւրապետին կողմէ: Քովի փաստաթուղթին վրայ անգլերէնով գրուած է, որ Էքիզեան իբրեւ վերակացու աշխատած է Հալէպի հայկական գաղթակայանին մէջ, ստորագրողին (անունը՝ անընթեռնելի) հսկողութեան տակ եւ թէ վերջինս չափազանց գոհ մնացած է անոր աշխատանքէն: Թուական՝ 15 Նոյեմբեր 1919:

Քերովբէ իր յուշերուն մէջ մեծարանքով կը գրէ հայ սպաներ Ճոն Շիշմանեանի եւ Վահան Փորթուգալեանի մասին՝ շեշտելով անոնց կարեւոր ու ազդեցիկ դերակատարութիւնը ի նպաստ հայ լեգէոնականներուն` ամէն անգամ որ անոնք դժուարութիւններու դէմ յանդիման ըլլային: Քերովբէ որոշ չափով դրական կ’արտայայտուի նաեւ բրիտանական զօրքերուն նկատմամբ, որոնք Կիլիկիան գրաւած դաշնակից բանակները կը ներկայացնէին: Հետագային, բրիտանացիք պիտի փոխարինուէին ֆրանսական զօրքերով: Այդ ժամանակ, պիտի շեշտուէր դաշնակից ուժերուն նկատմամբ Քերովբէի եւ իր նման հայ լեգէոնականներուն յուսախաբութիւնը: Արդարեւ, Կիլիկիոյ գրաւումէն ետք, Քերովբէ եւ գրեթէ բոլոր հայերը համոզուած էին, որ դաշնակից ուժերը կողմնակից պիտի ըլլան Կիլիկիոյ մէջ հայկական ինքնավարութեան մը՝ դաշնակից պետութեան մը հովանիին տակ: Այս յոյսերը հետզհետէ յօդս կը ցնդին, երբ յայտնի կը դառնայ, որ ֆրանսացիներուն համար հայերը պարզապէս լծակ մըն էին այս տարածքին մէջ իրենց իշխանութիւնն ամրապնդելու համար: Աւելի ուշ, ֆրանսական քաղաքականութիւնը դարձաւ բացայայտ թրքամէտ, երբ Ֆրանսա որոշեց Կիլիկիայէն հեռանալ եւ տարածքը յանձնել Թուրքիոյ:

Քերովբէի յուշերուն մէջ յստակօրէն կ’երեւի, թէ ինչպէս այդ պայմաններուն մէջ հայ լեգէոնականներու յուսախաբութիւնը օրէ օր կ’աճէր: Ֆրանսական իշխանութիւնները կը սկսին լուծարել Հայկական Լեգէոնը, մինչեւ որ Սեպտեմբեր 1920-ին ան վերջնականապէս կը կազմալուծուի: Ֆրանսացիներու այս քայլերը ցնցում կը պատճառեն Կիլիկիա գտնուող հայոց, որոնց համար հայկական զինեալ ուժերու ներկայութիւնը ապահովութեան կարեւոր ազդակ մըն էր: Լեգէոնականներուն չէզոքացման գործընթացի ժամանակ, ըմբոստացողները կը ձերբակալուէին ու կը բանտարկուէին: Քերովբէ ալ կը բանտարկուի, բայց ինչպէս ինք կը պատմէ, 8 Ապրիլ 1919-ին Ատանայի մէջ տեղի ունեցած զինուորական տողանցքի մը ընթացքին, ինք եւ բանտարկուած հայ այլ կամաւորներ կը յաջողին փախիլ բանտէն:

Էջեր Քերովբէ Էքիզեանի ձեռագիր յուշերէն: Մօտաւորապէս 40 էջէ բաղկացած հայերէն այս ձեռագիրը բաւական դժուար ընթեռնելի է։

Դէպի Յունաստան գաղթը

1918-1920-ին Քերովբէ մեծ թափով կը նուիրուի նաեւ որբահաւաքի աշխատանքներուն: Այդ տարիներուն ան Սուրիոյ մէջ կը վերագտնէ Չոմախլուէն տարագրուած, ցեղասպանութենէն վերապրած իր կինը՝ Սրբուհին, ինչպէս նաեւ այլ ազգականներ: Գիտենք նաեւ որ 1919 թուականին Քերովբէ գտնուած է Հալէպ եւ միջոց մը վերակացուն եղած է քաղաքի հայկական գաղթակայանին, որ օսմանեան բանակի նախկին զօրանոց մըն էր:

Քերովբէ ու Սրբուհի Կիլիկիան կը ձգեն եւ նաւով կը մեկնին ուղղակի Յունաստան: Զոյգը կը հաստատուի Աթէնքի Մոսխաթօ արուարձանը: Հոն կը ծնին իրենց չորս զաւակները՝ Պայծառը (մահացած է փոքր տարիքին), Մարին (1925-2014), Գաբրիէլը (Քերոբին հայրը, 1927-1987) եւ Սեդրակը (1929-1989):

Մոսխաթոյի մէջ Քերովբէ այլ հայրենակիցներու աջակցութեամբ կը հիմնէ հայկական մանկապարտէզ մը, ուր կը յաճախեն փոքր թիւով հայ մանուկներ: Կրթարանին գոյութիւնը կարճ կը տեւէ եւ Քերովբէ Էքիզեան կը սկսի զբաղիլ ատաղձագործութեամբ: Նաեւ, ան մաս կը կազմէ Աթէնքի առաջնորդանիստ Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ հոգաբարձութեան: Բ. համաշխարհային պատերազմի ընթացքին, երբ գերմանական գրաւման բանակները շատ յոյներ պարտադիր աշխատանքի կը ստիպէին, Քերովբէ եւ իր զաւակը՝ այն ատեն 14-ամեայ Գաբրիէլ, կը սկսին աշխատիլ Էլինիքոյի շրջանի հին օդակայանի տարածքին մէջ՝ զայն ընդլայնելու մտադրութեամբ:

Պատերազմէն ետք, 1950-ական թուականներուն, Քերովբէ Էքիզեանի որդիները՝ Գաբրիէլը եւ Սեդրակը, կրպակ մը կը բանան աթենացիներու զբօսավայր Ֆալիրոյի ծովեզերեայ շրջանին մէջ: 1963-ին Գաբրիէլ կ’ամուսնանայ Կիւլա Աբգարեանի հետ, որուն ծնողները Սիսէն եւ Հաճընէն էին: Սեդրակ կ’ամուսնանայ աւելի ուշ՝ 1978-ին՝ Ալիս-Էլպիզ Սանթուրճեանի հետ: