Գերմանական վաւերաթուղթ մը Վահրամ Կականեանին մասին (Աղբիւր՝ Arolsen Archives)։ Ան կը տեղահանուի Գերմանիա եւ կը մեռնի Տախաուի կեդրոնացման ճամբարին մէջ, 21 Փետրուար 1945-ին։

Մոռցուած դիմադրութիւն.

Բ. Համաշխարհային պատերազմին ընթացքին Յունաստանի մէջ նացիական գրաւումին դէմ մարտնչած հայեր

Հեղինակ՝ Վահէ Թաշճեան, 27/01/2023 (վերջին փոփոխութիւն՝ 27/01/2023)։ Սոյն էջը պատրաստուեցաւ գործակցութեամբ Աթէնքի «Արմենիքա» պարբերաթերթին։

Շատերուն ծննդավայրերը կը կոչուին Սիս, Հաճըն, Օվաճիգ, Սիլիվրի, Մարաշ, Ատանա, Արմաշ, Սեբաստիա, Կեսարիա. նախկին Օսմանեան կայսրութեան մէջ գտնուող վայրեր, ուրկէ վերջնականապէս աքսորուած էին աւելի քան 20 տարի առաջ։

Ուրիշներ աւելի երիտասարդ են, ծնած են աքսորի մէջ՝ յունական քաղաքներու մէջ, ինչպէս Աթէնք, Գոքինիա, Սելանիկ։

Մեծ մասը սովորական արհեստաւորներ են. վարսավիր, կօշկակար, ատաղձագործ, որոնք մեծամասնութեամբ կ՚ապրէին Յունաստանի տարածքին գտնուող գաղթակայաններու մէջ, ինչպէս Աթէնք-Տուրղութի, Գոքինիա, Գալամաթա։

Իրենց ընտանիքի անդամներէն շատեր սպաննուած են Ցեղասպանութեան ժամանակ, իրենք վերապրողներն են, յաճախ տեսած են հայերու բնաջնջումի ծրագիրին ամբողջ վայրագութիւնը եւ ապրած են անոր սարսափը։

Աւելի ուշ ստիպուած են դարձեալ տեղահան ըլլալ. ոմանք Կիլիկիայէն հասած են Զմիւռնիոյ շրջան։ Հոս ալ կեանքը երկար չէ տեւած։ Յունական զօրքերը նահանջած են, թրքական բանակը ներխուժած է, իսկ յոյն եւ հայ բնակչութիւնը խուճապային պայմաններու մէջ գաղթած է Յունաստան։

Մղձաւանջային կեանքէ մը ետք ի վերջոյ նոր եւ աւելի յուսատու սկի՞զբ մը Յունաստանի մէջ։ Այդպէս կը կարծուէր, թէեւ կեանքի նոր պայմանները չափազանց դժուար էին։ Մեծ մասը աղքատ էր, շատեր կ՚ապրէին գաղթակայաններու խրճիթներուն մէջ, անկայուն կեանք մըն էր, Յունաստանը մարդասիրաբար իրենց ընդունած էր իր սահմաններէն ներս, բայց կը մերժէր հայ գաղթականներուն յունական քաղաքացիութիւն շնորհել։

Յունաստանի քաղաքական կեանքը չափազանց եռուն էր միջ-պատերազմեան այս տարիներուն։ Ձախակողմեան եւ աջակողմեան յունական կուսակցութիւններ բուռն պայքար կը մղէին իրարու դէմ։ Հայ գաղթականներուն մէջ ալ քաղաքական կեանքը բորբոքուած էր. բաժանման գլխաւոր գիծը Խորհրդային Հայաստանի նկատմամբ քաղաքական դիրքորոշումն էր. դաշնակցականները կը ձգտէին խորհրդային վարչակարգին տապալումին եւ անկախ պետականութեան մը ստեղծումին, մինչ այլ կուսակցութիւններ, ինչպէս ռամկավարները եւ հնչակեանները աչք փակած էին տիրող վարչակարգին թերութիւններուն նկատմամբ եւ պատրաստ էին գործակցելու անոր հետ՝ յանուն հայրենիքի հզօրացումին։ Հայկական քաղաքական բեմը յատկանշող այս պայքարը յաճախ կ՚արտայայտուէր կռիւներով, որոնց հետեւանքով կ՚ըլլային վիրաւորուողներ, սպաննուողներ։

Յունաստանի մէջ չափազանց աշխուժ էին նաեւ հայ համայնավարները։ Պարզ է որ անոնք կողմնակցիներ էին խորհրդային վարչակարգին. սերտ կապեր ունէին յունական Համայնավար կուսակցութեան հետ, որ մեծապէս ազդեցիկ ներկայութիւն էր Յունաստանի բանուորական շրջանակներուն մէջ։ Երբ 1936-ին Իօաննիս Մեթաքսաս բռնատիրական իշխանութիւն մը կը հաստատէ երկրին մէջ (1936-1941), կ՚արգիլէ Յունաստանի Համայնավար կուսակցութեան գործունէութիւնը եւ կը բանտարկէ բազմաթիւ կուսակցականներ, ասոնց շարքին կ՚արգելափակուին նաեւ բազմաթիւ հայ համայնավարներ։

Կը բռնկի Բ. Համաշխարհային պատերազմը եւ Յունաստանը կը գրաւուի նացիական Գերմանիոյ բանակներուն կողմէ (1941-1944)։

Պատերազմը եւ անոր հետեւանքով նաւային երթեւեկութեան եւ ներածումներուն դադրեցումը արդէն իսկ աղետալի հարուած մը տուած էր Յունաստանի տնտեսութեան։ Առաւել եւս, գերմանական իշխանութիւնները կը սկսին բռնագրաւել գործարաններ, հանքեր, ինչպէս նաեւ երկրագործական արտադրութիւններ (ձիթաիւղ, ալիւր), որոնցմէ շատեր ուղղակի Գերմանիա կ՚առաքուէին։ 

1941-էն սկսեալ Յունաստանի մէջ ծայր կ՚առնէ համատարած սով մը։

Հայ եւ յոյն որբեր Սամսոնի մէջ զիրենք Յունաստան փոխադրող նաւուն վրայ, Նոյեմբեր 1922-ին։ Լուսանկարիչ՝ Ցոլակ Գ. Տիլտիլեան (Աղբիւր՝ Տիլտիլեան ընտանիքի լուսանկարչական արխիւ։ Արմէն Թ. Մարսուպեան)։

Սովին հետեւանքները ամէնէն աւելի նկատելի էին Թուրքիայէն եկած գաղթական ժողովուրդին մէջ, որոնցմէ շատեր գաղթակայաններու բնակիչներ էին եւ՝ գործարաններու բանուորներ։ Արդ, գրաւման այդ տարիներուն, հում նիւթի, ինչպէս նաեւ վառելանիւթի բացակայութեան հետեւանքով, գործարաններէն շատեր փակած էին իրենց դռները եւ մէկ օրէն միւսը բազմահազար գաղթականներ անգործ դարձած էին։ Ահա թէ ինչու սովին մահացու հարուածը մեծապէս նկատելի էր գաղթակայաններուն մէջ։ Նոյնպէս կարելի է աւելի յստակ տեսնել, թէ ինչու հականացիական դիմադրական շարժումը շատ արագ զարգացում կ՚ապրի նոյն այս գաղթականներուն շարքին եւ անոնցմէ շատեր կը դառնան ընդյատակեայ զինեալ խումբերու անդամներ։

Դիմադրութեան ետին կանգնող գլխաւոր ուժը Յունաստանի Համայնավար կուսակցութիւնն էր, որու նախաձեռնութեամբ կը հիմնուի Ազգային Ազատագրական Ճակատը (ԷԱՄ), կարճ ժամանակ ետք ալ անոր ռազմական թեւը՝ Յունական Ազգային Ազատագրական Բանակը (ԷԼԱՍ)։ ԷԱՄ-ին եւ ԷԼԱՍ-ին մղած հականացիական պայքարին կը միանան նաեւ մեծ թիւով ոչ-համայնավարներ։ Հայդուկային բնոյթի անհաւասար երեւցող կռիւ մը ծայր կ՚առնէ նացիական անխորտակելի համարուող գրաւեալ զօրքին դէմ։ Այս մարտին պատմութիւնը պիտի չներկայացուի այստեղ։ Սոյն յօդուածին նպատակն է յիշել եւ շեշտել թէ Յունաստանի համար օրհասական այս պայքարին իր կարեւոր մասնակցութիւնը բերած է նաեւ գաղթական հայութիւնը։

Այս էջին մէջ ներկայացուած վաթսունէ աւելի անունները զոհուած են նացիական գրաւեալ ուժերուն դէմ իրենց մղած պայքարին ընթացքին։ Անունները եւ իւրաքանչիւրին ամփոփ կենսագրութիւնը առնուած են անցեալին Աթէնքի մէջ լոյս տեսնող «Նոր Կեանք» օրաթերթին 28 Յուլիս 1946-ի բացառիկ թիւէն։ Սոյն թերթը հայ համայնավարներու անպաշտօն օրկանն էր, որ կը շարունակէ լոյս տեսնել մինչեւ 1947։ Հոս նշուած դիմադրողները մեծ մասամբ հայ համայնավարներ են կամ անոնց համակիրներ, որոնք իրենց պայքարը մղած են գլխաւորաբար ԷԱՄ-ի եւ ԷԼԱՍ-ի ճամբով։ Շատեր սպաննուած են մարտերու ընթացքին, ուրիշներ ձերբակալուած եւ գնդակահարուած են, մաս մըն ալ տեղահանուած է Գերմանիա, ուր արգելափակուած եւ ոմանք ալ սպաննուած են կեդրոնացման ճամբարներու մէջ։ Թերթին մէջի տեղեկութիւնները եթէ կը հանդիսանան այս էջով ներկայացուած կենսագրութիւններուն գլխաւոր աղբիւրը, պէտք է նաեւ աւելցնել որ կարգ մը այլ աղբիւրներու ճամբով – որոնց շարքին գլխաւորաբար Arolsen Archives-ը – կարելի եղած է որոշ ամբողջացումներ կամ անշշան սրբագրութիւններ ընել։ Այս ամբողջացումները առաւելաբար կը վերաբերին այն անձերուն, որոնց մասին «Նոր Կեանք» պարզապէս կը նշէ «տեղահանուած Գերմանիա եւ անհետ կորած»։

Հականացիական դիմադրութեան զոհ գացած այս անուններուն կողքին, «Նոր Կեանք»ի բացառիկը կը ներկայացնէ նաեւ այլ հայեր, որոնք սպաննուած են գերմանական բանակներուն Յունաստանէն վերջնական նահանջէն ետք։ Թէեւ թերթը շատ զգուշաւոր կը մօտենայ այս անձերուն սպաննութեան պայմաններուն – հաւանաբար խուսափելու համար պետական գրաքննութենէն -, բայց պարզ է որ այս անձերը իբրեւ համայնավարներ մեռած են նացիներու հեռացումէն ետք ծայր առած Յունաստանի քաղաքացիական պատերազմին ընթացքին (Emfýlios)՝ ձախակողմեան եւ աջակողմեան ուժերուն միջեւ։ Այս դրուագը չառնչուիր մեր ընդհանուր նիւթին, այնպէս որ հոս զանց ըրած ենք այս անձերուն անունները։

«Նոր Կեանք» օրաթերթին (Աթէնք) 28 Յուլիս 1946-ի բացառիկ թիւը։ (Աղբիւր՝ Մինաս Մարտիկեան հաւաքածոյ, Երեւան)։

Դիմադրութեան կարեւոր հնոցներ եղած են հայ գաղթական ստուար բնակչութեամբ յատկանշուող վայրեր, ինչպէս Գոքինիան, Աթէնքի Տուրղութի/Ֆիքս թաղամասը կամ Գալամաթան։ Երեք այս վայրերուն դէմ ալ նացիական բանակները դիմած են պատժիչ գործողութիւններու. գերմանական զօրքը եւ անոր հետ գործակցող յունական զինեալ ուժեր կը պաշարէին ամբողջ թաղամաս մը, գիւղ մը կամ փոքր քաղաք մը, ապա տուն առ տուն կը մտնէին ու կը ձերբակալէին բոլոր տղամարդիկը, երբեմն նաեւ կիներ, ոմանք տեղն ու տեղը կը գնդակահարուէին, ուրիշներ կը բանտարկուէին, ամէն տեսակ տանջանքներու կ՚ենթարկուէին, ոմանք ալ կը ղրկուէին Գերմանիա՝ կեդրոնացման ճամբարներ կամ բռնի աշխատանքի։ Պատժիչ այս գործողութիւնները յունարէնով ծանօթ են պլոքօ անունով։ Վերջաւորութեան, պատիժը իր գագաթնակէտին հասցնելու համար՝ նացի զինուորները եւ յոյն գործակալները կը վառէին կասկածելիներուն տուները, երբեմն ամբողջ գիւղ մը կամ ամբողջ աւան մը։

Այս ձեւի պլոքօներ կը շղթայազերծուին երկու անգամ Գոքինիոյ մէջ, մէկ անգամ Տուրղութիի մէջ եւ մէկ անգամ Գալամաթայի մէջ։ Անոնց ընթացքին շատ մը հայերու տուներ ալ կը հրկիզուին, իսկ Գալամաթայի մէջ ամբողջութեամբ հայերէ  բնակուած Բարաբիղմաթա կոչուող ծովեզերեայ գաղթակայանը կը վառուի ու կ՚աւերուի։ Աթէնքի Տուրղութի թաղամասին պլոքօյին կը ձերբակալուին մօտ երեք հազար անձեր։ Անոցնմէ շատեր հայեր էին, մանաւանդ եթէ նկատի ունենանք, որ այդ ժամանակուայ Տուրղութի թաղամասին 9-էն 12 հազար բնակչութեան մեծամասնութիւնը հայեր էին։

Բ. Համաշխարհային պատերազմի տարիներուն նկատառելի է նաեւ գրաւեալ իշխանութիւններուն կողմէ Յունաստանէն տեղահանուած հայերուն թիւը։ Այս իմաստով կարեւորագոյն աղբիւր մըն է Arolsen Archives կեդրոնին ստեղծած կայքէջը, ուր տեղադրուած են միլիոնաւոր վաւերաթուղթեր նացիական վարչակարգին զոհերուն մասին։ Հոս կը գտնենք բազմաթիւ յունահայ անուններ, որոնք քաղաքական պատճառներով կամ պարզապէս իբրեւ բռնի աշխատաւոր ղրկուած են Գերմանիա։ Ոմանք մահացած են պատերազմի տարիներուն, ողջ մնացողներէն շատեր ալ փորձած են վերադառնալ Յունաստան։ Մեծ մասը յաջողած են, բայց ոմանք հանդիպած են անանցանելի խոչընդոտներու։

Այսպէս, այդ տարիներուն յունահայերուն մեծամասնութիւնը զուրկ էր Յունաստանի քաղաքացիութենէ. կացութիւն մը, որ պիտի տեւէր մինչեւ 1960-ականներու վերջը։ Նախկին օսմանեան քաղաքացիի իրենց պաշտօնական թուղթերը ժամանակավրէպ դարձած էին։ Այս պայմաններուն մէջ, բազմահազար յունահայեր կ՚որակուէին պարզապէս «պետականազուրկ» (Staatenlos/Stateless) եւ կը կրէին «Նանսէնի անցագիր» կոչուող պաշտօնական թուղթը։ Այս մէկը կը տրուէր այդ ժամանակներուն կարգ մը գաղթականացած ժողովուրդներու, ինչպէս հայեր, ռուսեր (պոլշեւիկեան յեղափոխութենէն փախածներ)։ Գերմանիա տեղահանուած, ապա վերադառնալ փափաքող այս յունահայերը պատերազմէն անմիջապէս ետք կրցած են ազատօրէն հասնիլ Յունաստան։ Բայց եղած են անձեր, որոնք ինչ-ինչ պատճառներով չեն կրցած անմիջապէս վերադառնալ, մէկ կամ երկու տարիով ստիպուած եղած են յետաձգել իրենց ճամբորդութիւնը եւ երբ ժամանակը հասած համարած են վերադառնալու՝ հանդիպած են յունական պետութեան մերժումին։

Այս գծով յատկանշական օրինակ մը կը գտնենք դարձեալ Arolsen Archives-ին մէջ։ Հոս կան Երուանդ Ափոսթոլեանին (ծնեալ 1910-ին) եւ կնոջ՝ Շնորհիկին (ծնեալ Ազատեան, 1920-ին) վաւերաթուղթերը։ Երկուքն ալ Աթէնքի Տուրղութի թաղամասէն են։ Ամուսնացած են 1941-ին Աթէնքի մէջ։ Երուանդ ծնած է Պուրսա, մինչ Շնորհիկ՝ Իզմիթ/Նիգոմիտիա։ Երկուքն ալ իրենց ընտանիքներով Յունաստան հաստատուած են 1922-ին։ Շնորհիկը քանի մը տարի իր ընտանիքին հետ Յունաստանէն մեկնած է Մարսիլիա, բայց հետագային կրկին վերադարձած են Յունաստան։  1942 Օգոստոսին Երուանդն ու Շնորհիկը կը գտնենք Աւստրիոյ մէջ։ Պաշտօնական թուղթերուն մէջ Յունաստանը ձգելուն իբրեւ պատճառ կը ներկայացնեն «գերմանացիներուն կողմէ պաշտօնով գործուղում». այս մէկը աւելի շատ մեղմաբանութիւն մըն է բռնի աշխատանք որակումին։ Մինչ Երուանդ Յունաստանի մէջ սափրիչ եւ լուսանկարիչ էր, Աւստրիոյ մէջ կը սկսի աշխատիլ Մէօտլինկի (Mödling) մէջ գտնուող Viktorin-Werk գործարանին մէջ իբրեւ զօդող։ Շնորհիկն ալ նոյն գործարանին մէջ կը գործէ, երկուքն ալ 1942-էն մինչեւ 1945, այսինքն մինչեւ պատերազմին աւարտը։ Այնուհետեւ կ՚ապրին Վիեննա, հոս կը ծնին իրենց երկու դուստրերը (1945-ին եւ 1948-ին)։

Պատերազմէն ետք միշտ ալ փորձած են Յունաստան վերադառնալ, բայց Վիեննայի մէջ Յունաստանի հիւպատոսարանը արգելք հանդիսացած է անոնց տեղափոխումին։ 5 Օգոստոս 1948 թուակիր եւ հիւպատոսարանին կողմէ գրուած նամակի մը մէջ յստակօրէն կը կարդանք այս արգելքին մասին. «(…) անոնք թէեւ ծագումով հայեր են, բայց այս մէկը չի նշանակեր, որ յունական քաղաքացիութիւն ունին։ Այս պատճառով ալ չեն կրնար Յունաստան վերաբնակեցուիլ» [1]։

Չենք գիտեր թէ Ափոսթոլեան ընտանիքին այս դրուագը ինչ աւարտ կ՚ունենայ, բայց վաւերաթուղթերէն յստակ կ՚երեւայ, որ մինչեւ 1950 թուականը Յունաստան վերադառնալու անոնց ճիգերը ապարդիւն անցած են, փոխարէնը սկսած են ծրագրել Միացեալ Նահանգներ, Լատին Ամերիկա կամ Աւստրալիա գաղթել։

Այս հակիրճ յօդուածը փորձ մըն է վերականգնելու հականացիական պայքարին յունահայերու աշխուժ մասնակցութեան յիշողութիւնը։ Նիւթը ընդհանրապէս լուրջ հետազօտութեան կը կարօտի. այս ճամբով միայն աւելի յստակօրէն կարելի է գիտնալ թէ ի՞նչ եղած է այս մարտերուն մէջ յունահայերու քանակը, ի՞նչ դիրքեր անոնք գրաւած են դիմադրութեան մէջ, ի՞նչ եղած են զանգուածային այս մասնակցութեան շարժառիթները։ Այս ճամբով նաեւ մասնակիցներու նոր անուններ եւ կենսագրականներ կարելի պիտի ըլլայ երեւան հանել եւ հաւանաբար շատ ուրիշ նորութիւններ։

Ինչ որ պարզ է, երկար տարիներ այս ընդհանուր նիւթը անտեսուած էր։ Վերջին տարիներուն է, որ անոր նկատմամբ նոր հետաքրքրութիւններ կը ստեղծուին, բայց տակաւին լուրջ ուսումնասիրութիւններ կը պակսին։ Մոռացութեան գլխաւոր պատճառներէն մէկն ալ հաւանաբար այն է, որ հայ դերակատարները իրենց բացարձակ մեծամասնութեամբ 1946-1947-ին կը ներգաղթեն Խորհրդային Հայաստան։ Անոնցմէ շատեր սթալինեան բռնութիւններու զոհեր եղան, կը բռնագաղթուին Սիպիր կամ Միջին Ասիա։ Մէկ խօսքով ազատ միջավայր չէ եղած իրենց յուշերը գրելու եւ մանաւանդ հրատարակելու։ Յունաստանի կամ ընդհանրապէս նացիական բռնութիւններուն վերաբերող միջազգային պատմագրութիւնն ալ յատուկ ճիգ մը չէ թափած հականացիական դիմադրութեան մէջ հայերու մասնակցութիւնը լուսարձակի տակ առնելու։

Այս էջով Յուշամատեանը կը միտի մեծարել բոլոր այս յայտնի կամ անանուն անձերը, որոնք յանդգնութիւնը ունեցան դիմադրելու նացիական վարչակարգին ամբողջատիրական ձգտումներուն, երբեմն իրենց կեանքին գնով մարտնչեցան անոր դէմ՝ յանուն իրենց, իրենց ընտանիքին, համայնքին, հիւրընկալող երկրին եւ մարդկութեան ազատութեան։ Ուրիշներ թէեւ այս կենացմահու պայքարին մէջ ուղղակի չմտան, բայց դարձեալ զոհերը եղան նացիական վայրագութիւններուն, չարչարուեցան, սպաննուեցան կամ բռնի աշխատանքի ղրկուեցան։ Հետագայ տասնամեակներուն բոլոր այս անձերուն յիշատակը արժանի ձեւով չյիշատակուեցաւ, պայմանները այնպէս պարտադրեցին որ անոնք հաւաքական յիշողութիւններու մէջ տեղ չունենան, երկար ատեն մնան անյիշատակ եւ անձայն։

Ահաւասիկ ժամանակն է արժանին շնորհելու անոնց։

[1] Նամակ գրուած Վիեննայի մէջ Յունաստանի թագաւորական դեսպանատան (հիւպատոսարանային գրասենեակ) քարտուղար Ա.Գ. Արկիրօփուլոյի (A.C. Argyropoulo) կողմէ, Վիեննա, 5 Հոկտեմբեր 1948։

Վահրամ Սագայեան

Ծնած է Օվաճիգ (ներկայիս Եուվաճըք, Իզմիթի շրջան), 1892-ին։ Մաս կազմած է Յունաստանի Համայնավար կուսակցութեան։ Կը ձերբակալուի 9 Օգոստոս 1944-ին, երբ գերմանական զօրքը եւ յոյն գործակալները կը պաշարեն Աթէնքի Տուրղութի/Ֆիքս թաղամասը եւ պատժական գործողութիւններու կը դիմեն (պլոքօ)։ Կը բանտարկուի եւ տանջանքի տակ կը սպաննուի։

Մկրտիչ Սէֆէրեան

Ծնած է Նազիլլի (Այտընի մօտիկ) 1920-ին։ Մաս կազմած է Յունաստանի Համայնավար կուսակցութեան։ Մեթաքսասի վարչակարգին օրով (1936-1941) կը ձերբակալուի եւ կը բանտարկուի։ Կը շարունակէ բանտի մէջ մնալ, երբ Յունաստանը կը գրաւուի նացիական Գերմանիոյ կողմէ։ 1 Մայիս 1944-ին, 200 յոյն համայնավարներու շարքին, կը գնդակահարուի նացիական իշխանութիւններուն կողմէ Աթէնքի Քայսարիանի թաղամասին մէջ։

Անդրանիկ Ղուկասեան

Ծնած է Քարս-Պազարի մէջ (ներկայիս Քատիրլի, Ատանայի շրջան), 1919-ին։ Մաս կազմած է Յունաստանի Համայնավար կուսակցութեան եւ դիմադրութեան ղեկավար էր Աթէնքի Տուրղութի/Ֆիքս թաղամասին մէջ։ Կը սպաննուի գերմանական զօրքին դէմ զինեալ բախումի մը ընթացքին, 6 Օգոստոս 1944-ին։

Երուանդ Ղուկասեան

Ծնած է Աթէնքի մէջ 1925-ին։ Կը ձերբակալուի Աթէնքի Տուրղութի/Ֆիքս թաղամասին դէմ կիրարկուած պատժիչ գործողութեան ընթացքին (պլոքօ), 9 Օգոստոս 1944-ին։ Կը գնդակահարուի մօտակայ Ֆարօս թաղամասին մէջ։

Գէորգ Բարեջանեան

Ծնած է Մարաշ, 1909-ին։ Մաս կազմած է Յունաստանի Համայնավար կուսակցութեան։ Ձերբակալուած եւ բանտարկուած է Մեթաքսասի վարչակարգին օրերուն (1936-1941)։ Կը շարունակէ բանտի մէջ մնալ երբ Յունաստանը կը գրաւուի նացիական Գերմանիոյ կողմէ։ 1 Մայիս 1944-ին, 200 յոյն համայնավարներու շարքին, կը գնդակահարուի նացիական իշխանութիւններուն կողմէ Աթէնքի Քայսարիանի թաղամասին մէջ։

Սարգիս Չիլինկիրեան

Ծնած է Սիլիվրի, 1912-ին։ Կ՚աշխատի Սելանիկի եւ Աթէնքի մէջ հրատարակուող հայկական թերթերու մէջ։ Մաս կազմած է Յունաստանի Համայնավար կուսակցութեան, նացիական իշխանութիւններուն կողմէ կը ձերբակալուի Սելանիկի մէջ 1 Օգոստոս 1944-ին եւ կը գնդակահարուի շատ կարճ ժամանակ ետք։

Սարգիս Գարայեան

Ծնած է Սելանիկ, 1925-ին։ Իր մասնակցութիւնը կը բերէ դիմադրութեան։ Կը ձերբակալուի 24 Յուլիս 1944-ին եւ քանի մը օր ետք ալ կը գնդակահարուի։

Ստեփան Կարապետեան

Ծնած է Սելանիկ, 1927-ին։ Մաս կազմած է Ազգային Ազատագրական Ճակատին (ԷԱՄ)։ Կը ձերբակալուի 1944-ին եւ կը գնդակահարուի։

Յակոբ Շալվարճեան

Ծնած է 1926-ին։ Կը ձերբակալուի 9 Օգոստոս 1944-ին՝ Աթէնքի Տուրղութի/Ֆիքս թաղամասին դէմ կիրարկուած պատժիչ գործողութեան ընթացքին (պլոքօ)։ Կարճ ժամանակ ետք կը գնդակահարուի մօտակայ Ֆարօս թաղամասին մէջ։

Գաբրիէլ Տավուլճեան

Ծնած է Եոզկաթի շրջանի մէկ գիւղին մէջ, 1914-ին։ Մաս կազմած է Յունաստանի Համայնավար կուսակցութեան։ Մեթաքսասի վարչակարգին օրով (1936-1941) կը կը բանտարկուի եւ բանտի մէջ կը շարունակէ մնալ, երբ Յունաստանը կը գրաւուի նացիական Գերմանիոյ եւ ֆաշիսթական Իտալիոյ կողմէ։ Կը գնդակահարուի բանտին մէջ։

Արամ Կէօքճեան

Ծնած է Սիս (ներկայիս Քոզան, Ատանայի շրջան)։ Մաս կազմած է Համայնավար կուսակցութեան։ Կարք մը աղբիւրներ կը նշեն որ Գոքինիոյ մէջ Հնչակեան կուսակցութեան անդամ էր։ Խմբագիրն էր «Վերածնունդ» օրաթերթին (1937-1941)։ Կը գնդակահարուի 14 Ապրիլ 1944-ին։

Կարապետ Գույումճեան

Ծնած է Ատանա, 1909-ին։ Մաս կազմած է Ազգային Ազատագրական Ճակատին (ԷԱՄ)։ Կը ձերբակալուի 7 Մարտ 1944-ին, երբ գերմանական զօրքը եւ յոյն գործակալները կը պաշարեն Քոգինիա (Նիքաեա) թաղամասը եւ պատժական գործողութիւն մը կը շղթայազերծեն (պլօքօ)։ Երկու օր ետք կը գնդակահարուի Յունաստանի մէջ գտնուող Հայտարիի կեդրոնացման ճամբարին մէջ։

Սարգիս Պէյեան

Ծնած է Աթէնք, 1926-ին։ Կը ձերբակալուի եւ տեղւոյն վրայ կը գնդակահարուի Աթէնքի Տուրղութի/Ֆիքս թաղամասին դէմ շղթայազերծուած պատժիչ գործողութեան ընթացքին (պլոքօ), 9 Օգոստոս 1944-ին։

Վահէ Մավեան

Ծնած է Արմաշ, 1901-ին։ Կը ձերբակալուի եւ տեղւոյն վրայ կը գնդակահարուի Գալամաթա քաղաքին դէմ շղթայազերծուած պատժիչ գործողութեան ընթացքին (պլոքօ), 8 Փետրուար 1944-ին։

Խաչիկ Արսլանեան

Ծնած է Ֆէրիզլի (Իզմիթի շրջան), 1918-ին։ Կը ձերբակալուի եւ տեղւոյն վրայ կը գնդակահարուի Գալամաթա քաղաքին դէմ շղթայազերծուած պատժիչ գործողութեան ընթացքին (պլոքօ), 8 Փետրուար 1944-ին։

Պօղոս Ֆիչիճեան

Ծնած է Օվաճիգ (ներկայիս Եուվաճըք, Իզմիթի շրջան), 1919-ին։ Անդամ էր Քավալայի շրջանին Ազգային Ազատագրական Ճակատին (ԷԱՄ) երիտասարդական կազմակերպութեան եւ մասնակցած է զինեալ դիմադրութեան գործողութիւններու։ Կը ձերբակալուի եւ չարչարանքի տակ կը սպաննուի։

Յակոբ Նշանեան

Ծնած է Ճեռահ (Պուրսայի շրջան), 1919-ին։ Գալամաթայի մէջ կը մասնակցի դիմադրութեան գործողութիւններուն։ Կը ձերբակալուի գերմանական զօրքին կողմէ եւ տեղւոյն վրայ կը գնդակահարուի։

Սմբատ Ղազարեան

Ծնած է Արմաշ, 1909-ին։ Կը ձերբակալուի Գալամաթա քաղաքին դէմ շղթայազերծուած պատժիչ գործողութեան ընթացքին (պլոքօ), 8 Փետրուար 1944-ին։ Կը տեղահանուի Տախաուի կեդրոնացման ճամբարը (Գերմանիա), ուր կը սպաննուի։

Տիգրան Թօփալեան

Ծնած է Աթէնք։ Գործօն մասնակցութիւն բերած է նացիական Գերմանիոյ գրաւեալ ուժերուն դէմ դիմադրութեան։ Կը սպաննուի 12 Օգոստոս 1944-ին, գերմանական զօրքերուն Աթէնքէն վերջնական նահանջէն քանի մը ժամ առաջ։ 17 տարեկան էր։

Հայրապետ Սէթեան

Ծնած է Զառա (Սեբաստիոյ շրջան)։ Գործօն մասնակցութիւն բերած է դիմադրութեան։ Կը ձերբակալուի Աթէնքի Տուրղութի/Ֆիքս թաղամասին դէմ շղթայազերծուած պատժիչ գործողութեան ընթացքին (պլոքօ), 9 Օգոստոս 1944-ին։ Կ՚ուղարկուի Հայտարիի կեդրոնացման ճամբար, ուր կը գնդակահարուի։

Եղիա Փափէլեան

Մաս կազմած է նացիական Գերմանիոյ գրաւեալ ուժերուն դէմ զինեալ պայքար մղող հայդուկային խումբերուն։ Կը սպաննուի 16 Մարտ 1944-ին, Նիկրիթա քաղաքին մօտերը։

Յակոբ Գրըշքեան

Ծնած է Սիս (ներկայիս Քոզան, Ատանայի շրջան), 1914-ին։ Յունաստանի գրաւումի տարիներուն մաս կազմած է Յունական Ազգային Ազատագրական Բանակին (ԷԼԱՍ) եւ գործօն եղած է Նէա Մաքրի քաղաքին մօտակայ վայրերուն մէջ։ Կը ձերբակալուի Յունիս 1944-ին եւ կը սպաննուի տանջանքի երնթարկուելով։

Սիլվէսթրօ Ղալէաս

Ծնած է Տիարպեքիր, 1907-ին։ Անդամ էր Յունաստանի Համայնավար կուսակցութեան եւ գործօն մասնակցութիւն բերած է դիմադրական շարժումին։ Կը ձերբակալուի Աթէնքի Տուրղութի/Ֆիքս թաղամասին դէմ շղթայազերծուած պատժիչ գործողութեան ընթացքին (պլոքօ), 9 Օգոստոս 1944-ին։ Կը ղրկուի Կուտիի բանտը, ուր տանջանքի կ՚ենթարկուի եւ կը գնդակահարուի նոյն տարուան Օգոստոս 15-ին։

Սիմոն Գայեան

Ծնած է Հաճըն (ներկայիս Սաիմպէյլի, Ատանայի շրջան)։ Գործօն մասնակցութիւն բերած է հականացիական դիմադրութեան։ Կը ձերբակալուի եւ կը բանտարկուի Կուտիի բանտին մէջ, ուր տանջանքի կ՚ենթարկուի եւ կը գնդակահարուի Յունուար 1944-ին։

Սարգիս Գայեան

Գործօն մասնակցութիւն բերած է հականացիական դիմադրութեան։ Կը ձերբակալուի եւ կը բանտարկուի Կուտիի բանտին մէջ, ուր տանջանքի կ՚ենթարկուի եւ կը գնդակահարուի 7 Յունուար 1944-ին։

Սարգիս Պէնլեան

Ծնած է Սեբաստիա, 1919-ին։ Յունաստանի գրաւման տարիներուն մաս կազմած է Յունական Ազգային Ազատագրական Բանակին (ԷԼԱՍ)։ Կը սպաննուի նացիական զօրքերուն դէմ զինեալ բախումի մը ընթացքին, Յուլիսի վերջը, 1944-ին։

Արամ Պաղճեան

Ծնած է Ատանա, 1920-ին։ Կը ձերբակալուի եւ տեղւոյն վրայ կը գնդակահարուի Աթէնքի Տուրղութի/Ֆիքս թաղամասին դէմ շղթայազերծուած պատժիչ գործողութեան ընթացքին (պլոքօ), 9 Օգոստոս 1944-ին։

Սարգիս Եմէնէճեան

Ծնած Մեծ Նոր Գիւղ (ներկայիս Ենիքէօյ, Պուրսայի շրջան), 1924-ին։ Կը ձերբակալուի Աթէնքի Տուրղութի/Ֆիքս թաղամասին դէմ կիրարկուած պատժիչ գործողութեան ընթացքին (պլոքօ), 9 Օգոստոս 1944-ին։ Կը գնդակահարուի մօտակայ Ֆարօս թաղամասին մէջ։

Մելիտոս Կականեան

Ծնած է Արմաշ։ Կը տեղահանուի Գերմանիա եւ անհետ կը կորի։

Եսայի Մինասեան

Ծնած է Փիրէա, 1922-ին։ Մաս կազմած է Ազգային Ազատագրական Ճակատին (ԷԱՄ)։ Կը ձերբակալուի 1944-ին եւ կը գնդակահարուի։

Արմենակ Վիրանեան

Ծնած է Պալըքէսիր, 1906-ին։ Կը ձերբակալուի Աթէնքի Տուրղութի/Ֆիքս թաղամասին դէմ շղթայազերծուած պատժիչ գործողութեան ընթացքին (պլոքօ), 9 Օգոստոս 1944-ին։ Կը տեղահանուի Գերմանիա, ուր կը մահանայ։

Պետրոս Գալայճեան

Ծնած է Ճեռահ (Պուրսայի շրջան), 1907-ին։ Իր մասնակցութիւնը բերած է հականացիական զինեալ դիմադրութեան եւ կը սպաննուի գերմանական զօրքերուն դէմ զինեալ ընդհարումի մը ընթացքին, Թիթօրէա շրջանին մէջ։

Եփրեմ Տէրտէրեան

Ծնած է Հաճըն 1900-ին։ Իր մասնակցութիւնը բերած է հականացիական զինեալ դիմադրութեան եւ կը սպաննուի գերմանական զօրքերուն դէմ զինեալ ընդհարումի մը ընթացքին, Աթէնքի Ֆարօս թաղամասին մէջ։

Կիւլպէնկ Մոմճեան

Ծնած է 1912-ին։ Կը ձերբակալուի եւ կը գնդակահարուի Աթէնքի Տուրղութի/Ֆիքս թաղամասին դէմ շղթայազերծուած պատժիչ գործողութեան ընթացքին (պլոքօ), 9 Օգոստոս 1944-ին։

Սիրարփի Րըզեան

Ծնած է Հաճըն, 1922-ին։ Կը սպաննուի 4 Յունուար 1945-ին։

Յարութիւն Գալուստեան

Կը ձերբակալուի գերմանական ուժերուն կողմէ, 1944-ին։ Կը տեղահանուի Գերմանիա, ուր անհետ կը կորի։

Համբարձում Պէրպէրեան

Ծնած է Աթէնք, 1925-ին։ Իր մասնակցութիւնը բերած է հականացիական զինեալ դիմադրութեան եւ կը ձերբակալուի Օգոստոս 1944-ին։ Կը գնդակահարուի Աթէնքի Ֆարօս թաղամասին մէջ։

Խաչիկ Կիւլեան

Ծնած է Շապին Քարահիսար շրջանին մէկ գիւղին մէջ, 1912-ին։ Կը ձերբակալուի եւ կը գնդակահարուի Աթէնքի Տուրղութի/Ֆիքս թաղամասին դէմ շղթայազերծուած պատժիչ գործողութեան ընթացքին (պլոքօ), 9 Օգոստոս 1944-ին։

Հրանդ Սերոբեան

Ծնած է Կեսարիա, 1915-ին։ Իր մասնակցութիւնը բերած է դիմադրութեան։ Կը ձերբակալուի, չարչարանքի կ՚ենթարկուի եւ կը սպաննուի 27 Յունիս 1944-ին։

Կարպիս Կարապետեան

Ծնած է 1923-ին։ Իր մասնակցութիւնը բերած է դիմադրութեան։ Կը ձերբակալուի, չարչարանքի կ՚ենթարկուի եւ կը սպաննուի 24 Փետրուար 1944-ին։

Գերմանական վաւերաթուղթեր Վահրամ Կականեանին մասին (Աղբիւր՝ Arolsen Archives)։ Ան կը տեղահանուի Գերմանիա եւ կը մեռնի Տախաուի կեդրոնացման ճամբարին մէջ, 21 Փետրուար 1945-ին։

Վահրամ Կականեան

Ծնած է Քավալա, 1921-ին։ Արհեստով եղած է ատաղձագործ։ Հայրանուն՝ Սիրական։ Գործօն մասնակցութիւն բերած է հականացիական դիմադրութեան։ Կը ձերբակալուի 1944-ին, կը տեղահանուի Գերմանիա, նոյն տարուան Դեկտեմբերին կը բանտարկուի Տախաուի կեդրոնացման ճամբարին մէջ, ուր կը մահանայ 21 Փետրուար 1945-ին։

Վարդան Գիւբէլեան

Ծնած է Սիս (ներկայիս Քոզան, Ատանայի շրջան), 1913-ին։ Մաս կազմած է Քոգինիայի մէջ Ազգային Ազատագրական Ճակատին (ԷԱՄ), ինչպէս նաեւ հականացիական հայդուկային խումբերու։ Մասնակցած է ծովային թիրախներու դէմ զինեալ գործողութիւններու եւ իր մարտական ծածկանունը եղած է Ծովագայլ (յունարէնով՝ լիքոս թիս թալասիս)։ Կը սպաննուի զինեալ գործողութեան մը ընթացքին, 1944-ին։

Յակոբ Յակոբեան

Ծնած է Ատանա, 1913-ին։ Իր մասնակցութիւնը բերած է դիմադրութեան։ Կը ձերբակալուի Փելոփոնէսի շրջանին մէջ եւ կը տարուի Կորինթոսի բանտը։ Բանտային չարչարանքի կ՚ենթարկուի եւ գնդակահարուի 22 Յուլիս 1944-ին։

Նշան Չիֆթճեան

Ծնած է Գալամաթա, 1923-ին։ Կը ձերբակալուի Գալամաթա քաղաքին դէմ շղթայազերծուած պատժիչ գործողութեան ընթացքին (պլոքօ), 8 Փետրուար 1944-ին։ Կը տեղահանուի Գերմանիա, կը բանտարկուի Տախաուի կեդրոնացման ճամաբարին մէջ, ուր կը սպաննուի։

Տիրան Չիթճեան

Ծնած է Օրտու, 1908-ին։ Մաս կազմած է Յունաստանի Համայնավար կուսակցութեան։ Գլխաւոր սուրհանդակը եղած է Ազգային Ազատագրական Ճակատին (ԷԱՄ) Քավալայի, Քսանթիի, Տրամայի ըւ Սեռէսի գաղտնի մասնաճիւղերուն միջեւ։ Մասնակցած է զինեալ դիմադրութեան։ Կը սպաննուի 1 Յունուար 1944-ին։

Եղիա Հաճիքէօսէեան

Ծնած է Կրետէ։ Կը ձերբակալուի Գոքինիոյ դէմ շղթայազերծուած պատժիչ առաջին գործողութեան ընթացքին (պլոքօ), 8 Մարտ 1944-ին։ Յաջորդ օրն իսկ կը գնդակահարուի։

Միսաք Պլիկեան

Ծնած է Սիս (ներկայիս Քոզան, Ատանայի շրջան), 1909-ին։ Անդամ էր Հնչակեան կուսակցութեան Գոքինիոյ մասնաճիւղին։ Մասնակցած է Ազգային Ազատագրական Ճակատին (ԷԱՄ) դիմադրական գործողութիւններուն։ Կը ձերբակալուի եւ կը գնդակահարուի 17 Մայիս 1944-ին։

Երուանդ Փէնիկեան

Ծնած է Հաճըն (ներկայիս Սաիմպէյլի, Ատանայի շրջան), 1907-ին։ Կը ձերբակալուի Գոքինիոյ դէմ շղթայազերծուած պատժիչ երկրորդ գործողութեան ընթացքին (պլոքօ), 17 Մայիս 1944-ին։

Գրիգոր Գալէնտէրեան

Ծնած է Ատանա, 1915-ին։ Մաս կազմած է Ազգային Ազատագրական Ճակատին (ԷԱՄ)։ Կը ձերբակալուի Գոքինիոյ դէմ շղթայազերծուած պատժիչ առաջին գործողութեան ընթացքին (պլոքօ), 8 Մարտ 1944-ին։ Կը գնդակահարուի երկու օր ետք, Հայտարիի կեդրոնացման ճամբարին մէջ։

Լեւոն Մելքոնեան

Ծնած է Զմիւռնիա, 1904-ին։ Հայրանուն՝ Առաքել։ Կը ձերբակալուի Գոքինիոյ դէմ շղթայազերծուած պատժիչ առաջին գործողութեան ընթացքին (պլոքօ), 8 Մարտ 1944-ին։ Կը տեղահանուի Գերմանիա, կ՚արգելափակուի Նոյընկամմի (Համպուրկի մէջ) կեդրոնացման ճամբարին մէջ, ուր կը մահանայ 20 Նոյեմբեր 1944-ին։

Կարպիս Հազարեան

Ծնած է Կեսարիա, 1914-ին։ Կը ձերբակալուի Գոքինիոյ դէմ շղթայազերծուած պատժիչ առաջին գործողութեան ընթացքին (պլոքօ), 7 Մարտ 1944-ին։ Կը տեղահանուի Գերմանիա, ուր անհետ կը կորի։

Յարութիւն Եորղանճեան

Ծնած է Քիրքաղաճ (Մանիսայի շրջան), 1916-ին։ Ռեթիմնոյի մէջ (Կրետէ) մասնակցած է հականացիական զինեալ դիմադրութեան գործողութիւններուն։ Կը ձերբակալուի եւ կը գնդակահարուի։

Նազարէթ Փափազեան

Ծնած է Աքշէհիր, 1917-ին։ Ռեթիմնոյի մէջ (Կրետէ) մաս կազմած է Ազգային Ազատագրական Ճակատին (ԷԱՄ) եւ տեղական կազմակերպութեան սուրհանդակն էր։ Կը ձերբակալուի եւ կը գնդակահարուի 1943-ին։

Զաւէն Գրրըշքեան

Ծնած է Սիս (ներկայիս Քոզան, Ատանայի շրջան)։ Կը ձերբակալուի Աթէնքի Տուրղութի/Ֆիքս թաղամասին դէմ շղթայազերծուած պատժիչ գործողութեան ընթացքին (պլոքօ), 9 Օգոստոս 1944-ին։ Կը բանտարկուի Հայտարիի կեդրոնացման ճամբարին մէջ, որմէ ետք անհետ կը կորի։

Մամաս Պէրպէրեան

Ծնած է Կեսարիա, 1916-ին (կամ 1913-ին)։ Կը ձերբակալուի Գոքինիոյ դէմ շղթայազերծուած պատժիչ առաջին գործողութեան ընթացքին (պլոքօ), 7 Մարտ 1944-ին։ Յուլիս 1945-ին կը տեղահանուի Գերմանիա, ուր կը բանտարկուի Նոյընկամմի (Համպուրկի մէջ) կեդրոնացման ճամբարին մէջ։ Հոս ալ կը մահանայ 10 Մարտ 1945-ին։

Օննիկ Գունտագճեան

Ծնած է Կեսարիա, 1914-ին։ Կը ձերբակալուի Գոքինիոյ դէմ շղթայազերծուած պատժիչ առաջին գործողութեան ընթացքին (պլոքօ), 7 Մարտ 1944-ին։ Կը տեղահանուի Գերմանիա, ուր անհետ կը կորի։

Անդրանիկ Տէր Պօղոսեան

Ծնած է Արմաշ։ Կը ձերբակալուի եւ կը տեղահանուի Գերմանիա։ Arolsen Archives-ին մէջ շատ հակիրճ տեղեկութիւն մը կայ Անդրանիկ Տէր Պօղոսեանի մը մասին։ Սոյն անձը արգելափակուած է Տախաուի կեդրոնացման ճամբարին մէջ եւ թոքային բորբոքումէ տառապած է։ Շատ հաւանաբար սոյն ճամբարին մէջ ալ կը մահանայ։

Զաւէն Օվակեան

Ծնած է Արմաշ (Իզմիթ/Նիգոմիտիոյ շրջան), 1896-ին։ Արհեստով վարսավիր էր, ամուսնացած էր Օվսաննա Բաբէլեանի հետ, ունէին երեք զաւակ։ Զաւէնին ծնողներն էին՝ Նազարէթ եւ Հռիփսիմէ (ծնեալ Մանուկեան)։ Կը ձերբակալուի Գալամաթայի մէջ 22 Հոկտեմբեր 1943-ին, կը տեղահանուի, կ՚արգելափակուի Նացվայլըրի կեդրոնացման ճամբարին մէջ (Վոժեան լեռներուն մէջ, Ֆրանսա)։ 17 Դեկտեմբեր 1943-ին, կը ղրկուի Տախաուի կեդրոնացման ճամբարը (Գերմանիա), ուր կը մահանայ 23 Մայիս 1945-ին։ Զաւէնին որդին՝ Անդրանիկը (ծնեալ 1927-ին) նոյնպէս կը ձերբակալուի Գալամաթայի մէջ, կը տեղահանուի եւ կը բանտարկուի Մաութհաուզընի կեդրոնացման ճամբարին մէջ, Աւստրիա։

Գերմանական վաւերաթուղթեր Զաւէն Օվակեանին մասին (Աղբիւր՝ Arolsen Archives)։ Ան կը տեղահանուի Գերմանիա եւ կը մեռնի Տախաուի կեդրոնացման ճամբարին մէջ, 23 Մայիս 1945-ին։

Ստեփան Մարկոսեան

Ծնած է Ատափազար, 1921-ին։ Կօշկակար էր։ Կը ձերբակալուի Գալամաթայի մէջ 1943-ին, կը տեղահանուի եւ կ՚արգելափակուի Մաութհաուզընի կեդրոնացման ճամբարին մէջ, ուր շատ հաւանաբար ալ կը մահանայ։

Մինաս Մինասեան

Ծնած է Մարմարաճիք, 1926-ին։ Արհեստով վարսավիր էր։ Կը ձերբակալուի Գալամաթայի մէջ 1943-ին, կը տեղահանուի Գերմանիա, ուր կ՚արգելափակուի Ֆլոսէնպուրկի կեդրոնացման ճամբարին մէջ։ Շատ հաւանաբար կը մահանայ այս բանտարկութեան ընթացքին։

Աղբիւրագիտութիւն

  • «Հայ մամուլը Յունաստանի մէջ», հրատարակութիւն Արմենիքա պարբերաթերթի, Աթէնք, 2009։
  • Նոր Կեանք, 28 Յուլիս 1946, Բ. տարի, թիւ 402, Աթէնք։
  • Փանթելիս Արաբինիս, «Գերիներու ցանկ» [յունարէն], Արմենիքա պարբերաթերթ, թիւ 98, Օգոստոս-հոկտեմբեր 2018, Աթէնք։
  • Hagen Fleischer, Im Kreuzschatten der Mächte. Griechenland 1941-1944 (Okkupation - Resistance - Kollaboration), Lang, Frankfurt am Main, 1986.
  • Mark Mazower, Inside Hitler’s Greece: The Experience of Occupation, 1941-1944, Yale University Press, New Haven/London, 1993.
  • Տիգրան Պզտիկեան, Կեանքիս յուշերը, Մոնթրէալ, 2012։
  • Մայք Չիլինկիրեան, «Գալամաթայի հայկական համայնքը (1921-1947) – աղքատութիւն, դիմադրութիւն, ներգաղթ», 11/05/22, [https://www.houshamadyan.org/arm/oda/europa/kalamata-haygagan-hamaynk.html]
  • collections.arolsen-archives.org/de/search/
  • Iason Chandrinos , Volker Mall, Wir waren Menschen zweiter Klasse, KZ Gedenkstätte Hailfingen/Tailfingen e. V., 2022.