Անահիտ Իսրայէլեան՝ ոտքի, ձախէն 3-րդը, սիւնին տակ (սեւ փէշով), Քընալը կղզի, Պոլիս

Կայտայի հաւաքածոյ - Պրիւքսէլ, Պելճիքա

Նուրհան Կայտա ծնած է 2 Ապրիլ 1924-ին, Պոլիս։ Այժմ կ'ապրի Պրիւքսէլ: Նուրհանի հօրենական ընտանիքը Թէքիրտաղէն (Ռոտոսթօ) է, իսկ մօրենական կողմը՝ Պոլսեցի։ Նուրհանի ընտանիքը նախապէս կոչուած է Քայտէճեան։ Սակայն յետագային Ռոտոսթոյի մէջ այս անունը փոխած են «Կայտա»ի, նկատի ունենալով որ Նուրհանի հօրենական մեծ հայրը՝ Լեւոն, «կայտա», այսինքն պարկապզուկ (տկճոր) գործող արհեստաւոր մըն էր: Լուսանկարները մեծ մասամբ քաշուած են Պոլսոյ մէջ իրենց ընտանեկան լուսանկարիչին՝ «D. Joseph»ի կողմէ։

Այս էջի լուսանկարներուն մէջ կը տեսնենք Իսրայէլեան եւ Կայտա ընտանիքներէն անդամներ, որոնց շարքին՝

  • Նուրհանի մայրը՝ Անահիտ Իսրայէլեան (1890-1985/90)
  • Նուրհան Կայտայի հայրը՝ Կարպիս Կայտա (1896-1960)
  • Անահիտ Իսրայէլեանի հայրը եւ Նուրհանի մօրենական մեծ հայրը՝ Թորոս Էֆէնտի Իսրայէլեան։
  • Անահիտ Իսրայէլեանի մայրը եւ Նուրհանի մօրենական մեծ մայրը՝ Արաքսի Գառնուկեան
  • Անահիտ Իսրայէլեանի մեծ հայրը եւ Նուրհանի մօրենական մեծ մեծ հայրը՝ Սարգիս էֆէնտի Իսրաէլեան, ծնած Սիվաս/Սեբաստիա

Նշենք որ բոլոր լուսանկարները քաշուած են Պոլսոյ մէջ։

Նուրհան Կայտա - Մանկական պատկերներ

Ընտանեկան պատկերներ

Կեդրոնը նստած՝ Անահիտ Իսրայէլեան, ձախին՝ Կարպիս Կայտա, Անահիտին ետեւը, կեդրոնը կանգնած՝ Թորոս էֆենտի Իսրայէլեան, իսկ Անահիտի աջին՝ Արաքսի Իսրայէլեան, որ ձեռքերուն մէջ առած է Նուրհան Կայտան։

Ոտքի, ձախէն երկրորդը՝ Սարգիս էֆենտի Իսրայէլեան, իսկ ձախէն չորրորդը՝ Թորոս էֆենտի Իսրայէլեան։

Անահիտ Իսրայէլեան երեխայ հասակին

1) Անահիտ Իսրայէլեան եւ Կարպիս Կայտա լուսանկարուած Մեծ կղզիին վրայ, Պոլիս

2) Անահիտ Իսրայէլեան եւ Կարպիս Կայտա

3) Անահիտ Իսրայէլեան եւ Կարպիս Կայտա 5 Ապրիլ 1923

Անահիտ Իսրայէլեան եւ Կարպիս Կայտա իրենց զաւակներուն հետ՝ Նուրհան եւ Մարիուս (ծն. 1927, Պոլիս) մօր գիրկը նստած։