Գալամաթա, հաւանաբար 1931 թուականին։ Քաղաքին մէջ գտնուող «Արամեան» վարժարանի աշակերտներ եւ իրենց ուսուցչուհին։

Գալամաթայի հայկական համայնքը (1921-1947) – աղքատութիւն, դիմադրութիւն, ներգաղթ

Հեղինակ՝ Մայք Չիլինկիրեան, 11/05/22 (վերջին փոփոխութիւն՝ 11/05/22)

Գալամաթայի հայկական համայնքին պատմութիւնը կ՚երկարի մօտաւորապէս երեք տասնամեակի վրայ։ Այս վայրին մէջ հայկական ներկայութեան պատմութիւնը բաւական անծանօթ է, գոյութիւն չունին հետազօտութիւններ, ինչ որ պատճառ եղած է որ տասնամեակներու ընթացքին այս պատմական դրուագը մոռացութեան ենթակարկուի։

Սոյն կարճ յօդուածը ակնարկ մըն է Գալամաթայի հայութեան մօտ 25-ամեայ պատմութեան վրայ։ Յոյսով ենք որ այս գրութիւնը առիթ կը ստեղծէ ուրիշներու՝ աւելի խորաթափանց ուսումնասիրութիւններ կատարելու Գալամաթա քաղաքի հայութեան հետաքրքրական պատմութեան մասին։

Առաջին անգամ 1921-ին է, որ 280 հայ գաղթականներ կը հաստատուին Գալամաթայի մէջ։ Անոնք կու գային Օսմանեան կայսրութեան Նիգոմիտիայի (Պուրսա) շրջանէն։ Նախ կարճատեւ հանգրուանած էին Լիմնոս կղզիին վրայ եւ անկէ ետք փոխադրուած էին Գալամաթա։ 1922-ին, Փոքր Ասիայէն հասնող գաղթականներու հոսքը զանգուածային թափ կ՚առնէ, եւ այս ընթացքին 200 հայ նոր գաղթականներ կը հասնին Գալամաթա։

Յունական տեղական մամուլին մէջ առաջին անդրադարձը Գալամաթայի հայերու ներկայութեան մասին կը գտնենք 8 Յունուար 1923-ին, երբ քաղաքին մէջ տեղի կ՚ունենայ բողոքի ցոյց մը՝ Թուրքիոյ եւ Յունաստանի միջեւ բնակչութիւններու պարտադիր փոխանակումի համաձայնութեան դէմ։ Ցուցարարները սեւ դրօշներով կը հաւաքուին «Ժողովրդային դպրոց»ին առջեւ եւ Յունաստանի կառավարութեան կը յանձնեն հանրագրութիւն մը, ուր իրենց ընդդիմութիւնը կ՚արտայայտէին համաձայնագիրին դէմ։ Նամակը ստորագրողներուն շարքին կը նշուին՝ Պոլսոյ գաղթականներու վարչութիւնը, Պոնտոսի գաղթականներուն անունով՝ Ղ. Ղրէկորաքիս, Ք. Մօսխօյանիտիս եւ Ս. Լիաքքաքիս, Փոքր Ասիոյ գաղթականներուն անունով՝ Ղ. Զախարոֆ, Թրակիոյ գաղթականներուն անունով՝ Օ. Ղրիղորիատիս, հայ գաղթականներուն անունով՝ Ղեւոնդ Տէր Ղուկասեան եւ Զարեհ Ռաֆայէլեան։ [1]

1924-ին, յունական կառավարութիւնը Մագետոնիա եւ Արեւմտեան Թրակիա հաստատուած գաղթական խիտ բնակչութիւնը թեթեւցնելու պատրուակին տակ՝ գործադրութեան կը դնէ վերաբնակեցումի ծրագիր մը, որ պաշտօնապէս կը վերաբերէր բոլոր գաղթականներուն, առանց ազգային պատկանելիութեան խտրութեան։ Բայց ծրագիրին գործադրութեան ժամանակ կը պարզուի, որ անիկա ուղղուած է առանձնապէս հայ գաղթականներուն։ Խորքին մէջ, Յունաստանի կառավարութիւնը յոյն-պուլկարական սահմանային բանավէճին սրման լոյսին տակ, մտադիր էր սահմանային այս գօտիէն հեռացնել հայ գաղթականները, նկատի ունենալով որ յոյն պետական վարիչներուն աչքին հայերը կասկածելի տարր կը համարուէին եւ մտավախ էին որ անոնք կրնան Պուլկարիոյ ի նպաստ դիրք բռնել, այն պարագային երբ երկու երկիրներուն միջեւ սահմանային բանավէճը զինեալ հակամարտութեան վերածուէր։ Այս ձեւով, 1924-ի ամռան, մօտ 5 հազար հայ գաղթականներ Ալեքսանտրուփոլիսէն (Տէտէ Աղաճ), Քոմոթինիէն (Կիւմիւլճինա), Սեռեսէն, Տրամայէն եւ Քավալայէն կը տեղահանուին եւ կը վերաբնակեցուին Փելոփոնիսի մէջ։ Անոնցմէ մօտ 600-ը կը հաստատուի Գալամաթայի մէջ։ [2]

Նոյն տարին, Lord Major's Foundation-ի ջանքերով, Գալամաթայէն մօտ 300 հայեր կը տեղափոխուին Կրետէի Հերաքլիոն քաղաքը, ուր անոնք աշխատանքի կը լծուին տեղւոյն նաւահանգիստին քարափին շինութեան։ Նոյն ժամանակներուն, Գալամաթայէն այլ ընտանիքներ եւս կը հեռանան դէպի յունական այլ քաղաքներ կամ դէպի արտասահման, յատկապէս՝ Ֆրանսա։

1934-ին, Գալամաթայի մէջ կ՚ապրէին աւելի քան 200 հայ ընտանիք, անոցնմէ մեծամասնութիւնը արհեստաւորներ եւ մշակներ էին։ Հոստեղի հայերուն մեծ մասը պատմական Բիւթանիայէն էին (Պուրսայի շրջան). 35 ընտանիք Արմաշէն, 25 ընտանիք Ենիճէէն, ուրիշներ՝ Արսլանպէկէն, Աքմեշէէն, Իզմիթէն, Ատափազարէն, Պարտիզակէն, Մեծ նոր գիւղէն։ [2]

Նոյն տարիներուն Քալամաթայի շրջակայ գիւղերուն մէջ նոյնպէս հաստատուած էին հայ գաղթականներ. 50 հայեր Մեսսինիի մէջ, 10-ը՝ Քիփարիսիայի մէջ եւ աւելի քիչ թիւով հայեր՝ Մելիղալայի մէջ։ [3]

Բարաբիղմաթա գաղթակայանը. եկեղեցին եւ երկու վարժարան

Գալամաթայի հայերուն մեծամասնութիւնը (135 ընտանիք) կ՚ապրէին գաղթակայանի մը մէջ, որ կը գտնուէր արեւմտեան ծովափին վրայ։ Այս տարածքը կը պատկանէր Քորտիաս անունով յոյնի մը։ Մինչեւ այսօր այս վայրը կը կոչուի Քորտիաս։ Նախապէս հոս գտնուած է զօրանոց մը։ Գաղթականներէն ոմանք հաստատուած էին այս զօրանոցէն մնացած կիսաաւերակ եւ փայտաշէն շէնքերու մէջ, մնացեալն ալ իրենց համար կառուցած էին թիթեղաշէն խրճիթներ [5] ։ Այս պատճառով ալ վայրը կոչուած է Բարաբիղմաթա, որ յունարէն կը նշանակէ թիթեղաշէն կամ փայտաշէն խրճիթ։

Գաղթակայանը շատ մօտիկ էր ծովուն, հողամշակութիւնը չափազանց անյարմար էր հոս, նկատի ունենալով որ փոթորիկներու ժամանակ ծովուն ջուրը կը բարձրանար եւ կը տարածուէր մշակելի հողերուն վրայ։ Յատկանշական է որ յունական աղբիւրներուն մէջ այս վայրին երբեք չի տրուիր Բարաբիղմաթա անունը։ Զայն կը գտնենք միայն հայկական աղբիւրներուն մէջ։ Այդ տարիներէն մնացած կարգ մը յունական քարտէսներու վրայ այս վայրը կը կոչուի «Արմենիքա», որ կը նշանակէ «հայերուն ապրելատեղին»։

1923-ին հոս կը կառուցուի փայտեայ եկեղեցի մը, որ գրաւոր աղբիւրներուն մէջ աւելի ծանօթ է մատուռ անունով։ Նոյն այս կառոյցին մէջ 1924-էն սկսեալ կը գործէր նաեւ վարժարան մը, ուր կը յաճախէին 70-էն 90 աշակերտներ։ Վարժարանին հովանաւորութիւնը ստանձնած էր Հայ կարմիր խաչի տեղական վարչութիւնը, ինչպէս նաեւ Հայ Բարեգործական Ընդհանուր Միութիւնը (ՀԲԸՄ)։ Այս մէկը ցոյց կու տայ նաեւ սոյն էջով ներկայացուած մատուռ-վարժարանին պատկերը, ուր կը տեսնենք շէնքին վրայ ծածանող Կարմիր խաչի դրօշը, ինչպէս նաեւ «Միութիւնը զօրութիւն է» լոզունգը, որ կը պատկանէր ՀԲԸՄ-ին։ Այս վարժարանը Գալամաթայի հայկական համայնքէն ներս գործող ամէնէն մեծ թիւով աշակերտ ունեցող կրթական հաստատութիւնն էր։ Հոս դասաւանդած ուսուցիչներէն կը յիշուի Վրթանէս Թագւորեանի անունը [6] ։ Դպրոցը կը շարունակէ իր գործունէութիւնը մինչեւ 1943 թուականը, երբ գաղթակայանին հրկիզման ժամանակ այս կառոյցն ալ ամբողջութեամբ կ՚ոչնչանայ։

Բարաբիղմաթա գաղթակայանին մէջ կը գործէր նաեւ երկրորդ հայկական վարժարան մը, որ կը կոչուէր «Ռոստոմեան» եւ կը տնօրինուէր Հայ կապոյտ խաչին կողմէ։ Յայտնի է որ վարժարանը ունեցած է վարչական եւ ելեւմտական բնոյթի յաճախակի դժուարութիւններ, որոնց հետեւանքով ալ 1934-ին մէկ տարիով կը փակուի։ Վարժարանին աշակերտներուն թիւը 25-էն 30 էր [7]։ Հոս դասաւանդող ուսուցիչներէն կը նշուին Ռոզա Հայրապետեանը [8] եւ Օննիկ Շարապխանեանը (ծնած է Մեծ նոր գիւղ)։ Օննիկին որդին՝ Մարգար Շարապխանեանը, որ ծնած է Գալամաթա, հետագային ուսուցչութիւն կ՚ընէ Աթէնքի Տուրղութի/Ֆիքս թաղամասին հայկական վարժարանին մէջ, իսկ աւելի ուշ ալ ալ կը տեղափոխուի Գանատա եւ հոն կը դառնայ Թօրօնթօյի հայկական վարժարանին տնօրէնը։

«Ռոստոմեան» վարժարանին սրահին մէջ տեղը կ՚ունենային մշակութային զանազան ձեռնարկներ, որոնցմէ մեծ ժողովրդավարութիւն ունէին թատերական ներկայացումները։ Այսպէս օրինակ, 7 Փետրուար 1930-ին, այս սրահէն ներս Գալամաթայի հայ թատերասէրներ կը կազմակերպեն «Աւարայրի Արծիւ» թատերախաղին ներկայացումը։ Վարդանին դերը ստանձնած էր Դերենիկ Մենանեանը, Վասակին դերը՝ Օննիկ Շարապխանեանը։ Միւս դերասաններն էին՝ Սարգիս Կարապետեան, Ստեփան Ասլանեան, Արմենակ Օվակեան, Ենովք Օվակեան, Վաղինակ Պալթայեան, Օննիկ Գրիգորեան, Մ. Այվազեան, Խ. Բաբէլեան [9]։ 1931-ին, Զատիկի կիրակին, նոյն դպորցին սրահին մէջ կը ներկայացուի հայ յեղափոխական Ժիրայրի (Մարտիրոս Պօյաճեան, 1856-1894) կեանքը՝ «Անմահն Ժիրայր» թատերախաղին ընդմէջէն։ Դերասաններն էին՝ Օննիկ Շարապխանեան, Ա. Բաբելեան, Մ. Կականեան, Օ. Մանուկեան, Խ. Բաբելեան, Խ. Տէր Ղուկասեան, Վ. Գապատայեան [10]։ Երկու թատերախաղերուն ալ խուռներամ հանդիսատեսներ ներկայ եղած են։

Գալամաթա քաղաքին մէջ ապրող հայեր. «Արամեան» վարժարանը

Եթէ Գալամաթայի հայերուն մեծ մասը հաստատուած էր գաղթակայանին մէջ, անդին՝ մօտ 40-էն 60 ընտանիք կ՚ապրէին քաղաքէն ներս, յատկապէս Իբաբանտի (Տեառնընդառաջ) թաղամասին մէջ [11]։ 1939-ի տուեալներով, քաղաքին մէջ ապրող հայերուն թիւը (բացառեալ գաղթակայանէն) կը գնահատուէր 196-ի [12]։ Սկզբնական տարիներուն քաղաքին մէջ կը գործէր Հայ գաղթականներու վարչութիւնը, որուն գործունէութիւնը կը կայանար կարիքաւորներուն նիւթական օժանդակութիւն տրամադրելուն մէջ։

1929-էն սկսեալ, քաղաքին մէջ կը հիմնուի «Արամեան» մանկապարտէզ եւ նախակրթարան երկսեռ վարժարանը։ Անիկա կը գտնուէր Իփափանթի յունական եկեղեցիին շատ մօտիկ, վարձու առնուած շէնքի մը մէջ։ Նիւթական աջակցութիւն կը ստանար ՀԲԸՄ-էն եւ Կիւլլապի Կիւլպէնկեան հիմնարկէն (Նիւ Եորք)։ Աշակերտներուն թիւը 40-էն 60 էր։ Տնօրէնն էր Բ. Խաչիկեան։ Հոս գործած ուսուցիչներէն կը նշուին՝ Յ. Գասպարեան եւ Յովհաննէս Տէմիրեան [13]։ Վարժարանը կը ստիպուի փակել իր դռները Երկրորդ համաշխարհային պատերազմին՝ գերմանական գրաւման տարիներուն [14]։

1929-ին, Գալամաթայի մէջ կը հիմնուի ՀԲԸՄ-ի մասնաճիւղը, որուն կ՚անդամակցէին 29 անդամ՝ քաղաքէն եւ գաղթակայանէն։ Առաջին վարչութիւնը կը բաղկանար հետեւեալ անդամներէն. Վրթանէս Թագւորեան (ատենապետ), Հրանդ Սիմոնեան (ատենադպրիր), Յարութիւն Աւագեան (գանձապահ), Մովսէս Մավեան եւ Խաչիկ Եանագեան։ Աւելի ուշ, նոր վարչութեան կազմն էր. Վահրամ Փէստիլճեան (ատենապետ), Խաչիկ Եանագսեան (ատենադպիր), Յովհաննէս Չինարեան (գանձապահ), Նշան Չագալմազեան եւ Օննիկ Պօտուռեան։ 1930-ին, Բարաբիղմաթայի գաղթակայանը կը վերածուի առանձին մասնաճիւղի եւ կ՚ունենայ իր սեփական վարչութիւնը հետեւեալ կազմով. Յակոբ Օհանեան (ատենապետ), Հրանդ Սիմոնեան (ատենադպիր), Վարդերես Բարսեղեան (գանձապահ), Վրթանէս Թագւորեան եւ Յարութիւն Աւագեան [15]։

Գալամաթա, հաւանաբար 1931 թուականին։ Քաղաքին մէջ գտնուող «Արամեան» վարժարանի աշակերտներ եւ իրենց ուսուցչուհին։ Աշակերտներու խումբը շրջանակուած է լուսանկարին համար պատրաստուած ծառերու տերեւներով եւ Յունաստանի դրօշակներով (Աղբիւր՝ ՀԲԸՄ-ի Նուպարեան գրադարան, Փարիզ)։
Գալամաթա քաղաքին մէջ գտնուող «Արամեան» վարժարանի մանկապարտէզի աշակերտները եւ իրենց ուսուցչուհին։ (Աղբիւր՝ ՀԲԸՄ-ի Նուպարեան գրադարան, Փարիզ)։

Համայնքային կեանք, արհեստներ, աղքատութիւն եւ … ֆութպօլ

Տէր Ղեւոնդ Տէր Ղուկասեան իբրեւ այցելու քահանայ ծառայած է Գալամաթայի համայնքին մէջ։ 1927-ին, ան մնայուն կերպով կը հաստատուի քաղաքին մէջ։ Հոս ծառայած մեզի ծանօթ վերջին քահանան եղած է Տէր Յակոբ Հաքալմազեան, որուն անունը կը նշուի կրօնական մարմիններու միջեւ կատարուած 1943 թուակիր թղթակցութեան մէջ։

Գալամաթայի համայնքային կեանքին մէջ աշխուժ գործունէութիւն կը տանէին յատկապէս Հայ Օգնութեան Կոմիտէն (ՀՕԿ, համայնավարներ) [16], Հ.Յ. Դաշնակցութիւնը եւ ՀԲԸՄ-ը։ Թաղականութիւնը ՀՕԿ-ի հակակշիռին տակ էր [17]։

Համայնքէն ներս յաճախակի էին գաղափարական բնոյթի պայքարներն ու կռիւները։ Այս երեւոյթը համատարած էր Սփիւռքի նորաստեղծ գաղթօճախներուն մէջ՝ 1920-ական թուականներէն սկսեալ։ Պայքարներու հիմքը Խորհրդային Հայաստանի նկատմամբ որդեգրելիք դիրքն էր, որ խրամատ մը բացած էր հայկական համայնքներէն ներս գործող քաղաքական կուսակցութիւններուն եւ կազմակերպութիւններուն միջեւ։

Լարուած այս մթնոլորտը մեծապէս նկատելի էր նաեւ Գալամաթայի փոքրաթիւ հայ համայնքին մէջ։ Լաւագոյն ապացոյց մըն է Բարաբիղմաթա գաղթավայրին մէջ երկու վարժարան ունենալը։ Մատուռ-դպրոցը կը գտնուէր ՀԲԸՄ-ի եւ ՀՕԿ-ի ազդեցութեան տակ, մինչ «Ռոստոմեան» վարժարանը՝ Հ.Յ. Դաշնակցութեան։ 1934-ին, Գալամաթայի մէջ թաղական խորհորդին կողմէ քահանայ մը ընտրելու խնդիրը ծանրակշիռ բնոյթ կ՚առնէ, նկատի ունենալով որ երկու թեկնածուները՝ Յարութիւն Խաչերեանը եւ Սահակ Հաքալմազեանը կը ներկայացնէին քաղաքական երկու հակամարտ հոսանքներ։ Այս լարուած մթնոլորտին մէջ, 26 Օգոստոսին գաղթակայանը թատերաբեմը կ՚ըլլայ ծեծվտուքի, որուն ընթացքին ծանրօրէն կը վիրաւորուի թաղական խորհուրդի նախկին ատենապետ՝ Ստեփան Մուրատեանը [18]։

Գալամաթայի մէջ Դաշնակցութեան գործունէութենէն կարճ նշումներ կան այդ տարիներու յունահայ մամուլին մէջ։ Օրինակ, 1928-ին, Գալամաթայի մէջ հանդիսաւորութեամբ նշուած է Դաշնակցութեան Օրը՝ Մ. Մանուէլեանի բնակարանին մէջ։ Խօսք առած է Յ. Տէր Ղուկասեան, երգուած են յեղափոխական երգեր եւ եղած են արտասանութիւններ [19]։

ՀՕԿ-ի եւ ՀԲԸՄ-ի գործունէութեան մասին գիտենք օրինակ որ 1934-ին, «Արամեան» վարժարանի սրահին մէջ սգահանադէս մը կազմակերպած են՝ Նիւ Եորքի մէջ սպաննուած (1933-ին) Ղեւոնդ Արք. Դուրեանի յիշատակին։ Հանդիսութեան ընթացքին խօսք առած են Վ. Տէմիրեան, Վ. Թագւորեան (ՀԲԸՄ-ի տեղական վարչութեան ատենապետ), Բ. Խաչիկեան (ՀՕԿ-ի տեղական վարչութեան ատենապետ), Յ. Տէմիրեան եւ Աւետարանական եկեղեցիէն՝ Պատուելի Գայաեան։ Սոյն սգահանդէսը քաղաքական նշանակութիւն ալ ունէր, նկատի ունենալով, որ Դուրեան սրբազանը սպաննողները դաշնակցականներ էին [20]։

Գալամաթայի աշխատող հայերուն մեծ մասը բանուոր կամ արհեստաւոր էր։ Յունական այս քաղաքին մէջ հաստատուելէն ի վեր, անոնք իրենց ապրուստը ճարելու համար դարձած էին երկրագործ, բեռնակիր, կօշկակար, սանտալագործ, թիթեղագործ, հնավաճառ, ատախձագործ։ Ուրիշներ, քաղաքին մօտակայ լեռներէն փայտ կը հաւաքէին, ապա շուկային մէջ կը ծախէին [21]։ Շատ մը տղամարդիկ կ՚աշխատէին մօտակայ գինիի գործարանի մը մէջ։ Ուրիշներ բանուոր-շինարարներ էին։ Գաղթակայանէն ոտքով կէս ժամ հեռաւորութեամբ կը գտնուէր թուզի չորացման եւ պահեստաւորման գործարան մը, ուր 1931-ի տուեալներով կ՚աշխատէին մօտ 20 հայուհիներ [22]։

Գաղթական հայերէն շատեր անգործ էին եւ ընդհանրապէս աղքատութիւն կը տիրէր գաղթականներու շարքերուն մէջ [23]։

1920-ի կէսերէն Գալամաթայի հայերը կ՚ունենան իրենց ֆութպօլի խումբը։ Խումբին պաշտօնական անունը «Գալամաթայի հայ մարզիկներու միութիւն» էր, բայց այդ տարիներու հայկական մամուլին մէջ կը նշուի «Արարատ» անունը։ Այս խումբը մաս կը կազմէր յունական տեղական լիկային։ 1929-ին, «Արարատ»ի վարչութեան ատենապետն էր Թ. Շարապխանեան, իսկ ատենադպիրը՝ Տ. Մինասեան։ 1930-ին, ֆութպօլի Ա. խումբին մարզիկներն էին՝ Ա. Մավեան, Յ. Օհանեան, Վ. Պալթայեան, Մ. Այվազեան, Ս. Փափազեան, Զ. Չինարեան, Խ. Միքայէլեան, Ե. Խրոնոփուլոս, Օննիկ Շարապխանեան, Մ. Տէր Ղուկասեան, Բ. Օհանեան, Շ. Գրիգորեան, Ս. Սիմոնեան, Վ. Տէր Ղուկասեան։ «Արարատ» ունէր նաեւ երկրորդական խումբ մը [24]։

Գերմանական գրաւումը (1941-1944). դիմադրութիւն եւ Բարաբիղմաթայի հրկիզում

Գալամաթայի հայութեան բանաւոր պատմութեան աղբիւրները ցոյց կու տան որ Երկրորդ համաշխարհային պատերազմին ընթացքին, երբ Յունաստանը գրաւուած էր նացիական բանակներուն կողմէ (1941-1944), տեղւոյն հայութիւնը աշխուժ մասնակցութիւն կը բերէ գրաւեալ ուժերուն դէմ ծայր առած զինեալ դիմադրութեան։

Գաղթակայանի բնակիչներէն Երանուհի Մկրտիչեան կը պատմէ, որ հոս գոյութիւն ունէր հայեւյոյն ֆետայական/կերիլլայական խումբ մը, որուն ղեկավարն էր Մանուկ/Մանոլիս Գաթրճեան։ Յոյները զինք պարզապէս կը կոչէին «Արմենիս» (հայը)։ Այն ժամանակ երբ ամբողջ Յունաստանը սովի մատնուած էր, Մանուկ իր խումբին հետ իրիկունով կը խուժէր քաղաք, կը կտրէր ու կը բանար ուտելիքի պահեստները։ Ան նախապէս այս մասին իմացուցած կ՚ըլլար ժողովուրդը, որ կու գար եւ կ՚առնէր այնքան հիմնական դարձած սնունդը [25]։

Երանուհի Մկրտիչեան կը պատմէ որ Երկրորդ Համաշխարհային պատերազմէն ետք երբ Յունաստանի մէջ ծայր կ՚առնէ քաղաքացիական պատերազմը (εμφύλιος, էնֆիլիոս, եղբայրասպան կռիւներ) մէկ կողմէ համայնավարներու եւ միւս կողմէ աջակողմեան ուժերուն միջեւ, Մանուկ իբրեւ երդուեալ համայնավար նոյնպէս աշխուժ մասնակցութիւն կը բերէ հակամարտութիւններուն։ Աջակողմեան կառավարութիւնը մինչեւ իսկ պարգեւ մը սահմանած էր Մանուկ Գաթրճեանը ձերբակալելու համար։ Ան թագնուած կը մնայ Գալամաթայի մէջ։ Այս քաղաքէն Մանուկին փախուստը ամբողջ արկածախնդրութիւն մըն էր։ Այսպէս, այդ օրերուն Գալամաթայի մէջ կը մահանայ հայ մը, որուն թաղումը նախատեսուած էր Աթէնքի մէջ։ Մանուկին ծածուկ կերպով կը դնեն այն դագաղին մէջ, որ վերապահուած էր մեռելին։ Այս ձեւով ալ Մանուկ ապահով կը հասնի Աթէնք, հոս կը շարունակէ ընդյատակեայ ապրիլ, մինչեւ որ ծայր կ՚առնէ դէպի Խորհրդային Հայաստան հայերու ներգաղթը. Մանուկ կը միանայ գաղթի այս շարժումին եւ բազմաթիւ այլ հայ համայնավարներու նման ինք եւս կը մեկնի Խորհրդային Հայաստան։

Զանազան դրուագներու ճամբով կարելի է հաստատել հայերու ուշագրաւ ներկայութիւնը Գալամաթայի մէջ ծաւալած հականացիական դիմադրական շարժումին մէջ։ Այսպէս, Դեկտեմբեր 1943-ին, Գալամաթայի բանտին մէջ արգելափակուած էին 14 հայեր, որոնք շատ հաւանաբար դիմադրութեան անդամներ էին։ Ծանօթ է նաեւ այլ իրադարձութիւն մը, որ տեղի կ՚ունենայ 24 Նոյեմբեր 1943-ին։ Այդ օրը, Գալամաթայի մէջ նացիական բանակին կողմէ կը գնդակահարուին 10 անձեր։ Այս մէկը ծայրայեղ հակադարձութիւն մըն էր դիմադրութեան կողմէ յարձակումի մը ընթացքին գերմանացի զինուորի մը վիրաւորուելուն։ Գնդակահարուած 10 անձերուն շարքին կը նշուին հետեւեալ հայերուն անունները. Խաչիկ Արսլանեան (ծնած է 1918-ին, Ֆէրիզլի, Իզմիթի շրջան), Յակոբ Ֆէտեան (24 տարեկան), Վահէ Մավեան (ծնած է 1901-ին, Արմաշ) [26]։ 8 Փետրուար 1944-ին, Գալամաթա քաղաքը կը պաշարուի նացիական բանակներուն կողմէ կասկածելիներ ձերբակալելու պատրուակին տակ։ Այս դէպքը ծանօթ է Գալամաթայի «պլոքօ» (պաշարում) անունով։ Յունական պաշտօնական տուեալներով, ձերբակալուածներէն 153 հոգի կը գնդակահարուին. ասոնց շարքին կը նշուի Կայան Մալիվեանի անունը. այս մէկը յունարէնի տառադարձուած եւ այս ձեւով խեղաթիւրուած հայկական անուն մըն է։ Դժբախտաբար կարելի չեղաւ հարազատ անունը վերականգնել։ Այլ աղբիւրներ կը մատնանշեն, որ գնդակահարուածներու թիւը շատ աւելի բարձր էր եւ անիկա կը հասնէր 520-ի։

Յունաստանի հայկական «Նոր կեանք» թերթը 1946-ին լոյս տեսած յօդուածի մը մէջ կը տեղեկացնէ, որ Գալամաթայի այս «պլոքօ»յին եւ այլ առիթներով ձերբակալուածներէն 12 հայեր կը ղրկուին Գերմանիոյ կեդրոնացման ճամբարները։ Անոնց շարքին էին Սմբատ Ղազարեան (ծնած է 1909-ին, Արմաշ) եւ Նշան Չիֆթճեան (ծնած է Գալամաթա, 1923-ին)։ Անոնք մաս կը կազմէին նացիներու դէմ դիմադրութեան։ Երկուքն ալ կ՚արգելափակուին Տախաուի (Միւնիխի հիւսիսը) կեդրոնացման ճամբարին մէջ եւ հոն ալ կը սպաննուին։ Այս 12 հայերէն միայն 5-ը պատերազմին աւարտին կը վերադառնան Յունաստան։ Այդ հինգէն ծանօթ են երեքին անունները. Վարդգէս Աբգարեան (ծնած է Ատափազար, 1915-ին, բանտարկուած է Տախաուի մէջ), Սարգիս Սոկոյեան (ծնած է 1905-ին, բանտարկուած է Տախաուի մէջ), Յովհաննէս Մկչեան։ Նոյն թերթը կը նշէ նաեւ Հմայեակ Մավեանի (18 տարեկան, արմաշցի) եւ Գառնիկ Գասպարեանի (23 տարեկան, արսլանպէկցի) անունները, որոնք նոյն այդ «պլոքօ»յին կը ձերբակալուին եւ այնուհետեւ կը մնան անյայտ։ Շատ հաւանական է որ անոնք նոյնպէս կը սպաննուին նացիական ուժերուն կողմէ [27]։

Դիմադրութեան դէմ իրենց մղած պայքարին ընթացքին նացիները անխնայ էին իրենց բռնամիջոցներուն եւ պատժամիջոցներուն մէջ։ Այս իմաստով, Գալամաթայի հայերու պատմութեան մէջ սարսափելի եւ տխուր թուական մըն է Ապրիլ 1943-ը։ Այդ ամսուն մէջ, նացիական բանակները ամբողջութեամբ կը հրկիզեն Գալամաթայի հայկական քէմփը՝ Բարաբիղմաթան, եւ քարտէսին վրայէն կ՚անհետացնեն զայն։ Ժողովուրդը կը ստիպուի պատսպարուիլ քաղաքին մէջ նկուղային յարկերու մէջ՝ առողջապահական տարրական պայմաններէ զուրկ վայրերու մէջ [28]։

Նամակ գրուած Գալամաթայի հայկական համայնքի Թաղական խորհուրդի եւ ՀԲԸՄ-եան տեղական մասնաճիւղի վարչութեան կողմէ ուղղուած Աթէնքի Ազգային Կեդրոնական վարչութեան, 6 Մարտ 1946։ Երկրորդ համաշխարհային պատերազմէն ետք գրուած այս նամակը որոշ տեղեկութիւններ կը փոխանցէ նացիական գրաւման տարիներուն Գալամաթայի հայութեան ապրած ճգնաժամին մասին. «Դժբախտաբար գրաւման շրջանին ընթացքին կարծես դառն բախտի ժառանգորդներ, իտալօ-գերման ֆաշիստ արիւնարբու ճիվաղը՝ իրենց գազանային արարքներով քանդեցին եւ հրկիզեցին գաղթակայանիս դպրոց-եկեղեցին եւ մեր բնակարանները» (Աղբիւր՝ Յունաստանի հայոց Առաջնորդարանի արխիւ, Աթէնք)։

Համայնքին վերջին փուլը՝ «ներգաղթ»ը

Գալամաթայի հայերուն մասին հայատառ եւ յունատառ մամուլի յօդուածները կարդալով, այն տպաւորութիւնը կ՚ունենանք թէ այստեղի գաղթական հայերը, մանաւանդ Բարաբիղմաթա գաղթավայրին մէջ գտնուողները, լուսանցքային կեանք մը կ՚ապրէին քաղաքային ընդհանուր միջավայրին մէջ։ Նկատելի է որ Աթէնքի հայկական կեդրոնական իշխանութիւնները անհրաժեշտ հոգատարութիւնը չեն ցուցաբերած այս համայնքին նկատմամբ։ Գալամաթայի հայկական վարժարանները միշտ ալ ելեւմտական դժուարութիւններու առջեւ գտնուած են, տեղի հայութիւնը չափազանց աղքատ եղած է եւ միշտ ալ դէմ յանդիման գտնուած է ընկերային յաճախ անյաղթահարելի խնդիրներու առջեւ։ Գալով յունատառ մամուլին, հոն՝ Գալամաթայի հայերը լուսարձակի տակ առնուած են միայն այն ատեն երբ անոնց կողմէ ոճրային արարք մը կը կատարուած է, օրինական խախտումներ եղած են։ Այսպիսի յօդուածներու մէջ, ինչպէս կարելի է գուշակել, Գալամաթայի հայութեան նկատմամբ ժխտական մեկնաբանութիւններ կարելի է գտնել։

Ահաւասիկ այսպիսի պայմաններու մէջ է, որ Երկրորդ համաշխարհային պատերազմի աղէտէն հազիւ դուրս եկած, Յունաստանի հայութեան պատմութեան մէջ տեղի կ՚ունենայ կարեւորագոյն իրադարձութիւն մը, որ դէպի Խորհրդային Հայաստան ներգղաթն էր։ 1946-1947-ին, Գալամաթայի հայութիւնը, որ այդ ժամանակ կը հաշուէր մօտ 500 հոգի [29], իր բացարձակ մեծամասնութեամբ կը միանայ ներգաղթի կարաւաններուն։ Հազուագիւտ ընտանիքներ կը մնան Յունաստան, բայց անոնք ալ Գալամաթան վերջնականապէս կը ձգեն եւ կը տեղափոխուին Աթէնք [30]։

Այս յօդուածը կարելի էր աւարտել յայտնելով որ 1946-1947-ի ներգաղթին ճամբով կ՚աւարտէր Գալամաթայի հայկական համայնքին կարճատեւ պատմութիւնը։ Բայց փաստօրէն այդպէս չէ։ 1990-ական թուականներուն, Խորհրդային Միութեան փլուզումէն ետք, գաղթի շարժում մը ծայր կ՚առնէ նախկին Խորհրդային Հայաստանէն դէպի արեւմտեան երկիրներ։ Ահաւասիկ այս պայմաններուն մէջ, փոքր հայկական համայնք մը կը վերստեղծուի Գալամաթայի մէջ։ Տեղւոյն հայերը յունական եկեղեցիէն փոխ առած են Ս. Նիկողայոս եկեղեցին եւ ունին իրենց սեփական համայնքային կեանքը։

  • [1] Το χθεσινό προσφυγικό συλλαλητήριο, το επιδοθέν ψήφισμα [Գաղթականներու երէկուայ հաւաքը եւ իրենց պահանջագիրը], Σημαία Καλαμών [Սիմէա Քալամոն/Քալամաթայի դրօշ], 9 Յունուար 1923, Քալամաթա։
  • [2] Վարդան Վարդանեան, «Քալամաթա», Յունահայ տարեգիրք, 1927, Ա. տարի, հրատարակութիւն Նոր Օր, Աթէնք, էջ 380-381։
  • [3] Սէգիմ, «Քալամաթայի հայ գաղութը», Նոր Օր, 22 Նոյեմբեր 1934, Աթէնք։ Թղթակից, «Գալամաթայի հայ գաղութը», Նոր Օր, 26 Յուլիս 1936, Աթէնք։
  • [4] Վարդան Վարդանեան, «Քալամաթա»։
  • [5] Թղթակից, «Գալամաթայի հայ գաղութը»։ Սէգիմ, «Քալամաթայի հայ գաղութը»։
  • [6] Բարաբիղմաթացի, »Կրթական կեանքը Գալամաթա-Բարաբիղմաթայի մէջ», Նոր Օր, 19 Հոկտեմբեր 1934, Աթէնք։
  • ​​​​​​[7] Դիտող, «Կրթական կեանքը Գալամաթա-Բարաբիղմաթայի մէջ», Նոր Օր, 8 Հոկտեմբեր 1930, Աթէնք։
  • [8] Ներկայ մը, «Արձագանգ Գալամաթայէն», Նոր Օր, 15 Յունուար 1936, Աթէնք։
  • [9] Թղթակից, «Վարդանանցը Քալամաթա-Բարաբիղմաթայի մէջ», Նոր Օր, 12 Մարտ 1930։
  • [10] Թղթակից, «Ժիրայրը», Նոր Օր, 18 Ապրիլ 1931, Աթէնք։
  • [11] Յունաստանի հայոց Առաջնորդարանի արխիւ. նամակ «Արամեան» վարժարանի հոգաբարձութենէն Արք. Մազլըմեանին՝ Յունաստանի հայոց Առաջնորդ, 18 Դեկտեմբեր 1933, Գալամաթա։ Սէգիմ, «Քալամաթայի հայ գաղութը»։
  • [12] Յունաստանի հայոց Առաջնորդարանի արխիւ. 1939-ին, Առաջնորդարանի կողմէ կատարուած մարդահամարի արդիւնքներ – Գալամաթա։
  • [13] Թղթակից, «Գալամաթայի հայ գաղութը», Նոր Օր, 28 Դեկտեմբեր 1936, Աթէնք։ Թղթակից, «Հայ կեանքը Գալամաթա-Բարաբիղմաթայի մէջ», Նոր Օր, 17 Հոկտեմբեր 1930, Աթէնք։ Բարաբիղբաթացի մը, «Արձագանգ Գալամաթայէն», Նոր Օր, 2 Սեպտեմբեր 1931, Աթէնք։
  • [14] «Հաշուեցոյց հոգաբարձութեան Ազգային «Արամեան» վարժարանի, 1936-1937 տարեշրջանի», 17 Դեկտեմբեր 1936։
  • [15] Ոսկեմատեան Հայկական Բարեգործական Ընդհանուր Միութեան, 1906-1931, Ա․ Հատոր, Փարիզ, էջ 240-241:
  • [16] Թղթակից, «Սգահանդէս Գալամաթայի մէջ», Սեւան (եռօրեայ թերթ), 15 Մարտ 1934, Բ. տարի, թիւ 87, Աթէնք։ «ՀՕԿի գործունէութիւնը Քալամաթայի մէջ», Արարատ օրաթերթ, Ա. տարի, թիւ 2, 23 Յունուար 1925, Աթէնք։
  • [17] Սէգիմ, «Քալամաթայի հայ գաղութը»։
  • [18] Ս., «Գալամաթայի հայ գաղութը պառակտուած», Նոր Օր, 4 Սեպտեմբեր 1934, Աթէնք։
  • [19] Թղթակից, «՛Դաշնակցութեան Օր՛ի հանդէսներ – Քալամաթայի մէջ», 12 Հոկտեմբեր 1928, Աթէնք։
  • [20] Թղթակից, «Սգահանդէս Գալամաթայի մէջ», Սեւան (եռօրեայ թերթ), Բ. տարի, թիւ 87, 15 Մարտ 1934, Աթէնք։
  • [21] Թղթակից, «Լուրեր Գալամաթայէն», Նոր Օր, 16 Փետրուար 1924, Աթէնք։
  • [22] Բարաբիղբաթացի մը, «Արձագանգ Գալամաթայէն»։ Սէգիմ, «Քալամաթայի հայ գաղութը»։
  • [23] Բ. Խաչիկեան, «Գալամաթա-Բարաբիղմաթայի հայ կեանքը», Նոր Շարժում, 18 Հոկտեմբեր 1931, Բ. տարի, թիւ 35 (80), Աթէնք։
  • [24] Մարզասէր, «Գալամաթա – Բարաբիղմաթայի ֆութպօլի Արարատ խումբը», Նոր Օր, 27 Փետրուար 1930, Աթէնք։
  • [25] Հարցազրոյց Երանուհի Մկրտիչեանի հետ, Օգոստոս 2000-ին, Աթէնք։
  • [26] Նոր Կեանք, 28 Յուլիս 1946, Բ. տարի, թիւ 402, Աթէնք։
  • [27] Նոր Կեանք, 28 Յուլիս 1946, Բ. տարի, թիւ 402, Աթէնք։
  • [28] Նամակ Գալամաթայի Թաղական խորհուրդէն եւ ՀԲԸՄ-ի Գալամաթայի մասնաճիւղէն Աթէնքի հայոց Կեդրոնական վարչութեան, 6 Մարտ 1943, Գալամաթ
  • [29] Նամակ Գալամաթայի Թաղական խորհուրդէն եւ ՀԲԸՄ-ի Գալամաթայի մասնաճիւղէն Աթէնքի հայոց Կեդրոնական վարչութեան, 6 Մարտ 1943, Գալամաթա։
  • [30] Ասոնցմէ ծանօթ են՝ Սարագեան, Դաւիթեան, Շարապխանեան, Չինարեան եւ Խասմանեան ընտանիքները։

Գալամաթա, Չինարեան ընտանիքը։ Ոտքի, ձախէն աջ՝ Յովհաննէս Չինարեան եւ կինը՝ Կատարինէ Չինարեան։ Նստած, ձախէն աջ՝ Մենտուհի (Կատարինէին մայրը), Հայկարամ Չինարեան՝ Կատարինէին եւ Յովհաննէսին որդին (Աղբիւր՝ Ազատ Կարապետեան  (ծնեալ  Չինարեան))։

 

Գալամաթա, Չինարեան ընտանիքը։ Առջեւի շարք, ձախէն աջ՝ Մենտուհի, Մելինէ Չինարեան, անունը անյայտ կին մը, որ գրկած է երեխայ մը (անունը անյայտ), անունը անյայտ կին մը, Հայկարամ Չինարեան, անունը անյայտ կին մը։ Ոտքի, ձախէն աջ՝ Ատրինէ Չինարեան, Յարութիւն Չինարեան, Զաքար Չինարեան, Յովհաննէս Չինարեան, Կատարինէ Չինարեան (Աղբիւր՝ Ազատ Կարապետեան  (ծնեալ  Չինարեան))։

1939-ին, Յունաստանի հայոց Առաջնորդարանի կողմէ կատարուած մարդահամարին արդիւնքները, Գալամաթա։ Իւրաքանչիւր թերթիկ կը ներկայացնէ առանձին ընտանիք մը։ Հոս յունարէնով նշուած են ընտանիքին մականունը, իւրաքանչիւր անդամի անունը, տարիքը, ինչպէս նաեւ արհեստ/մասնագիտութիւնը։ Առաջին թերթիկը կը վերաբերի Չինարեան ընտանիքին։ Տան գլխաւորը՝ Օհաննէս Չինարեանն է, 39 տարեկան է եւ արհեստով կօշկակար է։ Երկրորդ թերթիկը կը վերաբերի Սաղրեան ընտանիքին։ Տան գլխաւորը Կարապետ Սաղրեանն է, 49 տարեկան, կօշկակար (Աղբիւր՝ Յունաստանի հայոց Առաջնորդարանի արխիւ)։

Գալամաթա, Չինարեան ընտանիքը։ Առջեւի շարք, ձախէն աջ՝ Յարութիւն Չինարեան (նստած), Սարգիս Չինարեան (ոտքի), անունը անյայտ (նստած), Հայկարամ Չինարեան, Մենտուհի (նստած), Մելինէ Չինարեան, Յովհաննէս Չինարեան։ Ոտքի, ձախէն աջ՝ Ատրինէ Չինարեան, Զաքար Չինարեան, Կատարինէ Չինարեան (Աղբիւր՝ Ազատ Կարապետեան  (ծնեալ  Չինարեան))։

Գալամաթա։ Առջեւի շարք, ձախէն աջ՝ Սարգիս Չինարեան, Արմէնուհի Չինարեան, Մէլինէ Չինարեան։ Ետեւը՝ Հայկարամ Չինարեան (Աղբիւր՝ Ազատ Կարապետեան  (ծնեալ  Չինարեան))։