Գամպուրեան հաւաքածոյ - Փարիզ, Ֆրանսա

Լուսանկարներով եւ յուշիրերով այս հարուստ հաւաքածոն կը պատկանի Թօփալեան ընտանիքին, որ ծագումով Մարաշէն են, ապա կը փոխադրուին Այնթապ, իսկ Ցեղասպանութենէն ետք վերապրողները կը հաստատուին Հալէպ, այնուհետեւ ծայր կ՚առնէ ընտանիքին սփռումը՝ Պէյրութ, Գահիրէ, Փարիզ, Սաօ Փաուլօ եւ այլ տեղեր։ Յուշիրերէն մաս մըն ալ Սէօլէօզէն են (Պուրսայի նահանգ) եւ պատկանած են Հոռոփ (Հռիփսիմէ) Գամպուրեանին (ծնեալ Եաղուպեան)։
Այս նիւթերը մեր տրամադրութեան տակ դրաւ Անի Գամպուրեան (Փարիզ), որուն մայրը՝ Լուսին, Թօփալեան ընտանիքին մաս կը կազմէ։ Անին է նաեւ որ մեզի տեղեկութիւններ տուաւ այս ընտանիքին պատմութեան մասին։ Իսկ Լուսինին աներմայրը (Անիի մեծ մայրը) Հոռոփ (Հռիփսիմէ) Գամպուրեանն (ծնեալ Եաղուպեան) է, ծնած Սէօլէօզ։
Ընտանիքին երէց անդամներէն կը յիշուի Յովհաննէս էֆենտի Թօփալեան (1853-1932), որ կ՚ապրէր Մարաշի մէջ եւ անդամ էր քաղաքին Դատական ատեանին։ Հողային հարցի մը շուրջ անոր արձակած վճիռը կը բախի Մարաշի յայտնի ընտանիքներէն Պայազիտ Զատէներու շահին։ Այս պատճառ կ՚ըլլայ որ իր դէմ լարուածութիւն ստեղծուի, 1895-ին կը ստիպուի ընտանիքով ձգել Մարաշը եւ կը հաստատուի Այնթապ, ուր կը ստանձնէ տեղւոյն ծխախոտի պետական ընկերութեան (Régie des tabacs) փաստաբանութիւնը։
Յովհաննէս Թօփալեան իր առաջին ամուսնութենէն ունեցած է երեք զաւակներ՝ Տիրան, Ոսկեան եւ Երջանիկ։ Կնոջ՝ Մարկարիթ Պիլէզիքճեանի մահէն ետք կը վերամուսնանայ Սանդուխտ (Սանէմ) Քէշիշեանի հետ, որմէ կ՚ունենայ հինգ զաւակներ՝ Բիւզանդ, Խոսրով, Լուսին, Նուպար եւ Համբարձում։
Այնթապի տարիները

Թօփալեաններու Այնթապեան կեանքէն շատ տեղեկութիւններ չունինք։ Գիտենք որ Յովհաննէսի եւ Սանդուխտի զաւակները այս քաղաքին մէջ դպրոց յաճախած են։ Բիւզանդը (1902-1970) կը յաճախէ տեղւոյն Ներսէսեան վարժարանը։ Ոսկեան Թօփալեանը շրջանաւարտ է Կեդրոնական Թուրքիոյ գոլէճէն (Այնթապ գոլէճ)։
Ցեղասպանութեան տարիներուն Թօփալեան ընտանիքը, Այնթապի բոլոր հայերուն օրինակով, կը տեղահանուի եւ կը ղրկուի Հալէպի ուղղութեամբ։ Մինչ Թօփալեաններէն Ոսկեան Երզնկայի մէջ կը սպաննուէր, իր հարազատները կը յաջողին Հալէպ քաղաքը հաստատուիլ եւ այստեղ մնալ մինչեւ պատերազմին աւարտը։
Զինադադարէն ետք, երբ կը կազմակերպուի վերապրող տարագիրներու հայրենադարձութիւնը դէպի Կիլիկիա, Թօփալեանները իրենք եւս կը վերադառնան Այնթապ, ուր կը մնան մինչեւ 1922։ Այս ընթացքին Բիւզանդ Թօփալեան իր կրթութիւնը կը շարունակէ Այնթապի գոլէճին մէջ։ Բիւզանդ իր ընկերներուն՝ Աւետիս Տէր Սահակեանի եւ Անդրանիկ Պիւլպիւլեանի (յետագային Տէր Գարեգին քահանայ) հետ, կը հրատարակէ խմորատիպ թերթ մը՝ «Ծաղիկ» անունով, որմէ լոյս կը տեսնեն երեք թիւեր, նոյն ժամանակ ունէր փոքրիկ խանութ մը, ուր կը ծախէր գրենական պիտոյքներ։
Ոսկեան Թօփալեան։ Յովհաննէսի որդին է իր առաջին ամուսնութենէն։ Ծնած է Մարաշ 18780-ին։ Մարաշի մէջ ջարդերէն փրկուելով, 1895-ին ընտանեօք կը փոխադրուին Այնթապ։ Կը յաճախէ Կեդրոնական Թուրքիոյ գոլէճը (Այնթապ գոլէճ), ուրկէ շրջանաւարտ կ՚ըլլայ 1898-ին։ Ապա Պէյրութի Ամերիկեան համալսարանին մէջ բժշկութիւն կ՚ուսանի, ուրկէ շրջանաւարտ կ՚ըլլայ 1905-ին։ Կ՚ամուսնանայ Շամիրամ Փիրինչեանի հետ. կ՚ունենան երեք զաւակ՝ Էֆթիմիա, Վերոնիքա եւ Կարապետ։ Բժշկական իր ասպարէզը կը կիրարկէ Տիարպեքիր/Տիգրանակերտի մէջ, Թուրքիոյ առաջին ռատիոբանութեան սարքը կ՚ունենայ (այս մասնագիտութիւնը ձեռք կը բերէ Անգլիոյ մէջ)։ Տիգրանակերտի մէջ նաեւ կը վարէ թարգմանիչի պաշտօն նոյն քաղաքի բրիտանական հիւպատոսարանին համար։ Առաջին Համաշխարհային պատերազմին սկիզբը Օսմանեան բանակ կը կանչուի, իբրեւ բժիշկ կ՚աշխատի Էրզրումի Ազիզիյա հիւանդանոցին մէջ. ապա կը ղրկուի Երզնկա, ուր Յունիս 1915-ին կ՚ըլլայ Ցեղասպանութեան զոհերէն։ Տարագրութեան ընթացքին, Շամիրամ, Վերոնիքա եւ Կարապետ կը սպաննուին։ Ոսկեանի երեց դուստր Էֆթիմիա ընտանիքէն միակ վերապրողը կ՚ըլլայ։ Սոյն երկու լուսանկարներուն մէջ կը տեսնենք Ոսկեան Թօփալեանը։ Ձախի պատկերին մէջ Օսմանեան բանակի զինուորական համազգեստով է։
Փակագիծերու մէջի թուականները ուսանողներուն աւարտական տարին ցոյց կու տան. եթէ թուական չկայ ուրեմն տուեալ անձը շրջանաւարտ չէ։
Առաջին շարք, նստած ձախէն աջ՝ Լեւոն Ս. Սիվասլեան (1901), Կարապետ Հ. Խալֆէեան (1901), Նազարէթ Ս. Պարսումեան (1901), Յարութիւն Տէր Պօղոսեան (1901), Տաճատ Տ. Տաքէսեան (1901), Ճորճի (Ճորճ) Փօլատեան (1901), Յարութիւն Զէրնիքեան (1900), Սէնէքերիմ Նիզիպլեան (1899), Եաքուպ Կ. Մուրատեան (1901) եւ Իսաեայ (Եսայի) Հալաճեան (1901)։
Երկրորդ շարք, նստած ձախէն աջ՝ Յակոբ Ղազարեան (1899), Աբրահամ Յարութիւնեան (1899), Ճիրճիս (Ճորճ) Շէմմաս (1899), Միհրան Նազարէթեան (1899), Եուսուֆ Նիզիպլեան (1899), Աբրահամ Սէրայտարեան (1899), Վահան Կիւլտալեան (1899), Եղիա Տէմիրճեան (1900), Ասատուր Ճինիշեան (1900), Յարութիւն Պերճիկլեան (1900) եւ Կարապետ Մուղամեան (1900).
Երրորդ շարք, նստած ձախէն աջ՝ Պրն. Նշան Ս. Պալիօզեան (1892), Պրն. Յարութիւն Մուրատեան (1893), Զաքարեայ Պետրոսեան (1894), Եղիա Քասունի, Ստեփան Ա. Թովմասեան (1897), Սեդրակ Վարժապետեան (1895), Յակոբ (Քալէմքէրեան) Քալեմճեան (1896), Յովհաննէս Մուշեղ Հատիտեան (1896), Տիգրան Փօլատեան (1896), Պրն. Եաքուպ Տէր Գրիգորեան (1897), Ոսկեան Թօփալեան (1898) [փողկապով, քիչ մը կողմնակի կանգնած, օձիքները քիչ մը ցցուած], Վարդան Երանեան (1898) եւ Մուրատ Ատոնեան (1898).
Չորրորդ շարք, ոտքի ձախէն աջ՝ (այս շարքին կանգնած 15 անձերէն միայն երեքին ինքնութիւնը ծանօթ է, ունինք մնացեալ 9-ին անունները իսկ 3-ը կը մնան անյայտ), ձախէն առաջինը՝ փրոֆէսօր Զէնոփէ Ա. Պէզճեանն է (1880), աջէն առաջինը՝ փրոֆէսօր Սարգիս Լեւոնեանն է (Մարաշի Աստուածաբանական վարժարան) իսկ աջէն երկրորդը՝ փրոֆէսօր Յովհաննէս Գ. Գրիգորեանն է (Մարաշի Աստուածաբանական վարժարան)։ Չորրորդ շարքին կանգնած 9 անձերու անունները՝ Մովսէս Պէզճեան (1887), Մովսէս Աշճեան (1887), Գրիգոր Քիւրքիաշարեան (1889), Լեւոն Սողովմէեան (1889), Յարութիւն Յակոբ Խալֆէեան (1890), Նազարէթ Հեղինեան (1890), Կարապէտ Յարութիւնեան (1890), Ներսէս Պաղտոեան (1891) եւ Եաքուպ Տաշօ (1891)։
Վերջին շարք, ոտքի ձախէն աջ՝ Յովհաննէս Ճեմելեան (1880), Արամ Ասատուր Ալթունեան (1881), Պաղտասար Պարսումեան (1881), փրոֆէսօր Ալէքսան Պէզճեան, նախագահ վերապատուելի Ամերիքուս Ֆիւլըր, փրոֆէսօր Մանասէ Կ. Փափազեան (1882), Գալուստ Նաճարեան (1882 եւ 1888 - Բժշկական բաժին), Յովսէփ Գ. Պէզճեան (1882), Մանուկ Միսիրեան (1882), Գրիգոր Քարայեան, Ներսէս Լեւոնեան (1882), Ստեփան Յովհաննէսեան (1882), Համբարձում Աշճեան (1884) եւ Սարգիս Յակոբեան (1884).
Այս արծաթէ մասնատուփը (երկարութիւն՝ 4.5 սմ.) պատկանած է Անի Գամպուրեանի հօրենական մեծ մօրը, Հոռոփ (Հռիփսիմէ) Գամպուրեանին (ծնեալ Եաղուպեան): Ընտանիքին համար անիկա պահպանիչ զօրութեան հանգամանք պէտք էր ունենար։ Շատ հաւանաբար զայն իրենց վրայ կը կրէին կամ բարձի տակ կը դնէին։ Մասնատուփին վրայ գրուած են վեց սուրբերու անուններ։ Առաջին երկուքը անընթեռնելի են, իսկ միւսներն են՝ Յովհան Ոսկեբերան, Պետրոս Առաքեալ, Պօղոս Առաքեալ, Գէորգ Զօրավար։
Մասնատուփը Սէօլէօզէն (Պուրսայի նահանգ) է եւ այժմ կը պահուի Անի Գամպուրեանի քով, Փարիզ:
Յետ-Ցեղասպանութեան տարիներ՝ Հալէպ

Ցեղասպանութենէն ետք Թօփալեան ընտանիքին - աւելի ճիշդը վերապրող մնացորդին - համար նոր կեանք մը ծայր կ՚առնէ Հալէպի մէջ։ Այնթապցիները մեծամասնութիւն են Օսմանեան կայսրութեան այլազան կողմերէն այստեղ հասած հայ գաղթականներու խումբերուն շարքին։ Այս պատճառով ալ զարմանալի չէ որ Թօփալեան ընտանիքի անդամներուն դասընկեր-դասընկերուհիները, գործընկերները յաճախ իրենց նման այնթապցի գաղթական հայեր են։
Բիւզանդ Թօփալեան Հալէպ հաստատուելէ ետք աշխատանքի կ՚անցնի «Ճոժէֆ Աճէմի» տպարանին մէջ։ Որոշ փորձառութիւն ձեռք ձգելէ ետք, կը գնէ տպագրական փոքր մեքենայ մը, այնթապցի ընկերոջ՝ Աւետիս Տէր Սահակեանի հետ կը վարձեն խանութ մը, զոր կը վերածեն փոքր տպարանի։ Այս տարիներուն ան իբրեւ գրաշար (typographe) կ՚աշխատի «Սուրիական մամուլ» թերթին։ Իր ընկերներուն հետ կը հրատարակէ խմորատիպ թերթ մը՝ «Մեղու», որմէ լոյս կը տեսնեն եօթ թիւեր 1923-էն 1925։
1925-ին, Բիւզանդը եւ եղբայրը՝ Համբարձումը, կը հիմնեն «Արաքս» տպարանը, ուրկէ կը սկսին լոյս տեսնել բազմաթիւ գիրքեր, ամսագիրքեր, տարեգիրքեր՝ հայերէն, անգլերէն, հայատառ թրքերէն, ֆրանսերէն։ 1926-ին, Բիւզանդ կը դառնայ «Տաթեւ» տարեգիրքին տնօրէնը, իսկ խմբագիրն էր Հալէպի Առաջնորդ Արտաւազդ Արք. Սիւրմէեան։

Երջանիկ Թօփալեանի ընտանիքը, Հալէպ։ Ոտքի, ձախէն աջ՝ Երջանիկ, Մարի (Երջանիկի կինը), Օլկա (իրենց դուստրը)։ Նստած, ձախէն աջ՝ Էմիլ, Էմիլի (յետագային Քոյր Ժանն), Օկուսթա։

Հալէպի Հայ ազգային երկսեռ վարժարանի (յետագային կը կոչուի Ազգային Հայկազեան վարժարան) շրջանաւարտ աշակերտուհիները իրենց տեսչուհիին շուրջ, ամավերջին վկայական ստանալու առիթով, 1923-1924 տարեշրջան։ Անոնց վրայ անցուած ժապաւէնին վրայ գրուած է «Զարգանալ եւ ծառայել»։ Լուսանկարիչ՝ Տէրունեան։
Առաջին շարք, նստած, ձախէն աջ՝ Լուսին Էքմէքճեան, Ալիս Տաւոյեան, Անահիտ Իւլիւպէյեան, Հրանուշ Թահթաճեան (յետագային Պէնլեան, տեսչուհի), Անահիտ Ալեքսանեան, Ազնիւ Ոսկերիչեան, Վալանթին Ռագըճեան, (ինքնութիւնը անծանօթ)։
Երկրորդ շարք, ձախէն աջ՝ Մարիամ Թաւուգճեան, Զապէլ Մուրատեան, Աստղիկ Թիւֆէնքճեան, Ազնիւ Շիմշիրեան, Նուէր Եուսուֆեան, (ինքնութիւնը անծանօթ), Արշալոյս Չագմագճեան, Մաքրուհի Ապաճեան, Մելինէ Պայրամեան։
Երրորդ (ամէնէն վերի շարք), ձախէն աջէն՝ Վարդիթեր Բիէռեան, Մարի Փանոսեան, Լուսին Թօփալեան, (ինքնութիւնը անծանօթ), Արաքսի Պապիկեան, Վերժին Պայրամեան, Տիրուհի Քէօրհաճեան, (ինքնութիւնը անծանօթ), Ազնիւ Անտէլեան։
1) Խոսրով Transméditerranée նաւուն վրայ դէպի Իսթանպուլ ճամբորդութեան ընթացքին։ Լուսանկարուած շատ հաւանաբար 1920-ականներու սկիզբը։ Խոսրով կ՚երեւի 2-րդ շարքի վրայ, նստած, աջէն երկրորդը (աջին կանգնած է երեխայ մը)։ Գիտենք որ Թօփալեան ընտանիքէն Խոսրով առաջինը կ՚ըլլայ որ Ֆրանսա կը հաստատուի։ Իսթանպուլէն ետք Խոսրով հաւանաբար շարունակած է ճամբորդութիւնը դէպի Ֆրանսա։
2) Սոյն լուսանկարը գտնուած է Նուպար Թոփալեանի հաւաքածոյին մէջ։ Բացատրութեան մէջ գրուած է Խիամ, որ հաւանաբար Հալէպի մօտակայ վայր մըն է։ Լուսանկարուած 29 Սեպտեմբեր 1928-ին։ Կ՚երեւին ֆրանսական բանակին մէջ ծառայող զինուորներ, տեղաբնիկ արաբներ եւ ուրիշներ։
1) Լուսանկարուած է Հալէպի մէջ, թէեւ կրնայ նաեւ Այնթապի մէջ ըլլալ։ Ոտքի, ձախէն աջ՝ Լուսին Թօփալեան, Ալիս Տաւոյեան։ Նստած, ամէնէն աջին՝ Ազնիւ Անտէլեան։
2) Հալէպ, 1925-ի շուրջ։ Ձախէն աջ՝ Լուսին Թօփալեան, (ինքնութիւնը անծանօթ), Ալիս Տաւոյեան, Ազնիւ Անտէլեան։
3) Հալէպ, 1924-ի շուրջ։ Աջին նստած՝ Լուսին Թօփալեան, անոր ձախին՝ Ազնիւ Անտէլեան, իսկ Լուսինի աջին՝ Ալիս Տաւոյեան։ Միւսներուն ինքնութիւնը անյայտ է։
4) Հալէպ, 1924-ի շուրջ։ Ամէնէն աջին՝ Լուսին Թօփալեան։ Միւսներուն ինքնութիւնը անյայտ է։
5) Հալէպ, 1925-ի շուրջ։ Ձախին՝ Լուսին Թօփալեան, կեդրոնը՝ ինքնութիւնը անյայտ, աջին՝ Ազնիւ Անտէլեան։
6) Հալէպ, 1925-ի շուրջ։ Ձախին՝ ինքնութիւնը անյայտ, կեդրոնը՝ Ազնիւ Անտէլեան, աջին՝ Լուսին Թօփալեան։
Գահիրէ

Այստեղ կը հաստատուի Տիրան Թօփալեանի ընտանիքը։ Տիրան որդին էր Յովհաննէս Թօփալեանի։ Այնթապէն տարագրուելէ ետք, անոնք որոշ ժամանակ բնակութիւն կը հաստատեն Հալէպի մէջ, ապա՝ կը փոխադրուին Գահիրէ։ Տիրան ամուսնացած էր Նազենիկի հետ եւ ունէին չորս զաւակներ՝ Զապէլ, Գեղամ, Գեղանուշ, Կարապետ։
1) Գեղամ եւ Զապէլ Թօփալեան։
2) Ձախէն աջ՝ Զապէլ, Կարապետ (ոտքի) եւ Գեղանուշ, Գահիրէի մէջ։
3) Կարապետ Թօփալեան։ Լուսանկարիչ՝ Photo Ramses, Գահիրէ։
4) Զապէլ (ծնեալ Թօփալեան) եւ ամուսինը՝ Յովհաննէս Պօյաճեան, Գահիրէի մէջ։
5) Զապէլ (ծնեալ Թօփալեան) եւ Յովհաննէս Պօյաճեան, իրենց նորածին որդւոյն՝ Վահէի հետ։
6) Վահէ Պօյաճեան, Զապէլի եւ Յովհաննէսի որդին։ Լուսանկարիչ՝ Photo Ramses, Գահիրէ։
Պէյրութ

Պէյրութ հաստատուած էր Ոսկեան Թօփալեանի դուստրը՝ Էֆթիմիան, իր ընտանիքով։ Ան ամուսնացած էր Կարապետ Մերճանեանի հետ։
Փարիզ

Խոսրով Թօփալեան արդէն Փարիզ հաստատուած էր, երբ իր եղբայրներէն Բիւզանդն ու Համաբարձումը կը ձգեն Հալէպը եւ կու գան միանալու իրեն։ Երեք եղբայրները միասնաբար 1930-ին Փարիզի մէջ կը հիմնեն «Արաքս» տպարանը, որ յետագայ տարիներու փարիզեան հայ մտաւորական կեանքի կարեւոր ժամադրավայրերէն պիտի դառնար։ Փարիզի «Մենք» գրական խմբակի - որուն մաս կը կազմէր նաեւ Բիւզանդ - նոյնանուն առաջին հանդէսը լոյս կը տեսնէ 1931-ին «Արաքս տպարանէն»։
1932-ին, երբ Յովհաննէս եւ Սանդուխտ Թօփալեան արդէն մահացած էին Հալէպի մէջ, իսկ անոնց զաւակներէն Նուպարն ալ նոյն քաղաքին մէջ խեղդամահ եղած էր, Լուսին Թօփալեան ինք եւս Հալէպը կը ձգէ եւ կը հաստատուի Փարիզ։
Բացի տպագրական իր գործէն, Բիւզանդ Փարիզի մէջ կը հրատարակէ բանաստեղծական հատորներ, կը խմբագրէ «Անդաստան» գրական-գեղարուեստական պարբերագիրքը։ Ան նաեւ գեղանկարիչ էր։

Հանդիպում մը Phébus Արուեստանոցին մէջ՝ 23 Bonne Nouvelle, Փարիզ, 1935։ Դաշնամուրին առջեւ նստած է երգահան Գուրգէն Ալէմշահ։ Ձախէն աջ՝ Նուպար Արապեան, գեղանկարիչ՝ Հրանդ Ալեանաք, Յակոբ Սէմերճեան (Phébus), Ֆիլիփ Աղազարեան, բանաստեղծ՝ Բիւզանդ Թօփալեան եւ Գեղամ Քերեսթէճեան։
1) Ձախէն աջ՝ Յովհաննէս Պօյաճեան, Խոսրով Թօփալեան եւ Բիւզանդ Թօփալեան։
2) Փարիզ 1930. Բիւզանդ (ձախին) եւ Խոսրով (աջին) Թօփալեան եղբայրները։
3) Ոտքի, ձախէն աջ՝ Վահէ Վահեան, Երուանդ Ամատունի։ Նստած, ձախէն աջ՝ Բիւզանդ Թօփալեան, Զարեհ Որբունի։
4) «Արաքս» տպարան։ Թորոս Գամպուրեան (Լուսին Թօփալեանի որդին) աշխատանքի պահուն։
5) «Արաքս» տպարան։ Ձախէն աջ՝ Համբարձում Թօփալեան, Տեւ, Կարպիս, Թորոս Գամպուրեան։
6) Բիւզանդ Թօփալեան գեղանկարելու ընթացքին։
7) Փարիզ, մօտաւորապէս 1968։ Ձախէն աջ՝ Ռիշար Ժէրանեան, Վահրամ Մաւեան, Բիւզանդ Թօփալեան։
8) «Արաքս» տպարանին մէջ։ Ձախին՝ Բիւզանդ Թօփալեան, աջին՝ Արշակ Չօպանեան։
9) Փարիզ, 1959։ Ձախէն աջ՝ Վարդան Կոմիկեան, Բիւզանդ Թօփալեան, Հրանդ Բալուեան։