1955։ Պօղոս Խաչատուրեանի կառուցած ջրհորը Աթէնքի Տուրղութի թաղամասին մէջ (աղբիւր՝ Gerber, Hans. Griechenlandreise, Europahilfe Print. Copyright: ETH-Bibliothek Zürich, Bildarchiv; Hans Gerber)։

Պօղոս Խաչատուրեանի հաւաքածոյ – Տուրղութի, Աթէնք

Հեղինակ՝ Անի Աբիկեան, 02/10/25 (վերջին փոփոխութիւն՝ 02/10/25)։ Սոյն էջը պատրաստուեցաւ գործակցութեամբ Աթէնքի «Արմենիքա» պարբերաթերթին։

Սիս եւ Զմիւռնիա

Սոյն ընտանեկան նիւթը մեզի ներկայացուց Պօղոս Խաչատուրեանը: Պօղոսի մեծ մայրը՝ Երանուհի Խաչատուրեանը (ծնեալ Մկրտիչեան) եւ մեծ հայրը՝ Պօղոս Խաչատուրեան (1867-1972) ծնած են Սիսի շրջակայքի Երեպաքան/Երպախան գիւղը, որ կը գտնուէր Ֆեքէի (Վահկայի) քազային մէջ եւ կը բաղկանար ամբողջութեամբ հայերէ բնակուած մօտ 150 տուներէ: Խաչատուրեաններն ունէին ութը զաւակ, որոնցմէ Պօղոս (Պօղոս Խաչատուրեանի թոռնիկը) ծանօթ է միայն չորս անուան՝ Կիրակոս, Արեւ, Յարութիւն, Անի:

Երպախանի մէջ Պօղոս Խաչատուրեան ունէր ընդարձակ հողեր, որոնք չէին ծառայեր միայն հողագործութեան. անոնց վրայ կառուցուած էին տնակներ, ուր ճամբորդներ եւ անցորդներ անվարձահատոյց կը հիւրընկալուէին։ Այդ հողերուն վրայ կային նաեւ ախոռներ ու գոմեր, ուր կը պահուէին բազմաթիւ կենդանիներ։ Պօղոս անձամբ կը հսկէր իր ընդարձակ հողամասերուն, անոնց բազմազան սպասարկութիւններուն եւ հոն ծառայողներուն: Բացի այս բոլորէն, Պօղոս Երպախանի հրապարակին վրայ ունէր երկաթագործութեան արհեստանոց մը, ուր կը պատրաստուէին գիւղատնտեսական գործիքներ եւ կը կատարուէին նորոգման աշխատանքներ: Պօղոսը կը կոչէին «աղա» իբրեւ յարգանքի արտայայտութիւն:

1955։ Պօղոս Խաչատուրեանի կառուցած ջրհորը Աթէնքի Տուրղութի թաղամասին մէջ: Ջրհորին ետեւը կ’երեւի Պօղոս եւ Երանուհի Խաչատուրեանի պատկանած տունը:. Լուսանկարիչ՝ Հանց Կերպեր (աղբիւր՝ Gerber, Hans. Griechenlandreise, Europahilfe Print. Copyright: ETH-Bibliothek Zürich, Bildarchiv; Hans Gerber)։

1915-ին ծայր կ’առնեն հայերու ջարդերն ու տեղահանութիւնը։ Սարսափի այդ օրերուն Պօղոսի ընտանիքը ողբերգական ճակատագիր կ’ունենայ: Օր մը, երբ Պօղոս կը գտնուէր դաշտերուն մէջ, գործաւորներէն մէկը անոր կը մօտենայ ահաբեկ ու կը պատմէ, թէ երկու թուրք զինուորներ մտած են իրենց տունը եւ վայրագօրէն սպանած ընտանիքի գրեթէ բոլոր անդամներն ու հայ գործաւորներուն մեծ մասը: Պօղոս անմիջապէս կը վերադառնայ տուն ու ականատես կ’ըլլայ սարսափելի նախճիրին, մինչ երկու թուրքերը սեղանին շուրջ նստած՝ կ’ուտէին ու կը խմէին: Պօղոս կը սպանէ զինուորները, կը հագուի անոնցմէ մէկուն տարազը եւ ինքզինք թուրք սպայ ներկայացնելով՝ կը հասնի մինչեւ Զմիւռնիա: Առաջին համաշխարհային պատերազմի մնացեալ տարիները ան կ’անցընէ այս քաղաքին մէջ եւ 1922-ին կ’անցնի Յունաստան:

Պօղոսի կինը՝ Երանուհին, եւ դուստրը՝ Արեւը, կրցած էին փախչիլ դաշտերէն ու փրկութեան ճանապարհ մը գտնել: Սակայն, Արեւ ճամբուն վրայ կը մահանայ՝ սովահար եւ ուժաասպառ։ Առանձին մնացած Երանուհի կը յաջողի հասնիլ Փոքր Ասիոյ Եգէական ծովու ափը:

Լաւրիօ եւ Տուրղութի (Աթէնք)

Փոքր Ասիոյ 1922-ի աղէտէն ետք՝ տասնեակ հազարաւոր հայեր ապաստան կը գտնեն Յունաստանի զանազան շրջաններու մէջ: Շուրջ 1225 հայ գաղթականներ կը հասնին Ատտիկէի հարաւ-արեւելեան կողմը գտնուող Լաւրիոյի շրջանը: Լաւրիօն հեռաւոր անցեալէն իսկ ծանօթ էր իր արծաթի եւ այլ մետաղներու հանքերով, եւ 20-րդ դարու սկիզբը կը շարունակէր մնալ Յունաստանի կարեւորագոյն հանքագործական կեդրոններէն մէկը: Հոս հասած հայ գաղթականներէն շատեր բնակութիւն կը հաստատեն Քամարիզա կոչուող վայրին մէջ, որ ստեղծուած էր Լաւրիոյի հանքերու աշխատաւորներուն համար: Այս գաղթական զանգուածին մէջն էր նաեւ Պօղոս, որ կը փորձէ նոր կեանք մը կերտել հանքագործներու այս փոքր համայնքին մէջ:

Պօղոս ինքն ալ կը դառնայ հանքագործ եւ հոս 4-5 տարի կ’աշխատի ծանր պայմաններու մէջ: Օր մը կը տեղեկանայ, թէ կինը՝ Երանուհին, ողջ է եւ կը գտնուի Աթէնքի Տուրղութի թաղամասը: Պօղոս ետին կը ձգէ իր նոր կեանքը ու անմիջապէս Աթէնք հասնելով կը վերագտնէ կինը:

Բարձի ասեղնագործ երես: Պատկանած է Երանուհի Խաչատուրեանին:
Երանուհի Խաչատուրեանի պատկանած ասեղնագործ մը:
Արեւ Խաչատուրեանի պատկանած ասեղնագործ:

Պօղոս եւ Երանուհի Յունաստանի մէջ կ’ունենան երկու զաւակ՝ Խաչատուր (Պօղոսին հայրը, ծնած 1926-ին) եւ Արեւ (ծնած 1928-ին), որոնք կը դառնան ցեղասպանութեան արհաւիրքէն ետք այս վերանորոգ կեանքի լաւագոյն վկաները։ Պօղոս ունէր ձի մը, որուն ամրացուած սայլին մէջ բանջարեղէն կը լեցնէր եւ կը վաճառէր Տուրղութիի փողոցներուն մէջ։ Իր կարգին, Երանուհի հաւ եւ այծ կը պահէր Տուրղութիի իրենց տան բակին մէջ, որով Պօղոսի վաճառած բանջարեղէնին կ’աւելցնէր կաթ եւ հաւկիթ:

Գաղթականութեան սկզբնական շրջանին, Տուրղութի թաղամասը կը դիմագրաւէր լուրջ հարցեր՝ սնունդի պակաս, անջրդիութիւն, անգործութիւն, առողջապահական խնդիրներ: Ջուրը հազուագիւտ էր, ջրամատակարարումի ցանց համարեա գոյութիւն չունէր, աղբիւրներն ալ շատ քիչ էին։ Գաղթականները ստիպուած էին ջուրը գնել վաճառող ընկերութիւններէ: Այս ծանր պայմաններուն մէջ, Պօղոս կը նախաձեռնէ կառուցումը ջրհորի մը, որմէ Տուրղութիի բնակիչները կրնային անվճար օգտուիլ: Այս ջրհորը փրկութիւն եղաւ հայ բազմաթիւ ընտանիքներու համար:

Այնուհետեւ, Տուրղութիի մօտակայ Նէա Զմիռնա թաղամասին մէջ Պօղոս իր խնայողութիւններով կը գնէ տարածք մը իր երկու զաւակներուն համար: Այս հողին վրայ 1960-ին Խաչատուր ու Արեւ կը կառուցեն իրենց սեփական տունը:

Երկրորդ համաշխարհային պատերազմի գերմանական գրաւման շրջանը

Պատերազմի տարիներուն, երբ գերմանական նացիական բանակը գրաւած էր Յունաստանը, Տուրղութիի բազմաթիւ այլ երիտասարդ հայերու օրինակով, Խաչատուր կը միանայ յունական դիմադրութեան եւ մաս կը կազմէ Ազգային Ազատագրական Ճակատին (ԷԱՄ): Պօղոսին կառուցած ջրհորը կը գործածուէր իբրեւ դիմադրութեան զէնքերը պահելու թաքստոց։ Այս ընթացքին է, որ Տուրղութի թաղամասը քանի մը առիթներով գերմանական բանակին եւ յոյն գործակալներուն կողմէ կը պաշարուի (պլոքօ)՝ դիմադրութեան անդամներ ձերբակալելու նպատակով։

Պաշարումներէն մէկուն ընթացքին գլուխը ծածկուած լրտես մը ցուցմունք կու տայ եւ կը մատնէ Խաչատուրը իբրեւ ԷԱՄ-ի անդամ: Գերմանացիք կը ձերբակալեն Խաչատուրը ու կը փոխադրեն Էլլինիքոյի բանտը, ուր կը պահուի դժնդակ պայմաններու մէջ: Երանուհի եւ Արեւ ամէն օր ճաշ կը տանէին անոր: Ամիսներ ետք Խաչատուր կը յաջողի փախչիլ շուրջ 100 այլ բանտարկեալներու հետ: Ան կը վերադառնայ Տուրղութիի իր տունը եւ գաղտնի կը մնայ հոն։

Սովը համատարած էր Յունաստանի մէջ։ Տուրղութի այս աղէտի մեծագոյն տուժողներէն էր։ Խաչատուրեան ընտանիքը հանապազօրեայ պայքարի մէջ էր նուազագոյն սնունդ ճարելու համար։

Խաչատուրի կեանքը կը շարունակէր մնալ անապահով։ Տուրղութիի Սարգուտինու փողոցին սկիզբը գերմանական բանակը կրկին կը ձերբակալէ Խաչատուրը: Անոր հետ կը բռնուին նաեւ 7-8 այլ անձեր: Բոլորը կողք-կողքի կը շարեն՝ պատրաստ գնդակահարելու: Խաչատուրին մայրն ու Արեւը ականատես էին։ Կը պատմուի, թէ այդ պահուն գերմանացի սպայ մը իր շարժանիւով կ’անցնէր այդ վայրէն։ Ան անմիջապէս կը կանգնեցնէ մեքենան եւ ձերբակալեալները ազատ արձակելու հրաման կու տայ՝ պատրուակելով, թէ գերեզմանոցներուն մէջ թաղելու տեղ չէ մնացած։ Այս ձեւով բոլորն ալ կը փրկուին եւ Խաչատուր կրկին կ’ազատի մահէն։

1954-ին Խաչատուր կ’ամուսնանայ Մանիշակ Չալըքեանի հետ: Զոյգը կ’ունենայ երկու մանչ՝ Պօղոս եւ Յարութիւն, եւ մէկ դուստր՝ Անի:

Պօղոս իր բարձրագոյն ուսումը կը ստանայ Աթէնքի Ազգային Փոլիթէքնիքին մէջ՝ հետեւելով հանքաբանութեան եւ մետաղագործութեան ճիւղերուն: Ուսումը կը շարունակէ Պելճիքայի մէջ՝ մասնագիտանալով ոսկերչութեան եւ ադամանդագործութեան արհեստներուն մէջ: Ան սեփականատէրն էր ոսկերչութեան մեծ գործարանի մը Աթէնքի Այոս Տիմիթրիոս թաղամասին մէջ: Պօղոս յաճախ կը մասնակցի հանքարդիւնաբերութեան միջազգային համաժողովներու: Ներկայիս ափրիկեան ցամաքամասին մէջ ան կը շարունակէ զբաղիլ ադամանդի հանքագործութեամբ:

Խաչատուրեան ընտանիքին պատկանած սրճաղաց։

Մանիշակ Չալըքեանի ճիւղը

Մանիշակի ծնողներ Սիմոնն ու Եսթերը նոյնպէս Սիսէն էին: Սիմոն Սիսի մէջ ուսուցիչ եղած էր: Անոնք ունէին վեց զաւակ՝ Յարութիւն, Պայծառ, Մարթա, Մանիշակ, Տիգրան եւ Գէորգ:

Ցեղասպանութեան տարիներուն Գէորգ եւ Մարթա կը կուրնան: Երկրորդ համաշխարհային պատերազմէն ետք, Պայծառ կը միանայ հայրենադարձութեան կարաւաններուն: Խորհրդային Հայաստանէն իր ղրկած լուսանկարներուն մէջ Պայծառ ընտանիքին անուղղակի կը հաղորդէր իր դժգոհութիւնը Հայաստանի մէջ տիրող պայմաններէն։ Մեկնելէն առաջ ան ընտանիքին յայտնած էր, թէ իր ղրկելիք նկարներուն մէջ եթէ ոտքի կանգնած ըլլայ՝ ուրեմն կացութիւնը լաւ է Հայաստանի մէջ։ Բայց Պայծառ կը ղրկէ նկարներ, ուր զինք կը տեսնենք գետնին պառկած…

Գէորգ եւ Տիգրան կը մնան Յունաստան: Գէորգ անդամ էր Հ. Յ. Դաշնակցութեան: Գոքինիոյ Ներայտա հրապարակին վրայ երկուքը միասին կը բանան կրպակ մը, ուր կը վաճառէին մանր ապրանքներ՝ ծխախոտ, թեթեւ ուտելիք, քաղցրեղէն (ծամոն, շաքար, շոքոլա):