Քիպարեանի հաւաքածոյ - Փարիզ, Ֆրանսա
Այս լուսանկարները, նամակները եւ վաւերաթուղթերը մեզի յաձնեց Ժան-Փիեռ/Շապու Քիպարեան, Փարիզէն։ Մասնագիտութեամբ ատամնաբուժ, Ժան-Փիեռ Քիպարեան անծանօթ անուն մը չէ հայագիտական աշխարհին մէջ։ Ան 2013-ին ֆրանսերէն լեզուով հրատարակութեան պատրաստեց Մանուէլ Մինախորեանի կոթողային գործը՝ «Նկարագրական ուղեւորութիւն ի հայաբնակ գաւառս Արեւելեան Տաճկաստանի», առաջին անգամ լոյս տեսած Պոլիս, երեք մասով՝ 1884-1885-ին։
Ժան-Փիեռ Քիպարեանի մայրը՝ Լուսաբեր Թաթուլեան, Օրտուի ծնունդ է։ 6-9 տսարեկան պէտք էր ըլլար Ցեղասպանութեան տարիներուն։ Ականատեսը կ՚ըլլայ քոյրերէն մէկուն սպանութեան։ Հայրը արդէն անհետ կորած էր, իսկ մայրն ու մեծ մայրը կը տարագրուին անվերադարձ։ Լուսաբեր թափառական կեանք մը կ՚անցընէ, իսլամացած էր եւ անունը դարձած՝ Ֆաթիմա, ապաստան կը գտնէ տարբեր ընտանիքներու մէջ՝ թուրք, քիւրտ, վրացի։ Ի վերջոյ, յոյն մը կը տեղեկացնէ Լուսաբերի գոյութիւնը ամերիկացի բողոքական միսիոնարներու, կը բերուի Պոլիս (շատ հաւանաբար զինադադարէն ետք) եւ ապաստան կը գտնէ Ճիլաճեան ընտանիքին մէջ (հայ բողոքական)։ Աւելի ուշ կ՚իմանայ որ Փարիզի հայերու Առաջնորդ՝ Վռամշապուհ Արք. Քիպարեան («Արջուկենց»), կին կը փնտռէ իր որդիներէն՝ Վաղարշակի համար։ Լուսաբեր թեկնածու կը ներկայանայ, Փարիզ կու գայ եւ 1934-ին կ՚ամուսնանայ իրմէ բաւական տարեց Վաղարշակի հետ։ Ամուսնութենէն կը ծնին Թագուհին (1935) եւ Շապուհ/Ժան Փիեռը (1946)։
Ժան-Փիեռի հայրը՝ Վաղարշակ, ծնած է Շապին Քարահիսար։ Հայրը՝ Վռամշապուհ, քաղաքին հայ քահանան էր, ամուսնացած էր Թագուհիին հետ եւ ունէին երեք դստրեր՝ Արամանուշ, Սիրանուշ, Հայկանուշ, եւ երկու որդիներ՝ Հայկ-Արամ (ծն. 1886) եւ Վաղարշակ (ծն. 1888)։ Սուլթան Ապտուլհամիտ Բ.ի գահակալութեան տարիներուն, օսմանեան իշխանութիւնները Վռամշապուհ քահանան (ծն. 1855-ին) Շապին Քարահիսարէն կ՚աքսորեն Պոլիս։ Կինը՝ Թագուհին, յանկարծամահ կ՚ըլլայ 1894-ին։ Այս պայմաններուն մէջ, փոքրիկ Վաղարշակը կը յանձնուի իր հօրեղբօր՝ Սարգիսին խնամքին, որ հացագործ էր Պոլսոյ մէջ։ Իսկ Վաղարշակի հայրը՝ Վռամշապուհ քահանան, վարդապետական աստիճան կը ստանայ, կը ղրկուի Փարիզ, ուր կը դառնայ հայոց հոգեւոր հովիւ։ Աւելի ուշ պիտի դառնար Ֆրանսայի հայոց Առաջնորդ (1926), կը մահանայ Փարիզ 1940-ին։
Ցեղասպանութեան տարիներուն գիտենք որ Վռամշապուհ քահանային մէկ այլ եղբայրը՝ Յովհանճան, իր կնոջ հետ կը սպաննուի Շապին Քարահիսարի մէջ։ Անոնց զաւակը՝ Վահան, կը մասնակցի Շապին Քարահիսարի հայոց դիմադրութեան եւ կը սպաննուի զէն ի ձեռին։ Գիտենք նաեւ որ Վռամշապուհ քահանային դստրերէն՝ Սիրանուշը, նոյնպէս Ցեղասպանութեան զոհերէն է։ Ան իր ընտանիքով կը տարագրուի եւ, ըստ ընտանեկան բանաւոր պատմութեան, ան իր զաւակը՝ Յակոբը ձեռքերուն բռնած, Եփրատ գետը կը նետուի։
1) Հայր Վռամշապուհ Քիպարեանի (յետագային Արքեպիսկոպոս) երեք դուստրերը, լուսանկարուած Պոլսոյ մէջ, Քատըգիւղ։ Ձախէն աջ՝ Սիրանուշ, Արամանուշ եւ Հայկանուշ։
2) Պոլիս, Քատըգիւղ, 1897. պատկերին կեդրոնը Վռամշապուհ քահանայ Քիպարեան։ Նստողները, ձախին՝ Յակոբ (քահանային հայրը), իսկ աջին՝ աներմայրը (Թագուհիին մայրը)։
1) Արամանուշ Քիպարեանի եւ Թոմաս Սեւյօնքեան/Քարաքաշեանի հարսանեկան պատկերը։ Արամանուշ դուստրն է Վռամշապուհ Վրդ. Քիպարեանի։ Իսկ Թոմաս գրավաճառ էր, սկիզբը Շապին Քարահիսարի մէջ, ապա՝ Պոլիս, իսկ յետագային ալ՝ Գահիրէ։
2) Սարգիս Քիպարեանի հարսանեկան պատկերը, Պոլիս (Քատըգիւղ թաղամաս), 1900։ Սարգիս եղբայրն էր Վռամշապուհ Արք. Քիպարեանի։
Յովհանճան Քիպարեանի (Վռամշապուհի եղբայրը) ընտանիքը, Շապին Քարահիսար, 1890-ին կամ 1891-ին։ Նստած ձախէն աջ՝ Պողոս Պէյլերեան, կինը՝ Համասփիւռ, Նորարեւ Քիպարեան (Յովհանճանի կինը), Նորարեւին գիրկը՝ Հրանդինէ Պարկեշտ, Յովհանճան Քիպարեան։ Ոտքի, ձախէն աջ՝ Վահան, Արմենուհի (երկուքն ալ Յովհանճանի եւ Նորարեւի զաւակները)։