Համահայկական Ողիմպիական խաղեր, Աթէնքի Ֆիքս թաղամասին մէջ։

Գաբրիէլ Լազեան հաւաքածոյ - Աթէնք

Հեղինակ՝ Անի Աբիկեան, 29/12/2025 (վերջին փոփոխութիւն՝ 29/12/2025)։

Սոյն յօդուածին մէջ կը ներկայացուի հիմնականօրէն Գաբրիէլ Լազեանի բազմազան եւ բազմակողմանի գործունէութիւնը՝  իր կեանքի զանազան փուլերուն: Լազեանի մասին կենսագրական տեղեկութիւններու հիմնական աղբիւր հանդիսացած է 1922-էն 1923 թուականներուն իր գրի առած ինքնակենսագրութիւնը, այն ժամանակ, երբ ինքն ու կինը՝  Նաթալիա/Նաթալի Լազեանը, նոր հասած էին Յունաստան։ Կարեւոր աղբիւրներ են նաեւ թերթերու եւ հանդէսներու մէջ լոյս տեսած յօդուածները, ուր բազմաթիւ վկայութիւններ կը գտնենք Լազեանի մասին: Գոյութիւն ունի նաեւ Նաթալի Լազեանի տեսերիզային հարցազրոյցը, ուր դարձեալ կը գտնենք արժէքաւոր վկայութիւններ ամուսինին կեանքին եւ գործունէութեան մասին։ Իբրեւ սկզբնաղբիւր պէտք է աւելցնել նաեւ նախքան Ցեղասպանութիւնը Երզնկայէն հասած նամակներ, որոնք գրուած են Լազեան ընտանիքի անդամներու կողմէ՝ Իտալիա գտնուող մէկ հարազատին։ Վերջապէս, այս յօդուածին համար գործածուած է նաեւ լուսանկարներու եւ վաւերաթուղթերու հարուստ հաւաքածոյ մը։

Գաբրիէլ Լազեան իբրեւ հասարակական-կուսակցական գործիչ, զինուորական, հրապարակագիր, բեղուն եւ աշխուժ կեանք մը ունեցած է։ Յունաստան հաստատուելէ ետք, ան կարեւոր պաշտօններ ստանձնած է իր կուսակցութեան՝ Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութեան մէջ։ Այս ձեւով ալ Լազեան կը հանդիսանայ յունահայ համայնքի առաջին պատասխանատու դէմքերէն եւ կարեւոր ներդրում ունեցած է համայնքային հաստատութիւններու կազմակերպումին մէջ։ Անոր անունը կ՚առնչուի նաեւ հայկական մամուլին, նկատի ունենալով որ երկար տարիներ խմբագիրի պաշտօններ վարած է հայկական թերթերու մէջ՝ Յունաստան եւ Եգիպտոս։

Յատկանշական է նաեւ Գաբրիէլ Լազեանի զինուորականի ասպարէզը։ Ան հերթաբար ծառայած է օսմանեան բանակին, Հայաստանի հանրապետութեան բանակին, շատ կարճ ժամանակով մը ինչպէս յուշերուն մէջ կը գրէ Կարմիր բանակին, ինչպէս նաեւ յունական բանակին։ Իբրեւ հաւատարիմ քաղաքացի եւ սպայ օսմանեան բանակին ծառայած Լազեանը, պիտի տեսնենք որ Ցեղասպանութեան ժամանակ իր ընտանիքին բնաջնջումէն ետք այլ ուղի մը պիտի որդեգրէր, նախ պիտի միանար նորանկախ Հայաստանի բանակին եւ մինչեւ 1922 պիտի շարունակէր զինուորական իր գործունէութիւնը։

Երզնկա

Գաբրիէլ Լազեանի ընտանիքը Երզնկայէն է։ Նախապէս մականուննին եղած է Կիւրճեան։ Գաբրիէլ Լազեան ծնած է 10 Սեպտեմբեր 1893-ին, Երզնկայի Սիւրմենենց թաղին մէջ՝ բարեկեցիկ եւ բազմանդամ ընտանիքի մը մէջ։ Հայրը՝ Գուրգէնը (հօր անունը Գէորգ), աւարտած էր Միացեալ ընկերութեան պատկանող Ընկերական վարժարանը։ 21 տարեկանին կ՚ամուսնանայ՝ Զարուհի Ճիզմէճեանի հետ եւ կ՚ունենան ութը զաւակ. չորս մանչ եւ չորս աղջիկ: Առաջին երկու որդիները՝ Գաբրիէլը եւ Միքայէլը, երկուորեակներ էին։ Անոնց կը յաջորդեն Ռաֆայէլը, Գէորգը, Հռիփսիմէն, Գայեանէն, Սաթենիկը եւ Քնարիկը։ Զարուհիի հայրն էր Մարտիրոս Ճիզմէճեան։

1895-96 թուականներուն, Սուլթան Համիտի իշխանութիւններուն գործադրած հակահայ բռնութիւններուն ժամանակ, Գուրգէն Լազեան կը բանտարկուի Երզնկայի մէջ, կը դատուի եւ կը դատապարտուի երկարատեւ բանտարկութեան։ Աւելի ուշ, սուլթանական ներում կը ստանայ եւ կը վերադառնայ Երզնկա։ 1908-ի Օսմանեան կայսրութեան մէջ սահմանադրական կարգերու վերահաստատումէն ետք, Գուրգէն Լազեան վարած է Երզնկա գաւառին (սանճաք) Երզնկա գաւառակին (քազա) մէջ գտնուող Ճէնճիկէ/Ճինճիկէ (Cincike) ենթագաւառակի (նահիէ) կառավարիչի (միւտիր) պաշտօնը։ 1913-ին եղած է Տրապիզոնի Հայոց Առաջնորդարանի դիւանապետը։

Գաբրիէլ Լազեան  մինչեւ իր երիտասարդութեան առաջին տարիները ապրած է Երզնկայի մէջ: Իր նախնական կրթութիւնը կը ստանայ քաղաքին «Քրիստինեան» վարժարանի մանկապարտէզը, ապա կը շարունակէ յաճախել նախ Երզնկայի «Եզնիկեան», «Ս. Փրկիչ», «Կեդրոնական», դարձեալ «Եզնիկեան» վարժարանները։ 1910-ին շրջանաւարտ է «Եզնիկեան» վարժարանէն։ Երզնկայի այս վերջին վարժարանի շրջանաւարտներէն եղած է նաեւ Սողոմոն Թեհլիրեանը։ «Եզնիկեան»ի մէջ իր ուսուցիչներէն եղած են Միրիճան Օզանեանը եւ Գուրգէն Փափազեանը (հետագային բժիշկ)։ Դպրոցականի այս վերջին տարին կ'անդամակցի Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութեան։ Հայկական վարժարանը աւարտելէ ետք պետական քննութիւն կը յանձնէ եւ կ՚ընդունուի Երզնկայի «Իտատիէ» զինուորական կողմնորոշումով վարժարանը, իսկ 1913-ին ալ կ՚անցնի Պոլիս, նախ կ՚ընդունուի Չինկիլքէօյի զինուորական բարձրագոյն վարժարանը, ապա 1914-ին կը սկսի յաճախել Պոլսոյ «Հարպիէ» զինուորական բարձրագոյն վարժարանը:

Գաբրիէլ Լազեան զինուորականը

Երբ ծայր կ՚առնէ Առաջին համաշխարհային պատերազմը, Լազեանի ծառայած օսմանեան զօրախումբին մէջ վիճակ կը ձգուի, որպէսզի ճշդուի իւրաքանչիւրին առաքման վայրը։ Լազեան եւ իր ընկերը՝ Մկրտիչ Մկրեանը, այս ձեւով կը սկսին ծառայել նախ Պանտըրմայի, ապա Իզմիրի շրջանին մէջ՝ Գիլիզման (ներկայիս Güzelbahçe) եւ Մենեմէն։ Մինչեւ 1915-ի ամառը անոնք կը ծառայեն այս վայրերուն մէջ, ապա իրենց զօրագունդը հրաման կը ստանայ մեկնելու Սուէզի ռազմաճակատ, ուր Օսմանեան բանակները կը պատերազմէին Եգիպտոսի մէջ տեղակայուած դաշնակից ուժերուն դէմ։ Այս պահուն է, որ իրենց հրամանատարը Լազեանին եւ Մկրեանին կը տեղեկացնէ, որ իրենք պիտի մնան Զմիւռնիա քաղաքին մէջ եւ իբրեւ սպայ յանձնառութիւն պիտի ունենան նորակոչիկ զինուորներ մարզելու եւ զանոնք ռազմաճակատի համար պատրաստելու։ Այս ձեւով Լազեան երեք տարի շարունակ՝ մինչեւ պատերազմին աւարտը,  պիտի մնար Զմիւռնիոյ մէջ։ Կը ծառայէր 5-րդ գունդին մէջ, տեղակայուած էին «Բունթա» երկաթուղիի կայարանին պատկանող մթերանոցի շէնքերուն մէջ։ Սպաները կ՚ապրէին անոր շրջակայքը գտնուող վարձու տուներու մէջ, իսկ զօրագունդի հրամանատարն էր գերմանացի գնդապետ Բայֆիրը։

Գերմանիան այդ ժամանակ դաշնակիցն էր Օսմանեան կայսրութեան եւ միասնաբար կը ճակատէին դաշնակից բանակներուն դէմ։ Լազեանի եւ Մկրեանի զինուորական այս նոր առաքելութիւնը ճակատագրական նշանակութիւն կ՚ունենայ երկուքին համար, նկատի ունենալով որ ասոնք այն ժամանակներն էին, երբ օսմանեան իշխանութիւնները կը ձերբակալէին իրենց բանակին մէջ ծառայող հայ զինուորները եւ կը բնաջնջէին։ Լազեան եւ ընկերը առաջին իսկ պահէն գոհ կը ձգեն գերմանացի գնդապետը, որ զիրենք իր պաշտպանութեան տակ կ՚առնէ եւ առիթ կը ստեղծէ որ անոնք Զմիւռնիոյ մէջ ապրին ձերբակալութենէ եւ տեղահանութենէ ազատ կեանք մը:

1916-ին է, որ Լազեան Երզնկայէն չափազանց ցնցիչ տեղեկութիւններ կը ստանայ իր ընտանիքին մասին։ Անոնք ամբողջութեամբ տեղահանուած էին, աւելի ուշ պիտի իմանար, որ Ցեղասպանութեան սկիզբը հայրը կացինահարուած եւ սպաննուած էր Եփրատ գետի ափին՝ Ձորբերան գիւղին քով։ Աւելի ուշ կը սպաննուին նաեւ եօթը եղբայրներն ու քոյրերը։ Մէկ խօսքով գրեթէ ամբողջ գերդաստանը՝ մօտաւորապէս 70 հոգի, կը բնաջնջուի։ Մեծապէս ցնցուած այս լուրերէն, Գաբրիէլի առաջին ցանկութիւնը կ՚ըլլայ փախուստ տալ օսմանեան բանակէն եւ անցնիլ Եւրոպա։ Իսկապէս ալ գործնական քայլեր կ՚առնէ, կ՚երթայ Զմիւռնիոյ շրջանի ծովեզերեայ վայր մը՝ հոնկէ նաւակով մը փախելու համար։ Բայց ինչպէս յուշերուն մէջ կը գրէ՝ «կարելի չեղաւ»։  Զմիւռնիա գտնուած այս տարիներուն է նաեւ, որ կ՚իմանայ թէ մօրեղբօր՝ Գառնիկ Ճիզմէճեանի կինը՝ Ազգանուշը, վերապրած է իր երկու զաւակներուն հետ եւ կը գտնուին Ակն, այնուհետեւ ալ Սեբաստիա/Սվազ։ Ամէն ճիգ կը թափէ զանոնք բերելու Զմիւռնիա, ուր ինչպէս իր յուշերուն մէջ կը գրէ՝ կ՚ապրէր նաեւ մայրը՝ Զարուհին։ Հոս կ՚արժէ արձանագրել, որ Լազեանի մասին գրուած այլ աղբիւրներու մէջ նշուած է, որ Զարուհին ալ կը սպաննուի Երզնկայի մէջ։ Իր ինքնակենսագրութեան մէջ Լազեան կը գրէ նաեւ, որ Զմիւռնիոյ մէջ պատերազմի այս տարիներուն «շատ մը հայ եւ յոյն զինուորներու օգտակար եղայ»։

1917-ին, երբ Գաբրիէլ տակաւին Զմիւռնիա կը գտնուէր՝ կը ծանօթանայ եւ կը նշանուի  Նաթալիա/Նաթալի Իքոնոմիտուին հետ։ Նաթալիին մայրը Այտընէն էր, իսկ հայրը՝ Պիթլիսէն: Բացի Նաթալիէն անոնք ունէին երկու դուստր եւ երկու որդի: Հայրը քսան տարի շարունակ վարած էր Այտընի երկաթուղիի կայարանի տնօրէնի պաշտօնը։ Բայց Պալքանեան պատերազմին ընթացքին (1912-1913), օսմանեան գունդեր ճակատ փոխադրող կառաշարը գիծէն դուրս եկած էր եւ պատճառ եղած քանի մը հարիւր վիրաւորներու եւ զոհերու։ Նաթալիի հայրը այդ ժամանակ կ՚ամբաստանուէր իբրեւ այս արկածին մեղսակից եւ պաշտօնէն կը վտարուէր։

Յունարէնով պաշտօնական հրամանագիր 24 Յունիս 1922 թուակիր, Զմիւռնիա։ Կը հաստատուի թէ Գաբրիէլ Լազեան նշանակուած է Զօրավար Թորգոմի ղեկավարած Հայկական լեգէոնին զինուորական գրաքննութեան բաժինի պաշտօնեայ։
Գաբրիէլ Լազեանի Յունաստան մուտքի պաշտօնական արտօնագիր, Զմիւռնիա, 22 Օգոստոս 1922։
26 Ապրիլ 1922 թուակիր հեռագիր մը, որ Զօրավար Թորգոմը Աթէնքէն ղրկած է Զմիւռնիա գտնուող Գաբրիէլ Լազեանին։ Այս վերջինը այդ ժամանակ կը ծառայէր Զօրավար Թորգոմի Հայկական լեգէոնին ռազմական գրաքննութեան բաժինին մէջ:

Առաջին համաշխարհային պատերազմի աւարտէն քանի մը ամիս առաջ Լազեանի օսմանեան զօրագունդը կը տեղափոխուի Կէլիպոլու/Կալիփոլի։ Ապա կը հռչակուի Զինադադարը, Լազեան կը փոխադրուի Պոլիս, բայց հոն երկար չի մնար եւ անմիջապէս կ՚անցնի Զնիւռնիա, ուր կ՛ապրէր Նաթալին եւ իր ընտանքը։ Զնիւռնիան արդէն գրաւուած էր դաշնակից բանակներու կողմէ։ Լազեանի նախաձեռնութեամբ եւ օսմանեան բանակին մէջ ծառայած այլ հայ սպաներու գործակցութեամբ կը հիմնէ Սպայից միութիւնը։ Լազեան անգործ էր։ Նաթալիի հօր դրամական օգնութեամբ, կը սկսի չամիչի, թուզի եւ նարինջի վաճառականութիւն ընել Իզմիրէն Պոլիս։ Բայց յաջողութիւն չունենար։ Ապա կը սկսի աշխատիլ հիւսուածեղէնի գործարանի մը մէջ։

Գաբրիէլ եւ Նաթալի կ՚ամուսնանան 1919-ին, Զնիւռնիոյ մէջ։ 1919-ի ամառը Լազեան Պոլսոյ Սպայից Միութեան անդամ՝ Գալուստ Էյնաթեանէն կ՚իմանայ, թէ Կովկասի մէջ Հայաստանի նորաստեղծ պետութիւնը կարիքը ունէր փորձառու սպաներու։ Այդ ժամանակ շատ էին նախապէս օսմանեան բանակին ծառայած հայ սպաները, որոնք կը փափաքէին Հայաստանի հանրապետութիւն մեկնիլ եւ հոն շարունակել իրենց ծառայութիւնը։ Գաբրիէլ ինքն ալ կը միանայ այս խումբերուն եւ կը մեկնի Հայաստան, իր հետ տանելով նաեւ Զնիւռնիայէն երկու այլ սպաներ՝ Յակոբ եւ Գէորգ Գէորգեան եղբայրները։ Դժուար ընտրութիւն մըն էր Լազեանի համար, քանի որ միայն քանի մը ամիս եղած էր ամուսնութեան։ Նաթալիի հայրն ալ նոր մահացած էր, Նաթալիի եղբայրները փոքր էին եւ միայն քոյրն էր, որ կ՚աշխատէր իրենց քեռիին դեղարանին մէջ։ Գաբրիէլ կը մեկնէր Հայաստան առանձին ձգելով այս ընտանիքը Զնիւռնիոյ մէջ։

Լազեան եւ ընկերները Հայաստան կը հասնին 1919-ի Սեպտեմբերին։ Ան կը նշանակուի ճարտարագիտական տեղակալ (զինուորական բնոյթի շինարարական աշխատանքներու մասնագէտ), նոյն տարուան ձմեռը կը ղրկուի Իգդիր (Սուրմալու)՝ դաշտային ամրութիւններ կառուցելու համար, գարնան ալ Լազեանն ու իր խումբը կը փորձեն Արաքս գետի վրայ շարժական կամուրջ մը հաստատել։ Յուլիս 1920-ին, քանի մը այլ ճարտարագէտ սպաներու հետ, կը ղրկուի Շահթախտ (Նախիջեւան), որ այդ ժամանակ կը գտնուէր Հայաստանի Հանրապետութեան գերիշխանութեան տակ եւ հոն տեղակայուած էր զօրավար Շելքովնիկեանի զօրագունդը։ Շահթախտի մէջ կը գործէր երկաթուղիի կայարանը, որ կը գտնուէր Արաքս գետի ափին։ Լազեանի եւ ընկերներուն յանձնառութիւն տրուած էր Շահթախտի մէջ գտնուող փոքր նաւը Երեւան փոխադրել։ Անիկա կը գտնուէր կայարանին մօտակայ փոսի մը մէջ՝ կողքի վրայ պառկած վիճակով։ Անունն էր «Սիստրիցա Նուշա», որ նաւուն վրայ գրուած էր ռուսատառ եւ կը նշանակէր «Գթութեան քոյր Նուշա»։ Առաջին համաշխարհային պատերազմի սկիզբը, երբ ցարական բանակները գրաւած էին Վանը, այս նաւը բերուած էր մինչեւ այս կողմերը, հոսկէ ալ Վանայ լիճ փոխադրելու համար։ Բայց տեղի ունեցած էր ռուսական յեղափոխութիւնը, ցարական բանակները սկսած էին նահանջել եւ նաւը մնացած էր այս վայրին մէջ։ Լազեանի խումբը կը յաջողի այս նաւը տեղադրել վակոններու վրայ եւ ճամբայ հանել դէպի Երեւան։ Լազեան այս մասին իր յուշերուն մէջ կը ներկայացնէ այն գերիրապաշտ պատկերը, երբ իր խումբին անդամները նստած էին նաւուն մէջ, նաւը բեռցուած էր վակոններու վրայ եւ երկաթուղագիծի վրայ կը քշուէր Արարատեան դաշտին մէջ, իսկ Արեւմուտքէն ալ կ՚երեւէր Արարատ լեռը։ Երեւան հասնելէ ետք նաւը կը նորոգուի եւ կը վերամկրտուի «Գեղանուշ» անունով։ Այս դրուագը եւ անոր շարունակութիւնը հետագային Կոստան Զարեանը ներշնչած է եւ անոր հիման վրայ ալ հեղինակած է իր վէպը՝ «Նաւը լերան վրայ» [1]։

Հոկտեմբեր 1920-ին Զմիւռնիայէն Երեւան կը հասնի նաեւ Նաթալին։ Ան ընկերակցած էր դարձեալ Զմիւռնիայէն տեղափոխուող Արշակ Արզուեանի եւ իր ընտանիքին։ Թէեւ երջանկութիւն էր ամուսնեացեալ զոյգին վերամիաւորումը, բայց Հայաստանի Հանրապետութեան մէջ ծայր առած էր հայ-թրքական պատերազմը, որուն անմիջապէս պիտի յաջորդէր երկրին մէջ խորհրդային կարգերու հաստատումը։ Լազեան, միւս սպաներուն օրինակով, սկզբնական շրջանին կը շարունակէ ծառայել Խորհրդային Հայաստանի Կարմիր բանակին։ Այդ օրերուն ան կը յաջողի Նաթալիին համար Զմիւռնիա վերադառնալու վիզա ստանալ։ Թուրքիան արտօնութիւն տուած էր Խորհրդային Հայաստանին, որ Ալեքսանդրապոլէն (Կիւմրի) միայն մէկ գնացք ուղղուի դէպի Պաթումի նաւահանգիստը։ Այս գնացքին մէջ կը նստի Նաթալին, բայց երբ կը հասնին վրացական սահմանագիծ, վրացի սահմանապահները կ՚արգիլեն Նաթալիին եւ խումբ մը զմիւռնիացի եւ այլ հայ սպաներու ճամբորդութիւնը։ Ստիպուած ամիս մը կը մնան Սանահին։ Ապա քալելով կ՚ուղղուին Թիֆլիս. ճամբորդութիւնը տեղի կ՚ունենայ ձիւնածածկ ճամբաներու վրայ եւ կը տեւէ վեց օր։ Հոս եւս վրացի ոստիկանութիւնը զիրենք կը ձերբակալէ եւ կը բանտարկէ։ Նաթալին իբրեւ յունահպատակ ազատ կ՚արձակուի, իր միջամտութեամբ կ՚ազատին նաեւ զմիւռնիացի հայ սպաները։ Ապա, Թիֆլիսէն գնացք կը նստին եւ կը հեռանան Վրաստանէն, ճիշդ այն ժամանակներուն երբ Կարմիր բանակը հոն ալ մուտք գործած էր։

1. Հայաստանի Հանրապետութեան անունով ֆրանսերէն պաշտօնական վաւերաթուղթ, որ կը հաստատէ, թէ Գաբրիէլ Լազեան ճարտարագիտական տեղակալի (lieutenant de génie) պաշտօնով ծառայած է Հայաստանի բանակին եւ երկրէն հեռացած է պոլշեւիկներու գրաւման պատճառով։ 7 Մարտ 1922, Փարիզ, ստորագրողն է՝ Զօրավար Korganoff (Ղորղանեան)։

2. Նամակի փոխանակութիւն (ֆրանսերէնով) Փոքր Ասիոյ մէջ գործող Հայկական լեգէոնի եւ Փոքր Ասիոյ յունական բանակի սպայակոյտերուն միջեւ։ Առաջինը 11 Յունիս 1922-ին կը խնդրէ երկրորդէն որ Գաբրիէլ Լազեան, որ մինչեւ այդ կ՚աշխատէր ռազմական գրաքննութեան բաժինին մէջ, միաժամանակ մաս կազմէ նաեւ Լեգէոնի սպայակոյտին։ Յունական բանակի սպայակոյտը Իզմիրէն 24 Յունիս 1922 նամակով հաւանութիւն կու տայ առաջարկին։

3. եւ 4. 23 Յուլիս 1921 թուակիր նաւային տոմս, որ պատկանած է Գաբրիէլ Լազեանի։ Ան Կովկասէն նոր հասած էր Պոլիս եւ այս տոմսով պիտի ուղղուէր Իզմիր։ Նաւային ըներութիւնը կը կոչուի Ellerman & Bucknall Steamship Co, իսկ ճամբորդական նաւը՝ Knowley Hall։

Նոյն ժամանակներուն Երեւանի մէջ խորհրդային իշխանութիւնները կը ձերբակալեն Հայաստանի հանրապետութեան ծառայած բոլոր բարձրաստիճան զինուորականները, նոյնիսկ եթէ անոնք սկսած էին ծառայել Կարմիր բանակին։ Անոնց թիւը հազարի կը հասնէր։ Ձմեռուայ ցուրտին, ձերբակալեալ զինուորականները քալելով կը տարուին Խորհրդային Ազրպէյճանի Աղստաֆա քաղաքը, հոնկէ ալ գնացքով կը ղրկուին Պաքու, ապա Ռոստով։ Ամբողջ ճամբորդութիւնը մէկ ամիս կը տեւէ։ Ռոստովի մէջ Լազեան եւ քանի մը այլ հայ սպաներ – բոլորն ալ Օսմանեան կայսրութենէն - կը փախին եւ իբրեւ փախստական կը սկսին ծառայել Ռոստովի մէկ հիւանդանոցին մէջ, որուն գլխաւոր բժիշկը հայ մըն էր։ Անոնց պարտականութիւնն էր հիւանդանոցին ամէնօրեայ վառելափայտը հայթայթել։ Փողոցներուն մէջ այս շրջագայութիւններուն ընթացքին է, որ անոնք կ՚իմանան թէ հայ սպաներու խումբը Ռոստովէն ետք աքսորուած է Ռիզէն քաղաքը (Մոսկուայի հարաւը)։ Աւելի ուշ կ՚իմանան, թէ Խորհրդային Հայաստանի մէջ կայունութիւնը վերահաստատուած է եւ բռնութիւնները յարաբերաբար դադրած են։ Արդէն իսկ երեք ամիսէ ի վեր Ռոստով էին, երբ կ՚իմանան որ աքսորական սպաներէն խումբ մը գնացքով կը վերադառնայ Խորհրդային Հայաստան։ Լազեանն ու Մկրեանն ալ կը միանան անոնց, նախ կ՚իջնեն Թիֆլիս, իսկ հոնկէ ալ՝ խոտորջուրցի (Էրզրումի շրջանին մէջ գիւղաքաղաք) ընկերներու օգնութեամբ, կը հասնին Երեւան:

Լազեան եւ Մկրեան երկար չեն մնար հոս։ Անոնք վճռած էին հեռանալ Խորհրդային Միութենէն։ Դարձեալ խոտորջուրցի ընկերներու օգնութեամբ, անոնք կը մեկնին Պաթում, հոնկէ ալ նաւով կը հասնին Պոլիս, ապա Զմիւռնիա, ուր կը գտնուէր նաեւ Նաթալին։ 1921 թուականն էր, յունական բանակը գրաւած էր Զմիւռնիան եւ կը յառաջանար դէպի Անատոլիոյ խորերը: Գաբրիէլ ապրուստը ճարելու համար Զմիւռնիոյ մէջ բանուորութիւն կ՚ընէր։ Բայց երբ Զմիւռնիա կը հասնի Զօրավար Թորգոմը եւ Գաբրիէլը կը զինուորագրէ իբրեւ փորձառու զինուորական իր ղեկավարած Հայկական լեգէոնին (պաշտօնական անունով՝ յունական բանակի հինգերորդ հայկական գումարտակ), նախ իբրեւ զինուորական գրաքննութեան բաժինի պաշտօնեայ, ապա իբրեւ սպայի աստիճանով զինուորական։

Օգոստոս 1922-ին, յունական բանակը սկսած էր արագընթաց նահանջել բոլոր ճակատներուն վրայ եւ թրքական զօրքերը կը պատրաստուէին մտնել Զմիւռնիա։ Այս պայմաններուն մէջ, Օգոստոս 22-ին, Գաբրիէլ եւ Նաթալի ճամբորդելու արտօնագիր ձեռք կը բերեն եւ կը հասնին Փիրէայի նաւահանգիստը, Յունաստան:

Գաբրիէլ Լազեանի լրագրական, հրատարակչական եւ կուսակցական գործունէութիւնը

Աթէնք (1922-1939)

1924-ին կը ծնի իրենց միակ դուստրը՝ Այտան։ Նաթալին սկզբնական շրջանին հայերէն բնաւ չէր գիտեր: Գաբրիէլին հետ հաղորդակցութիւնը կը կատարուէր ֆրանսերէնով: Սակայն ամէն ճիգ կը թափէ լեզուն սորվելու, իր շրջապատին մէջ լսած հայերէն անծանօթ բառերը գրի կ՚առնէր եւ անոնց իմաստը ամուսինին կը հարցնէր։ Վերջաւորութեան ան կը սկսի լաւապէս տիրապետել հայերէնին:

Աթէնքի մէջ Լազեան պիտի կերտէր իր կեանքի երկրորդ հանգրուանը, որ ամբողջութեամբ նուիրուած պիտի ըլլար հանրային-հրապարակագրական-կուսակցական ասպարէզին:  1922-էն 1939-ը ան գործած եւ ապրած է Աթէնքի մէջ, իսկ 1939-էն 1959-ը՝ Գահիրէի մէջ:

Աթէնքի մէջ իրենց առաջին հասցէն կ՚ըլլայ «Էւրիպիտու» փողոցը, ուր սենեակ մը կը վարձեն պանդոկի մը մէջ։ Աթէնքի հայկական կեանքը հայ գաղթականներու զանգուածային ժամանումէն ետք նոր սկիզբ մը առած էր, ամէն ինչ անկազմակերպ էր։ Լազեանն ու դաշնակցական իր ընկերները անմիջապէս կը ձեռնարկեն կուսակցական կառոյցներ ստեղծելու Աթէնքի եւ շրջակայքին մէջ։ Այս իմաստով կը յիշատակուի 7 Դեկտեմբեր 1922-ին գումարուած կուսակցական հիմնադիր ժողով մը, որ տեղի կ՚ունենայ Աթէնքի Քումունտուրու հրապարակին վրայ գտնուող սրճարանի մը մէջ, ներկայութեամբ Անտոն Կազէլի, Գարեգին Մարգարեանի, Արամ Շիրինեանի եւ Պատուելի Յարութիւն Աճէմեանի։ 1923-ին կուսակցութիւնը կը հիմնէ նաեւ իր պաշտօնաթերթը՝ «Նոր Օրը», որուն խմբագրական կազմի առաջին անդամները կ՚ըլլան Գաբրիէլ  Լազեան, Անտոն Կազէլ, Արամ Շիրինեան եւ Պօղոս Սվաճեան: Սկզբնական շրջանին անիկա շաբաթաթերթ էր։

Թերթին առաջին հասցէն էր Աթէնքի Բերիքլէուս փողոցը։ Հոն գտնուող Փարասքեւաս Լէոնիսի տպարանին մէջ կը վարձեն անկիւն մը, որ փաստօրէն կը դառնայ թերթին առաջին խմբագրատունը եւ գրաշարատունը: Նաթալին կրաւորական դերակատար մը չէր Գաբրիէլի հրապարակագրական գործունէութեան մէջ։ Ան էր, որ  կը դիմէ յոյն սպայ բա­րե­կամ­նե­րու մի­ջնորդութեան, որպէսզի ամուսինը յունական հպատակութիւն ձեռք բերէ։ Այս մէկը հազուագիւտ բան մըն էր Յունաստան հաստատուած հայ գաղթականներուն համար։ Անոնց բացարձակ մեծամասնութիւնը իրենց յունական հպատակութիւնը պիտի ստանային միայն 1960-ականներուն, մինչ Գաբրիէլ զայն կը ստանայ 1930-ականներու սկիզբը։ Յունական քաղաքացի ըլլալէ ետք, Գաբրիէլ կը դառնայ «Նոր Օր»ի պաշտօնական արտօնատէրը։ Թերթին խմբագրապետն էր Անտոն ԿազԷլ, իսկ գրաշարապետը՝ Ահարոն Ստեփանեանը: Հիմնադիր այս անդամները կը յաջողին Պոլսոյ մէջ նախապէս հրատարակուած դաշնակցական «Ճակատամարտ» թերթի խմբագրատունէն երկու տուփ հայերէն տպագրական տառեր Աթէնք բերել։ «Նոր Օր»ի առաջին թիւը (երկու էջ) լոյս կը տեսնէ, Կիրակի, 25 Մարտ 1923-ին՝ Յունաստանի Անկախութեան տարեդարձի օրը։

Ամէնէն ձախին, ոտքի, բարձրահասակ մարդը՝ Գաբրիէլ Լազեան։ Անոր ճիշդ աջին՝ Գէորգ Կառվարենց: Հաւանաբար լուսանկարուած են 1930-ական թուականներուն Աթէնքի Ֆիքս թաղամասի հայ կաթողիկէ եկեղեցիին եւ վարժարանին շրջափակին մէջ։
Աթէնք։ Ետեւի շարք, աջէն ձախ, ոտքի կանգնած երկրորդը՝ Անտոն Կազէլ, երրորդը՝ Գաբրիէլ Լազեան: Կեդրոնը նստած, աջէն չորրորդը՝ Շաւարշ Միսաքեան։ Առջեւի շարք՝ ձախէն առաջինը Գէորգ Կառվարենց, երկրորդը՝ Կարօ Գէորգեան, հինգերորդը՝ Միհրան Փափազեան: Կառվարենցի ետեւը նստած՝ Արսէն Պալեան։
Ետեւի շարք, ոտքի, ձախէն առաջինը՝ Գաբրիէլ Լազեան։ Աթէնք, «Ազատ Օր»ի խմագրատան քով, 1945-ի շուրջ:
Ձախէն աջ՝ Գաբրիէլ Լազեան, Վազգէն Եսայեան, անծանօթ մը: Աթէնքի «Ազատ Օր»ի խմբագրատան քով, 1945-ի շուրջ:
Ձախէն աջ՝ Գաբրիէլ Լազեան, Գէորգ Կառվարենց, միւսները անծանօթ են։ 1936 թուական։
Ձախէն աջ՝ Հրանդ Բամպակեան, Յովհաննէս Չաքըրեան, Գրիգոր Գըյըճեան, Հ. Ղեւոնդ Քիլէրճեան, Անտոն Կազէլ, Գէորգ Կառվարենց, Բենիամին Թաշեան, Գաբրիէլ Լազեան, Գըյըճեան (Գրիգորին հայրը), Հայր Յովհաննէս վրդ. Կամսարական, տոքթ. Գալուստ Գալուստեան, Մանուկ Մանուկեան: Հաւանաբար լուսանկարուած է 1930-ական թուականներուն, Ֆիքսի հայ կաթողիկէ եկեղեցիի եւ վարժարանի շրջափակին մէջ:

Նաթալին էր թերթին վարչական գործերը կատարողը։ Ան էր, որ ստանձնած էր թերթին արտօնագիրը պետական մարմիններէն ձեռք ձգելու ծանր աշխատանքը։ Այն ժամանակ երբ «Նոր Օր»ի խմբագրներուն մէջ յունախօսներ չկային, Նաթալին էր, որ յունական թերթերու յունարէնով լոյս տեսած տեղական կարեւոր լուրերը ֆրանսերէնի կը թարգմանէր, հետագային ալ անոնք հայերէնով լոյս կը տեսնէին հայկական թերթին մէջ։ Նաթալի նոյն ժամանակ ալ լծուած էր հայ գաղթականները օգնելու աշխատանքին։ Աթէնքի իր պանդոկի փոքր սենեակին մէջ դիմումներ կը ղրկէր Պոլսոյ հայկական թերթերուն, կու տար անունները իրենց հարազատները փնտռող հայերուն եւ սոյն ազդերը լոյս կը տեսնէին պոլսական հայկական թերթերուն մէջ։

«Նոր Օրը» արագ յաջողութիւն կը գտնէ Յունաստանի հայկական համայնքին մէջ։ Կարճ ժամանակի ընթացքին շաբաթաթերթը կը վերածուի երկօրեայի, իսկ 1 Յունուար 1924-էն սկսեալ՝ օրաթերթի։ Անոր հրատարակութիւնը առանց դադարի կը շարունակուի մինչեւ Երկրորդ համաշխարհային պատերազմի բռնկումը։ «Նոր Օր»-ի գրասենեակը կարեւոր ժամադրավայր մը կը դառնայ Աթէնքի կեդրոնին մէջ։ Յատկապէս երեկոները, հոն կու գային մտաւորականներ, գաղափարակից ընկերներ եւ միասին կը քննէին հրատապ խնդիրներ։

Արամ Շիրինեան եւ Պօղոս Սվաճեան երկար չեն մնար Յունաստան եւ կը գաղթեն արտասահման։ Այնուհետեւ թերթին պատասխանատուութիւնը ամբողջապէս կ՚անցնի Գաբրիէլ Լազեանի եւ Անտոն Կազելի: Միայն 1940-ին է, որ Յունաստանի մէջ մենատիրակական վարչակարգ հաստատած Իոաննիս Մեթաքսասի իշխանութեան օրերուն որոշում կ՚առնուի բոլոր ոչ-յունական թերթերը փակել։ Այս ձեւով «Նոր Օր»ն ալ 17 տարի անընդհատ հրատարակուելէ ետք, կը ստիպուի դադրեցնել տպագրութիւնը։ Բ. Համաշխարհային պատերազմի աւարտէն ետք, անիկա կը վերաբացուի «Ազատ Օր» անունով, սկիզբը երկօրեայ, ապա իբրեւ օրաթերթ։ Այս թերթը պաշտօնական սեփականութիւնը կը դառնայ Հ.Յ.Դաշնակցութեան եւ մինչեւ օրս ալ կը շարունակէ հրատարակուիլ իբրեւ յունահայ համայնքի միակ օրաթերթը։

Գաբրիէլ Լազեան եւ «Նոր Օր»ի շուրջ հաւաքուած խումբը կարեւոր դեր կ՚ունենան աշխարհով մէկ սփռուած վերապրող հայերու հարազատներ գտնելու ճիգին մէջ։ Թերթի էջերուն մէջ ամէն օր կը հրապարակուէին Ցեղասպանութենէն վերապրողներու անուանացանկեր, նոյնպէս կը տպուէին թուրք-յունական պատերազմի օրերուն Թուրքիոյ մէջ բանտարկուած, ապա ազատ արձակուած եւ իրենց հարազատները փնտռող հայերու անունները։ «Նոր Օր»-ի տպարանէն լոյս կը տեսնեն նաեւ թազմաթիւ հայերէն գիրքեր՝ բանաստեղծական հատորներ, վէպեր, յուշեր, թարգմանական գրականութիւն, եւայլն։

Գաբրիէլ Լազեան աշխուժ գործունէութիւն կ՚ունենայ նաեւ յունահայ համայնքի կուսակցական-կազմակերպական կեանքին մէջ։ Իր մասնակցութիւնը բերած է Հ.Յ.Դ. պատանեկան եւ երիտասարդական միութիւններու հիմնադրութեան, ինչպէս նաեւ ՀՄԸՄ-ի մարզական-սկաուտական գործունէութեան։ Ան միաժամանակ եղած է յունահայ համայնքի Ազգային Կեդրոնական վարչութեան անդամ։

Նոյեմբեր 1957։ Խումբ մը հայեր Աթէնքի օդակայանին մէջ ճամբու կը դնեն Լիբանանեան խորհդարանի անդամ՝ Մովսէս Տէր Գալուտեանը (ոտքի, գլխարկով, ձախէն երկրորդ տղամարդը), որ Աթէնք այցելած էր այդ օրերուն: Նոյն ժամանակ Աթէնք կը գտնուէր նաեւ Գաբրիէլ Լազեան, որ աջէն հինգերորդն է (գլխարկով):
Լազեան ընտանիքը իրենց տան առջեւ, Նէա Զմիռնի, Աթէնք, 1958։ Ձախէն աջ՝ անծանօթ մը, Նաթալի Լազեան-Իքոնոմիտու, անծանօթ մը, Գաբրիէլ Լազեան, Այտա Լազեան, հաւանաբար Այտայի որդիներէն մէկը։
Ձախէն աջ՝ անծանօթ, Օննիկ Մարգարեան, Գաբրիէլ Լազեան, Երուանդ Աղուանեան, Մարգար Պոյաճեան, 25 Մարտ 1948։
Ձախէն աջ՝ Սօնա Շահնազարեան, Մարօ Մանուկեան, Գաբրիէլ Լազեան, Սիրվարդ Զաքարեան, Սիրվարդ Պետիկեան, 25 Մարտ 1948։
Ոտքի, ձախէն աջ՝ Զ. Զաքարեան, Տիգրան Գրիգորեան, Անուշ Պօղոսեան, Գաբրիէլ Լազեան, Էպրուհի (մականունը անյայտ), Սիրվարդ Աթանասեան, անծանօթ։ Առջեւի շարք՝ Նշան Չէօկիւրեան։ 25 Ապրիլ 1948։
Աթէնքի Ֆիքս թաղամաս, 16 Մայիս 1947։ Լուսանկարը յայտնապէս քարոզչական բնոյթի է։ Մակագիրին մէջ գրուած է. «Հ.Յ.Դ. Երիտասարդական երկսեռ միութիւն։ Մեր աղջիկները արտասահմանեան դաշնակցական թերթերու ընթերցանութեան պահուն»։
Գիրքի տօնավաճառ Աթէնքի Ֆիքս թաղամասի հայ կաթողիկէ դպրոցի սրահին մէջ։ Ձախէն աջ՝ Գաբրիէլ Լազեան, անծանօթ։
Գաբրիէլ Լազեան Եգիպտոսէն Աթէնք այցելութեան մը ընաթցքին՝ շրջապատուած ընկերներով՝ Ազարիկի գինետան մէջ, Տուրղութի թաղամաս, Աթէնք, 1950: Գաբրիէլ Լազեան նստած է սեղանի գլխուն՝ աջին։

Եգիպտոս, Գահիրէ (1939-1959)

1939-ի սկիզբները Գաբրիէլ Լազեան եւ ընտանիքը կը ձգեն Յուաստանը եւ կը տեղափոխուին Գահիրէ, Եգիպտոս։ Լազեան ընտրուած էր Հ.Յ.Դ. գերագոյն մարմինին՝ Բիւրոյի անդամ։ Գահիրէի մէջ ան կը միանայ «Յուսաբեր» օրաթերթի խմբագրութեան եւ կը ստանձնէ թերթին վարչական պատասխանատուութիւնը:

Նաթալի Լազեան-Իքոնոմիտու 1995-ին իր հետ կատարուած հարցազրոյցի մը ընթացքին կը յայտնէ թէ 1948-ին ինքն ալ միացած է Հ.Յ.Դաշնակցութեան։

Գահիրէ, 1947։ Ձախէն աջ՝ Նաթալի Լազեան (Իքոնոմիտու), Լեւոն Շանթ, Վահան Նաւասարդեան, Այտա Լազեան, անծանօթ։
Գահիրէ, 1959։ Լեւոն Շանթի կիսանդրիին շուրջ։ Ձախէն աջ՝ Արտակ արք. Մանուկեան, Ճորճ Մարտիկեան, Նաթալի Լազեան-Իքոնոմիտու, Սիմոն Վրացեան, Զարեհ կաթողիկոս, Գաբրիէլ Լազեան:
Եգիպտոս, 1959։ Նաթալի Լազեան-Իքոնոմիտու՝ սեղանին գլուխը։ Կողքին՝ Գաբրիէլ Լազեան։
Համօ Օհանջանեանի (Հայաստանի հանրապետութեան երրորդ վարչապետը) յուղարկաւորութիւնը, Գահիրէ, Օգոստոս 1947։ Դագաղը կրողներուն շարքին առաջին կարգի վրայ, աջին՝ Գաբրիէլ Լազեան:
Գաբրիէլ Լազեան կը դասախօսէ «Յեղափոխական հայուհիներ» թեմայով, 31 Յունուար 1959։

Եգիպտոսի մէջ է, որ Գաբրիէլ Լազեան կը գրէ եւ կը հրատարակէ բազմաթիւ գիրքեր.

  • «Հայաստան եւ Հայ Դատը ըստ դաշնագրերու» (Գահիրէ, 1942, 264 էջ),
  • «Յեղափոխական դէմքեր» (Գահիրէ, 1945, 414 էջ),
  • «Հայաստան եւ Հայ Դատը» (Գահիրէ, 1946, 392 էջ),
  • «Դէմքեր հայ ազատագրական շարժումէն» (Գահիրէ, 1949, 397 էջ),
  • «Հայաստան եւ Հայ Դատը» (Գահիրէ, 1957, 442 էջ),
  • «Հայաստան եւ Հայ Դատը՝ հայ-ռուս յարաբերութիւններու լոյսին տակ» (1957),
  • «Հայուհին եւ հայ յեղափոխութիւնը» (Գահիրէ, 1959, 23 էջ)
Գաբրիէլ Լազեան «Յուսաբեր»ի տպարանին մէջ, Գահիրէ, 1950-ականներ։
Գաբրիէլ Լազեան (աջին, ոտքի, ճերմակ շապիկով,) «Յուսաբեր»ի խմբագրատան մէջ, Գահիրէ, 1950-ականներ։
Գաբրիէլ Լազեան (կեդրոնը) «Յուսաբեր»ի խմբագրատան մէջ, Գահիրէ, 1950-ականներ։
«Յուսաբեր» թերթի տպարանը, Գահիրէ, 1950-ականներ։
«Յուսաբեր» տպարանը, Գահիրէ, 1950-ականներ։
«Յուսաբեր» տպարանը, Գահիրէ, 1950-ականներ։
«Յուսաբեր»ի կազմատունը, Գահիրէ, 1950-ականներ։
«Յուսաբեր»ի կազմատունը, Գահիրէ, 1950-ականներ։
«Յուսաբեր» տպարանը եւ անոր անձնակազմը, Գահիրէ, 1950-ականներ։ Գաբրիէլ Լազեան կեդրոնի բարձրահասակ անձն է։
Գաբրիէլ Լազեան ճառ կը խօսի Հայաստանի հանրապետութեան անկախութեան տօնակատարութեան առիթով, 1954, վայրը անծանօթ։
Գաբրիէլ Լազեան ճառ կը խօսի Հայաստանի հանրապետութեան անկախութեան տօնակատարութեան առիթով, 1954, վայրը անծանօթ։

Գաբրիէլ Լազեան իր մասնակցութիւնը կը բերէ Հ. Յ. Դաշնակցութեան վեց ընդհանուր ժողովներու: 1938-էն սկսեալ եւ մինչեւ իր մահը, ան մաս կազմած է ՀՅԴ Բիւրոյին։

1957-ին, Նաթալիի եւ Գաբրիէլի դուստրը՝ Այտան, Գահիրէի մէջ  կ՚ամուսնանայ Մախլուֆի (առաջին անունը անյայտ) հետ: Անոնց զաւակներէն՝ Գաբրիէլ Մախլուֆը 2019-էն ի վեր կը ղեկավարէ Իրլանտայի կեդրոնական դրամատունը։ Նախապէս եղած է նաեւ Նոր Զելանտայի մէջ ելեւմտական հարցերու ընդհանուր քարտուղար, որ տնտեսական եւ ելեւմտական հարցերու պետութեան գլխաւոր խորհրդատուի պաշտօնն է։

Գաբրիէլ Լազեան յանկարծամահ կ՚ըլլայ 25 Օգոստոս 1959-ին, Գահիրէի մէջ։ Նաթալի Լազեան եւ դուստրը՝ Այտան, կը վերադառնան Յունաստան, ուր կ’ապրին մինչեւ իրենց մահը: Նաթալի Կը մահանայ 24 Մարտ 2005-ին եւ կը թաղուի Աթէնքի Նէա Զմիռնիի գերեզմանատունը, իսկ Այտան կը մահանայ 2021-ին։

Գաբրիէլ Լազեան այլ երկիրներու մէջ

Սոֆիա, 1936, այցելութիւն Քրիստափոր Միքայէլեանի շիրիմին։ Ձախէն երկրորդը՝ Գաբրիէլ Լազեան։ Քրիստափորի կիսանդրիի աջին, առջեւի շարք առաջինը՝ Դրօ (Դրաստամատ Կանայեան)։
Պուլկարիա, 1936-ի շուրջ։ Առջեւի շարք, աջէն առաջինը՝ Գաբրիէլ Լազեան, երրորդը՝ Դրաստամատ Կանայեան (Դրօ)։
Ձախէն աջ՝ Գարեգին Նժդեհ, անծաօթ, Կարօ Գէորգեան, Գաբրիէլ Լազեան։ Վայրը անծանօթ։
Դրօ (ձախին) եւ Գաբրիէլ Լազեան (աջին), 1948։
Սոֆիա, 1936, այցելութիւն Քրիստափոր Միքայէլեանի շիրիմին։ Ձախէն առաջինը՝ Միհրան Փափազեան, չորրորդը՝ Գաբրիէլ Լազեան։

Տեսերիզ – Հարցազրոյց Նաթալի Լազեան-Իքոնոմիտուի հետ

Սոյն հարցազրոյցը կատարուած է 26 Նոյեմբեր 1995-ին, Նաթալի Լազեան-Իքոնոմիտուի Նէա Զմիռնիի (Աթէնք) բնակարանին մէջ։ Գլխաւոր խօսք առնողը Նաթալի Լազեանն է, բայց հոն կ՚երեւի եւ յաճախ կը խօսի նաեւ դուստրը՝ Այտան։ Հարցում հարցնողներն են Հայկանուշ Մինասեան, Յարութիւն Մանուկեան եւ Գէորգ Գոլանեան։

Գլխաւոր աղբիւրներ

  • Գ. Լազեան, «‘Գեղանոյշ‘ը (նաւը լերան վրայ)», Յառաջ, 21-րդ տարի, թիւ 5859, նոր շրջան թիւ 1270, 29 Մայիս 1949, Փարիզ։
  • Գրիգոր Ամիրեան, «Գաբրիէլ Լազեան», Հայրենիք ամսագիր, Փետրուար 1960, հատոր 39, թիւ 2, Պոսթոն, էջ 10-18։
  • Գաբրիէլ Լազեանի անտիպ ինքնակենսագրութիւնը՝ գրուած 1923-ի շուրջ
  • Կարօ Գէորգեանի հրատարակած «Ամէնուն տարեգիրք»ի թիւերը։
  • Հայրենիք օրաթերթ, Պոսթոն, 5 Սեպտեմբեր 1959, 61-րդ տարի, թիւ 14,399։
  • Արամայիս Գույումճեան, «Օտար համազգեստի տակ հայու սիրտ մը կը բաբախէր (Գ. Լազեանի մահուան Բ. տարելիցին առթիւ», Հայրենիք օրաթերթ, Պոսթոն. (4 Հոկտեմբեր 1961, 63-րդ տարի, թիւ 15,032), (5 Հոկտեմբեր 1961, 63-րդ տարի, թիւ 15,033), (6 Հոկտեմբեր 1961, 63-րդ տարի, թիւ 15,034), (7 Հոկտեմբեր 1961, 63-րդ տարի, թիւ 15,035), (14 Հոկտեմբեր 1961, 63-րդ տարի, թիւ 15,040), (17 Հոկտեմբեր 1961, 63-րդ տարի, թիւ 15,042), (18 Հոկտեմբեր 1961, 63-րդ տարի, թիւ 15,043), (19 Հոկտեմբեր 1961, 63-րդ տարի, թիւ 15,044), (22 Հոկտեմբեր 1961, 63-րդ տարի, թիւ 15,047), (24 Հոկտեմբեր 1961, 63-րդ տարի, թիւ 15,048), (25 Հոկտեմբեր 1961, 63-րդ տարի, թիւ 15,049)։

[1] Շնորհակալութիւն կը յայտնենք Վարդան Մատթէոսեանին, որ այս նիւթով լուսաբանութիւններ կատարեց եւ կարեւոր աղբիւրներ տրամադրեց։