Յիշողութեան այս նիւթերը հաւաքուեցան 13 եւ 14 Նոյեմբերին 2021-ին Սելանիկի մէջ տեղի ունեցած Յուշամատեանի աշխատանոցին ընթացքին։
Սոյն էջը պատրաստուեցաւ գործակցութեամբ Աթէնքի «Արմենիքա» պարբերաթերթին եւ «Համազգային» միութեան Սելանիկի մասնաճիւղին։ Աշխատանոցին հովանաւորն էր գերմանական EVZ «Յիշողութիւն, պատասխանատւութիւն եւ ապագայ» հիմնարկութիւնը։
Այս էջին մէջ երեւցող նիւթերը մեզի ներկայացուց Մարտիկ Մարտիկեանը։ Անոր կնոջ՝ Մանիշակ Մարտիկեանի (ծնեալ Գասպարեան) ընտանիքը Ատափազարէն է։ Մանիշակին մայրն է Ալիս Գասպարեան (ծնեալ Քիւփճեան)։ Ալիսին հայրն է Վարազդատ Քիւփճեան եւ մեծ մայրը՝ Մարի Քիւփճեան, որոնք ծնած են Ատափազար։
Մարիին ծնողներն են Մաքրուհի Կիւլեանը եւ Ասատուր Կիւլեանը։ Ընտանեկան պատմութիւններէն ծանօթ է, որ Մաքրուհի եւ Ասատուր ուխտագնացութեան գացած են Արմաշ, ինչպէս նաեւ Երուսաղէմ։ Կ՚ենթադրուի որ այս ուխտագնացութիւններուն պատճառներէն մէկը զաւակ ունենալու փափաքն էր, որ չէր իրականանար։ Վերջաւորութեան, Մաքրուհին եւ Ասատուրը կ՚որդեգրեն աղջիկ մը, որ Մարին էր։
Կիւլեանները Ատափազարի մէջ ունէին փուռ մը, ուր կը զբաղուէին հացագործութեամբ։
Ցեղասպանութեան ժամանակ Կիւլեան եւ Քիւփճեան ընտանիքները կը տարագրուին։ Չենք գիտեր թէ այս երկու ընտանիքներէն որո՞նք կը սպաննուին արհաւիրքի այս օրերուն։ Վերապրողները Զինադադարէն ետք կը վերադառնան իրենց հայրենի քաղաքը, իսկ 1922-ի վերջերուն անոնք վերջնականապէս կը հեռանան Ատափազարէն եւ ապաստան կը գտնեն յունական Լիմնոս/Լեմնոս կղզիին մէջ՝ արեւմտեան Անատոլիայէն փախող բազմաթիւ այլ գաղթականներու հետ։
Որոշ ժամանակ Լիմնոս մնալէ ետք, Մարտիկի ընտանիքը կը տեղափոխուի Հիւսիսային Յունաստանի Տրամա քաղաքը, որմէ ետք ալ վերջնականապէս կը հաստաուի Սելանիկ, ուր Մարտիկն ու ընտանիքը մինչեւ օրս կ՚ապրին։
Մարտիկ իր կնոջ ընտանիքէն մնացած յիշողութեան միայն մէկ առարկայ ժառանգած է։ Անիկա Աստուածածինի պատկերով իւրայատուկ լուսանկար մըն է, որ Արմաշի վանքի գաւիթին սրբապատկերն է։ Նկարը տարիներէ ի վեր ապակեծածկ շրջանակի մէջ առնուած է։ Մարտիկ կը վկայէ, որ այս պատկերը կնոջը ընտանիքին կողքին եղած է տեղահանութեան ամբողջ տարիներուն, հետագային ալ երբ ընտանիքը գաղթած է Յունաստան՝ պատկերը դարձեալ իրենց ընկերակցած է։ Մաքրուհին այս պատկերը միշտ ալ իր տան պատէն կախած էր։ Իրմէ ետք, նոյնը ըրած է իր դուստրը՝ Մարին, իսկ ներկայիս Մարտիկն ու Մանուշակը այս պատկերը կը պահեն շրջահայեացութեամբ։ Մանուշակին մայրը՝ Ալիսը կը յիշէ նաեւ որ երբ ինք փոքր երեխայ էր, իրենց տունը կու գային Մաքրուհիին ծանօթ կիներ, որոնք բոլորն ալ այս պատկերին դիմաց խմբովին ծունկի կու գային եւ հաւաքական աղօթքներ կ՚արտասանէին Աստուածածինին ուղղուած։
Արմաշի Չարխափան Սուրբ Աստուածածինին պատկերը
Արմաշի Չարխափան Սուրբ Աստուածածին վանքին գաւիթին մէջ տեղադրուած է սրբապատկեր մը, ուր կ՚երեւի Տիրամայրը՝ իր գիրկը ունենալով Յիսուս Մանուկը։ Մարտիկին քով պահուող պատկերը նոյն այս գաւիթին սեւ-ճերմակ լուսանկարն է, որուն վրայ հետագային զարդեր եւ գոյներ աւելցուած են, այս ձեւով անոր տալով սրբանկարի մը բնոյթը։ Այս ձեւին մէջ է, որ Կիւլեան եւ Քիւփճեան ընտանիքները զայն պահած են եւ կը շարունակեն պահել իրենց տան յարկին տակ։ Աստուածածինին նկարին վերի բաժինին գրաբար գրուած է՝ «Խնդրեսցէք եւ տացի ձեզ» (խնդրեցէք եւ պիտի տրուի (շնորհուի) ձեզի)։ Աջին կ՚երեւի պատանի դպիր մը։ Ձախին կը տեսնենք գետինը զետեղուած սնտուկ մը, որուն վրայ կայ «Գանձանակ» արձանագրութիւնը։ Վստահաբար ուխտաւորներ ասոր մէջ կը դնէին դրամական կամ այլ նուէրներ։
Աստուածածինի այս պատկերին մէկ տարբերակ լուսանկարը կը գտնենք «Արմաշու դպրեվանքին 25 ամեայ յոբելեանին առթիւ, 1889-1914» վերնագիրով գիրքին մէջ (Մ. Յովակիմեան տպարան, Պոլիս, 1914, էջ 195)։ Նոյն գիրքին էջ 95-ին վրայ կը տեսնենք Արմաշի վանքին մէջ գտնուող գլխաւոր խորանին պատկերը, որուն մակագիրն է՝ «Աւագ Սեղանը»։ Հոս եւս տեղադրուած է Աստուածածինի պատկերը։ Երկու պատկերներուն մասին յաւելեալ տեղեկութիւններ եւ լուսաբանութիւններ կը փոխանցէ պոլսահայ յայտնի գրող Լեւոն Բաշալեանը, որ 1892-ին, Պոլսոյ մէջ լոյս տեսած «Հայրենիք» թերթին մէջ գեղեցիկ վաւերագրութիւն մը ունի ամէն տարի մեծ շուքով Արմաշ ժամանող հայ ուխտաւորներուն մասին։ [1]
Բաշալեան կը նշէ, որ եկեղեցիին աջ կողմի գաւիթին ճակատը կը գտնուի «Արմաշի հրաշագործ Աստուածածին»ին պատկերը.
«Մեծադիր պատկեր մըն է, արեւելեան հին նկարչութեան հաստ ու անճարտար գծերով ու սաստիկ, ուժգին, պոռոտ գոյներով։ Աստուածածինը, գլուխը թագով մը, գիրկն առած է Մանուկ Յիսուսը, նմանապէս բոլորովին զուրկ մանկական շնորհէ։ Այդ արտայայտութենէ զուրկ պատկերին մէջ, Տիրամօր խոշոր աչքն է որ տարօրինակ կենդանութիւն մը ունի, աչք մը կարծես անդունդի մը վրայ բացուած, պակուցեալ [սարսափահար], իր նայուածքին շեշտակի անշարժութեամբն ու ցրտութեամբը հալածելով զքեզ, ամէն կողմէ քեզ նայելով, բարեպաշտներուն գլուխները խոնարհեցնելով իր ահաւոր ու գերբնական էութեան մը արհաւիքին տակ»։ [2]
Բաշալեան կ՚աւելցնէ թէ վանքին մէջ գոյութիւն ունէր Աստուածածինի այլ պատկեր մը, որ «(…) գեղարուեստական արժէք ունեցող գործ մըն է, Վենետիկի մէջ նկարուած՝ Իտալացի մեծագոյն վարպետներու ստեղծագործութեանց ընդօրինակութեամբ (…)»։ [3] Հոս կարելի է հետեւցնել որ Բաշալեանին նշած այս երկրորդ սրբապատկերը Աւագ Խորանին Աստուածածինին գեղանկարն էր։
Յատկանշական է, որ 19-րդ դարու վերջերուն Պոլսոյ հայերը քաղաքին Քարակէօմրիւկ Թաղի Ս. Յովհան Ոսկեբերան եկեղեցիին մէջ նոյնպէս կը տեղադրեն Ս. Աստուածածինին պատկերը, որ շուտով ուխտավայր մը կը դառնայ Արմաշի Չարխափանին օրինակով։ Ժողովուրդին կողմէ այս եկեղեցին կը սկսի կոչուիլ նաեւ «Փոքր Արմաշ»։ 1900-ին, մեծ հրդեհ մը կը բռնկի եկեղեցիին մէջ, բայց տեղւոյն քահանան կեանքը վտանգելու գնով կը յաջողի փրկել Ս. Աստուածածինին պատկերը։ Այնուհետեւ, սրբանկարը կը փոխադրուի եւ կը տեղադրուի Պալաթ թաղամասի Սուրբ Հրեշտակապետ եկեղեցիին մէջ, ուր մինչեւ այսօր ալ կը պահուի եւ կը շարունակէ մնալ նուիրական ուխտավայր մը։ [4]
Գալով Մարտիկին քով պահուող սրբանկարին, հոն երեւցողը Արմաշի ուխտաւորներուն սիրած ու պաշտած «Հրաշագործ Աստուածածին»ն է, Արմաշի Չարխափանը։ Անոր առջեւ է որ Արմաշ ժամանող ուխտաւորները կը ծնրադրէին եւ անոր վեհութեան ընդառաջ իրենց ուխտը կը կատարէին։ Տարիներ ետք, Արմաշի Հրաշագործ Աստուածածինին պատկերը կը շարունակէր ակնածանք ներշնչել հաւատացեալներուն։ Խորանը, գաւիթը, անոր պատկերը, ինչպէս նաեւ վանքը ամբողջութեամբ այլեւս գոյութիւն չունէին. բայց Մաքրուհին եւ իր ընտանիքը Յունաստանի մէջ գաղթական դարձած՝ կը պահէին նոյն այդ գաւիթին լուսանկարը, պատկերին պատկերը, որ վերածուած էր սրբանկարի եւ իր հաւատացեալներուն նկատմաբ կը պահէր պատկառանքի եւ հմայքի ուժը։ Լուսանկարը վերածուած էր սրբանկարի եւ հայ գաղթական կիներ, ինչպէս անցեալին Արմաշի մէջ, կը կրկնէին ծիսային նոյն շարժումներն ու խօսքերը. ծունկի կու գային եւ կ՚աղօթէին անոր առջեւ։
- [1] Հայրենիք օրագիր, 13, 16, 17, 18, 21, 22, 23, 24, 25 Սեպտեմբեր 1892, 23-րդ տարի, Պոլիս։
- [2] Լեւոն Բաշալեան, Երկեր, տպարան Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան, Անթիլիաս, 1994, էջ 185։
- [3] Նոյն։
- [4] http://www.turkiyeermenileripatrikligi.org/site/hy/չարխափան-ս-աստուածածնի-սրբապատկերին/
Արմաշ գիւղը (ներկայիս Աքմեշէ), ուր կ՚երեւի վանքի համալիրը իր եկեղեցիով, դպրեվանքով եւ ուխտաւորներուն յատկացուած կացարանով։ Այս պատկերը գունաւորուած է Myheritage.com-ի միջոցաւ։
Լեւոն Բաշալեանի վաւերագրութիւնը Արմաշի ուխտագնացութեան մասին, որ լոյս տեսած է Պոլսոյ «Հայրենիք» օրաթերթին մէջ։ Հոս սեղմեցէք՝ Բաշալեանին ամբողջական գրութիւնը PDF-ով կարդալու համար (Աղբիւր՝ Լեւոն Բաշալեան, Երկեր, տպարան Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան, Անթիլիաս, 1994)։