Մարիքա Նինու. Գաղթական հայը եւ ռեպեթիքոյի անզուգական աստղը
Հեղինակներ՝ Թասոս Քաքլամանիս եւ Վահէ Թաշճեան, 30/07/24 (վերջին փոփոխութիւն՝ 30/07/24)։ Սոյն էջը պատրաստուեցաւ գործակցութեամբ Աթէնքի «Արմենիքա» պարբերաթերթին։
Մարիքա Նինու Յունաստանի երգարուեստի պատմութեան մէջ ամէնէն բարձր գագաթներ նուաճած աստղերէն է: Ան ռեպեթիքօ ժանրի հռչակաւոր մեկնաբան է, որ յայտնի անուն մը դարձաւ 1940-ական եւ 1950-ական թուականներուն: Անոր երգերը մինչեւ այսօր չեն կորսնցուցած իրենց թարմութիւնը եւ կը շարունակեն մնալ մեծապէս ժողովրդական:
Այս էջով մեր նպատակը Մարիքա Նինու արուեստագիտուհին ներկայացնելը չէ միայն: Աւելի շատ պիտի կեդրոնանանք անոր հայկական ծագումին եւ ընտանեկան պատմութեան վրայ: Ան որքան ալ յայտնի անուն մըն է Յունաստանի մէջ, այսուհանդերձ ընդհանրապէս անծանօթ կը մնայ այդ միջավայրէն դուրս:
Էվանկէլիա/Վանկէլիա Ադամեան. ծագումով սսեցի հայուհին
Կան Մարիքա Նինուի ծնունդը նկարագրող քանի մը պատումներ: Ամէնէն հաւանականը այն է, որ ան ծնած է 1921-ին՝ Մերսինի նաւահանգիստէն դէպի Զմիւռնիա ճամբայ ելած եւ գաղթականներ փոխադրող յունական նաւու մը մէջ: Յոյն նաւապետին նախաձեռնութեամբ, նաւուն վրայ իսկ տեղի կ’ունենայ նորածինին մկրտութիւնը:
Մէկ բան յստակ է, որ Մարիքա Նինու ծնած է գաղթականութեան ճանապարհներուն վրայ, երբ Ադամեան ընտանիքը Կիլիկիայէն դէպի Զմիւռնիա, իսկ աւելի ուշ՝ հոնկէ դէպի Յունաստան ուղղուելով՝ խաղաղ անկիւն մը կ’որոնէր՝ ջարդերէ եւ տեղահանութիւններէ հեռու նոր կեանք մը սկզբնաւորելու համար: Նորածինը կ’անուանուի Էվանկէլիա, բայց իր շրջապատին մէջ զինք պիտի կոչէին Վանկէլիա կամ Վանկէլ: Առաջին ամուսնութեան վկայագիրին մէջ անունը գրուած է «Վանուհի-Էվանկէլիա Ադամեան»:
Մարիքա Նինուով յղի մայրը՝ Սիմակիւլ (զայն կ’անուանէին Սիմա) Ադամեանը (ծնեալ Քեհեայեան 1893-ին), հայրը՝ Հայկ Ադամեանը, եւ իրենց երեք զաւակները՝ Արշակուհին (ծնած է 1912-ին), Պարգեւը (ծնած է 1915-ին) եւ Գոհարիկը (ծնած է 1917-ին), միացած էին հայոց զանգուածային գաղթի շարժումին, որ ծայր առած էր 1921-ի վերջաւորութեան՝ Կիլիկիոյ հայոց մէջ:
Այս հայերը մեծամասնութեամբ 1915-ի Ցեղասպանութեան վերապրողներ էին, որոնք առաջին համաշխարհային պատերազմի աւարտին կը գտնուէին Օսմանեան կայսրութեան արաբական նահանգներուն մէջ, ուր իբրեւ տարագիր գոյատեւած էին երեք եւ աւելի տարիներ: Զինադադարէն ետք, Արաբական Արեւելքն ու Կիլիկիան գրաւած էին Դաշնակից բանակները, յատկապէս՝ բրիտանական զօրքերը, որոնք պատերազմէն յաղթական դուրս եկած էին: Այս պայմաններուն մէջ, 1919-էն սկսեալ կը կազմակերպուի հայ վերապրողներու Կիլիկիոյ մէջ վերաբնակեցումը: Անոնցմէ շատեր արդէն իսկ այս վայրերու բնակիչ էին, այնպէս որ տարագրութենէն ետք կը վերադառնային իրենց ծննդավայրը: Հայերուն համար պատմական նոր փուլ մը ծայր կ’առնէր Կիլիկիոյ մէջ: Ցեղասպանութեան արհաւիրքէն ետք, վերապրողներուն համար այս մէկը նոր սկիզբ էր: Օսմանեան կայսրութիւնը փուլ եկած էր, Կիլիկիոյ հայոց համար սկսած էր վերականգնումի շրջան մը՝ բրիտանական, այնուհետեւ ֆրանսական իշխանութիւններու եւ զօրքերու պաշտպանութեան տակ:
Բայց նոր կեանքի այս փուլը չափազանց կարճատեւ պիտի ըլլար: 13 հոկտեմբեր 1921-ին Ֆրանսայի եւ Մուսթաֆա Քեմալի (ապագայ Աթաթիւրք) ղեկավարած կառավարութիւնները կը կնքեն համաձայնագիր մը, ըստ որուն՝ Կիլիկիոյ ամբողջ տարածքը Ֆրանսա յաջորդ ամիսներուն պիտի զիջէր Թուրքիոյ:
Այս պայմաններուն մէջ ծայր կ’առնէ Ադամեան ընտանիքին եւ բազմահազար այլ հայոց վերջնական գաղթը Կիլիկիայէն դէպի շրջակայ երկիրներ եւ քաղաքներ, յատկապէս Սուրիա, Լիբանան, Կիպրոս, Զմիւռնիա, Յունաստան:

Ադամեան ընտանիքը Կիլիկիոյ Սիս (ներկայիս Քոզան) քաղաքէն էր: Սիմա Ադամեան (ծնեալ Քեհեայեան) Սիս ծնած էր: Հօր անունն էր Գէորգ, մօր անունը՝ Սուլթան։ Ամուսինը՝ Հայկ Ադամեան, ծնած էր Կեսարիա/Քայսերի, բայց հետագային տեղափոխուած էր Սիս: Ան ժամագործ էր, բայց նոյն ժամանակ Սիսի մէջ յայտնի ուտ եւ ջութակ նուագող: Սիսի մէջ կը ծնին իրենց առաջին երեք զաւակները՝ Արշակուհին, ապա Պարգեւը եւ Գոհարիկը: Հետաքրքրական է որ Մարիքա Նինուի 1940 թուակիր ամուսնութեան վկայագիրին մէջ նոյնպէս իբրեւ ծննդավայր նշուած է Սիսը, թէեւ գիտենք որ ան ծնած է գաղթի ճանապարհին:
Սոյն Ադամեան ընտանիքն է, որ 1922-ին իբրեւ գաղթական կը հասնի Զմիւռնիա:
Յունաստան գաղթը եւ անոր յաջորդող նոր ու դժուար կեանքը Գոքինիոյ մէջ
Զմիւռնիոյ նաւահանգիստ հասնելէ ետք, կ’ենթադրուի թէ Ադամեան ընտանիքը հաստատուած է մօտակայ Մենեմէն քաղաքին մէջ: Շատ բան չենք գիտեր այս վայրին մէջ Ադամեան ընտանիքին անցուցած օրերուն մասին, բայց գիտենք որ հոս իրենց կեցութիւնը շատ կարճ տեւած է:
Թրքական բանակները այդ ժամանակ կը գրաւեն Զմիւռնիոյ շրջանը եւ ծայր կ’առնէ քրիստոնեայ բնակչութեան (մեծամասնութեամբ յոյներ) գաղթը դէպի Յունաստան: Թուրք զինուորները կ’արգիլէին քրիստոնեայ չափահաս տղամարդոց գաղթը. անոնք կը ձերբակալուէին եւ շատեր կը սպանուէին: Կը պատմուի թէ Հայկ Ադամեանն ալ արհաւիրքի այդ օրերուն կը ձերբակալուի ու կը սպանուի: Սիմա եւ իր զաւակները կը յաջողին միանալ զանգուածային գաղթին, նաւ կը բարձրանան եւ կը հասնին Յունաստան: Առաջին հանգրուանը Լեզպոս կղզին էր, ուր որոշ ժամանակ մնալէ ետք, ընտանիքը կը տեղափոխուի յունական ցամաքամաս: Հայկ Ադամեանի սպանութեան մասին կայ այլ պատում մը, ըստ որուն ան Կիլիկիոյ մէջ իսկ արդէն սպանուած էր եւ ընտանիքը Զմիւռնիա հասած էր առանց անոր:
Յունաստանի մէջ Ադամեան ընտանիք կը հաստատուի Փիրէա քաղաքին շատ մօտիկ գտնուող Գոքինիոյ շրջանը (ներկայիս Նիքաէա): Վայրին ընտրութիւնը պատահական չէր: Հայ մեծաթիւ գաղթականներ հոն հաստատուած էին եւ սկզբնական շրջանին կ’ապրէին գաղթակայաններու մէջ: Գոքինիա կը գտնուէին սսեցի գաղթական բազմաթիւ հայեր: Հայրենակիցներու, մանաւանդ համաքաղաքացիներու նոյն վայրին մէջ կեցութիւնը գաղթականական կեանքի ծայրայեղ պայմաններուն մէջ փոխօգնութեան առիթներ կը ստեղծէր եւ յարաբերաբար կ’ամրապնդէր ու կ’ապահովէր գաղթականներուն գոյատեւումը: 1930-ականներու վերջը Գոքինիոյ մէջ կ’ապրէին մօտաւորապէս 90 սսեցի ընտանիքներ (որոնց շարքին Ադամեանները): Այս թիւը վստահաբար աւելի շատ եղած է 1920-ականներուն, երբ գաղթականները նոր հասած էին եւ տակաւին ծայր չէր առած Յունաստանէն դէպի այլ երկիրներ, մանաւանդ դէպի Հարաւային Ամերիկա, հայ գաղթականութեան հոսքը:
Գոքինիոյ գաղթակայանին մէջ Ադամեան ընտանիքին տունը շրջապատուած էր սսեցի դրացիներով: Ասոնց շարքին էին Մաքսիմ պաճըն եւ ամուսինը՝ Արսէն Էպէեանը, Սանդուխտ պաճը Աջապահեանը, Պաքքալ (նպարավաճառ) Նուրեանը, կօշկակար Սեմերճեանը, Մարի Չալըգեանի ընտանիքը, Պեքմեզճեան, Պլիկեան, Հայթայեան, Գալայճեան, Գասարճեան, Աւշարեան ընտանիքները:

Այս սսեցի ընտանիքներուն օգնութեամբ Ադամեանները կը յաջողին կառուցել Գոքինիոյ գաղթակայանի խրճիթանման իրենց տունը, որուն առաստաղը թիթեղեայ էր եւ անձրեւներու ժամանակ միշտ ջուր կը կաթկթէր անկէ: Տան հասցէն էր՝ 50 Մեղարոն փողոց: Ադամեաններու տան մօտէն կ’անցնէր Սուտա գետը, որու միւս ափին 1920-ականներու վերջը պիտի կառուցուէր Զաւարեան վարժարանը:
Սիմա Ադամեան կը սկսի աշխատիլ իրենց դրացի «Գարա» (սեւ) Սիմայի (նոյնպէս սսեցի) տան մէջ, ուր պուլղուր կը պատրաստէին եւ կը վաճառէին: Իրարմէ զանազանելու համար Սիմա Ադամեանը կը կոչէին «Կէօք» (երկինք, կապոյտ)՝ կապոյտ աչքեր ունենալուն համար: Այլ դրացուհի մը կը կոչուէր «Կիւչիւք» (փոքր) Սիմա: Ընտանիքը ապրուստ ճարելու շատ լուրջ դժուարութիւն ունէր, այս պատճառով ալ, հազիւ 9 տարեկան Պարգեւ կը սկսի ճամբաները շրջագայելով կօշիկ ներկել: Աւելի ուշ, ան արհեստանոցի մը մէջ պիտի սորվէր մետաղագործութիւն, իբրեւ արհեստաւոր պիտի աշխատէր, մինչեւ որ Գոքինիոյ մէջ իր սեփական արհեստանոցն ունենար: Դարձեալ Գոքինիոյ մէջ պիտի բանար քեպապանոց մը, ուր կ’աշխատէր միայն իրիկունները, երբ արհեստանոցին գործը աւարտած կ’ըլլար: Քեպապանոցին մէջ իրեն կ’օգնէր Գոհարիկ քոյրը:
Մարիքա Նինու հասակ կ’առնէ կեանքի այս չափազանց ծանր պայմաններուն մէջ: Անոր յաճախած կրթական առաջին հաստատութիւնը կ’ըլլայ Գոքինիոյ հայկական Սուրբ Յակոբ եկեղեցւոյ կից հայկական վարժարանը: Յաճախած է նաեւ Վիեննայի Մխիթարեան հայրերու Գոքինիոյ վարժարանը, որ կը գտնուէր հայ կաթողիկէ Սրբուհի Թերեզա եկեղեցւոյ կից: Դպրոցական այս տարիներուն Մարիքա Նինուի երգի եւ երաժշտութեան ուսուցիչն էր Արիս/Արիստակէս Գալֆայեանը (հետագային՝ Տէր Կարապետ), որ անմիջապէս կը նկատէ պարմանուհիին ձայնային տաղանդը, կը քաջալերէ զայն, դպրոցական հանդէսներու ժամանակ երգելու համար զայն յաճախ բեմ կը հանէ եւ կ’ընդունի եկեղեցւոյ դպրաց դասին մէջ: Արիս Գալֆայեան անձնական դասեր ալ կու տայ ապագայ երգչուհիին: Անոր հետ կը զբաղի ձայնամարզութեամբ, ինչպէս նաեւ կը սորվեցնէ նօթագրութիւն եւ մանտոլին նուագել: Մէկ խօսքով, Արիս Գալֆայեանն է, որ Մարիքա Նինուն կը մղէ դէպի երգն ու երաժշտութիւնը:

Երգչուհին խոր յարգանք ունեցած է իր ուսուցիչին նկատմամբ: 1950-ականներուն, երբ Մարիքա Նինու համերգային շրջապտոյտով Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներ գտնուած է, մեծ փափաք ունեցած է հանդիպելու Արիս/Տէր Կարապետ Գալֆայեանին, որ կը քահանայագործէր Գալիֆորնիոյ Ֆրեզնօ քաղաքին մօտակայ, հայաբնակ Եդեմ գիւղաքաղաքին մէջ: Բայց կը պատմուի թէ Մարիքա ամչցած է հանդիպելու իր ուսուցիչին, որ ժամանակին զինք մղած էր դէպի դասական երգեցողութիւն: Մարիքա – հաւանաբար այդ ժամանակներու մտածողութեան ազդեցութեան տակ – կը մտածէր թէ ռեպեթիքոյի ժողովրդական երգչուհի մը (ռեպեթիսա/Ρεμπέτισσα) ըլլալը որոշ ամօթանք կը կրէր եւ չէր նմաներ օփերայի սոփրանօ ըլլալուն: Այս պատճառով ան ի վերջոյ կը հրաժարի կապ հաստատելէ Գալիֆորնիա բնակող իր ուսուցիչին հետ:
Ինչպէս Սիսի հայոց մեծամասնութիւնը, Ադամեաններուն առաջին լեզուն թրքերէնն էր: Այս լեզուով կը հաղորդակցէին իրարու հետ, նոյնիսկ եթէ կը տիրապետէին հայերէնին: Մարիքա Նինու հասակ կը նետէ սսեցի ընտանիքին եւ սսեցի ազգականներու ու դրացիներու թրքախօս միջավայրին մէջ: Դպրոցին ու Գոքինիոյ միջավայրին մէջ ան կը տիրապետէ նաեւ հայերէնին ու յունարէնին, հետագային՝ նաեւ անգլերէնին: Երբ ծայր կ’առնէ իր երգչուհիի ասպարէզը, Մարիքա Նինու իր երգացանկին կ’աւելցնէ թրքերէն քանի մը երգեր։ Թրքերէն երգեր ալ լսելու պահանջ կար Յունաստանի մէջ, նկատի ունենալով որ Յունաստանի մէջ մեծ թիւ կը կազմէին Օսմանեան կայսրութենէն գաղթած թրքախօս յոյները: Մարիքա Նինու թրքերէնը կ’երգէր յունական առոգանութեամբ, բայց բաղդատած իր սերունդի շատ մը այլ յոյն երգիչներու հետ, այդ առոգանութիւնը նուազ շեշտուած էր, քանի որ Մարիքա լաւ կը տիրապետէր թրքերէնին: 1950-ականներուն, երբ կը մեկնի Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներ, Յունաստանի իր հարազատներուն ուղարկած նամակները ան կը գրէր հայատառ թրքերէնով: Դարձեալ թրքերէն էր իր ստացած առաջին մակդիրը՝ «տէլի» (խենթ). իր վայրենի նկարագիրին եւ երգելու համարձակութեան համար, պահպանողական իր միջավայրը զայն կը սկսի կոչել «Տէլի Մարիքա»: Կ’երգէր ազատօրէն, բարձր ձայնով, տան մէջ, դուրսը, իր ընկերուհիներուն առջեւ, միաժամանակ մանտոլին նուագելով: Այս բոլորը խոժոռ աչքով կը դիտուէին դուռ-դրացիները, որոնց համար այս համարձակ, վառվռուն եւ կենսունակ աղջիկը կը դառնայ «Տէլի Մարիքա»:
Առաջին ամուսնութիւնը Հայկ Մեսրոպեանի հետ
Հաւանաբար շրջապատին այս ճնշումը, շշուկներն ու բամբասանքները ընտանիքը կը մղեն Մարիքան կանուխ ամուսնացնելու՝ 17 տարեկանին:
Իրմէ առաջ արդէն երէց քոյրը՝ Արշակուհին, ամուսնացած էր Գրիգոր Արուճեանի հետ եւ գաղթած Արժանթին: Միւս քոյրը՝ Գոհարիկը, կ’ամուսնանայ 1935-ի շուրջ՝ Եօրմէզլեան մականունով հայու մը հետ եւ կ’ունենայ երեք դուստր: Քոյր-եղբայրներէն վերջին ամուսնացողը կ’ըլլայ Պարգեւը: 1945-ին ան կ’ամուսնանայ Պետրոս եւ Կիւլիզար (ծնեալ Սըվասլեան) Գալփաքեաններու դուստր, Հայկուհիի հետ: Կիւլիզար ծնած էր Գոնիա։ Պարգեւ ու Հայկուհի Ադամեաններ կ’ունենան երկու դուստր՝ Կիւլա եւ Արշալոյս: Կիւլայի մկրտութեան կնքամայրը կ’ըլլայ Մարիքա Նինուն, կնքահայրը՝ Մարիքայի որդին՝ Յովհաննէսը:
Հայկ Մեսրոպեան 1919-ին Աֆիոն Գարահիսար ծնած, Գոքինիա ապրող գաղթական մըն էր, որդին Բարսեղի եւ Իսկուհիի: Հայկ փականագործ էր, արհեստանոցը կը գտնուէր Գոքինիոյ մէջ: Հայկ եւ Մարիքա կը պսակուին 25 յունիս 1939-ին Գոքինիոյ Սուրբ Յակոբ եկեղեցւոյ մէջ: Ամուսնութեան կնքահայր Գրիգոր Տէր Սահակեանն ու պսակող Կիրակոս քահանայ Ներէտեանը, Ադամեան ընտանիքին նման, սսեցի էին եւ կ’ապրէին Գոքինիոյ մէջ:
Յաջորդ տարին՝ 3 ապրիլ 1940-ին, կը ծնի որդին՝ Յովհաննէսը (Եանաքի): Զայն 12 սեպտեմբեր 1940-ին կը մկրտեն նոյն եկեղեցւոյ մէջ: Կնքահայրն էր Գրիգոր Տէր Սահակեանը, մկրտողը՝ Յովհաննէս քահանայ Վիրանեանը: Նորակազմ ընտանիքը կ’ապրէր Գոքինիոյ Ծավելլա փողոցին մէջ: Հայկ Մեսրոպեանի մայրն ալ կ’ապրէր նոյն տան մէջ:
Հայկ Մեսրոպեանի եւ Վանուհի/Էվանկէլիա Ադամեանի ամուսնութեան արձանագրութիւնը Յունաստանի հայոց առաջնորդարանի տոմարներուն մէջ։ Հայկին արհեստը նշուած է երկաթագործ, մինչ Մարիքա Նինուի անունին դիմաց գրուած է «տնական» (աղբիւր՝ “Marriages 1900-1939,” FamilySearch Library, Salt Lake City, Utah, microfilm reel 1038667, item 2, p. 212, marriage record 2461, 25 June 1939, Hayg Mesrobian and Vanouhi-Evangelia Atamian)։
Մարիքա Նինուի առաջին ամուսնութիւնը երկար չի տեւեր: Զոյգը յաճախ կը վիճէր: Ամուսնալուծումը տեղի կ’ունենայ 1941-ին կամ 1942-ին: Այս տարիներուն կը մահանայ Սիմա Ադամեանը (1942-ին կամ 1943-ին): Հայկ կը վերամուսնանայ Սիրվարդին հետ (մականունը անյայտ) եւ Յունաստանի մէջ կը ծնի իրենց առաջին զաւակը՝ Բարսեղը։ 1946-ին կամ 1947-ին Հայկը եւ իր ընտանիքը կը մեկնին Խորհրդային Հայաստան՝ Յունաստանէն գաղթող հազարաւոր հայոց հետ:
Զոյգին բաժանումէն ետք Մարիքա կը վերադառնայ Մեղարոն փողոցին մէջ գտնուող մօր տունը, ուր պիտի անցընէր երկրորդ համաշխարհային պատերազմի ընթացքին գերմանական բանակներուն կողմէ Յունաստանի գրաւման դժնդակ տարիները: Յունաստանի մէջ սով սկսած էր: Ադամեաններուն նման գաղթական ընտանիք մը սաստիկ եւ երբեմն անյաղթահարելի դժուարութիւններ կ’ունենար առօրեայ սնունդը ճարելու համար: Մարիքա եւ եղբայրը՝ Պարգեւ, յաճախ ստիպուած էին երթալ շրջակայքի գիւղերը՝ գիւղացիներուն հետ ապրանքափոխանակութիւն ընելու. իրենց տան ասեղնագործութիւնները կը փոխանակէին հացահատիկի կամ բանջարեղէնի հետ:
Պարգեւ Ադամեան նոյնպէս գեղեցիկ ձայն ունէր: 1940-ականներուն, քոյր եւ եղբայր մաս կը կազմէին Սուրբ Յակոբ եկեղեցւոյ դպրաց դասին եւ կիրակիներուն ու տօնական օրերուն կ’երգէին շարականներ: Նշանաւոր էր «Ո՞ւր ես մայր իմ» շարականին Մարիքա Նինուի մեկնաբանութիւնը: Կը պատմուի որ Նինուի ներկայութեան, եկեղեցին աւելի կը լեցուէր հայ եւ յոյն հաւատացեալներով, որոնք կու գային նաեւ ունկնդրելու անոր առինքնող ձայնը: Տան մէջ ազգականներու կամ բարեկամներու միջավայրին մէջ կատարուած տօնախմբութիւններու ընթացքին, անոնք կ’երգէին նաեւ թրքերէն շարքիներ, որոնք հարազատ էին գաղթական հայերէն շատերուն: Անոնցմէ կը յիշուի Ümitlerim hep kırıldı (Յոյսերս ցնդեցան) երգը: Յատկանշական է որ Քոսթաս Ֆերրիսի՝ 1983-ին արտադրուած Rembetiko ֆիլմին մէջ – որ Մանիքա Նինուի վիպային պատմութիւնն է – այս թրքերէն երգը կը գործածուի իբրեւ խորքային երաժշտութիւն:

Մարիքա Նինու երգչուհիի փայլքի տարիները
1940-ականներուն Մարիքա կը ծանօթանայ յոյն լարախաղաց Նինոյին (Նիքոս Նիքոլայիտիս) եւ կ’ամուսնանայ անոր հետ: Նինօ եւ Մարիքա միասին կը կազմեն լարախաղացներու խումբ մը, որ կը կոչուի «Նինօ զոյգը» (Ντούο Νίνο): Աւելի ուշ, Մարիքայի որդին՝ փոքրիկ Յովհաննէսը կը միանայ խումբին, որ կը սկսի կոչուիլ «Երկուքուկէս Նինօ» (Δυόμισι Νίνο): Երեքով կը շրջագային յունական զանազան քաղաքներ, ուր ելոյթներ կ’ունենան: Այս ժամանակ է որ Էվանկէլիա Ադամեան կ’որդեգրէ «Մարիքա Նինու» արուեստագիտուհիի անունը:
Գերմանական գրաւումէն Յունաստանի ազատագրութենէն ետք, խումբը կը հաստատուի Աթէնքի Էղալէօ (Egaleo) թաղամասին մէջ եւ կը սկսի լարախաղացի ելոյթներ ունենալ մայրաքաղաքի թատերասրահներուն մէջ: Երկրորդ համաշխարհային պատերազմին աւարտը նաեւ սկիզբն էր ռեպեթիքոյի եւ պուզուքիի զարթօնքին: Այս տարիներուն բեմերու վրայ կը սկսին աւելի շատ երեւիլ երգչուհիներ, որոնց շարքին՝ Մարիքա Նինուն:
Կը պատմուի հետեւեալ դրուագը, որ կը կարծուի թէ սկիզբն ու խթանը եղած է Նինուի ռեպեթիքոյի երգչուհիի ասպարէզին: Իր խումբին հետ, երբ լարախաղացի ելոյթ մը կ’ունենար Աթէնքի մօտակայ «Սալամիս» նաւակայանին մէջ, ծովակալ մը իրմէ կը խնդրէ թրքերէն երգ մը հնչեցնել: Նինու կը սկսի երգել իր մօրմէն լսած եւ սորված երգերէն մէկը: Հանդիսատեսներուն մէջ կը գտնուէր նաեւ դերասան Փեթրոս Քիրիաքոսը, որ Նինուի ձայնէն տպաւորուած, զայն կը ծանօթացնէ Մանոլիս Հիոթիսին, որու հետ 1948-ին կը պատրաստեն Նինուի առաջին ձայնագրեալ երգերը:
Յաջորդ տարի յունական երգարուեստի այդ ժամանակուայ հսկաներէն Վասիլիս Ցիցանիսի հետ գործակցութիւնը նոր բարձրունքներու պիտի հասցնէր Մարիքա Նինուի հռչակը. ան պիտի դառնար Յունաստանի այդ տարիներու ամէնէն ժողովրդական երգիչներէն մէկը: Այս գործակցութեան ընթացքին մեծ թափ կ’առնէ Մարիքայի երգերուն արձանագրութիւնը եւ ձայնասկաւառակներով արտադրութիւնը: Մարիքա Նինու, ասուպային տեւած երգարուեստի իր ասպարէզին ընթացքին, իր տաղանդով եւ բեմական ներկայութեամբ պիտի յեղաշրջէր յունական արդի ժողովրդական երգի մարզը:
Իր վաստակած հռչակի տարիներուն, Մարիքա Նինու փորձած է թաքցնել իր հայկական ինքնութիւնը: Որքան ալ Յունաստանը բիւրաւոր հայ գաղթականներու համար նոր եւ ապահով սկիզբի ու վերականգնումի երկիր եղած է, այսուհանդերձ անոնք տասնամեակներ շարունակ խտրականութեան ենթակայ էին պետական օրէնքներով. անկարելի էր յունական քաղաքացիութիւն ստանալ եւ ապրիլ իբրեւ լիիրաւ քաղաքացի: Այս բոլորը վստահաբար Մարիքա զգացած ու ապրած է սկիզբը Գոքինիոյ մէջ իր գաղթականի կեանքին, հետագային ալ իր երգչուհիի ասպարէզին ընթացքին: Յունաստանի մէջ հայերը կ’ապրէին գաղթականի կարգավիճակով (կը կրէին այսպէս կոչուած Նանսէնեան անցագիրներ): Պէտք էր սպասել մինչեւ 1960-ականներու վերջը, որպէսզի ի վերջոյ ստանային յունական անձնաթուղթեր: Մարիքա Յունաստանի քաղաքացիութիւն պիտի ստանար Նիքոս Նիքոլայիտեսի հետ ամուսնութենէն ետք: Բայց այդ չէր արտօներ, որ իր ընտանիքի անդամները դառնային Յունաստանի քաղաքացի: Օրինակ, իր որդին՝ Յովհաննէս/Եանաքին, կը համարուէր ոչ-յոյնի՝ գաղթական հայու որդի. Յովհաննէս պիտի սպասէր մինչեւ 1960-ական թուականները Յունաստանի քաղաքացի դառնալու համար: Արուեստագիտուհիի յունական անունի ընտրութիւնը կը կարծենք, թէ պարզ պատահականութիւն չէր: Յունական միջավայրին մէջ՝ խուսափելու համար ցեղապաշտական հակադարձութիւններէ, ան ինքզինք ընդհանրապէս կը ներկայացնէր իբրեւ պոնտացի կամ փոքրասիացի յոյն: Յայտնի գրող Էլիաս Փեթրոփուլոս Մարիքա Նինուի մասին գրած է. «Յոյները անծանօթ են, որ ռեպեթիքոյի մեծագոյն երգչուհին յոյն չէր: Մարիքա Նինու հայուհի էր՝ հօրմով եւ մօրմով»:
Հոկտեմբեր 1951-ին, Նինու-Ցիցանիս զոյգը կը հրաւիրուի Թուրքիա, ուր մօտ մէկուկէս ամիս համերգներ կու տայ Սթամպուլի մէջ, յատկապէս Kazablanka Kazinosu-ի մէջ (Casablanca Music Hall): Այս շրջապտոյտին մասին զոյգին իբրեւ դաշնակահարուհի եւ աքորտէոն նուագող ընկերակցած Էվանկէլիա Մարկարոնի հետագային վկայութիւններ տուած է: Այսպէս, ճամբորդութեան ընթացքին Ցիցանիս զգուշացուցած էր Նինուն որեւէ առիթով իր հայկական ինքնութիւնը չյայտնել, հայերէն չխօսիլ, այն մտահոգութեամբ որ թուրքեր կրնան վրդովիլ, ժխտականօրէն հակադարձել եւ տապալել համերգային շրջապտոյտը: Բայց օր մը Նինու կը նկատէ որ «Քազապլանքա»յի մէջ տրուող համերգին ներկայ են նաեւ հայախօս մարդիկ: Նինու չի դիմանար, կը մօտենայ անոնց, կ’ըսէ թէ ինքն ալ հայ է, ապա հայերէն երկու երգ կը հնչեցնէ:
Կանխահաս մահը
1954-1955 թուականներուն Մարիքա Նինու կը մեկնի Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներ, ուր այդ ժամանակ ռեպեթիքօն որոշ շրջանակներու (մանաւանդ յոյն-ամերիկացիներու) մէջ երգի փնտռուած ժանր մըն էր: Ան յոյս ունէր որ ամերիկեան շրջապտոյտէն բաւարար գումար պիտի վաստակէր՝ իր, ինչպէս նաեւ եղբօր՝ Պարգեւի ընտանիքին նիւթապէս աջակցելու համար: Պարզուած էր, որ Պարգեւ կը տառապէր քաղցկեղէ. ան պիտի մահանար քրոջ այս ճամբորդութեան ընթացքին: Մարիքա ամէն ձեւով փորձած է աջակցիլ եղբօրը հիւանդութեան այս դժուար ամիսներուն: Ան մանաւանդ երախտապարտ էր Պարգեւին, որ փոքր տարիքին սկսած էր աշխատիլ ընտանիքին ապրուստը ապահովելու, քոյրերուն կրթութեան հնարաւորութիւն տալու եւ գործարաններու մէջ բանուորուհի ըլլալու դժուարին պայմաններէն զերծ պահելու համար:
Ա. Մ. Ն.էն վերադարձին քաղցկեղ կը յայտնուի Նինուի մօտ ալ: Կարգ մը աղբիւրներ կը նշեն թէ Նինուի քով քաղցկեղը յայտնուած էր առաջին իսկ ճամբորդութեան:
1956-ին Մարիքա դարձեալ կը մեկնի Ա. Մ. Ն.: Այս երկրորդ ճամբորդութիւնը միաժամանակ մասնագէտ բժիշկներու կողմէ քննուելու եւ բուժուելու նպատակ ունէր: Ուղեւորութիւնը կը տեւէ գրեթէ կէս տարի՝ մարտէն օգոստոս: Վերադարձին Մարիքա Նինու արդէն ծանր հիւանդ էր: Այդուհանդերձ, ան մինչեւ վերջ կը շարունակէ համերգներ տալ՝ եկամուտ ապահովելու համար:
Մահէն քանի մը օր առաջ այցելութեան կու գայ Վասիլիս Ցիցանիսը, որուն ուղղելով խօսքը, մահամերձ Նինու կ՚ըսէ. Σαν άστρο εβασίλεψα։ Յունարէնով երկու իմաստ ունեցող խօսք մըն է, որ զոյգ նշանակութիւններ ունի. «Աստղամուտի պէս հեռացայ» եւ «Աստղի նման տիրակալեցի»։ Մահէն քանի մը օր ետք, Ցիցանիս կը յօրինէ մինչեւ այսօր հռչակաւոր երգ մը՝ «Կիրակի էր երբ քեզ տեսայ» (Κυριακή σε γνώρισα), ուր կը կրկնուի Նինուի վերոնշեալ խօսքը։
Ահաւասիկ երգէն քանի մը տողեր.
Κυριακή σε γνώρισα Κυριακή σε χάνω Θέλω να είναι Κυριακή Κι αυτή που θα πεθάνω | Կիրակի էր երբ քեզ տեսայ, Կիրակի` կ՚երթաս ճանս Խնդրե՜մ ըլլայ թող Կիրակի Վերջին ժամ ու վախճանս։ |
Σαν άστρο εβασίλεψες Και χάθηκες χαρά μου Κι απ' τον καημό μου το βαρύ Έγινε μαύρη η Κυριακή Και σπάραξε η καρδιά μου | Աստղամուտի պէս հեռացար Լոյս երկնային մարեցար, Սիրտս է ծանր, տարտս շատ, Սիրոյ ճամբան է անգութ` Կիրակիս ալ խաւար ու մութ։ (Թարգմանութիւն` Արտա Ճէլալեան) |
Մարիքա Նինու կը մահանայ 23 փետրուար 1957-ին՝ Էղալէօյի իր տան մէջ: Կը թաղուի եղբօր՝ Պարգեւի շիրիմին կողքին: Դժբախտաբար, երկուքին գերեզմանները այսօր գոյութիւն չունին. անոնք քանդուած են ու անոնց փոխարէն այլ շիրիմներ տեղադրուած են, քանի որ անոնց խնամքը նիւթապէս կարելի չէր եղած ապահովել:
Մարիքա Նինուի կենսագրութեան մէջ գաղթականութիւնը եւ գաղթականի կեանքի պայմանները մնայուն եւ անձկալի ներկայութիւններ եղած են: Իբրեւ գաղթական եւ հայ գաղթական ընտանիքի զաւակ, ան դէմ յանդիման գտնուած է զանազան մարտահրաւէրներու. աղքատութիւն, ցեղային խտրականութիւն, համայնքային կեանքի յաճախ ճնշող միջավայր, վերնախաւի մը կողմէ ստորադաս համարուող երգարուեստի ճիւղի մը (ռեպեթիքօ) ընտրութիւն… Սակայն շնորհիւ իր կամքին, վճռականութեան եւ տաղանդին, Էվանկէլիա Ադամեան/Մարիքա Նինու այս բոլորին կրցած է դէմ դնել եւ հասնիլ արուեստի մարզէն ներս հսկայական նուաճումներու: Յետոյ պատահած է կանխահաս մահը, հետագային ալ՝ շիրիմին անհետացումը: Բայց ռեպեթիքոյի անզուգական աստղը դեռ չէր մարած. ընդհակառակը, ան կը շարունակէր շողշողալ եւ իր մասին հետաքրքրութիւններու ալիքներ ստեղծել: Քոսթաս Ֆերրիսի Rembetiko ֆիլմը լաւագոյն ապացոյցն է ասոր: Վերջերս ալ Քաթերինա Ցիրիտուի եւ Թասոս Քաքլամանիսի հեղինակութեամբ լոյս տեսաւ գիրք մը, ուր մանրամասնօրէն կը ներկայացուի Մարիքա Նինուի կենսագրութիւնը եւ լուսարձակի տակ կ’առնուի նաեւ անոր հայկական ինքնութիւնը (որ բացակայ է Rembetiko ֆիլմին մէջ):
Մարիքա Նինուի աստղը կը շարունակէ վառ մնալ: Երգերու ճամբով անոր առինքնող ձայնին եւ յիշատակին մինչեւ օրս հզօր ներկայութիւնը ոգեւորիչ ազդակ մըն է աղքատութեան, զրկանքի, խտրականութեան, անարդարութեան, նեղմտութեան եւ անհանդուրժողութեան դէմ մղուող պայքարին մէջ:
Աղբիւրներ
- Katerina Tsiridou, Tasos Kaklamanis,"Μαρίκα Νίνου – Ευαγγελία Αταμιάν. 'Σαν άστρο εβασίλεψα‘" [Մարիքա Նինու – Էվանկէլիա Ադամեան. «Աստղի մը նման փայլեցայ»], Ellinoekdotiki Publications, 2023, Աթէնք։
- Կիւլա Անսէրեանի (ծնեալ Ադամեան) եւ Արշալոյս Անսէրեանի (ծնեալ Ադամեան) հետ հարցազրոյց, 3 յունիս 2024:
- Միսաք Քէլէշեան, Սիս-Մատեան, տպ. Հայ Ճեմարան, Պէյրութ, 1949:
- Αργυρώ Μποζώνη Argyro Bozoni, Μαρίκα Νίνου: Αυτή είναι η ζωή της [Marika Ninou: This is her Life], 7 March 2022 [https://www.lifo.gr/culture/music/marika-ninoy-ayti-einai-i-zoi-tis]
- Vangelis Pallas, Ευαγγελία Αταμιάν (Μαρίκα Νίνου 1922-1957) [Evangelia Atamian (Marika Ninou 1922-1957)], 6 May 2021 [https://peripteron.eu/evangelia-atamian-marika-ninou-1922-1957/]
- Եդեմ, Ս. Աստուածածին Հայոց Առաքելական եկեղեցի, Yettem, Monthly Bulletin of St. Mary Armenian Apostolic Church, Yettem, California, 1967, թիւ 5, մայիս:
- Անուշ Թրուանց, «Մարիքա Նինու. 100-ամեակ», Ժամանակ օրաթերթ, Սթամպուլ, թիւ 12793, 10 մարտ 2022:
- «Մարիքա Նինուի առասպելը» (անստորագիր), Ազատ Օրի 2002-ի ամանորի բացառիկ թիւ, Աթէնք:
- «Մարիքա Նինու. անտեսուած խաւի մը երգին՝ ռեպեթիքայի կախարդը» (անստորագիր), Նոր Աշխարհի 2004-ի տարեգիրք, Բ. հատոր, Աթէնք, տպարան Յ. Առաքելեան, էջ 40-42:
- Քուին Մինասեան, «Մարիքա Նինու ոգեկոչուեցաւ», Ակօս շաբաթաթերթ, Սթամպուլ, թիւ 846, 29 յունիս 2012:
- Ս[եդրակ] Շահէն, «Տէր Կարապետ Ա. Քհնյ. Գալֆայեան», Երիտասարդ Հայաստան երկշաբաթաթերթ, Նիւ Եորք, 64-րդ տարի, թիւ 14, 4 օգոստոս 1967:
- Սիֆի Գասէսեան, “Prosopikes apopsis ya ta kina” [Անհատական կարծիքներ բոլորիս վերաբերող], Նոր Աշխարհ/Armenikos Typos, Աթէնք, 21 ապրիլ 2014, էջ 2:
- T. [Յակոբ Ճելալեան], “Marika Ninou – I Armenissa tou rebetikou” [Մարիքա Նինու – Ռեպեթիքոյի հայ երգչուհին], Նոր Աշխարհ/Armenikos Typos, 15 ապրիլ 2003, էջ 3:
- “Marika Ninou – Afigmatikos monologos apo tin adelfitis” [Մարիքա Նինու – Իր քրոջ պատումը] (անստորագիր), Նոր Աշխարհ/Armenikos Typos, 17 յուլիս 2006:
- FamilySearch Library.