Շամլեան եւ Կարապետեան ընտանիքներու պատկերներ (Կէյվէ), ինչպէս նաեւ այլ հայերու դիմապատկերներ նախքան Ցեղասպանութիւնը
Այս էջով ներկայացուած լուսանկարներէն ոմանք փակցուած կը մնային պահարանի մը մէջ պահուող երկու ալպոմներու մէջ, իսկ ուրիշներ ալ տեղադրուած էին տուփի մը մէջ։ Անոնք կը վերաբերին մօրենական ընտանիքիս երկու ճիւղերուն. մեծ մօրս՝ Անահիտ Շամլեանին, որ ծնած է Կէյվէ (Պուրսայի հիւսիս-արեւելքը) 1902-ին եւ մեծ հօրս՝ Խաչիկ Կարապետեանին, որ շատ հաւանաբար նոյնպէս ծնած է Կէյվէ, 1896-ին՝ այնպէս ինչպէս նշուած է Նանսէնեան իր անցագիրին մէջ։ Լուսանկարներուն մէջ երեւցող անձերէն շատեր ինծի անծանօթ են, բայց կարեւոր է զանոնք ցուցադրել, նկատի ունենալով պատկերներուն ներկայացուցած պատմական արժէքը։ Հոն աչքի կը զարնեն անձեր յատուկ բեմայարդարումի մը շրջագիծին մէջ (այս պարագային խօսքը կը վերաբերի լուսանկարչատան բեմայարդարումին). հագուստներ, գոհարեղէններ, դիրքեր, ճաշակներ, նորաձեւութիւններ, կեցուածքներ։ Անոնք վկաներն են նաեւ լուսանկարչատան կողմէ եղած ընտրութիւններուն։ Այս լուսանկարչատուներէն է Նիքոլայ Անտրէօմենոսը, որ հանրայատ էր ժամանակին։ Կայ նաեւ այս պատկերներէն յառաջ եկող մթնոլորտը. օրինակի համար գոյութիւն ունի երեք երեխաներու լուսանկարը, ուր անոնց դէմքին կ՚երեւի սքանչելի արտայայտութիւն մը, զարմացնող հասունութիւն մը, ոտքի վայելուչ դիրքաւորում մը, աշխարհի գիւտը ընող նայուածքի մը նրբամտութիւնը։
Անահիտ Շամլեանի պատկերին մէջ, ան 7 տարեկան աղջնակ մըն է, որ կանգնած է աթոռի մը վրայ՝ թերեւս աւելի լուսաւոր նկար մը ձեռք բերելու դիտաւորութեամբ կամ ալ աւելի մօտիկ ըլլալու համար պատէն կախուած շրջանակուած նկարներուն, ծանրաչափին եւ պատի ժամացոյցին։ Ամէն պարագայի պատկերը 1915-էն առաջ է։ Ուշադրութիւնս գրաւած է այդ ժամանակներու պատկերներուն վրայ երեխաներուն ծանրախոհութիւնը։ Ըստ իս, այս մէկը յաւելեալ արժէք կու տայ դիմապատկերներուն, կը շեշտաւորուի պահը որսալու մելամաղձոտ տարողութիւնը, մարդկայինի լքումը, որուն անզգայաբար գիտակից է երեխան. նոյն այս լքումի բացարձակ արտայայտութիւնն է պատկեր առնելու գործողութեան ընդմէջէն ժամանակը պատկերի վերածելու անկարելիութիւնը։ Թերեւս նաեւ պարտադիր ժպիտին կամ ընդհանրապէս այլանդակ խնդուքին երեւան գալը պէտք է վերագրել ընկերութիւններու ամերիկանացումին եւ ծանուցումներու ոճին տիրապետութեան։ Ինչ որ ալ ըլլայ, երեխայ Անահիտ Շամլեան, իր մտախոհ վիճակով, պատկերին ընդմէջէն ցոյց կու տայ իր ապրած միջավայրին յարդարումը, իր զգեստաւորումը, ապարանջանները, վիզէն կախուած մանեակը։ Մեծ մօրս փոքր աղջիկ վիճակով այս պատկերը դիտելով, կը վերյիշեմ հոգեխոցումի պատմութիւն մը, զոր ան կը պատմէր. հայրը Պոլիսէն իրեն նուէր բերած էր շատ գեղեցիկ պուպրիկ մը, զոր ակնածանքով կը պահէին։ Օր մը, թուրք երեւելի մը (գիւղապե՞տը) այցելութեան կու գայ իրենց եւ կ՚ըսէ որ իր աղջիկը պիտի ուզէր ունենալ այս պուպրիկը։ Հայրը զայն կը յանձնէ այցելուին։ Անահիտ Շամլեանի ծնողները զոհ կ՚երթան Ցեղասպանութեան։
Անահիտ Շամլեան փոքր քոյրն է Սուրէն Շամլեանի, որ Պոլսոյ «Մարմարա» թերթին հիմնադիրն է։ Սուրէնի ընտանիքը կը գաղթէ Գանատա։ Սուրէնին եւ Անահիտին ծնողները Կարապետ Շամլեանն ու Աղաւնի Իւփիքեանն են։ Կարապետի հայրը Հաճի Օհան Շամլեանն է, մայրը՝ Սրբուհի Փիլիպոսեանը։
Սուրէն Շամլեան մանկութեան ընկերն էր Խաչիկ Կարապետեանի, որ հետագային պիտի ամուսնանար Անահիտին հետ։ Երկուքին ընտանիքները կը զբաղուէին մետաքսի արտադրութեամբ։ Լուսանկարներէն մէկուն վրայ Սուրէնն ու Խաչիկը միասնաբար կ՚երեւին Պոլսոյ «Նոր Դպրոց» վարժարանի խմբանկարին վրայ, 1912-1913 տարեշրջանին։ Պատկերին մէջ «Նոր Դպրոց»ը կը յայտնուի գեղեցիկ, մեծ, տպաւորիչ եւ պատմութիւն ունեցող շէնքի մը ընդմէջէն։ Լուսաւոր բակին մէջ երեխաները եւ պատանիները շատ լուրջ կ՚երեւին, թէեւ ոմանք որոշ քմծիծաղ մը կ՚արտայայտեն, բոլորն ալ լաւապէս հագուած են, լուսանկարուած են իրենց ուսուցիչներուն կողքին։ Արդեօք ի՞նչ եղան անոնք…
Ցեղասպանութեան նախորդած այլ լուսանկարներու մէջ կը տեսնենք Կարապետեան ընտանիքին պատկանող կիներ եւ երեխաներ, Անահիտի հօրը մէկ դիմանկարը, ուրիշ մը Խաչիկին հօրեղբօր դիմանկարը։ Ընտանիքը մեծ էր, զարմիկներ հետագային իրարու կը գտնեն Եւրոպայի մէջ, անոնցմէ ոմանք հոս հաստատուած էին տակաւին Ցեղասպանութենէն առաջ։ Այս էր պարագան Մանուկ Կարապետեանի, որ կը բնակէր Ժընէւի մէջ եւ կը զբաղէր հնավաճառութեամբ։ Անոր որդին՝ Ռուտոլֆը, ճարտարապետ պիտի ըլլար, իսկ դուստրը պիտի բանար արուեստի վաճառատուն մը։ Այլ զարմիկ մը՝ Միհրան Կարապետեան՝ Քերոբի որդին, հաստատուած էր Փարիզի մէջ։
Այլ պատկերի մը մէջ երեւցող երկար մազերով երիտասարդ աղջիկը հաւանաբար մեծ հօրս քոյրն է՝ Մաննիկը. կանուխ մահացած է, եթէ չեմ սխալիր թոքախտի հետեւանքով։ Ֆիզիքապէս կը նմանի մօրաքրոջս՝ Սոնային, որ միշտ ալ կը պահէր իրմէ դիմապատկեր մը՝ արծաթեայ շրջագիծով։
Անահիտ Շամլեան եւ Խաչիկ Կարապետեան Մարսէյ կը հասնին 1923-ին։ Հոս է որ կը ծնի մօրաքոյրս։ Անոնք կը մեկնին Պրիւքսէլ, ուր արդէն կ՚ապրէր Խաչիկի եղբայրը՝ Կարապետը (որ երբեք չեմ ճանչցած) եւ մայրը՝ Վարդանուշը։ Այս վերջինը այրի մըն էր, հետագային պիտի թաղուէր Պրիւքսէլի գերեզմանատան մէջ։ Լուռ մէկն էր, միշտ սեւեր հագած, բաւական ապակողնորոշուած էր միջավայրերու այս արագ փոփոխութիւններէն, անախորժ երկինքով եւ անծանօթ լեզուով երկրի մը մէջ ապրելէն։ Մայրս՝ Յասմիկ (1930-2017), միշտ ալ սիրեց այս գորովալի եւ արմատախիլ եղած մեծ մայրիկը։ Խաչիկ կը մահանայ սրտի կաթուածէ՝ 1959-ին, Անահիտ կը մահանայ 1992-ին։ Անոնք կը թաղուին Պրիւքսէլի գերեզմանատան մէջ, ուր իրենց կը միանայ նաեւ Յասմիկ։ Կէյվեցիներ կ՚ապրին նաեւ Միացեալ Նահանգներու մէջ։ Անոնցմէ կը յիշեմ Կլորիա Միսիրեան, որ ազգականական հեռաւոր կապեր ունէր մեծ մօրս հետ։ Կար նաեւ Նիւ Ճըրսի ապրող այլ զարմիկ մը՝ Հերրի Փափազեան, որ Ղազարոս եւ Հելինա Փափազեանի շառաւիղէն էր։ Հերրիի հայրը՝ Ներսէսը, Միացեալ Նահանգներ կը հասնի 1912-ին։ Հելինան քոյրն էր Հաճի Օհան Շամլեանի։