Մինասեան ընտանիքի հաւաքածոյ - Գոքինիա, Յունաստան

30/12/22 (վերջին փոփոխութիւն՝ 30/12/22)։ Սոյն էջը պատրաստուեցաւ գործակցութեամբ Աթէնքի «Արմենիքա» պարբերաթերթին։

Մինասեան կողմը (Աֆիոն Քարահիսար, Ատանա, Իզմիր)

Կարօ Մինասեան՝ Հայկանին եւ Քուինին հայրը, ծնած է Աֆիոն Քարահիսար, 1921-ին։ Կարոյին ծնողներն են՝ Մարգար եւ Հայկանուշ։ Այս էջով ներկայացուած լուսանկարներուն կարեւոր մէկ մասը մաս կը կազմեն Կարօ Մինասեանին անձնական ալպոմին, ուր ընտանեկան պատկերներուն կողքին, կան բազմաթիւ այլ լուսանկարներ, որոնք կը ներկայացնեն 1920-ականներէն մինչեւ 1960-ականները Յունաստանի համայնքային կեանքը. դպրոցական խմբանկարներ, դպրոցական հանդէսներ, կուսակցական կեանք, կարգ մը անձնաւորութիւններու Յունաստան այցելութիւններ, եկեղեցական արարողութիւններ, թատրոն, եւայլն։

Կարոյին հայրը՝ Մարգարը, ծնած է Աֆիոն Քարահիսար։ Մարգարին կինը՝ Հայկանուշը, Ատանայի շրջանէն է։ Մարգարը արհեստով հիւսն էր։ Ան վարպետօրէն կրնար կահ-կարասիներու վրայ նախշեր եւ զանազան զարդարանքներ աւելցնել։ Գործի բերումով յաճախ կ՚երթար Ատանայի կողմերը, ուր երկար կը մնար։

Կ՚ենթադրենք որ այս աշխատանքային ճամբորդութիւններուն ընթացքին է, որ ծանօթացած է Հայկանուշին եւ ամուսնացած են։ Կ՚ունենան վեց զաւակ. Սրբուհի, Թագւոր (ծնած է 1908-ին-կը մահանայ 1971-ին), Հռիփսիմէ (կը մահանայ 1985-ին), Կարօ (1921-1995), Օննիկ (Յունաստան ծնած է)։ Այս զաւակներէն Թագւորը Ատանա ծնած է։ Մարգար ընտանիքին մէջ կը պատմէր, որ իրենք փրկուած են Ատանայի 1909-ի ջարդերէն։ Այս շատ հաւանաբար կը նշանակէ, որ Մարգարին եւ Հայկանուշին ընտանիքը Կիլիկիա գտնուած են հակահայ այս ջարդերուն ընթացքին։ Կ՚ենթադրենք որ այս դէպքէն ետք է, որ անոնք կը տեղափոխուին Աֆիոն Քարահիսար, ուր ծնած է Մարգարին եւ Հայկանուշին դուստրը՝ Հռիփսիմէն։

Մարգարը ութը քոյր եւ եղբայր ունէր։ Անոնց անունները չենք գիտեր, բայց ծանօթ է որ 1915-ի Ցեղասպանութեան ժամանակ ամբողջ ընտանիքին հետ անոնք կը տարագրուին եւ անհետ կը կորսուին։ Մարգարին եւ Հայկանուշին ընտանիքը նոյնպէս կ՚ապրի ջարդի ու տեղահանութեան բոլոր սարսափները։ Առաջին համաշխարհային պատերազմի աւարտին, Հայկանուշին եւ Մարգարին ընտանիքը կը գտնենք Զմիւռնիոյ մէջ։ Այս քաղաքին մէջ կ՚ապրին յունական թաղամասին մէջ, ուր ունէին յոյն դրացիներ, որոնց հետ կը բաժնէին հասարակաց բակ մը։ Մարգար անմիջապէս կը լծուի հիւսնի իր արհեստին եւ փնտռուած վարպետ մը կը դառնայ քաղաքին մէջ։

Թագուհի Փալանճեանին (ծնեալ Բարսեղեան) պատկանած մանեակ։ Ձախին՝ Յակոբ Փալանճեանը, աջին՝ Թագուհի Փալանճեանը եւ հաւանաբար Յակոբին քոյրը՝ Արուսը։
Գոհարիկ Մինասեանին (ծնեալ Փալանճեան) պատկանած մանեակ, որուն մէջ կ՚երեւին Կարոյին եւ Գոհրաիկին պատկերները։
Գոհարիկ Մինասեանին (ծնեալ Փալանճեան) պատկանած մանեակ, որուն մէջ կ՚երեւին Կարոյին եւ Գոհրաիկին պատկերները։
Յակոբ Փալանճեանին գրպանի ժամացոյցը։
Գոհարիկ Մինասեանին (ծնեալ Փալանճեան) պատկանած մանեակ, որուն մէջ կ՚երեւին Կարոյին եւ Գոհրաիկին պատկերները։
Յակոբ Փալանճեանին գրպանի ժամացոյցը։
Յակոբ Փալանճեանին գրպանի ժամացոյցը։
Արուս Այտընեանին (ծնեալ Փալանճեան) պատկանած մատանի։
Յակոբ Փալանճեանին գրպանի ժամացոյցը։
Յակոբ Փալանճեանին գրպանի ժամացոյցը։
Ոսկիէ, արծաթէ եւ թանկագին քարէ կազմուած մանեակ։ Պատրաստուած է Պոլսոյ մէջ։ Սերունդներով մնացած է Փալանճեան ընտանիքին մէջ։

1922-ին, յունական բանակներու Իզմիրի շրջանէն նահանջի ժամանակ եւ թրքական զօրքին յառաջխաղացումին լոյսին տակ, Մինասեան ընտանիքը եւս կը փորձէ գաղթել դէպի Յունաստան։ Երբ թրքական բանակները Իզմիր կը մտնեն, կը սկսին ձերբակալել քրիստոնեայ չափահաս տարիքի տղամարդիկը։ Մարգար ինք եւս կը ձերբակալուի եւ գերի կը տարուի։ Ընտանիքին մնացեալ անդամներուն Իզմիրէն նաւով ճամբորդութիւնը կը դառնայ մեծ արկածախնդրութիւն մը։ Նաւահանգիստի քարափին ստեղծուած խուճապի մթնոլորտին մէջ թուրքեր կը փորձեն առեւանգել Սրբուհին, բայց չեն յաջողիր։ Քիչ մը աւելի ուշ, ան կը մահանայ դէպի Յունաստան գաղթի ճամբուն վրայ։ Այս ընթացքին Թագւորին կռնակին կապած էին տակաւին երեխայ Կարօն։ Նաւ կը բարձրանան եւ ճամբորդութեան առաջին հանգրուանը կ՚ըլլայ Սելանիկ քաղաքը, որմէ ետք պէտք էր ուղղուէին Աթէնքի մօտակայ Փիրէա նաւահանգիստը։ Մինասեան ընտանիքը նոյնպէս Փիրէա ուղղուող ճամբորդներուն շարքին էր։ Բայց Սելանիկը ձգելէ ետք, կը նկատեն, որ Կարօն այլեւս Թագւորին կռնակը չէր. նաւը արդէն ճամբայ ելած էր դէպի Փիրէայի նաւահանգիստը։ Այնպէս որ տեղ կը հասնին առանց Կարոյին։

Անտանելի կացութիւն մըն էր։ Իբրեւ գաղթական հասած էին Փիրէա, ընտանիքին հայրը մնացած էր Իզմիր, պէտք էր ամէն ինչ սկիզբէն սկսիլ Յունաստանի մէջ, նոյն ժամանակ ալ պէտք էր զբաղուէին Կարօն գտնելու օրհասական խնդիրով։ Կը հաստատուին Փիրէայի մօտակայ Լիփազմա շրջանը, ուր արագօրէն կառուցուած էր հսկայական գաղթակայան մը, որու բնակչութեան կարեւոր մէկ հատուածը հայեր էին։ 

Ժանեակ։ Այս տեսակի ասեղնագործութիւններով կը զարդարէին զգեստներուն եզերքները։ Յակոբ Փալանճեան վարպետ ժանեակ գործող մըն էր։ Ան այս արհեստով կը զբաղի երբ ընտանեօք Գոքինիա կը հաստատուին։ Իր արտադրութիւնները փնտռուած էին շուկային վրայ։ Այս արհեստին գաղտնիքներուն տիրացած էր Կելիփոլիի մէջ։ Սոյն ժանեակները իր գործերն են։

Կարոյին հարցով բախտը կը ժպտի Մինասեան ընտանիքին։ Իզմիրի իրենց տան յոյն դրացուհին Մինասեան ընտանիքը փոխադրող նոյն նաւով իջած էր Սելանիկ։ Հոս ան կը նկատէ փոքրիկ Կարօն յոյն զոյգի մը հետ։ Դրացուհին Կարօն լաւ կը ճանչնար, քանի որ Իզմիրի նոյն բակին մէջ կ՚անցընէին օրը, յաճախ նաեւ կը գրկէր ու կը սիրէր զայն։ Կինը յատուկ կու գայ Լիփազմա եւ Մինասեան ընտանիքին կը փոխանցէ ուրախ լուրը եւ Կարոյին գտնուած հասցէն։ Կը պարզուի, որ Կարօն առեւանգողը յոյն նաւավար մըն էր, որ ամուսնացած էր եւ անզաւակ էր։

Հայկանուշը իր հետ կ՚առնէ Թագւորը, ինչպէս նաեւ գաղթակայանի հայ քահանան եւ բոլորը միասին կը մեկնին Սելանիկ։ Այս ճամբորդութիւնը տեղի կ՚ունենայ Կարոյին առեւանգուելէն մօտ վեց ամիս ետք։  Թագւորը շատ կը նմանէր Կարոյին։ Կը մտնեն Կարօյին գտնուած տունը, բայց կինը կը պնդէ թէ Կարօն իր երեխան է։ Հայկանուշը իբրեւ փաստ կ՚ըսէ թէ Կարոյին կռնակին վրայ խալ մը կայ, իսկ իբրեւ երկրորդ փաստ ցոյց կու տայ Թագւորը, որ ուղղակի նման էր եղբօրը։ Վերջաւորութեան արժէքաւոր իր մէկ մատանին կը ձգէ յոյնին տան մէջ, կ՚առնէ Կարօն ու կը սուրայ դուրս…

Կարօ Մինասեանին 1932 թուականի անցագիրը, որուն միջոցով Երուսաղէմ գացած է։

Գերութեան մէջ գտնուող Մարգարը այդ ժամանակներուն կը կորսնցնէ մէկ ոտքը եւ մինչեւ կեանքին վերջը (1937) անդամալոյծ կը մնայ։ 1923-ի Լոզանի դաշնագրի ստորագրութենէն ետք, գերիներու փոխանակում տեղի կ՚ունենայ Յունաստանի եւ Թուրքիոյ միջեւ. այս ձեւով Մարգարն ալ ազատ կ՚արձակուի, Յունաստան կը մեկնի ու կը վերագտնէ ընտանիքը։

Մինասեան ընտանիքը կը շարունակէր ապրիլ Լիփազմայի գաղթակայանին մէջ։ Բայց Բ. Համաշխարհային պատերազմին ընթացքին, այն ժամանակ երբ Յունաստանը գրաւուած էր նացիական Գերմանիոյ կողմէ, բրիտանական ռազմական օդուժը ծանրօրէն կը ռմբակոծէ Փիրէայի մէջ գտնուող գերմանական ռազմական թիրախներ։ Այս ընթացքին մեծ քանակութեամբ գերմանական զինամթերք կը պայթի, ինչ որ պատճառ կ՚ըլլայ քաղաքային բնակչութենէն բազմաթիւ զոհերու եւ վիրաւորներու, ինչպէս նաեւ Փիրէա քաղաքին մէջ մեծ քանդումներու։ Լիփազմայի գաղթակայանը նոյնպէս կը քանդուի։ Հայ գաղթականներէն կարեւոր հատուած մը ապաստան կը գտնէ Գոքինիոյ, Թամպուրիայի կամ Աթէնքի Տուրղութի թաղամասին մէջ։

Մինասեան ընտանիքը կը հաստատուի Գոքինիոյ (Նիքէա) մէջ։ Անոնք, բազմաթիւ այլ հայ գաղթականներու նման սկիզբը կը հաստատուին Գոքինիոյ «Զաւարեան» վարժարանին կողքի թաղամասը (Ս. Յակոբ եկեղեցիին շատ մօտիկ), որ կը վերածուի գաղթակայանի։ Մարգար կը շարունակէր հիւսնութեան իր արհեստը. անոր աշխատանքը լաւ գնահատուած էր։ Գիտենք օրինակ որ ան նորոգած եւ նախշած է այդ ժամանակներուն Աթէնքի յայտնի պանդոկներէն՝ Փենթելիքօնի կահ-կարասիները։

Փալանճեան ընտանիքին պատկանած մետաքսեայ գորգ։ Ընտանիքին հետ տեղափոխուած է Կէլիփօլիէն Յունաստան։
Թագուհի Փալանճեանին (ծնեալ Բարսեղեան) պատկանած ասեղնագործութիւն։ Մաս կազմած է Կէլիփօլիի մէջ Թագուհիին ամուսնական օժիտին։

Մարգարի եւ Հայկանուշի զաւակներէն Թագւորը Յունաստանի մէջ կ՚ամուսնանայ Վէրոնին հետ։ Կ՚ունենան զաւակներ. Սրբուհի եւ Մայտա։ Յատկանշական է որ առաջին զաւակը՝ Սրբուհին, կը կրէ տարագրութեան եւ գաղթի տարիներուն Թագւորին մահացած կամ կորսուած քրոջ անունը։

Հռիփսիմէն կ՚ամուսնանայ Յակոբ Փալանճեանին (Ատանայի շրջանէն, ծնած է 1912-ին) հետ, որ այդ ժամանակ կ՚ապրէր Ֆրանսայի մէջ։ Յակոբին մեծ եղբայրը՝ Արամը, Առաջին Համաշխարհային պատերազմին ընթացքին մաս կազմած է Հայկական Լէգէոնին, որ ֆրանսական բանակին միացած ռազմական միաւոր մըն էր։ Յակոբ Հռիփսիմէին կը ծանօթանայ լուսանկար փոխանակելու միջոցաւ, ինչպէս սովորութիւն էր այդ ժամանակ։ Ապա անձամբ կու գայ Յունաստան, կը հանդիպի Հռիփսիմէին, ապա կ՚որոշեն ամուսնանալ։ Այդ ժամանակ Մարգար արդէն մահացած էր։ Այնպէս որ Հռիփսիմէն իր հետ Ֆրանսա կը տանի նաեւ Հայկանուշը, որ Ֆրանսա կ՚ապրի մինչեւ իր մահը։ Հռիփսիմէն եւ Յակոբը զաւակ չեն ունենար։ Անոնք կ՚ապրէին Լիոնի մօտակայ Թարարի մէջ։

Լիփազմայի հայկական վարժարանին շրջանաւարտները եւ ուսուցչական կազմը, 1930-ականներու սկիզբը։
Գոքինիա, «Զաւարեան» վարժարանի 1932-33 տարեշրջանի շրջանաւարտները եւ ուսուցիչներ։ Նստած, ձախէն աջ՝ Սարգիս Զաքարեան, անծանօթ մը, Սօս Վանի (տնօրէն), եւ Սիմոն Սիմոնիկեան։
Բ․ Համաշխարհային պատերազմէն անմիջապէս ետք։ Լիփազմայի ՀՅԴ պատանեկան միութիւնը։
Պետրոս Դուրեանի «Սեւ հողեր»ու թատերական ներկայացումը «Զաւարեան» կեդրոնին մէջ, 25 Մարտ 1940-ին, պատանեկան միութեան կողմէ։ Աթոռին վրայ նստողը՝ Յարութիւն Նալճեան։

Օննիկ կը զինուորագրուի յունական բանակին։ Այդ ժամանակ օրէնք էր, որ յունական բանակին ծառայող հայերը կրնային ստանալ Յունաստանի քաղաքացիութիւն։ Զինուորագրումը տեղի կ՚ունենայ 1950-ականներու սկիզբը, երբ կը ծագի Քորէայի պատերազմը (1950-1953)։ Յունաստան փոքրաթիւ զօրք մը կը ղրկէ Քորէա։ Մարտերուն ընթացքին Օննիկ կը վիրաւորուի։ Իսկ պատերազմէն ետք, ան իր հետ ծառայող յոյն բարեկամի մը հետ փոխանակ Յունաստան վերադառնալու՝ կ՚որոշեն Պրազիլ մեկնիլ։ Հոս կը ծանօթանայ Իւղաբերին, որուն ընտանիքը մինչեւ 1947-ը ապրած էր Աթէնքի Տուրղութի թաղամասին մէջ, այնուհետեւ գաղթած էին Պրազիլ եւ բացած էին նպարավաճառի խանութ մը։ Իւղաբեր եւ Օննիկ կ՚ունենան երկու զաւակ. Մարգար եւ Ռիքարտօ Խօսէ։

Կարօն Յունաստանի մէջ կ՚ամուսնանայ Գոհարիկ Փալանճեանին (1928-2001) հետ, որ ծնած էր Գոքինիա։

Աթէնքի «Հիլթոն» պանդոկին մէջ, Արամ Խաչատուրեանի Աթէնք այցելութեան առիթով, 16 Յուլիս 1965։ Ձախին՝ Կարօ Մինասեան, աջին՝ Արամ Խաչատուրեան։

Ֆրանսահայ բեմադրիչ Հանրի Վէրնեոյ (Աշոտ Մալաքեան) Աթէնք այցելութեան առիթով Հայ Կապոյտ Խաչին կազմակերպած պարահանդէսը, 21 Փետրուար 1971։ Բարձրախօսին առջեւ՝ Հանրի Վէրնեոյ, նկարին մէջ, աջին ժպտացող անձը՝ Կարօ Մինասեան։ Նշենք որ Հանրի Վէրնեոյ ծնած է Ռոտոսթօ/Թէքիրտաղ։

Փալանճեան կողմը (Կելիփոլի, Ռոոտոսթօ/Թէքիրտաղ)

Գոհարիկին ծնողներն են՝ Յակոբ Աղա Փալանճեան (1878-1968) եւ Թագուհի (ծնեալ Բարսեղեան) (1904-1980)։ Յակոբ ծնած ու ապրած է Կելիփոլի/Կէլիպօլիի մէջ։ Ընտանիքին մականունը նախապէս եղած է Գրիգորեան, ապա փոխուած է Փալանճեանի։ Յակոբ առեւտրական էր եւ 40-ի չափ ձի կը պահէր։ Ան ձիու թամբ կը պատրաստէր եւ կը վաճառէր։ Այս պատճառով ալ զինք կոչած են «փալանճի», որ թրքերէնով կը նշանակէ թամբ շինող։

Յակոբին կինը՝ Թագուհին, ծնած է Ռոտոսթօ/Թէքիրտաղ։ Ան հարս գացած է Կելիփոլի։

Առաջին Համաշխարհային պատերազմին ընթացքին, Յակոբ կը զինուորագրուի օսմանեան բանակին եւ իբրեւ բանակի հեծելազօրի սպայ կը ծառայէ ամէնէն թէժ ռազմաբեմերէն համարուող Կելիփոլիի ճակատին վրայ, ուր ինչպէս պատմութեան մէջ ծանօթ է՝ դաշնակից ուժերը ցամաքահանումի փորձ մը կը կատարեն 1915 թուականին։ Մարտերուն ընթացքին Յակոբ Փալանճեան կեանքը կը փրկէ թուրք բարձրաստիճան սպայի մը. այս գործողութեան հետեւանքով ալ կելիփոլցի հայը կը վիրաւորէ իր ոտքը։ Հետագային Յակոբ պիտի պարգեւատրուէր բանակային իր ղեկավարութեան կողմէ։ Այդ օրէն ի վեր, թուրք սպային եւ անոր կեանքը փրկած Յակոբին միջեւ կը հաստատուի բարեկամական սերտ յարաբերութիւն մը, որ կը տեւէ մինչեւ Յակոբին եւ Կելիփոլիի բոլոր հայերուն վերջնական գաղթը։ Այս մտերմութեան պատմութեան մասին Յակոբին թոռնուհին՝ Քուին Մինասեանը, յօդուած մը գրած է։

1922 Հոկտեմբերին, երբ Անատոլիոյ տարածքին յունական բանակները բոլոր ճակատներուն վրայ, ջախջախուած, նահանջի մէջ էին եւ թրքական զօրքերուն վերջնական յաղթանակը անխուսափելի կ՚երեւէր, Յակոբ Փալանճեանի բարեկամ թուրք սպան կը յայտնուի Կելիփոլիի մէջ։ Ան իր ընկերոջ կը յայտնէ, թէ շատ շուտով թրքական իշխանութիւնները Կելիփոլիի քրիստոնեաներուն պայմանաժամ պիտի տան քաղաքէն շուտափոյթ հեռանալու, ժամկէտը չափազանց կարճ պիտի ըլլայ, պատրաստուելու ժամանակ պիտի չտրուի, ինչ որ փորձանք մը կրնայ ըլլալ համայն քրիստոնեայ բնակչութեան համար։

Յակոբ Փալանճեան լուրը կ՚իմացնէ համայնքին, ժողով կը գումարուի, թերահաւատներ կ՚ըլլան. բայց վերջաւորութեան որոշում կը կայացուի նախքան իսկ թրքական իշխանութիւններէն պաշտօնական որեւէ յայտարարութիւն կամ հրամանագիր ստանալը, քաղաքի հայերը արդէն պիտի պատրաստուին իրենց գաղթին։ Այսպէս, ժողովուրդը նաւով կը հասնի Յունաստանի Քեֆալոնիա կղզին։ Աւելի ուշ, կելիփոլցի հայերուն մեծամասնութիւնը կը տեղափոխուի Փիրէայի մօտակայ Գոքինիա շրջանը (Նիքէա), ուր արդէն իսկ հայ եւ յոյն գաղթականներ հաստատուած էին։

Յակոբին ազգականներէն ոմանք, փոխանակ Կելիփոլիէն Յունաստան գաղթելու՝ կը տեղափոխուին Պոլիս։ Յունաստան հասնողներուն շարքին էին Յակոբին քոյրը՝ Արուսը եւ անոր ընտանիքը։ Ան ամուսնացած էր Ալեքսան Այտընեանին հետ եւ ունէին երկու որդի՝ Յովհաննէսը եւ Մարթինէն։ Յունաստանի մէջ կը հաստատուին Մէղարայի մէջ, որ Աթէնքէն 30 քմ. արեւմուտք է։

Լիփազմայի ՀՅԴ պատանեկան միութիւնը, 14 Յունուար 1938։ Մէջտեղի շարք, ձախէն չորրորդը՝ Կարօ Մինասեան։
1935 կամ 1936, Լիփազմա։ Տեղւոյն ՀՅԴ երիտասարդական միութիւնը։
Գոքինիոյ «Զաւարեան» վարժարանին թատերաբեմին վրայ, 6 Մարտ 1949։ Ոտքի, ձախէն աջ՝ Երուանդ Մանուկեան, անծանօթ, Օննիկ Զաքարեան, միւսները անծանօթ։ Նստած, ձախէն աջ՝ Լեւոն Խաչատուրեան,Կարօ Մինասեան, Սարգիս Զաքարեան, Ստեփան Մովսէսեան, անծանօթ, Եղիշէ Եզէկիէլեան։
Լիփազմայի մէջ ՀՄԸՄ-ականներ, 26 Ապրիլ 1940։

Կարօ Մինասեանի ամփոփ կենսագրականը

Ծնած է 14 Սեպտեմբեր 1921-ին, Աֆիոն Քարահիսար։ Կը յաճախէ Լիփազմայի մէջ (Յունաստան) վերապատուելի Յարութիւն Աճէմեանի հիմնած նախակրթարանը։ 1931-1933 տարիներուն կ՚ուղարկուի Երուսաղէմ, ուր կը յաճախէ Ժառանգաւորաց վարժարանը։

1937-ին՝ հօր մահէն ետք, կը ստիպուի ձգել ուսումը եւ կանուխէն կեանքի ասպարէզ նետուիլ։ Կը զբաղէր կաշիի վաճառականութեամբ։ Գիւղերէն կը գնէր անմշակ կաշի եւ հետագային զանոնք կ՚արտածէր արտասահման։ Նոյն ժամանակ ալ մեծ աշխուժութեամբ կը մասնակցի Աթէնքի մէջ հայկական համայնքային կեանքին, անդամակցելով զանազան կազմակերպութիւններու։

Լիփազմա գտնուած տարիներուն անդամ էր տեղւոյն ՀՅԴ պատանեկան, ապա երիտասարդական միութիւններուն։ 1938-ին պաշտօնապէս կը միանայ Դաշնակցութեան շարքերուն։ Լիփազմայի մէջ մաս կը կազմէր նաեւ եկեղեցւոյ դպրաց դասին։

1941-ին, երբ ընտանիքով Գոքինիա կը տեղափոխուին, Կարօ կը կարգուի Ս. Յակոբ եկեղեցիին դպրապետը։ Կանուխ տարիքէն մինչեւ իր մահը աշխատակցած է «Ազատ Օր» օրաթերթին։

Կ՚ամուսնանայ 27 Ապրիլ 1958-ին, Գոհարիկ Փալանճեանին հետ։ Կ՚ունենան երկու դուստր. Հայկանուշ եւ Թագուհի (Քուին)։

Կարօ մաս կազմած է Գոքինիոյ ՀՄԸՄ-ի վարչութեան, անդամ էր տեղւոյն ՀՅԴ Կոմիտէին, ապա երկար տարիներ եղած է Յունաստանի ՀՅԴ Պատասխանատու Մարմնի անդամ։ Եղած է Յունաստանի Հայ Կապոյտ Խաչի Շրջանային վարչութեան անդամ, հայկական Ծերանոցին խնամակալութեան ատենապետ։ Աշխուժօրէն մասնակցած է Աթէնքի մէջ Հայաստանի Հանրապետութեան դեսպանատուն բանալու աշխատանքներուն։

Կը մահանայ 1995-ին։