Այլազան - Ֆրանսա

Արսլանեանի հաւաքածոյ - Փարիզ

Արսլանեան ընտանիքին պատկանող նիւթերը թուայնացուեցան Նոյեմբեր 2014-ին, Փարիզի մէջ, Անաքօ տափանաւին վրայ կազմակերպուած Յուշամատեանի ձեռնարկին ընթացքին։ Զանոնք բերողն էր Լուսին Ասլանեան (ծն. Տէր Պետրոսեան)։ Լուսինի մօրենական ընտանիքը ծագումով Տէօրթ-Եօլէն է, իսկ 1920-ականներու սկիզբը անոնք կը հաստատուին Պէյլան։ Ահաւասիկ այս ընտանիքին՝ Պալեաններուն, վերաբերող նիւթեր են այստեղ ներկայացուողը։

Ձեռագործ. Լուսաբեր Յարութիւնեանի (յետագային Պալեան) կողմէ աշխատցուած։ Անիկա ներկայիս կը պահուի Լուսաբերի թոռնուհիին՝ Լուսինի մօտ։

1) Պալեան ընտանիքը։ Պէյլանի մէջ քաշուած նկար հաւանաբար 1930-ականներու սկիզբը։ Պէյլանը մինչեւ 1939 թուականը մաս կը կազմէր ֆրանսական հոգատարութեան տակ գտնուող Սուրիոյ։ Քաղաքը կը գտնուի Անտիոք-Իսկէնտերուն շրջանին մէջ։ 1939-ին, Ֆրանսայի եւ Թուրքիոյ միջեւ համաձայնութեան մը հիմամբ, Անտիոքի ամբողջ տարածքը (ներկայիս Հաթայ) կը միացուի Թուրքիոյ, իսկ հայերը զանգուածային կերպով կը գաղթեն այս շրջաններէն։ Նստած, ձախէն աջ՝ Արտեմիս Պալեան (ծն. 1924, հօրը ծունկերուն վրայ), Սինան Պալեան (1893/95-1937), Պերթա Պալեան (ոտքի, ծն. 1927), Մարի (ոտքի, ծն. 1929), Լուսաբեր (նստած, ծն. Յարութիւնեան, Սինանի երկրորդ կինը)։ Երկրորդ շարք, ոտքի՝ Կարապետ (Սինանի որդին առաջին ամուսնութենէն), Յարութիւն (ծն. 1924)

2) Սինան Պալեան (1893/95-1937)

Ժամկոչեանի հաւաքածոյ - Փարիզ

Այս նիւթերը թուայնացուեցան Նոյեմբեր 2014-ին, Փարիզի մէջ, Անաքօ տափանաւին վրայ կազմակերպուած Յուշամատեանի ձեռնարկին ընթացքին։ Զանոնք բերողն էր Ալիս Ժամկոչեան (ծն. Խանչերեան), որ ծնած է Պոլիս, 1920-ականներու սկիզբը։ Ան դուստրն է Արաբկիրէն որբուհիի մը՝ Արաքսի Խանչերեանին (ծն. Սիմոնեան, 1898), որ Ցեղասպանութենէն ետք եղած է Պոլսոյ որբանոցներուն մէջ, հոն սորված է ձեռագործ, ասեղծագործութիւն։ Ապա, Պոլսոյ մէջ կը պսակուի Սմբատ Խանչերեանի հետ, պիթլիսցի։

Արաքսի Սիմոնեան, յետագային Խանչերեան։ Ծնած է Արաբկիր 1898-ին։

1) Ձախին՝ Արաքսի Խանչերեան (ծն. Սիմոնըան), Պոլսոյ Դպրոցասէր վարժարանին մէջ աշակերտած տարիներուն։ Կողքի աղջիկը՝ անծանօթ։

2) Աջին՝Արաքսի Խանչերեան (ծն. Սիմոնըան), Պոլսոյ Դպրոցասէր վարժարանին մէջ աշակերտած տարիներուն։ Կողքի աղջիկը՝ անծանօթ։

Արաքսի Խանչերեանի (ծն. Սիմոնեանի) ձեռագործներէն։ Երրորդ ձեռագործը հագուստի ասեղնագործ օձիգ է։

Արաքսիին զաւակները՝ Ալիսն ու Անդրանիկը, Պոլիս 1926-27-ին։ Յետագային ամբողջ ընտանիքով կը տեղափոխուին Ֆրանսա։

Քավէճեանի հաւաքածոյ - Փարիզ

Այս նիւթերը կը պատկանին Գրիգոր Քավէճեանի, որուն հօրենական կողմը ծագումով Սթանոզէն են (ներկայիս Ենիքենթ), իսկ մօրենական կողմը՝ Օրտուէն։ Գրիգորի մայրը՝ Արաքսի Գալուստեան, ծնած է Օրտու, 1912-ին։ Հայրը՝ Յովակիմ, չափուլաճի (կաշիէ հողաթափեր գործող) էր, իսկ մօր անունն էր՝ Տիգրանուհի (ծն. Վարդեան)։ Արաքսին ունէր քոյր մը՝ Պերճուհի։ Ցեղասպանութեան տարիներուն, Արաքսիի ծնողները կը սպաննուին։ Երկու քոյրերը կը պահուին եւ կը խնամուին իրենց թուրք դրացուհիին՝ Մահիթափ Խանումի կողմէ։ Զինադադարէն ետք, Արաքսին եւ Պերճուհին կը ղրկուին Պոլիս՝ հայ երեխաներ խնամող անգլիական որբանոց մը։ 1922-ին բարեսիրական հաստատութիւնը (Արաքսին եւ Պերճուհին ալ) կը փոխադրուի Յունաստան, Քորֆու կղզի, իսկ 1925-ին ալ երկու քոյրերը կ՚ընդունուին Մարսէյի (Ֆրանսա) մէջ հաստատուած Դպրոցասէր դպրոց-որբանցը։ 1928-ին Դպրոցասէրը կը տեղափոխուի Փարիզ, Արաքսի իր կարգին կը մեկնի Ֆրանսայի մայրաքաղաքը եւ կը շարունակէ յաճախել հայկական այս հաստատութիւնը։1931-ին Փարիզի մէջ կ՚ամուսնանայ Կարապետ Քավէճեանի հետ եւ կ՚ունենան երկու զաւակներ՝ Գրիգոր եւ Տենիզ-Տիգրանուհի։ Արաքսի կը մահանայ 2003-ին։

Գրիգոր Քավէճեանի մօրենական մեծ հայրը կը կոչուէր Յովակիմ Գալուստեան։ Սոյն պատկերը քաշուած է 1905-ին կամ 1906-ին, Յովակիմի մօրեղբօր՝ Ճգնաւորեանի (անունը անծանօթ) թաղումին առիթով։ Լուսանկարին մէջ կ՚երեւի Յովակիմի մայրը՝ Գայեանէն (հանգուցեալին քոյրը), ինչպէս նաեւ միւս քոյրերը՝ Տիգրանուհին եւ Էլմասը։ Այս պատկերը Գրիգորը ստացաւ 1970-ական թուականներուն, Հայաստան ապրող Օրտուցի ազգականներէ։

Այս պատկերը դարձեալ թաղմանական լուսանկար մըն է Օրտուի մէջ, 1913-ին։ Հանգուցեալը Յովակիմ Գալուստեանի մօր՝ Գայիանէի հայրն է՝ Խաչիկ Վարդեան։

Որբանոցային տարիներէն մնացած Արաքսի Քավէճեանի (ծն. Գալուստեան) ձեռագիր երգարանը։

Թաճիրեանի հաւաքածոյ - Փարիզ

Այս նիւթերը կը պատկանին Րաֆֆի Թաճիրեանին։ Պատկերներուն մէջ կ՚երեւին իր մեծ հայրը՝ Թոսունը, եւ անոր ընտանիքը։ Թոսունը Քարամանէն է (Գոնիայի հարաւը)։ Աւազանի անունը Կիրակոս էր, բայց ճանչցուած էր Թոսուն անունով։ Երկու քոյր եւ հինգ եղբայրներ էին, հինգին ալ արհեստը ձի խնամել էր։ Թոսունը ցեղասպանութեան կը վերապրի, բայց յետագային Գոնիայի մէջ քեմալականները զինք մահուան կը դատապարտեն, հակառակ անոր որ Թոսուն սպայ էր թրքական բանակին մէջ։ Դատէն առաջ դատախազը զինք իր մօտ կը կանչէ ու հարց կու տայ թէ արդեօք կը ճանչնա՞յ Նազար եւ Մարիամ Թաճիրեան անունով անձեր։ Թոսուն կը պատասխանէ թէ անոնք իր ծնողներն են։ Դատախազը կը պատմէ թէ երբ ինք 6 տարեկան էր Քարամանի մէջ Նազար Թաճիրեան զինք փրկած է խեղդամահ ըլլալէ։ Ապա Թոսունին կ՚ըսէ՝ վերցուր դուրսի ձիերէն մէկն ու փախիր։ Թոսուն կը փրկուի մահապատիժէն ու կը փախի մինչեւ Էրզրում/Կարին, ապա որոշ ժամանակ ետք կ՚ապրի Պոլիս, յետոյ ալ կ՚անցնի Պաղտատ, ուր կը մահանայ։

1) Նստած, ձախէն աջ՝ Թոսուն Թաճիրեան, կողքին նստողը կինն է (երկրորդ ամուսնութիւն)՝ Սիրանուշ Մկրտիչեան։ Այս վերջինը Կովկասի Գանձակ քաղաքէն էր եւ Թուրքիա ապաստանած էր համայնավար վարչակարգէն փախուստ տալով։ Կը մահանայ Փարիզի մէջ 1988-ին։ Զոյգին միջեւ գտնուող փոքրիկը իրենց որդին է՝ Արամ Թաճիրեան (1925-2011)։ Ոտքի՝ Թոսունենց դրացուհին (անունը անծանօթ)։

2) Թոսուն (1880 Քարաման - 1954 Պաղտատ)։ Լուսանկարը քաշուած է 1907-ին։

Այտապիրեանի հաւաքածոյ - Փարիզ

Սոյն լուսանկարը մեզի ուղարկեց Ռոպեր Այտապիրեան։ Պատկերին մէջ կ՚երեւի Այտապիրեան/Տօնապետեան ընտանիքը, Խարբերդի դաշտի Քեսիրիք (ներկայիս Քըզըլայ Kızılay) գիւղէն։ Լուսանկարին մօտաւոր թուականը 1913 է։ Աջէն ձախ, ոտքի կանգնած զոյգը Յարութիւն եւ Ալմաստ Այտապիրեաններն են, որոնք Ռոպեր Այտապիրեանին հօրենական մեծ հայրն ու մեծ մայրն են։ Նստողները Ալմաստին մայրն ու եղբայրն են, որոնք Տօնապետեաններ են։ Եղբօր ձախին կանգնողը՝ կինն է, իսկ անոր ձախի տղան Ալմաստի կրտսեր եղբայրն է։ Պատկերին աջին, Ալմաստին առջեւ նստած աղջնակը Արաքսին է՝ Ալմաստի եւ Յարութիւնի դուստրը, իսկ պատկերին ձախ ծայրամասի աղջնակը Սուլթանն է՝ Ալմաստի եղբօր դուստրը։ Մեծ մօր գիրկը նստած երեխան՝ Նշան, որ այս պատկերին քաշուելէն հազիւ տարի մը ետք կը մահանայ։ Միւս աղջնակին ինքնութիւնը՝ անծանօթ։ 1915-ի Ցեղասպանութեան ժամամնակ, այս պատկերին երեք տղամարդիկը (Յարութիւնը եւ Ալմաստի երկու եղբայրները) առաջին տարագրուողներէն կ՚ըլլան եւ կը սպաննուին։ Նշենք որ 1914-ին Ալմաստն ու Յարութիւնը կ՚ունենան նոր զաւակ մը, որ դարձեալ կը կոչուի Նշան (Ռոպերի հայրը), որ կը վերապրի Ցեղասպանութիւնը։ Յետագային կը հաստատուի Ֆրանսա եւ երկար տարիներ կ՚աշխատակցի Փարիզի «Յառաջ» թերթին։

Մաթիլտ Մատիլեանի հաւաքածոյ - Փարիզ

Այս նիւթերը մեր տրամադրութեան տակ դրաւ Մաթիլտ Մատիլեան։ Իրեն ժառանգ մնացած են իր մօրմէն՝ Էլիզ Պօյաճեանէն, որ մինչեւ 1915 թուականը ապրած է Պաֆրայի մէջ՝ Սեւ Ծովու ափին։

Ջուրի պղնձեայ թաս – Պաֆրա (Սեւ Ծովու ափին)

Կը պատկանի Պօյաճեան ընտանիքին, Պաֆրայէն։

Էլիզ Պօյաճեան Ցեղասպանութիւնը կը վերապրի եւ յետագային այս թասը իր հետ կը բերէ Պոլիս, որմէ ետք կ՚անցնի Մարսիլիա, ապա՝ Փարիզ։

Թասը մօտաւորապէս հինգ սերունդներու կեանք ունի: Դարեր առաջ ընտանիքին հետ Երուսաղէմ գացած է ուխտագնացութեան. զայն տանողները մէջը լեցուցած են Սուրբ հողին ջուրը, ապա թասն ու պարունակութիւնը ուխտագնացներուն հետ վերադարձած են Պաֆրա։

Տասնամեակներէ ի վեր կը գտնուի Փարիզ, Էլիզի դստեր՝ Մաթիլտ Մատիլեանի քով։

Հագուստի ձեռագործ մաս, Էլիզ Պօյաճեանի կողմէ գործուած։ Մաս կը կազմէր իր օժիտին։