19/04/23 (վերջին փոփոխութիւն՝ 19/04/23)։ Սոյն էջը պատրաստուեցաւ գործակցութեամբ Աթէնքի «Արմենիքա» պարբերաթերթին։
Ծնած է Մանիսա, 1906-ին: 1922-ին ընտանիքին հետ իբրեւ գաղթական կը հաստատուի Յունաստան: Քանի մը ամիս հիւսիսային Սելանիկ քաղաքին մէջ մնալէ ետք, Միսաքն ու ընտանիքը կը տեղափոխուին Աթէնքի Տուրղութի/Ֆիքս թաղամաս: Պատանի տարիքէն կը ծառայէ Աթէնքի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցիին մէջ իբրեւ դպիր, աւելի ուշ՝ իբրեւ սարկաւագ:
Միսաք կը ձերբակալուի 9 Օգոստոս 1944-ին, երբ գերմանական զօրքը եւ յոյն գործակալները կը պաշարեն Տուրղութի/Ֆիքս թաղամասը եւ պատժական գործողութիւններու կը դիմեն (պլոքօ): Շատերու նման Միսաք կը տարուի Աթէնքի մօտակայ Խայտարիի կեդրոնացման ճամբարը, ուրկէ 16 Օգոստոսին բռնի աշխատանքի կը ղրկուի Գերմանիա, ուր կը մնայ Կայզլինկընի (Geislingen) մէջ: Կը վերապրի եւ կը վերադառնայ Աթէնք:
Եգիպտոսի թեմի Առաջնորդ եւ, համատեղութեամբ, Յունաստանի թեմի ժամանակաւոր Առաջնորդ Մամբրէ Արք. Սիրունեանի ձեռամբ քահանայ կը ձեռնադրուի 1953-ին՝ Տէր Խորէն անունով եւ կը դառնայ հոգեւոր հովիւը Տուրղութի/Ֆիքս թաղամասի Սուրբ Կարապետ եկեղեցիին:
Տէր Խորէն կ’ամուսնանայ Սառա Զաքեանին հետ. կ’ունենան երկու որդի՝ Մանուկ եւ Սերգօ/Սամ:
Կը վախճանի 20 Փետրուար 1964-ին: