Քորֆուի որբերը հանրայայտ հայ մտաւորական Թէոդիկի (նստած, ձեռքերը ծալլած) շուրջ։

Նունիա Երամեան հաւաքածոյ – Աթէնք

17.03.2020

Յիշողութեան այս նիւթերը հաւաքուեցան 30 Նոյեմբերին 2019-ին Աթէնքի մէջ տեղի ունեցած Յուշամատեանի աշխատանոցին ընթացքին։
Սոյն էջը պատրաստուեցաւ գործակցութեամբ Աթէնքի «Արմենիքա» պարբերաթերթին եւ «Համազգային» միութեան։

Նունիային հայրն է Գրիգոր Երամեան, իսկ մայրը՝ Մելինէ Երամեան (ծնեալ Ոսկանեան), երկուքն ալ Իզմիթէն (Նիկոմիդիա)։ Գրիգորի ծնողներն են՝ Ստեփան եւ Ազնիւ։ Գրիգոր ունէր նաեւ եղբայր մը՝ Յարութիւն։ Իսկ Գրիգորի հօրեղբօր անունը նոյնպէս Յարութիւն էր։

Մելինէի մայրն էր Եղիսաբէթ Ոսկանեան (ծնեալ Տէր Ներսէսեան), իսկ հայրը՝ Իսրայէլ Ոսկանեան։ Ունէին երեք զաւակ՝ Յարութիւն (ծնած 1900), Նունիա (ծնած 1908) եւ Մելինէ (ծնած 1916)։ Եղիսաբէթ ունէր երեք եղբայր՝ Գրիգոր, Օննիկ եւ Ներսէս։ Եղիսաբէթին հայրն էր՝ Յակոբ Տէր Ներսէսեան, իսկ մայրը՝ Երանուհի (ծնեալ Ղազարեան)։

Նունիայի մօր կողմը կ՚ապրէր Իզմիթ։ Մեծ հայրը՝ Իսրայէլ Ոսկանեանը, վաճառական էր, վաճառատուն ունէր Իզմիթի, ինչպէս նաեւ Զմիւռնիոյ մէջ։ Իսրայէլը եւ Մելինէի զաւակները բարձր կրթութիւն ունէին։ Անոնց որդին յաճախած էր Պոլսոյ գերմանական գիշերօթիկ վարժարանը։ Նունիան Իզմիթի մէջ հայկական վարժարան յաճախած էր։ Անոնք լաւապէս կը տիրապետէին հայերէնին, յունարէնին, թրքերէնին եւ ֆրանսերէնին։

Երուսաղէմ, 1890-ական թուականներ. նստած՝ Իսրայէլ Ոսկանեան՝ Նունիայի մօրենական մեծ հայրը։ Ոտքի կանգնած տղան իր ընկերն է՝ անունը անյայտ։ Երկու տղաքը Իզմիթէն գացած են Երուսաղէմ, ուխտագնացութեան։ Լուսանկարիչ՝ Կարապետ Գրիգորեան։

Իզմիթի մէջ Յակոբ Տէր Ներսէսեանը՝ Նունիայի մօրենական մեծ հայրը, պետական բարձրաստիճան պաշտօնեայ էր տնտեսական մարզի մէջ։ Պաշտօնին ճիշդ բնոյթը անյայտ կը մնայ, բայց Յակոբ իր քով պահած է պետական զանազան կնիքներ, զորս կը ներկայացնենք այս էջով։

Ցեղասպանութեան տարիներուն Ոսկանեան եւ Տէր Ներսէսեան ընտանիքները կը տարագրուին։ Վերապրողները կը հաստատուին Զմիւռնիոյ մէջ, ուր Ոսկանեան ընտանիքը արդէն իսկ վաճառատուն եւ տուն մը ունէին։ Հոս կը մնան մինչեւ 1922։ Զմիւռնիոյ Աղէտէն ետք ընտանիքը իբրեւ գաղթական կը հաստատուի յունական Միտիլլի կղզին։ Հոս էին Մելինէի եւ Իսրայէլի ընտանիքը, Մելինէի մայրը՝ Եղիսաբէթը, ինչպէս նաեւ Եղիսաբէթի եղբայրներէն՝ Օննիկը եւ Գրիգորը։

Եղիսաբէթի կրտսեր եղբայրը Ներսէսն էր։ Գիտենք որ ան յաճախած է օսմանեան զինուորական վարժարան. Առաջին համաշխարհային պատերազմի տարիներուն իր ծառայութեան ընթացքին պարգեւատրուած է շքանշանով մը։ Ընտանիքին մէջ կը պատմուի, որ զինակից ընկերներ նախանձէ դրդուած կը թունաւորեն Ներսէսը խնճոյքի մը ընթացքին, որուն հետեւանքով ալ ան կը մահանայ։ Դէպքը պատահած պէտք է ըլլայ 1917-ին կամ 1918-ին, հաւանաբար Պոլսոյ մէջ։

Նունիային հօր (Գրիգոր Երամեան) կողմը նոյնպէս 1915-ին կը տեղահանուի Իզմիթէն։ Աքսորի տարիներուն Գրիգոր կը կորսնցնէ մայրը՝ Ազնիւը։ Հօրեղբայրը՝ Յարութիւն Երամեանը, 1915-ին Իզմիթի մէջ կախաղան կը հանուի։ Գրիգորը, եղբայրը՝ Յարութիւնը, եւ հայրը՝ Ստեփանը, կը վերապրին Ցեղասպանութենէն, այնուհետեւ կը հաստատուին Պոլիս։ Հոս ալ կը մահանայ Ստեփան։ Երկու եղբայրները տարիքով փոքր էին, այնպէս որ Առաջին համաշխարհային պատերազմէն ետք անոնք կ՚ընդունուին Պոլսոյ մէջ գործող Lord Mayor’s Fundի որբանոցը։ Քեմալականներու Պոլիս մուտքէն առաջ որբանոց կը տեղափոխուի յունական Քորֆու (Քերքիրա) կղզին, 1922-ի վերջը կամ 1923-ի սկիզբը։ Բայց հոս երկու եղբայրները կը բաժնուին. Գրիգոր կը մնայ Քորֆու, իսկ Յարութիւն կ՚առաքուի Կիպրոսի նորաբաց Մելգոնեան վարժարանը։ Շրջանաւարտ կ՚ըլլայ այս դպրոցէն, միջոց մը ուսուցչութիւն կ՚ընէ Կիպրոսի մէջ, ապա կը ներգաղթէ Խորհրդային Հայաստան։ Հոս կ՚ամուսնանայ եւ կ՚ունենայ երկու զաւակ, զորս կ՚անուանէ իր ծնողներուն անուններով՝ Ազնիւ եւ Ստեփան։

Գալով Միտիլլի հաստատուած Ոսկանեան ընտանիքին, անոնք կ՚ապրին գաղթականի դժուար կեանք մը։ Իսրայէլ Ոսկանեան յաջողած էր հոս բերել Զմիւռնիոյ իր վաճառատունէն որոշ ապրանքներ։ Այնպէս որ, կղզիին վրայ ան կը գնէ էշ մը եւ իբրեւ շրջուն վաճառական գիւղէ գիւղ կը շրջագայի եւ կը փորձէ վաճառել իր ապրանքները։ Միտիլլիի մէջ ընտանիքը հաստատուած էր փայտաշէն տան մը մէջ, որ նախապէս թուրք ընտանիքի մը կը պատկանէր։ Նոյն տան մէջ բազմաթիւ գաղթական ընտանիքներ կ՚ապրէին։ Իւրաքանչիւր ընտանիքի տրամադրուած էր սենեակ մը։ Օր մը հրդեհ կը ծագի եւ ամբողջ տունը հրոյ ճարակ կը դառնայ։ Ոսկանեանները շատ քիչ բան կրնան ազատել իրենց ինչքերէն։ Այդ քիչերէն էր Նունիային օղը, որ հայերէն «Ն» տառին ձեւը ունի եւ ներկայացուած է այս էջով։

Մետալ. մէկ կողմի արձանագրութիւնը՝ «Բարեգ.[ործական] Ընկ.[երութիւն], 1914»։ Միւս կողմի արձանագրութիւնը՝ «Մրց.[անակ ֆանֆառի], Օ. Տ. Ներսէսեան։ Սոյն մետալը պատկանած է Օննիկ Տէր Ներսէսեանի, որ քեռին էր Մելինէ Երամեանի (ծնեալ Ոսկանեան, Նունիայի մայրը)։ Օննիկ մաս կը կազմէր Իզմիթի հայկական ֆանֆառին։

Ոսկանեան ընտանիքը Միտիլլի կը մնայ մինչեւ 1930-ական թուականները։ Անոնցմէ կղզին առաջին ձգողը կ՚ըլլայ Մելինէին երիցագոյն եղբայրը՝ Յարութիւնը, որ կու գայ Աթէնք։ Կարճ ժամանակ ետք Յարութիւնին կը միանան ընտանիքին մնացեալ անդամները։

Գրիգոր Երամեան կը շարունակէ մնալ Քորֆու, նոյնիսկ երբ 1925-ին որբանոցը կը փակուի։ Ինքն ու իր ընկերը՝ Գրիգոր Մխիկեան, որդեգրուած էին Արմենակ եւ Աշխէն Օրմանեան հայ զոյգի մը կողմէ եւ կ՚ապրէին անոնց յարկին տակ։ Որբանոցի տարիներուն, Գրիգոր Երամեան կահագործութեան արհեստը սորված էր, այնպէս որ Քորֆուի մէջ կը բանայ կահագործութեան արհեստանոց մը։ Երկրորդ համաշխարհային պատերազմէն անմիջապէս ետք, երբ ծայր կ՚առնէ հայրենադարձութեան (ներգաղթ) մեծ շարժումը, Գրիգոր ինքն ալ կ՚որոշէ մաս կազմել մեկնող կարաւաններուն։ Այս նպատակով ալ կը մեկնի Աթէնք, արձանագրուելու նպատակով։ Աթէնքի հայոց Առաջնորդարանին մէջ կը հանդիպի Օննիկ Տէր Ներսէսեանի, որ քարտուղարի պաշտօն կը վարէր։ Օննիկ եղբայրն էր Եղիսաբէթ Ոսկանեանի (ծնեալ Տէր Ներսէսեան), Իզմիթէն հայրենակից էր Գրիգորի եւ երկու ընտանիքները զիրար կը ճանչնային հայրենի քաղաքին մէջ։ Այս հանդիպումէն ետք Գրիգորի ծրագիրները կը փոխուին, կ՚ամուսնանայ Օննիկի քրոջ աղջկան՝ Մելինէ Երամեանի հետ, 1948-ին, ապա նորապսակ զոյգը կը մեկնի Քորֆու։ Հոս կը ծնին անոնց երկու զաւակները՝ Նունիան եւ Ազնիւը։

Տէր Ներսէսեան եւ Ոսկանեան ընտանիքներ

1a-b) Եղիսաբէթ Ոսկանեանի (ծնեալ Տէր Ներսիսեան) պատկանած օսմանեան ոսկեդրամ։
2a-b) Եղիսաբէթ Ոսկանեանի (ծնեալ Տէր Ներսիսեան) պատկանած օսմանեան արծաթ դրամ։

Նունիա Ոսկանեանի պատկանած օղեր եւ մատանի, ուր անուան հայերէն սկզբնատառերը՝ «Ն» եւ «Ո», միահիւսուած են։

Քորֆու/Քերքիրայի հայ որբեր. Գրիգոր Երամեանի ալպոմէն

15 Փետրուար 1923, Քորֆու/Քերքիրա։ Հայկական վարժարանի աշակերտները. լուսանկարուած են Վարդանանց տօնին թատրոնի մը ներկայացումին առիթով։ Ոտքի, վերջին շարք, ձախէն 3-րդը Գրիգոր Երամեան։ Կեդրոնը նստած մարդը դպրոցի ուսուցիչներէն Գէորգ Կառվարենցն է։

1-3-5. Lord Mayor’s Fundի որբանոցէն հայ որբեր, Քորֆու։
2. Գրիգոր Մխիկեան, Քորֆուի հայ որբերէն։
4. Lord Mayor’s Fundի որբանոցէն հայ որբեր։

1. Գրիգոր Երամեան
2. Յանձնարարագիր, ուր կ՚ըսուի թէ Գրիգոր Երամեան եղած է Lord Mayor’s Fundի որբանոցի սաներէն, հմտօրէն սորված է ատաղձագործութեան արհեստը եւ եղած է տիպար սկաուտ։ Ստորագրուած է Քորֆուի որբանոցի տնօրէն Լեզլի Տ. Օզպըրնի Leslie D. Osborne կողմէ, 30 Յունիս 1925։

1. Lord Mayor’s Fundի որբանոցէն հայ որբ մը՝ Ն. Սէյիսեան։ Լուսանկարը կը նուիրէ Գրիգոր Երամեանին։ Թուականը 15 Նոյեմբեր 1922 է, վայրը՝ Պոլիս, այլ խօսքով գրուած է նախքան որ որբանոցը Պոլիսէն փոխադրուի Քորֆու կղզին։
2. Lord Mayor’s Fundի որբանոցէն հայ որբ մը՝ Վահրամ Բարսեղեան։ Լուսանկարը կը նուիրէ Գրիգոր Երամեանին։
3. Lord Mayor’s Fundի որբանոցէն հայ որբ մը, անունը անյայտ։ Լուսանկարը կը նուիրէ Գրիգոր Երամեանին։ Թուականը՝ 14 Հոկտեմբեր 1922։

Lord Mayor’s Fundի որբանոցէն հայ որբեր, Պոլիս կամ Քորֆու։

Lord Mayor’s Fundի որբանոցէն հայ որբեր, Պոլիս կամ Քորֆու։

Lord Mayor's Fundի որբանոցի սկաուտներ նախնական դարմանումի գիտելիքներ կը սորվին Քորֆուի կամ Պոլսոյ մէջ տեղի ունեցած սկաուտական բանակումի մը ընթացքին։

Գրիգոր Երամեանի անձնաթուղթը նացիական Գերմանիոյ կողմէ Յունաստանի գրաւման տարիներուն։ Փաստաթուղթը յունարէն եւ գերմաներէն է եւ տրուած է «օտար քաղաքացիութիւն» (պէտք է հասկնալ ոչ-յոյն) ունեցողներու։ Պատրաստուած է Քորֆուի ոստիկանութեան կողմէ։ Թուական՝ 27 Դեկտեմբեր 1943։

Աթէնքի մէջ. Նունիա Ոսկանեանի ալպոմէն

1. 8 Յուլիս 1937, հայ աշակերտուհիներ Զափփէոն շէնքին առջեւ, Աթէնք։
2. Յունաստան, 1940-1942։ Լուսանկարին մէջ կ՚երեւի Մխիթարեան հայր՝ Յովսէփ վրդ. Խանձեան, ոտքի, աջէն երրորդը (ճերմակ մօրուքուվ եւ ակնոցով)։ Ոտքի, ձախէն հինգերորդը շատ հաւանաբար իտալացի զինուոր մըն է։

1. 28 Մայիս 1936, հայկական եռագոյն եւ Յունաստանի դրօշները Աթէնքի մօտակայ Քիուրքա գիւղին մէջ։ Մելինէ Ոսկանեան (հետագային Երամեան)՝ ժայռին վրայ ամէնէն աջին։ Գետին նստած՝ Նունիա Ոսկանեան։
2. Հայ աշակերտներ Այեա Վարվարա եկեղեցիին առջեւ, Քոգինիա կամ Փիրէա։ Ոտքի, ամէնէն աջին՝ Նունիա Ոսկանեան, ուսուցչուհին։
3. 5 Մայիս 1937, Խալքիտա։ Ձախէն երկրորդը՝ Մխիթարեան հայր՝ Յովսէփ վրդ. Խանձեան։ Աջին, ամէնէն ծայրը՝ Նունիա Ոսկանեան (մազերուն ճերմակ երիզ մը)։

Քորֆուի հայերուն պատկանող այլ նիւթեր

1. Պօղոս Ծառուկեանի պատկանող փաստաթուղթ։ Սոյն անձը Երամեան ընտանիքին մօտիկ բարեկամ էր, այս պատճառով ալ այս փաստաթուղթը կը գտնուի սոյն հաւաքածոյին մէջ։ Փաստաթուղթը կը կրէ Քորֆուի ռուսական հիւպատոսութեան ստորագրութիւնն ու կնիքը։ Ֆրանսերէն գրուած է. «Ռուսիոյ հիւպատոսութիւնը կը հաստատէ որ Պօղոս Կիրակոս Ծառուկեանը ծնած է Երզնկա (Բագառիճ գիւղ), 43 տարեկան է, իր երկրին ռուսական տիրապետութեան տակ անցնելէն ետք դարձած է ռուսահպատակ։ Քորֆու, 20 Մայիս 1928»։
2. Պօղոս Ծառուկեանի անձնաթուղթ (ֆրանսերէն եւ յունարէն) տրուած Աթէնքի հայոց Առաջնորդարանի Թաղական խորհուրդին կողմէ։ Նշուած է, որ Ծառուկեան ծնած է 1875-ին, Կամախի մէջ, սուրճի վաճառական է եւ կ՚ապրի Քորֆու։ Փաստաթուղթին թուականն է՝ 1 Յունուար 1918։
3. Պօղոս Ծառուկեանի ընտանիքին Հայաստանի Հանրապետութեան անցագիրը, որ տրուած է սոյն պետութեան Պոլսոյ ներկայացուցիչին կողմէ՝ 17 Նոյեմբեր 1920-ին։ Այս վաւերաթուղթով կը խնդրուի պատկան մարմիններէն այս ընտանիքին (Պօղոս Ծառուկեան, կինը՝ Վարդուհի, եւ իրենց երկու ամսական երեխան) ճամբորդելու ազատ անցք տալ։

Նամակ գրուած Մանուկ Ծառուկեանի կողմէ եղբօրը՝ հաւանաբար Պօղոս Ծառուկեանի։ Թուականն է՝ 26 Ապրիլ 1915, Կամախ։ Կը տեղեկացնէ թէ Օսմանեան բանակ զինուորագրուած է եւ պիտի ղրկուի Կարին/Էրզրում։ Յոյս ունի որ պետէլի գումարը վճառելով պիտի ազատի զինուորագրութենէն։ Այս պատճառով ալ եղբօրմէն կը խնդրէ 60 օսմանեան լիրա ղրկել Պոլիս՝ Զաւէն Պատրիարքի հասցէին, որուն ճամբով ալ գումարը պիտի հասնի իրեն։