Վարուժան Նշանեան - Աթէնք

Հեղինակ՝ Անի Աբիկեան, 15/12/22 (վերջին փոփոխութիւն՝ 15/12/22)

Նշանեան ընտանիքին պատմութիւնը մեզի ներկայացուց Վարուժան Նշանեան՝ Աթէնքի մէջ տեղի ունեցած Յուշամատեանի աշխատանոցին ընթացքին (Ապրիլ 2022)։ Ինչպէս նկատելի է այս էջին մէջ, ընտանեկան պատմութեան գլխաւոր դէմքը Ստեփանն է՝ Վարուժանին հայրը, որ Աթէնքի մէջ սեփականատէր էր հանրակառքի ընկերութեան մը։ Ընտանեկան հաւաքածոյին պատկերներն ալ մեծ մասամբ կեդրոնացած են Ստեփանին եւ անոր պատկանած հանրակառքերուն եւ ինքնաշարժերուն վրայ։

Վարուժանին մեծ հայրը՝ Թորոս Նշանեանը, Պոլիսէն է, իսկ մեծ մայրը՝ Հայկուհի Կիւլպէնկեանը, ծնած է Կեսարիա։

Աթէնքի կեդրոն, 1925: Հոս կ՚երեւի Փարիզի մէջ Ստեփանին գնած առաջին Renault ինքնաշարժը, որ հետագային հասաւ Սելանիկ եւ հոնկէ ալ Աթէնք։ Արդէն իսկ կը տեսնենք, որ ինքնաշարժը վերածուած է հանրակառքի: Ձախէն աջ, ոտքի՝ Ստեփան Նշանեան, ամէնէն աջին՝ Մելքոն Նշանեան: Միւսներուն ինքնութիւնը անյայտ է։ Պատկերին խորքին, աջ կողմի վրայ, ծառերուն ետեւը կ'երեւի Աթէնքի Ազգային Աստղադիտարանը:
1936, Աթէնքի Քուքաքի թաղամաս։ Ձախէն աջ՝ Ստեփան Նշանեան եւ Մելքոն Նշանեան եղբայրները։ Անոնք նստած են իրենց ընկերութեան կառատան մէջ Panhard մակնիշի ֆրանսական հանրակառքին առջեւ: Ստեփան կ՚աշխատէր իբրեւ վարորդ, մինչ Մելքոն՝ գանձիչ։

Պոլսոյ մէջ է որ Հայկուհին եւ Թորոսը իրարու կը ծանօթանան եւ կը սիրահարուին։ Թորոս ներկարար էր։ Կիւլպէնկեան ընտանիքը դէմ կը կենայ զոյգին ամուսնութեան, բայց վերջաւորութեան Հայկուհին իր կամքը կը պարտադրէ։

Իրենց ամուսնութենէն ետք, Հայկուհին եւ Թորոսը կ՚ունենան չորս որդի. Յակոբ, Շմաւոն, Մելքոն եւ Ստեփան։ Ստեփանը հայրն է Վարուժան Նշանեանին։ Հայկուհին եւ Թորոսը կ՚ունենան նաեւ դուստր մը, որ ծննդաբերութեան ժամանակ կը մահանայ։

Ստեփան Նշանեան ծնած է 1901-ին, Պոլիս։ Յաճախած է անգլիական գոլէճ մը (անունը անյայտ) եւ եղած է Պոլսոյ Հայ Մարմնամարզական Ընդհանուր Միութեան (ՀՄԸՄ) առաջին սկաուտներէն։ Ստեփանի ընտանիքը կ՚ապրէր Պոլսոյ Բերա թաղամասը։ Առաջին համաշխարհային պատերազմէն ետք, երբ բրիտանական դաշնակից բանակները կը գրաւեն Պոլիսը, Ստեփան կը յաճախէ բրիտանացիներուն բացած զինուորական վարժարանը, ուր կը սորվի ինքնաշարժ վարել եւ նորոգել։ Այնուհետեւ, Պոլսոյ մէջ ինքն ու եղբայրը՝ Մելքոնը, կը դառնան բրիտանացի բարձրաստիճան զինուորականներու վարորդ։

Այս ժամանակներուն, աւելի ճշգրիտ՝ Յուլիս 1921-ին, Պոլսոյ մէջ Միսաք Թորլաքեան կ՚ահաբեկէ Պեհպուտ խան Ջավանշիրը, որ նախապէս եղած էր Ազրպէյճանի Ներքին գործոց նախարար եւ գլխաւոր պատասխանատուներէն մէկը 1918-ին տեղի ունեցած Պաքուի հակահայ ջարդերուն։ Թորլաքեան կը ձերբակալուի Պոլսոյ բրիտանական զինուորական իշխանութիւններուն կողմէ եւ տեղի կ՚ունենայ իր դատը։ Դատաւարութեան ամբողջ ընթացքին Թորլաքեանին բանտէն դատարան ինքնաշարժով փոխադրողները կ՚ըլլան Ստեփանն ու Մելքոնը։ Անոնք նոյնպէս վարորդութիւն կ՚ընեն այս դատին ընթացքին թարգմանիչի դեր կատարող Գաբրիէլ Վարժապետեանին, որ միաժամանակ Բրիտանիոյ բանակին մէջ բարձրաստիճան սպայ էր։ Թորլաքեան ազատ կ՚արձակուի եւ կ՚աքսորուի Յունաստան։ Հետագային Վարժապետեանն ալ կը հաստատուի Յունաստան, ուր կը դառնայ Յունաստանի ՀԲԸՄ-ի քարտուղար եւ Ազգային Վարչութեան փոխ ատենապետ:

1923-ին Ստեփան ինք եւս կը հաստատուի Յունաստանի մէջ՝ Սելանիկ քաղաքը։ Ան վարորդութիւն կը սկսի ընել դանիական հիւպատոսարանին մէջ։ Վարորդութեան այս պաշտօնը կը համարուի յունական բանակին մէջ ծառայութիւն։ Այդ ժամանակներուն քաղաքին մէջ կը գործէր Ազգերու Լիկային կողմէ նշանակուած յանձնախումբ մը, որ կը վերահսկէր Թուրքիոյ եւ Յունաստանի միջեւ բնակչութիւններու փոխանակման գործընթացը: 11 անդամներէ բաղկացած այս յանձնախուբին մէջ կար նաեւ դանիացի դիւանագէտ մը, որուն գործունէութեան նեցուկ կը կանգնէր Սելանիկի դանիական հիւպատոսարանը։ Այս ծիրէն ներս, հիւպատոսարանը Փարիզ կը գործուղէ Ստեփանը՝ իրենց համար բերելու յարմար ինքնաշարժ մը, որուն ճամբով ալ դանիացի դիւանագէտը աւելի դիւրութեամբ իր գործունէութիւնը պիտի վարէր։ Ստեփան կը գնէ Renault մակնիշի մեքենայ մը, զայն կը հասցնէ մինչեւ Մարսէյի նաւահանգիստ, իսկ այնտեղէն ալ նաւով կը փոխադրէ Սելանիկ։ Քանի մը տարի գործածելէ ետք, դանիացիները այս մեքենան Ստեփանին կը նուիրեն։

1925-ին Ստեփանը Սելանիկէն կը տեղափոխուի եւ կը հաստատուի Աթէնք։ Այդ տարիներուն յունական մայրաքաղաքին մէջ ինքնաշարժները հազուագիւտ էին։ Աշխատանքի կ՚ընդունուի թագաւորական պալատին մէջ, մանաւանդ որ պալատական կազմը կը հմայուի Ստեփանին ինքնաշարժով։ Մեքենային համար կը տրամադրուի կառատուն մը, որ կը գտնուէր պալատական ախոռներուն մէջ:

Այսպիսի կարեւոր տեղ մը աշխատելու համար երկու կարեւոր պայման կար. զինուորական ծառայութիւնը ամբողջացուցած ըլլալ եւ յունական հպատակութիւն ունենալ։ Առաջին պայմանը կը լուծուի, երբ Ստեփան իբրեւ զինուորական ծառայող կ՚արձանագրուի քաղաքին հրշէջներուն քով։ Ըստ երեւոյթին բաւական անուանական ծառայութիւն մըն էր, նկատի ունենալով որ Ստեփան ամբողջ ժամանակը կը մնար թագաւորական պալատին մէջ։ Նոյն պալատին միջնորդութեամբ Ստեփան կը ստանայ յունական հպատակութիւն, ինչ որ 1920-ական եւ 1930-ական թուականներուն հազուագիւտ երեւոյթ մըն էր Յունաստանի հայ գաղթականներուն համար։

1925-ի շուրջ, Ստեփան կը յաջողի Պոլիսէն Աթէնք տեղափոխել իր մայրը՝ Հայկուհին եւ եղբայրը՝ Մելքոնը, որուն հետ անբաժան կ'ըլլայ եւ եղբայրական կապերը հզօր կ'ըլլան մինչեւ վերջ: Վարուժան կը պատմէ, որ երկու եղբայրներուն ամուսնութիւնը տեղի կ՚ունենայ միեւնոյն օրը։ Միւս եղբայրը՝ Յակոբը, իր ընտանիքով Պոլիսէն Արժանթին կը գաղթէ։

Աթէնք, 1928։ Մելքոն Նշանեան կանգնած է Renault մակնիշի իր ինքնաշարժին կողքին։
Աթէնք, 1927։ Ամէնէն աջին՝ Ստեփան Նշանեան։ Հանրակառքը կը պատկանի իր ընկերութեան։ Միւսներուն ինքնութիւնը անծանօթ է։
Աթէնք, 1930: Մելքոն Նշանեան եւ իր մայրը՝ Հայկուհին: Ստեփանը այս հանրակառքին վարորդն էր: Նկատելի է որ հանրակառքին մէջ իւրաքանչիւր նստարան իր առանձին դուռը ունի։

Երրորդ եղբայրը՝ Շմաւոնը, նոյնպէս Պոլիսէն Աթէնք կու գայ, իր կնոջ՝ Անուշ Կիւտէնեանի հետ։ Երկար չեն մնար Յունաստան. կը մեկնին եւրոպական զանազան երկիրներ, ապա Մոսկուա, իսկ հոնկէ ալ կը մեկնին Խորհրդային Հայաստան եւ բնակութիւն կը հաստատեն Երեւանի մէջ։ Հոս իրենց կեցութիւնն ալ երկար չի տեւեր։ Դժգոհ երկրի պայմաններէն, անոնք կը յաջողին լողալով կտրել Արաքս գետը եւ ապաստան գտնել սահմանակից Իրանի մէջ։ Անուշը եւ Շմաւոնը բարձրագոյն կրթութիւն ունէին եւ կը տիրապետէին բազմաթիւ լեզուներու։ Իրանեան իշխանութիւնները կը հետաքրքրուին անոնց վիճակով: Երկար չեն մնար այս երկրին մէջ։ Շոգենաւով կու գան Կիպրոս, այստեղէն ալ՝ Յունաստան, ուր կը մնան մինչեւ վերջ: Անուշը եւ Շմաւորնը կ՚ունենան որդի մը՝ Կարօ Նշանեանը: Շմաւոնը Աթէնքի մէջ կը սկսի աշխատիլ եղբօր՝ Ստեփանին հիմնած հանրակառքի ընկերութեան մէջ։

 Ստեփանը 1936-ին կ՚ամուսնանայ Պերճուհիին հետ։ Ան ծնած էր Պուրսա, ուր ընտանիքը կը զբաղէր մետաքսագործութեամբ։ Պերճուհիին հայրը՝ Յակոբը Անատոլեանը, Եւրոպայէն Պուրսա ներածած էր մետաքսագործութեան արդի մեքենաներ եւ իր գործարանին արտադրած մետաքսը կ՚արտածէր եւրոպական երկիրներ։ Յակոբին գործարանը կը գտնուէր Պուրսայի արեւելքը՝ Պիլէճիք քաղաքին մէջ։ Հաւանաբար Ցեղասպանութեան տարիներուն Յակոբ կը սպաննուի, երբ զինք վար կը նետեն սուրացող շոգեկառքէ մը։ Տարիներ ետք Ստեփան եւ Պերճուհի կ՚այցելեն Պոլիս, հոնկէ կ՚անցնին Պուրսա եւ Պիլէճիք, ուր կը տեսնեն Յակոբ Անատոլեանի գործարանին աւերակները:

Յակոբին մահէն ետք, Պերճուհիին երկու եղբայրները՝ Արթինը եւ Յակոբջանը, ինչպէս նաեւ իրենց մայրը՝ Մարիամը, Յունաստան կը գաղթեն։ Սկիզբը կ՚ապրին Փիրղոս Իլիաս գաւառը, ապա կը հաստատուին Աթէնք: Երկրորդ համաշխարհային պատերազմի տարիներուն, երբ Յունաստանը կը գրաւուի  նացիական Գերմանիոյ բանակներուն կողմէ եւ երկիրը կը մատնուի սովի եւ տնտեսական ճգնաժամի, Արթինն ու Յակոբջանը շատ մը ուրիշ բնակիչներու օրինակով քաղաքէն դուրս կու գան վառելանիւթ փայտ գտնելու համար։ Գերմանական բանակը յաճախ այս անձերը կը շփոթէր փարթիզաններու հետ եւ առանց այլեւայլի կը սպաննէր։ Արթինը եւ Յակոբջանը օր մը գացած էին Սթավրոս Աղիաս Փարասքէվիս շրջանը (Մարաթոնէն դէպի Աթէնք ճամբուն վրայ)՝ դարձեալ փայտ հաւաքելու: Հեռուէն անոնք կը նկատեն գերմանացի բանակայիններ. անմիջապէս փայտերը կը ձգեն ու կը պահուըտին: Յակոբջանը կը փախչի ու կ'ազատի, մինչ Արթինը կը պահուըտի ջուրով լեցուն տակառի մը մէջ։ Արթին իր կարգին կ՚ազատի, բայց ջուրին մէջ երկար մնալուն հետեւանքով՝ թոքախտի կը բռնուի, հիւանդանոց կը փոխադրուի եւ կարճ ժամանակ ետք կը մահանայ։ Յակոբջան իր կարգին կը սկսի աշխատիլ Ստեփանին պատկանող հանրակառքի ընկերութեան մէջ:

Վարուժան  Նշանեանի ծննդեան եւ մկրտութեան հաստատագիրը։

Ստեփանը Աթէնքի մէջ կը զբաղէր հանրակառքով (bus) փոխադրութեամբ։ Իր առաջին հանրակառքը կ՚ըլլայ Փարիզէն բերած Renault-ն։ Այս մէկը սովորական ինքնաշարժ մըն էր, բայց Ստեփան կը յաջողի զայն փոփոխութեան ենթարկել եւ վերածել փոքր հանրակառքի։ 1920-ականներու վերջերուն ան արդէն ութ հանրակառք ունէր եւ կը հիմնէ փոխադրամիջոցային իր սեփական ընկերութիւնը։ Այս տարիներուն ան կրկին Ֆրանսա կը մեկնի` այնտեղէն փոխադրակառքեր ներածելու համար։ Ստեփան կը գնէ նաեւ թագաւորական պալատին հինցած հանրակառքերը, զանոնք կը նորոգէ եւ կը գործածէ իր ընկերութեան համար։

Ստեփան իր հանրակառքերով հայ գաղթական բանուորներ կը տանէր Աթէնքէն Լավրիօ, ուր գոյութիւն ունէին հանքեր, որոնց մէջ կ՚աշխատէին հայ գաղթականներ։ Ստեփանը նաեւ փայտ կը փոխադրէր Աթէնքի Տուրղութի թաղամասի գաղթակայանը, որպէսզի տեղւոյն հայերը այս շինանիւթով իրենց տնակները կառուցեն։ Տուրղութիի գաղթակայանին մէջ է որ Ստեփան կը ծանօթանայ Պերճուհիին, որուն հետ կ'ամուսնանայ 1936-ին: 1937-ին կը ծնի իրենց դուստրը՝ Հայկուհին, իսկ 1939-ին՝ Վարուժանը:

1920-ականներու վերջերուն, միջազգային տնտեսական տագնապին լոյսին տակ, հանրակառքերու զանազան յունական սեփական ընկերութիւններ կը սնանկանան եւ կը փակեն իրենց դռները: Այս պայմաններուն մէջ Ստեփանին հանրակառքի ընկերութիւնն ալ կը դադրի գործելէ: Իր բոլոր հանրակառքերը կը պահէ իր Աթէնքի Քուքաքի թաղամասի կառատան մէջ եւ 1932-ին Աթէնքի մէջ կը բանայ մարզական իրերու խանութ մը: Քանի մը տարի ետք, Ստեփան կը փակէ այս խանութը ու կը վերաբանայ հանրակառքի իր ընկերութիւնը:

Բ. Համաշխարհային պատերազմին ընթացքին, երբ ֆաշիշտական Իտալիոյ բանակները Ալպանիայի վրայով կը յարձակին Յունաստանի վրայ (1940-ին), Ստեփան յունական բանակ կը զօրակոչուի եւ այս ձեւով ծայր կ՚առնէ բանակային ծառայութեան իր երրորդ փուլը: Ան կը ղրկուի ալպանական ճակատ՝ իտալական բանակներուն դէմ։ Ընտանիքին մէջ տակաւին կը յիշուի, թէ երբ Ստեփան այս ճակատէն տուն կը վերադառնայ՝ ֆիզիքապէս սպառած էր, մանաւանդ որ ամբողջ ճամբան զինուորները ոտքով կտրած էին։ Յետոյ կը յիշուի, որ անոր հագուստրները ոջիլներով լեցուն էին։

Պատերազմի այս տարիներուն սկիզբը յունական բանակը, ապա նացիական զօրքերը կը բռնագրաւէին հանրակառքերը զինուորական նպատակով զանոնք գործածելու համար։ Ստեփանին հանրակառքերէն ոմանք նոյնպէս կը բռնագրաւուին։ Վարուժան կը յիշէ, որ գերմանական բանակը այս ինքնաշարժներուն մէջէն զատած եւ առած էին միայն գերմանականները։

Չափահասներու խաղեր… Ամէնէն ձախին՝ գլխարկով եւ ինքնաշարժը հրողը Մելքոն Նշանեանն է։ Միւսները վստահաբար իր բարեկամներն են։ Աթէնք, 1934-1935 թուականներ:
Աթէնք, 1935: Ձախէն աջ՝ Մելքոն Նշանեան։ Միւսը վստահաբար իր ընկերն է (անունը անյայտ)։ Ինքնաշարժը Մելքոնին կը պատկանի։
Աթէնք, 1930։ Ստեփանին պատկանող բեռնակառք մը, որուն հետ պէնզին կը ծախէր։ Ստեփանը ոտքի կանգնած փողկապով անձն է։ Միւսները իր պաշտօնեաներն են, անունները անյայտ։