Ժան-Քրիսթիան Օնոսեանի հաւաքածոյ - Փարիզ, Ֆրանսա
Այս նիւթերը մեզի յանձնեց Ժան-Քրիսթիան Օնոսեան/Օհաննէս։ Անոնք իր մօր եւ հօր ընտանեկան հին պատկերներն են։
Մայրը՝ Երանուհի (ծնեալ Պալապանեան), Սթանոս քաղաքէն է, որ կը գտնուի Անգարայի արեւմուտքը եւ ծանօթ է նաեւ Սթանոզ կամ Իսթանոս անուններով (ներկայիս կը կոչուի Ենիքենթ)։
Հայրը՝ Տիգրան, ծնած է Ուրֆա, 1904-ին։ Որդին է Խաթուն (ծնեալ Թաշճեան) եւ Գէորգ Օնոսեաններու։ Միւս զաւակներն էին՝ Գոհար, Արմենակ եւ Միհրան։ Անոնց տունը կը գտնուէր հայկական թաղամասին մէջ, Սուրբ Աստուածածին տաճարին մօտիկ տեղ մը։ Գէորգ Օնոսեան (Տիգրանի հայրը) արհեստով հնակարկատ էր։ Ցեղասպանութեան տարիներուն, Տիգրան կ՚ըլլայ այս բազմանդամ ընտանիքին միակ վերապրողը։ Սկզբնական շրջանին Տիգրան փախստական կեանք մը կ՚ապրի Ուրֆայի մէջ, բայց աւելի ուշ տեղական իշխանութիւնները զինք կը դնեն քաղաքին թրքական որբանոցին մէջ, ուր կը մնայ մինչեւ պատերազմին աւարտը։ Այն ատեն զինք կը փոխադրեն Պոլիս եւ կը տեղաւորեն Քուլելիի զինուորական երկրորդական վարժարանին մէջ (Չենկելքէօյ թաղամաս), որ զինադադարէն ետք բրիտանական գրաւեալ ուժերուն որոշումով կը վերածուի հայկական որբանոցի։ 1919-ի շուրջ Պոլիս գտնուող ուրիշ շատ մը որբերու հետ նաւով կը փոխադրուի Պաթումի նաւահանգիստը եւ այնտեղէն կը ղրկուի Հայաստանի նորանկախ պետութեան քաղաքներէն՝ Ալեքսանդրաբոլ (ներկայիս Գիւմրի), ապա՝ Սեւանի ափին գտնուող Նոր Բայազիտ քաղաքը (ներկայիս Գաւառ)։ Այստեղ հաստատուած էին նաեւ Արմաշի (Օսմանեան կայսրութեան Իզմիթ նահանգ) հայկական որբանոցի տղաքը եւ իրենց համար հիմնուած էր երկրագործական վարժարան մը։ Տիգրան ինքն ալ կը միանայ այս որբերուն։
Հայաստան իր կեցութիւնը երկար չի տեւեր։ Երկրին մէջ խորհրդային կարգեր կը հաստատուին, սկզբնական շրջանին խուճապային կացութիւն մը կը ստեղծուի եւ այս մթնոլորտին մէջ Տիգրանն ու որբ քանի մը ընկերներ կ՚որոշեն դուրս գալ երկրէն եւ անցնիլ Եւրոպա։ Արկածախնդրալից ճամբորդութիւններէ ետք կը հասնին Պաթում, ուրկէ նաւով կը ճամբորդեն մինչեւ Յունաստան։ Աթէնքի մէջ է որ 1923-ին, Տիգրան Յունաստանի մէջ Հայաստանի Հանրապետութեան ներկայացուցիչէն կը ստանայ անցագիր մը, որուն շնորհիւ ալ արտօնութիւն կը ստանայ մեկնելու Ֆրանսա։
Տիգրանի առաջին հանգրուանը կ՚ըլլայ Մարսէյ. 17 տարեկան էր, բեռնակրութիւն կ՚ընէ նաւահանգիստին մէջ։ Այս ժամանակ է որ կը գնէ իր առաջին մանտոլինը, զոր կը նուագէ իր ազատ ժամերուն։ Վեց ամիս ետք աշխատանքի նոր առաջարկ մը կ՚ըլլայ Տիգրանին եւ կը մեկնի Քասթէլսարասէն, ուր կը զբաղի ներկարարութեամբ։ Այս քաղաքին մէջ է որ կը գտնէ Սթանոսցի հայ գաղթականներու նկատառելի թիւով համայնք մը։ Այստեղ է որ կը սիրահարուի Երանուհիին (ծնած Սթանոս, 1910-ին), իր ապագայ կնոջ, երբ այս վերջինը հազիւ 14 տարեկան էր, իսկ Տիգրան՝ 20։Երանուհին եւ իր ընտանիքը Սթանոսը վերջնականապէս ձգած էին 1920-ականներու սկիզբը։
Գործի բերումով Տիգրան կը հաստատուի Փարիզ, կը դառնայ վարսաւիր, կը պսկաուի Երանուհիին հետ 1927-ին, կ՚ունենան երկու որդիներ՝ Ժիրայր եւ Օհաննէս/Ժան Քրիսթիան։ Տիգրան կը մահանայ 1961-ին, իսկ Երանուհի՝ 1989-ին։