Սարաֆեան հաւաքածոյ – Փարիզ
Այս էջը նուիրուած է Պօյաճեան ընտանիքի անդամներուն, որոնք ապրած են Եփրատի գետի ափին գտնուող Էհնէշ/Էյնէշ գիւղին մէջ (այժմու Կիւմիւշկիւն, Այնթապի հիւսիս-արեւելքը)։ Պօյաճեանները այս նիւթերը մեզի տրամադրող Ռաֆֆի Սարաֆեանի հօրենական մեծ մօր ընտանիքն են։ Ընտանիքին նախնիներէն մեզի ծանօթ ամէնէն երէցը Թորոս Պօյաճեանն է, որ ծնած է 1850-ին. ան Տէր Յակոբ Պօյաճեանի հայրն է։ Այս էջին վրայ ներկայացուած են Տէր Յակոբին պատկանած եկեղեցական առարկաներն ու նիւթերը։ Թորոս ամուսնացած էր Մարիամ Խանումին հետ։ Անոնց զաւակը՝ Յակոբ Պօյաճեան, Ռաֆֆի Սարաֆեանի մեծ մեծ մեծ հայրն է, Յակոբ ծնած է Էհնէշ գիւղին մէջ 1869 թուականին։
Տէր Յակոբ ամուսնացած էր Նուէր Խաչերեանին հետ։ Նուէր նոյնպէս ծնած էր Էհնէշի մէջ, 1870-ին։ Անոնք ունէին 8 զաւակ, որոնցմէ 3-ը Ցեղասպանութեան զոհ գացած են։ Զաւակներուն անուններն են՝ Զաքարիա, Լուսաբեր, Սարգիս, Խորէն (Ռաֆֆի Սարաֆեանի մեծ մեծ հայրը), Գաբրիէլ, Հռիփսիմէ, Մարիամ եւ Սիրանոյշ։ Ընտանեկան պատմութիւնէն կ՚իմանանք թէ Պօյաճեանները ի սկզբանէ Վանէն էին եւ ապա փոխադրուած էին Կիլիկիա արաբական արշաւանքներէն ետք։
Տէր Յակոբ Էհնէշի Սբ. Աստուածածին եկեղեցւոյ քահանան էր, ան օծուած էր 1899-ին Ուրֆայի մէջ տեղւոյն եպիսկոպոս Խորէն Մխիթարեանի կողմէ։ 1909-ին Ատանայի շրջանին մէջ տեղի ունեցած հակահայ ջարդերուն ընթացքին Տէր Յակոբ կարեւոր դերակատարութիւն կ՚ունենայ Էհնէշի հայերուն ինքնապաշտպանութեան գործին մէջ։ Հաւանաբար այս իսկ պատճառով ալ կը ձերբակալուի իշխանութիւններուն կողմէ եւ կը բանտարկուի Հալէպի մէջ։ Ազատ կ՚արձակուի 1915-ին, կը վերադառնայ իր գիւղը, բայց անմիջապէս իր ընտանիքին եւ գիւղի իր հայրենակիցներուն հետ կը տարագրուի։ Ընտանիքը կ՚աքսորուի Համա եւ Հոմս։ Ցեղասպանութեան ժամանակ ընտանիքի շատ անդամներ կը զոհուին, իսկ ուրիշներ կը մահանան հիւանդութեան եւ սովի պատճառով։
Նշխար պատրաստելու փայտեայ նախշեր։ Կլոր նշխարները հաւատացեալներուն կը բաժնուէին հաղորդութիւն առներու ժամանակ։
Համաշխարհային առաջին պատերազմի աւարտին, Այնթապը եւ իր շրջակայքը նախ բրիտանական, ապա ֆրանսական զօրքերու տիրապետութեան տակ էին։ Տէր Յակոբ եւ իր ընտանիքի վերապրող անդամները նախ կը վերադառնան Էհնէշ, հոն կը մնան կարճ ժամանակ մը, որմէ ետք, 1920-ին զիրենք կը գտնենք Այնթապ քաղաքին մէջ։ Նոյն տարին իսկ ծայր կ՚առնէ Այնթապի հայոց ինքնապաշտպանութիւնը թրքական ազգայնական ուժերուն դէմ։ Այս կռիւներուն ընթացքին Տէր Յակոբ կը զբաղի վառօդի արտադրութեամբ, իսկ իր երեք պատանի որդիները ուղղակի կը մասնակցին մարտերուն։ Տէր Յակոբ կը գործուղուէր նաեւ դիրքերը հայ զինուորները խրախուսելու եւ աղօթք կարդալու համար։
Երբ ֆրանսացիները Կիլիկիայէն կը քաշուին 1921-ին, Պօյաճեանները, շատ մը հայ ընտանիքներու նման, կը հեռանան տարածքէն եւ ընտանիքի որոշ անդամներ - Տէր Յակոբի երկու որդիներ Խորէնը եւ այլ որդի մը -, կը հաստատուին Ղազիր (Պէյրութի հիւսիսը գտնուող գիւղ մը)։ Աւելի ուշ, 1920-ականներուն, անոնք նաւով Մարսէյ կը գաղթեն եւ կը հասնին «Quai de la Joliette» նաւամատոյցը, շատ մը ուրիշ հայ գաղթականներու նման։ Կը հաստատուին Ֆրանսայի հարաւը գտնուող Իւզէս քաղաքը։
Տէր Յակոբ քհնյ. Պօյաճեան 1920-էն 1923 քահանայութիւն ըրած է Այնթապ քաղաքին, ապա Պէյլանի մէջ։ Այնուհետեւ կը հաստատուի Հալէպ, ուր կը դառնայ Էհնէշէն եւ Ճիպինէն հասած հայ գաղթականներուն հոգեւոր հովիւը։ Քահանայագործութեամբ ան կը գործուղուէր նաեւ Հալէպի շրջակայ քաղաքներ՝ Պապ, Մումպուճ, Ճերապլուս։ 1924-ին կը ձգէ Հալէպը եւ որոշ ժամանակ կը պաշտօնավարէ Երուսաղէմի մէջ։
Սարգիս Պօյաճեան, Տէր Յակոբի որդիներէն մէկը, 1920-ականներուն նախ կը հաստատուի Եգիպտոս, այնուհետեւ կը միանայ Իւզէս գտնուող (Կար, հարաւային Ֆրանսա) իր եղբայրներուն։
Իր կնոջ Նուէր Խաչերեանի հետ որոշ ժամանակ Երուսաղէմ ապրելէ ետք, Տէր Յակոբն ալ կը միանայ իր զաւակներուն եւ թոռներուն՝ Ֆրանսայի մէջ։
Այս յայտնի լուսանկարը Այնթապի մէջ նկարուած է 1921-ին. գոյութիւն ունին ուրիշ նմանատիպ լուսանկարներ, ուր Տէր Յակոբ նոյն հրացանը եւ զէնքը բռնած է։ Ան հոս 52 տարեկան է։
Երուսաղէմ, 1926, յուղարկաւորութեան մը ընթացքին հայոց Պատրիարքարանի մօտակայքը։ Լուսանկարին խորքը կը տեսնենք Եղիշէ Դուրեան՝ Երուսաղէմի հայոց պատրիարքը, ամբոխին մէջն է, վիզին շուրջ կը կրէ մէկէ աւելի խաչեր, եւ ձեռնածալ է։ Լուսանկարին մէջ նաեւ կ՚երեւի Բաբգէն Եպսկ. Կիւլէսէրեան (Կիլիկիոյ ապագայ Աթոռակից Կաթողիկոս), կը կրէ պզտիկ ակնոցներ, ան ճերմակ մօրուք ունի եւ Եղիշէ Պատրիարք Դուրեանի աջին երրորդն է ոտքի կանգնած։ Տէր Յակոբ Պօյաճեան նկարին ձախին է, ան յուղարկաւորութիւնը առաջնորդող ամէնէն առջեւի քահանան է։
1. Տէր Յակոբ Պօյաճեան լուսանկարուած իր որդիներէն Գաբրիէլի հետ։ Գաբրիէլ ոտքի կեցած է Տէր Յակոբին ետեւը ձախին, միւս երեք տղաները հաւանաբար Տէր Յակոբի եղբօրորդիներն են։ Այս մէկը Տէր Յակոբի ամէնէն հին լուսանկարն է, լուսանկարուած 1918-ի շուրջ, տրուած ըլլալով որ հոս Գաբրիէլ Պօյաճեան մօտաւորապէս 12 տարեկան է։
2. 1940, Տէր Յակոբ լուսանկարուած պատարագի մը ընթացքին։ Էհնէշցի քահանան իր պատարագները ընդհանրապէս թրքերէն լեզուով կը կատարէր, աւելի մատչելի ըլլալու համար թրքախօս հաւատացեալներուն։
3. Տէր Յակոբ Պօյաճեանի որդին Խորէն Պօյաճեան կեցած է ձախին, հագած է զինուորական տարազ։ Խորէն լուսանկարուած է Այնթապի մէջ, 1920-ին, նոյնպէս զինուոր ընկերոջ մը հետ։
Վերը ցուցադրուած Խորէն Պօյաճեանին լուսանկարին կռնակը։ Նկարին ետեւի գրութեան ընդմէջէն կրնանք ենթադրել որ Խորէնին քով կեցած ընկերոջ անունը Կիրակոս Սէմէրճեան է։ «15 օգոստոս, 1922» թուականը չի համապատասխաներ Այնթապի ինքնապաշտպանութեան թուականին, այլ հաւանաբար այն թուականն է երբ ընտանիքի անդամ մը տեղեկութիւններ գրառած է լուսանկարին ետեւը, ուր նաեւ նշուած է որ նկարին մէջ Խորէնը մօտաւորապէս 17 տարեկան է։
Տէր Յակոբ Պօյաճեան եւ իր կինը՝ Նուէր (ծնեալ Խաչերեան), լուսանկարուած Երուսաղէմի Սբ. Յակոբ եկեղեցւոյ առջեւ, 1927։
Տէր Յակոբէն չորս տարբեր պատկերներ։
Առաջին նկարը ցոյց կու տայ Տէր Յակոբը հայկական ծերանոցին մէջ, Ֆրանսա, 1955 (St Raphael, “Ephad Home Arménien”)։
Տէր Յակոբի որդի Խորէնին տան պարտէզին մէջ, Իւզէս, Ֆրանսա, 1954։
Երրորդ եւ չորրորդ լուսանկարները անթուակիր են։
Տէր Յակոբ Ֆրանսայի հարաւի Թեմին «այցելու քահանա»ն էր. հոգեւոր այցելութիւններ կու տար Ռոնի (Ֆրանսա) մէջ եւ շրջակայքը գտնուող հայ ընտանիքներու։ Այս լուսանկարին մէջ կը տեսնենք Տէր Յակոբը կնունքի մը ընթացքին, թուական՝ 1930-ականներ։ Կնքուող երեխան եւ անոր ընտանիքը անծանօթ են։
1. Տէր Յակոբ եւ իր կինը՝ Նուէր. Տէր Յակոբի ետեւը կեցած է իր որդին Սարգիսը, իսկ ձախին Սարգիսի կինն է՝ Ազնիւը։ Տէր Յակոբ եւ Նուէր գրկած են իրենց թոռները, երկուորեակ եղբայրներ, որոնք այս լուսանկարին թուականէն քիչ ետք կը մահանան։ Քահանային եւ կնոջ միջեւ ոտքի կեցած աղջնակը իրենց թոռնուհին է՝ Մարին։ Լուսանկարուած Գահիրէ, 1927-ին։
2. Տէր Յակոբ լուսանկարուած իր որդւոյն ընտանիքին հետ, Գահիրէ, 1925։ Ձախէն աջ, ոտքի կեցած են՝ Ազնիւ, Տէր Յակոբին հարսը, Սարգիս, Տէր Յակոբին որդին, եւ Մարի, Տէր Յակոբին թոռնուհին։
Տէր Յակոբ Պօյաճեան եւ իր կինը Նուէր, լուսանկարուած իրենց երկու որդիներուն, հարսին եւ դուստրին հետ, Ֆրանսա, 1930-ականներու վերջաւորութեան։
Ոտքի կանգնած են ձախէն աջ՝ Տէր Յակոբի որդիներ Սարգիս եւ Խորէն (Խորէն մեծ մեծ հայրն է Ռաֆֆի Սարաֆեանի), Հայկանոյշ (Խորէնի կինը), եւ Հռիփսիմէ (Տէր Յակոբի եւ Նուէրի դուստրը)։
Ասոնք կոնդակներ են Երուսաղէմի հայոց Պատրիարքարանի կողմէ տրուած Տէր Յակոբին, որուն մէջ կը նշուի թէ զինք կու տան 10 ֆրանք արժողութեամբ «աշխատավարձ» մը. Տէր Յակոբը Սբ. Էթյէնի (Ֆրանսա) հայկական եկեղեցւոյ այցելու քահանան էր 1933-ին։
Իւզէսի (Ֆրանսա) հայկական եկեղեցիի կողմէ տրուած ծննդեան եւ կնունքի վկայականներ։ Տէր Յակոբ քահանան է որ այս երեխաներուն կնքած է։
1. Այս փաստաթուղթը, թուակիր՝ 1938, կը վկայէ թէ Սաքոյեան Սարգիս (ծնեալ Հալէպ, 26 մայիս 1924-ին), որդին Սաքոյեան Ներսէսի (ծնեալ Էհնէշ, Այնթապ, 14 յուլիս, 1896-ին) եւ Պօյաճեան Հռիփսիմէի (ծնեալ Էհնէշ, Այնթապ, 27 փետրուար, 1909-ին) կնքուած է։ Կնքահայրն է Պօյաճեան Գաբրիէլ (ծնեալ Էհնէշ)։
2. Այս փաստաթուղթը, թուակիր՝ 10 փետրուար, 1946, կը վկայէ թէ Ռոպեր Աւետիս (ծնեալ Նիմ [Կար, Ֆրանսա] 11 օգոստոս 1945-ին), որդին Փանոսեան Քամերի (ծնեալ Անկորա, Թուրքիա, 28 փետրուար 1916-ին) եւ Պարոնեան Մարիի (ծնեալ Փինկան, [Սեբաստիոյ նահանգ], Փոքր Ասիա, 26 April, 1921-ին), կնքուած է։ Կնքահայրն է Վարվարեան Վարուժան (ծնեալ Եօզկաթ)։
1. Վկայագիր (13 Յունիս 1924 թուակիր) տրուած Տէր Յակոբ քհնյ. Պօյաճեանին Հալէպի հայոց Առաջնորդարանին կողմէ։ Նշուած է որ Տէր Յակոբը ծառայած է Հալէպի մէջ եւ ներկայիս որոշած է այլուր ծառայել։ Կը յանձնարարուի պատկան մարմիններուն օժանդակել Տէր Յակոբը նոր գործի որոնման եւ նոր վայրի մէջ հաստատուելու իր ճիգերուն մէջ։
2. Վկայագիր (7 Օգոստոս 1929) պատրաստուած Երուսաղէմի հայոց Պատրիարքարանի կողմէ, ուր կ՚ըսուի թէ վերջին տարիները Տէր Յակոբ քհնյ. Պօյաճեանը ծառայած է Երուսաղէմի Մայրավանքին եւ շրջակայ տարածքին մէջ։ Ստորագրուած է պատրիարքարան փոխանորդ Մկրտիչ եպսկ. Աղաւնունիի կողմէ։
3. 3 Յունիս 1920 թուակիր սոյն փաստաթուղթը Այնթապի հայոց ինքնապաշտպանութեան ժամանակաշրջանէն է։ Գրուած է. «Արտօնագիր Արժ. Տ. Յակոբ Պօյաճեանի (զինուոր-քահանայ) մեր շրջանները այցելել եւ հարկ եղող քաջալերութիւնն ու խրատականը տալու համար»։ Նոյն վաւերաթուղթէն կ՚իմանանք նաեւ որ Տէր Յակոբ Այնթապի հայկական զինարանին վառօդագործն էր։
1. Յունիս 1920 թուակիր սոյն փաստաթուղթը Այնթապի հայոց ինքնապաշտպանութեան ժամանակաշրջանէն է։ Գրուած է. «Արտօնագիր Տէր Յակոբ քհնյ. Պօյաճեանի (զինուոր քահանայ) մեր շրջանները այցելել եւ հարկ եղած քաջալերութիւնն ու խրատականը տալու»։
2. Օսմանեան փաստաթուղթ որ կ՚արտօնէ Էհնէշի մէջ նոր եկեղեցիի մը կառուցումը։
Զինուորական վկայական որ տրուած է Խորէն Պօյաճեանին Այնթապի հայկական ինքնապաշտպանութեան ռազմական հրամանատար (1920 ապրիլ 1 - 1921 փետրուար 8) Ատուր Լեւոնեանի կողմէ։
Գրուած է. «Զինուորական վկայական թիւ 60։ Այսու կը վկայենք թէ Պրն. Խորէն Տ. Յակոբեան մեր քաջ զինուորներէն ըլլալով իրեն համար (՞) բաժինը ունեցած է Այնթապի ինքնապաշտպանութեան Սուրբ գործին։ 25/02/1921, Այնթապ, Զին. հրամանատար Ա. Լեւոնեան»։
Այս պատմական նկար մըն է որ կը ներկայացնէ Գրիգորիս Արքեպիսկոպոս Պալաքեանի յուղարկաւորութիւնը Մարսիլիոյ մէջ, 1934։
Նկարին խորքը երեւցող քահանան Վրամշապուհ Քիպարեանն է (Թուայնացուած Բաց Արխիւ բաժինին մէջ լոյս տեսած Քիպարեան ընտանիքի հաւաքածոն տեսնելու համար սեղմեցէք ՀՈՍ)։
Յառաջացած տարիքին իսկ Տէր Յակոբ Պօյաճեան շատ կը ճամբորդէր Միջին Արեւելք։ Հոս ան լուսանկարուած է Հալէպի Պոսթան Փաշա թաղամասին մէջ էհնէշցի հայրենակիցներու հետ՝ Յակոբ Քէյուանեան եւ Օհանեան ընտանիքի անդամներ, 1944։ Աջին, սոյն պատկերին կռնակը, ուր կը գտնենք վայրին, թուականին եւ անձերուն մասին տեղեկութիւնները։
Տէր Յակոբ Պօյաճեանի որդիները (անոնցմէ մէկը Խորէնն է), կօշկակարութեան աշխատանոցի մը մէջ Պէյրութի հիւսիսը գտնուող Ղազիր գիւղին մէջ, 1920-ականներուն։ Լիբանանեան այս գիւղին մէջ հաստատուած էր Near East Relief-ի հայկական որբանոցներէն մէկը զուիցերիացի Եաքոպ Քիւնցլերի ղեկավարութեամբ։ Ղազիրի մէջ բնակութիւն հաստատած էր նաեւ փոքրաթիւ հայկական համայնք մը, որուն մաս կը կազմէր նաեւ Պօյաճեան ընտանիքի որոշ անդամներ։
Հմայիլներ (եռանկիւանաձեւ ծալլուած թուղթի վրայ աղօթքներ)։ Առաջին հմայիլին վրայ գրուած է Խորէն։ Իսկ երրորդը այն հմայիլն է որ սխալմամբ բացուած է Տէր Յակոբի շառաւիղներու կողմէ։
Յակոբ Պօյաճեան, Ռաֆֆի Սարաֆեանի մեծ մեծ մեծ հայրը, հմայիլներ կը պատրաստէր եւ կը բաժնէր ընտանիքի անդամներուն զիրենք պաշտպանելու համար։ Թուղթերու վրայ գրուած այս աղօթքները եռանկիւնաձեւ կը ծալլուէին եւ կտորէ եռանկիւն պատեանի մէջ կը պահուէին։ Այս հմայիլները պէտք չէ որ բացուէին։ Ռաֆֆի Սարաֆեանի փոքր որդին սխալմամբ կը բանայ այս հմայիլներէն մէկը. բացուած աղօթքին պատճէնը կրնաք տեսնել ստորեւ։ Տէր Յակոբ այս աղօթքը գրած է մօտ 100 տարի առաջ։ Ապա ան ժառանգած է իր որդին Խորէն Պօյաճեանը, որ զայն պահած է իր սրտին մօտիկ Այնթապի ինքնապաշտպանութեան ժամանակ։ Այս հմայիլը սերունդէ սերունդ փոխանցուած է եւ այժմ կը պահուի Փարիզի մէջ, Սարաֆեան ընտանիքի հաւաքածոյին մէջ։
Վերը ցուցադրուած սեւ սքեմին ճարմանդը:
Վրան փորագրուած է հետեւեալը՝
«Է Յիշատակ Սանդուխթ Չաղլացեան Այնթապ 1912»։
Շարականներու գիրք, լոյս տեսած է Պոլիս 1816-ին։ Էջին վրայ կան ձեռագիր արձանագրութիւններ տարբեր ժամանակներու եղած։ Անոնցմէ ոմանք անընթեռնելի են։ Այս արձանագրութիւններէն կ՚իմանանք որ գիրքը գնուած է 1904-ին։ 1921-ին գրուած է. «Այս Շարականը կը պատկանի Տէր Յակոբ քհնյ. Պօյաճեանի, Ապրիլ 1921»։ Ամէնէն վարի արձանագրութեան մէջ Տէր Յակոբ կը գրէ թէ գիրքը կը նուիրէ իր որդւոյն Թորոսին եւ թոռան Յովհաննէսին։
Տպագիր եւ պատկերազարդ Աստուածաշունչ, որ պատկանած է Տէր Յակոբ քհնյ. Պօյաճեանի հօր Թորոս Պօյաճեանի։ Լոյս տեսած է Վենետիկ, 1733-ին, «Անտօնի Պօռթօլի» տպարանին մէջ, աշխատասիրութեամբ Մխիթար վարդապետի։
Վերի Աստուածաշունչը։ Կը կարդանք. «Յակոբ քհնյ. Պօյաճեան, 1931, նուիրեցի զաւակիս Խորէնին եւ թոռս Յովհաննէսին»։