Եղիա Սարգիսեան հաւաքածոյ – Աթէնք
Յիշողութեան այս նիւթերը հաւաքուեցան 30 Նոյեմբերին 2019-ին Աթէնքի մէջ տեղի ունեցած Յուշամատեանի աշխատանոցին ընթացքին։
Սոյն էջը պատրաստուեցաւ գործակցութեամբ Աթէնքի «Արմենիքա» պարբերաթերթին եւ «Համազգային» միութեան։
Եղիա Սարգիսեանին հայրը Սիմոն Սարգիսեանն է, որ ծնած է Զմիւռնիա 1900-ի շուրջ։ Սիմոնին հօր անունը նոյնպէս Եղիա Սարգիսեան է, որուն մասին գիտենք որ երկաթուղային կայարանի մը տնօրէնը եղած է։
Եղիային մայրը Վերժին Սարգիսեանն (ծնեալ Թորոսեան) է, ծնած է Աքշէհիր՝ Գոնիայի հիւսիս-արեւմուտքը։ Եղիա շատ ծանօթ չէ մօր պատմութեան, նկատի ունենալով որ Վերժին Ցեղասպանութենէն ետք որբացած էր եւ շրջան մը ապրած է Լիբանան՝ Մերձաւոր Արեւելքի նպաստամատոյցի (NER) որբանոցներէն մէկուն մէջ։ Վերժին ունեցած է եղբայր մը՝ Յակոբը եւ քոյր մը՝ Ազնիւը։ Գիտենք որ այս երեքէն Ազնիւն է, որ առաջին անգամ Յունաստան կը հաստատուի։ Վերժին (12 տարեկան) եւ Յակոբ (6 տարեկան) իրենց կարգին Լիբանանը կը ձգեն 1924-ին եւ կը միանան իրենց քրոջ՝ Յունաստանի մէջ։ Ազնիւ եւ Յակոբ աւելի ուշ՝ 1940-ականներուն, կը ներգաղթեն Խորհրդային Հայաստան։
Վերժինին անցագիրը, որ իրեն շնորհուած է Սուրիոյ եւ Լիբանանի մէջ ֆրանսական հոգատար իշխանութիւններուն կողմէ։ Այս անցագիրին ճամբով, Վերժին (12 տարեկան) եւ Յակոբ (6 տարեկան) Պէյրութի նաւահանգիստէն կը մեկնին Յունաստան իրենց քրոջ՝ Ազնիւին միանալու։ Անցագիրին թուականն է 29 Ապրիլ 1924։ Անցագիրին կռնակին կան կնիքները Պէյրութի մէջ Յունաստանի հիւպատոսարանին, Save the Children կազմակերպութեան եւ Պէյրութի նաւահանգիստին մաքսային վարչութեան։
Իզմիր, հայ կօշկակարներ։ Ձախէն առաջին երկու պատանիներէն մէկուն մականունը Սանճեան է, ձախէն երրորդը՝ Սիմոն Սարգիսեան, չորրորդը՝ Խաչիկ Պարպա (Սիմոնին քրոջ՝ Ռոզային ամուսինը)։
Զաքինթոս կղզի, հայ կօշկակարներ աշխատանքի ընթացքին, 13 Յունիս 1923։ Ձախէն աջ՝ Սիմոն Սարգիսեան, անծանօթ մը, Աւետիս, Խաչիկ Պարպա։ Ոտքի՝ յոյն մը, անունը անյայտ։
Եղիային հայրը՝ Սիմոնը, Զմիւռնիոյ մէջ արհեստով կօշկակար էր։ Ան այս արհեստին կը տիրապետէ սկիզբը աշխատելով իր վարպետին՝ Խաչիկ Պարպային քով, որ Սիմոնին քրոջ՝ Ռոզային ամուսինն էր։
1922-ին երբ թրքական բանակները Իզմիր կը մտնեն, բազմահազար չափահաս տղամարդոց օրինակով Սիմոնն ալ կը գերեվարուի։ Գիտենք որ այս գերիներէն շատեր հետագային տարիներով աքսորական կեանք մը պիտի ապրէին Թուրքիոյ մէջ, ոմանք պիտի մահանային գերեվարութեան այս տարիներուն, իսկ ուրիշներ ալ միայն տարիներ վերջ պիտի վերադառնային Յունաստան։ Սակայն Սիմոն այս ճակակագիրին չենթարկուիր։ Իր գերեվարութենէն կարճ ատեն մը ետք, երբ տեղի պիտի ունենային յոյն եւ թուրք գերեվարուած զինուորներու փոխանակում, ան կը յաջողի ձեռք ձգել մահացած յոյն զինուորի մը անձնաթուղթը։ Կը ներկայանայ այս զինուորին՝ Զախարիատիսի անունով, եւ ի մեծ բախտաւորութիւն, կը զտուի փոխանակուելիք յոյն զինուորներու խումբին մէջ։ Այս ձեւով ալ 1923-ին կը հասնի յունական Զաքինթոս կղզին, ուր իրմէ առաջ հաստատուած էր նաեւ քոյրը՝ Ռոզան եւ ընտանիքը։ Սիմոնին մէկ այլ քոյրը՝ Նուարդ Մինասեանը, ապաստան գտած էր Միտիլլի կղզիին վրայ եւ հոս կ՚ապրէր իր ընտանիքին հետ։
Ատանա, 1905-ի շուրջ, Խաչիկեան ընտանիք։ Այս մէկը Վերժին Սարգիսեանին (ծնեալ Խաչիկեան) ընտանիքն է։ Ան Եղիա Սարգիսեանին կինն է։ Վերժինին մօր անունը Սեսետէ է, իսկ հօր անունը՝ Մելքոն։ Պատկերին մէջ կարելի եղաւ գիտնալ միայն նորածին երեխային ինքնութիւնը։ Ան Վերժինին հօրաքոյրն է՝ Լուսին։
Միտիլլի կղզի, 1928։ Ձեռագործի վարժարան։ Վարպետ-ուսուցչուհին Նուարդ Մինասեանն է (ոտքի), որ Եղիա Սարգիսեանին հօրաքոյրն է (Սիմոնին քոյրը)։ Պատկերին կռնակին գրուած է՝ «Կը նուիրեմ խմբանկարը այս Նուարդ Մինասեանին՝ մեր ձեռարուեստի փափուկ եւ սիրուն գործին յիշատակը յաւէտ վառ պահելու համար։ 1928 Փետրուար 1, Միտիլլի, Զապէլ Կ. Տայլէրեան»։
Զաքինթոսի մէջ Սիմոն կը շարունակէ կօշկակարութեան իր արհեստը, միանալով իր վարպետին՝ Խաչիկ Պարպային։ Եղիային բերած պատկերներուն մէջ կան երկու ուշագրաւ լուսանկարներ, որոնք իրենց բովանդակութեամբ իրարու նման են, բայց խորքին մէջ անոնց միջեւ գոյութիւն ունի աղէտով, հայրենազրկութեամբ եւ վերապրումով յատկանշուող ամբողջ անջրպետ մը։
Առաջին պատկերը լուսանկրուած է հաւանաբար Առաջին համաշխարհային պատերազմէն անմիջապէս առաջ, վայրը Զմիւռնիան է, Սիմոն Սարգիսեանի հայրենի քաղաքը։ Հոն կ՚երեւի երիտասարդ Սիմոնը, իր վարպետին եւ քեռայրին՝ Խաչիկ Պարպային հետ։ Յայտնի է, որ անոնք կ՚աշխատին իրենց սեփական արհեստանոցին մէջ, հագուած են բաւական կոկիկ, մազերը սանտրուած ու կոկուած են, երեսները ածիլուած են, ժպիտը եւ ինչու չէ նաեւ գոհունակութիւնը կը փայլին անոնց երեսներուն վրայ։ Ճիշդ իրենց ետեւը, բարձր սեղանիկի մը վրայ կը ցուցադրուի զոյգ մը իգական նոր կօշիկներ, որոնք վստահաբար ձեւուած եւ պատրաստուած են իրենց իսկ կողմէ եւ բացայայտ է, որ հպարտ են իրենց այս արտադրութեամբ։
Երկրորդ պատկերը արդէն իսկ Զաքինթոս կղզիին վրայ է, գաղթականի իրենց ապաստանը, 1923 թուականին։ Պատկերին մէջ դարձեալ կ՚երեւին Սիմոնն ու Խաչիկ Պարպան։ Ձեռքերնին բռնած են պատրաստուող կօշիկներ, անոնք դարձեալ կօշկակարութիւն կ՚ընեն՝ իրենց արհեստը, բայց այս անգամ բացօթեայ, չունին արհեստանոց, նախորդ պատկերին ապահովութիւն ներշնչող մթնոլորտը բացակայ է, գաղթականութեան առաջին տարիներն են, լուսանկարին խորքին կ՚երեւին ծառի վրայ չորցուղ լուացքի լաթեր։ Հակասութիւնը ակնբախ է երկու պատկերներուն միջեւ։ Իրենց ապրած աղէտը Սիմոնը նետած է անորոշութեան եւ աղքատութեան գիրկը։ Բայց կարծես թէ առաջին պատկերը ի մտի ունենալով է, որ երկրորդը լուսանկարուած են, նոյն այս ճակատագիրի դառն խաղը ցոյց տալու համար։ Թերեւս անոնք հոս կ՚ուզեն նաեւ շեշտել, որ կեանքը կը շարունակուի. Սիմոնն ու Խաչիկը հագուած են իրենց տօնական հանդերձները, արհեստաւորի կերպարանք եւ տարազ չունին, փորձած են երեւիլ իրենց կարելի լաւագոյն վիճակով՝ հակառակ միջավայրի համեստութեան։
Լուսանկարները ունին նաեւ իրենց հետագայ պատմութիւնը։ Եղիա Սարգիսեան երկար ատեն միայն Զմիւռնիոյ արհեստանոցին մէջ լուսանկարուած պատկերը ունեցած է հօրմէն իբրեւ ժառանգութիւն։ Աթէնքի մէջ աւելի ուշ պատահաբար դրացի կը դառնայ Զաքինթոսի պատկերին մէջ երեւցող Աւետիսին։ Հոս է որ Աւետիսը Եղիային կը նուիրէ գաղթական դարձած արհեստաւորներուն լուսանկարը եւ այս ձեւով երկու պատկերները կը միանան, զիրար կ՚ամբողջացնեն։
Զաքինթոսէն ետք, Սիմոն Սարգիսեան կը տեղափոխուի Աթէնք, ուր կը շարունակէ կօշկակարութեան արհեստը։ Հոս է որ կ՚ամուսնանայ Վերժին Թորոսեանին հետ եւ կը կազմեն ընտանիք։