Սավուլեան հաւաքածոյ - Աթէնք

20/01/22 (վերջին փոփոխութիւն՝ 20/01/22)
Սոյն էջը պատրաստուեցաւ գործակցութեամբ Աթէնքի «Արմենիքա» պարբերաթերթին։

Սավուլեան ընտանիքը Սիվաս/Սեբաստիայէն է։ Այս ընտանիքին անդամներէն է Մանուէլ Սավուլեանը, որ ծնած է 1902-ին, Սեբաստիա։ Մանուելենք 12 քոյր-եղբայր էին, երբ վրայ կը հասնի 1915-ի Ցեղասպանութիւնը. տեղահանութիւնն ու ջարդը արմատախիլ կ՚ընէ այս ընտանիքը։ Մեզի ծանօթ միայն երեք հոգի կը վերապրի. Մանուէլն ու իր երեք եղբայրները՝ Գէորգը, Ծաւակը, իսկ երրորդին անունը անյայտ է։

Չորս եղբայրներուն վերապրումը տեղի կ՚ունենայ շնորհիւ արդար թուրքի մը՝ Հաճի աղային խիզախութեան։ Շատ բան չենք գիտեր ընտանեկան այս կարեւոր դրուագին մասին, միայն ծանօթ է որ Մանուէլ միշտ ալ իր քով պահած է Հաճի աղային պատկերը, որուն կռնակին ալ հայերէնով գրուած է. «Հաճը աղա, որը թուրք մըն է եւ Սավուլեան եղբայրներուն պաշտպան կանգնած է»։

Առաջին համաշխարհային պատերազմէն ետք կ՚ենթադրենք որ չորս եղբայրները կը յանձնուին հայկական որբանոցի մը։ 1922-ին ալ անոնց կը գտնենք Յունաստանի մէջ, առանց իմանալու Օսմանեան կայսրութենէն դէպի Յունաստան այս գաղթին զանազան փուլերը եւ պայմանները։ Յունաստանի մէջ առաջին իսկ տարիներուն կը մահանան Մանուէլին երկու եղբայրները, երրորդին ճակատագիրին մասին ալ տեղեկութիւն չունինք։

Հաճի Աղա։ Պատկերին կռնակին գրուած է. «Հաճը Աղա, որ թուրք մըն է եւ Սավուլեան եղբայրներուն պաշտպան կանգնած է»։

Մանուէլ Սավուլեան կը հաստատուի Աթէնքի Տուրղութի/Ֆիքս թաղամասը, ուր կ՚ապրէին բազմահազար այլ հայ գաղթականներ։ Արհեստով ջուլհակագործ էր։ 1931-ին, կ՚ամուսնանայ Ծաղկան Մուշեղեանին հետ, որ ծնած էր Իզմիրէն հիւսիս գտնուող Քըրքաղաճ քաղաքը։ Ծաղկան իր ծննդավայրին մէջ արդէն ամուսնացած էր Աւետիս Մելքոնեանին հետ եւ ունէին երկու զաւակ. Տիրան եւ Արմինէ։ 1922-ին արդէն իսկ ընտանիքով տեղափոխուած էր Զմիւռնիա, երբ տեղի կ՚ունենայ քաղաքին գրաւումը թրքական զօրքերուն կողմէ։ Ծաղկանին ամուսինը կը սպաննուի թուրքերուն կողմէ, ինքն ալ իր զաւակներուն հետ ապաստան կը գտնէ Յունաստան։ Հոս է որ կը վերամուսնանայ Մանուէլին հետ եւ կ՚ունենան երկու զաւակ. Վահագն եւ Վարուժան։ Ծաղկան եղած է Տուրղութի/Ֆիքս թաղամասի Հայ Կարմիր Խաչին ամէնէն գործունեայ անդամուհիներէն մէկը։

Մանուէլ, իր կարգին, աշխուժ մասնակից մըն էր համայնքային կեանքին։ Ան անդամ էր Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութեան, Հայ Կարմիր Խաչին եւ Սեբաստիոյ հայրենակցական միութեան։ 1930-ականներու սկիզբը, գործօն մասնակցութիւն կ՚ունենայ հայ գիրքի ցուցահանդէս մը Ֆիքսի հայ կաթողիկէ վարժարանին սրահին մէջ կազմակերպելու աշխատանքին։

Մանուէլ Սավուլեան սիրողական գեղանկարիչ էր։ Չափազանց ընթերցասէր էր եւ ունէր մեծ գրադարան մը։

Երկրորդ համաշխարհային պատերազմին ընթացքին, երբ Յունաստանը գրաւուած էր նացիական Գերմանիոյ բանակներուն կողմէ, ժողովրդային հոծ բնակչութեամբ յատկանշուող գաղթակայաններ կը դառնան դիմադրութեան կարեւոր կեդրոններ։ Այս վայրերէն մէկն էր նաեւ Մանուէլ Սավուլեանի եւ իր ընտանիքին թաղամասը՝ Տուրղութին։ Քանի մը հազար հայեր կ՚ապրէին այս թաղամասին մէջ։ Հոս ծնունդ առած հականացիական դիմադրութեան ընդյատակեայ խումբերուն ղեկավարներէն եւ անդամներէն շատեր նոյնպէս հայեր էին։ 9 Օգոստոս 1944-ին, նացաիական բանակները կը պաշարեն ամբողջ թաղամասը։ Նացիներուն կողմէ կիրարկուող այս ձեւի ռազմական պատժիչ գործողութիւններուն յունարէնով կը տրուի «պլոքօ» անունը։ Ամբողջ թաղամաս մը կամ գիւղ մը կը պաշարուէր եւ ծայր կ՚առնէր կասկածեալներուն զանգուածային ձերբակալութիւնը։ Տուրղութիի «պլոքօ»ին կը ձերբակալուին մօտ երեք հազար անձ, որոնցմէ 400 անձերու անուանացանկը ունինք՝ պատրաստուած Կարմիր խաչին կողմէ։ Յատկնաշական է, որ միայն այս 400 անուններէն 200-ը հայեր էին։ Ձերբակալեալներուն հարց ու փորձը ընդհանրապէս տեղի չէր ունենար։ Շատեր ուղղակի կը գնդակահարուէին, ուրիշներ կը ղրկուէին տեղական բանտեր, որմէ ետք ալ շատեր կ՚առաքուէին Գերմանիա՝ ոմանք կ՚արգելափակուէին գերմանական կեդրոնացման ճամբարներու մէջ, ուրիշներ ալ կը դառնային բռնի աշխատաւոր։

Տուեալներ չկան թէ Մանուէլ Սավուլեանը ինքն ալ եղած է դիմադրութեան անդամ։ Հաւանաբար ան ալ գտնուած է բազմաթիւ այն անձերուն շարքին, որոնք նացիներուն կողմէ ձերբակալուած են առանց հիմնաւորումի եւ հարցուփորձի։ Քանի մը օր բանտարկուած կը մնայ Յունաստանի մէջ, ապա կը ղրկուի Գերմանիա։ Շատ բան չենք գիտեր թէ ինչ պայմաններու մէջ ապրած է Գերմանիոյ մէջ։ Գիտենք որ կարգավիճակը բանտարկեալ էր, ծանօթ է նաեւ, որ մնացած է Պատէն Վիւրթթէմպէրկի Ֆրէօյտընշթաթ քաղաքին մէջ։ Հոս թոքերու բորբոքում կ՚ունենայ, կը փոխադրուի մօտակայ Ռոթվէյլի քաղաքի հիւանդանոցը, ուր կը մահանայ 15 Մայիս 1945-ին։ Կը թաղուի Գերմանիոյ մէջ։

Մանուէլի մահէն ետք, իր ընկերները գրպանին մէջ կը գտնեն թղթիկ մը, որուն վրայ գրած էր երկտող մը ուղղուած իր զաւակներուն. 

«Սիրելի Վարուժան եւ Վահագն Սավուլեաններ,
Ձեր կեանքի տեւողութեան ընթացքին, ջանացէք ապրիլ նախ՝ որպէս օրինակելի մարդ եւ ապա հայ։ Զոհուեցէք եթէ հարկ ըլլայ ձեր ազգային նպատակներուն համար։ Գիտակից մահը՝ մեծագոյն ապրումն է։
Տառապանքի մէջ հիւծած հայրերնիդ՝ Մ.Դ. Սավուլեան»։

Աղբիւրներ

  • «Մանուէլ Սավուլեան», Ազատ Օր, 23 Սեպտեմբեր 1945, Աթէնք։
  • Փանթելիս Արաբինիս, «Գերիներու ցանկ» [յունարէն], Արմենիքա պարբերաթերթ, թիւ 98, Օգոստոս-հոկտեմբեր 2018, Աթէնք։
  • Ազատ Օր, 17 Յուլիս 1978, 34-րդ տարի, թիւ 10122, Աթէնք։
  • Նշան Սավուլեանի վկայութիւնները։ Նշան թոռնիկն է Մանուէլ Սավուլեանի եւ որդին է Վարուժան Սավուլեանի։

Խմբանկար Հ.Յ.Դ. 9-րդ Շրջանային ժողովի, որ գումարուած է Աթէնքի մէջ 10 Յուլիս 1932-ին։ Նստած, ձախէն աջ՝ անյայտ, Միհրան Փափազեան, Հրանդ Դարպասեան, անյայտ, Շաւարշ Միսաքեան, Սօս Վանի, Կարօ Գէորգեան, Մկրտիչ Փափազեան, Գէորգ Կառավարենց։ Ոտքի, մէջտեղի շարք, ձախէն աջ՝ Մինաս Թոփճեան, Անտոն Կազէլ, Կարօ Տէօքմէճեան, Մանուէլ Սավուլեան, Սեդրակ Գոհարունի, Տոքթ. Եղիա Արշակունի, անյայտ, անյայտ, Յովհաննէս Չաքըրեան, անյայտ, Գաբրիէլ Լազեան, Յարութիւն Մուրատեան։ Ամէնէն ետեւի շարք, ոտքի, ձախէն աջ՝ Միհրան Ամիրեան, անյայտ, Նազարէթ Հովարտեան, Մանուկ Մանուկեան (Աղբիւր՝ «Արմենիքա» պարբերաթերթ, Աթէնք)։

ՀՅԴ-եան անդամներ, Ֆիքս/Տուրղութիի եկեղեցիին բակին մէջ, Աթէնք։
Առջեւի շարք, նստած, ձախէն աջ՝ Պարգեւ Նաճարեան, Գրիգոր Պետրոսեան, Սիմոն Էշէնեան, Մանուէլ Սավուլեան, Մանուկ Մանուկեան։
Երկրորդ շարք, ոտքի, ձախէն աջ՝ Գաբրիէլ Լազեան, Գէորգ Կառավարենց, Եղիշէ Տէր Կարապետեան, Միհրան Փաթթուկեան, Վազգէն Եսայեան, Արսէն Սիմոնեան, Մամբրէ Թուրաճիկեան, Գաբրիէլ Գաբրիէլեան, Արամ Գաբրիէլեան, Արամ Սիմոնեան, Հրանդ Նալպանտեան, Յարութիւն Աթոռակալեան, Միհրան Փափազեան (իր երկու ձեռքերը դրած է առջեւի կեցողին ուսին), Խաչիկ Պետրոսեան, Ցոլակ Շահնազարեան։
Ամէնէն ետեւի շարք, ոտքի, ձախէն աջ՝ Յակոբ Ճապպարեան, Գրիգոր Տէրտէրեան, Արմենակ Տէր Ղուկասեան, Երուանդ Ափոսթոլեան, Միհրան Պօղոսեան, Կարապետ Մաղուքեան, Յովհաննէս Տէր Խաչատուրեան, Միհրան Պարօնեան (Աղբիւր՝ «Արմենիքա» պարբերաթերթ, Աթէնք)։

Սավուլեան ընտանիքին քով կը պահուի նաեւ այս փաստաթուղթը, որ յայտնապէս Մանուէլ Սավուլեանին չի վերաբերիր, բայց խնդրոյ առարկայ անձը հաւանաբար Գերմանիա գտնուած բռնի աշխատաւոր մըն էր, որուն հետ Մանուէլ մտերմութիւն հաստատած էր։ Փաստաթուղթին մէջ կը կարդանք սոյն անձին անունը. Միկիտտիկ Զախագին, որ Գերմանիա իր կեցութեան ընթացքին ապրած է Հայլֆինկընի մէջ (Թիւպինկընի շրջան)։ Կը մահանայ 29 Յունուար 1945-ին, Թիւպինկընի հիւանդանոցին մէջ։ Մահուան պատճառը աղիքի քաղցկեղն ու սիրտը կենալն է։ Փաստաթուղթը պատրաստուած է Թիւպընկընի քաղաքապետարանին կողմէ՝ 6 Հոկտեմբեր 1948-ին։

1. Յունաստանի Կարմիր Խաչի հաստատագիրը Մանուէլ Սավուլեանի մասին, 13 Օգոսոտոս 1961 թուակիր։ Մանուէլին հօր անունն է Դանիէլ։ Նշուած է, որ Սավուլեանը ձերբակալուած է գերմանական բանակին կողմէ եւ կարճ ժամանակով արգելափակուած է Էս-Էս-ի (SS) Խայտարիի մէջ, ապա փոխադրուած է Գերմանիա, 16 Օգոստոս 1944-ին եւ մահացած է Ռոթվէյլի հիւանդանոցը, 15 Մայիս 1945-ին։ Ծանօթ է, որ Խայտարին Յունաստանի մեծագոյն կեդրոնացման ճամբարներէն էր. կը գտնուէր Աթէնքի հիւսիս-արեւմուտքը։ Հոս բանտարկուածներէն շատեր հետագային կը ղրկուէին Գերմանիոյ կեդրոնացման ճամբարները։

2. Վարուժան Սավուլեանին (Մանուէլին եւ Ծաղկանին որդին) յունական նախակրթական վարժարանը աւարտելու վկայականը։ Կը նշուի որ վերջին յաճախած դասարանը եղած է 6-րդ դասարանը, 1946-1947 տարեշրջանին։ Վկայականին թուականն է 22 Յունիս 1947, Աթէնք։