Համազգային Մարսէյ (վարժարան) - Ֆրանսա
Մայիս 2015-ին Յուշամատեանը աշխատանոց մը վարեց Մարսէյի Համազգայինի դպրոցին մէջ: Աշխատանոցի նպատակն էր աշակերտներուն ներգրաւել օսմանեան հայերու հետ առնչուող արխիւային նիւթեր հաւաքելու գործով: Ներկայացուած նիւթերը (լուսանկար, առարկայ) հաւաքուեցան երկրորդականի աշակերտներուն կողմէ։
Պատկանած է Սեդա Պիպերեանի մօրենական մեծ մօրը՝ Անայիս Շահինեանին (յետագային Քալարեան), որ ծնած է Տրապիզոն, հաւանաբար 1914-ին:
Կ՚ենթադրուի որ անիկա Անայիսի հօր՝ Կարպիս Շահինեանի ձեռքի գործն է։ Ան Տրապիզոնի մէջ ոսկերիչ էր եւ ամուսնացած էր Հայկուհիի հետ։
Շահինեանները 1915-ին կը փոխադրուին Պոլիս, որմէ ետք կ՚անցնին Յունաստան, ապա Պուլկարիա եւ 1920-ական թուականներուն ալ կը հաստատուին Փարիզ: Անայիս կ՚ունենայ չորս դուստրեր։ Տրապիզոնի ժառանգութիւն ունեցած է այլ գօտի մը, որմէ բաժին մը յետագային անջատելով՝չորս ապարանջաններ կը շինէ եւ իւրաքանչիւրը կը նուիրէ իր դուստրերուն: Այդ ապարանջաններէն մէկն է այստեղ ներկայացուածը: Ապարանջանին ճարմանդը յետոյ աւելցուած է:
Գօտին եւ ապարանջանը այժմ կը պահուին Սեդա Պիպերեանի քով, Մարսէյ:
Գօտիի երկայնք՝ 106,05 սմ
Գօտիի լայնք՝ 3,05 սմ
Պատկանած է Հռիփսիմէ Փալաճեանի, (ծնեալ Սթանոս, թուականը անյայտ -1930? Մարսէյ)։
Ցեղասպանութենէն վերապրած Փալաճեաններու մնացորդները կու գան Մարսէյ։ Անոնց պայուսակին մէջ իրենց հայրենի Սթանոսէն բերուած կար այս շրջանակը, ինչպէս նաեւ երկու թէյի դգալներ, որոնք յետագային կը կորսուին։ Շրջանակը կը դառնայ Հռիփսիմէի աղջկան՝ Կիւլէմիէ Փալաճեանի (յետագային Չաքրեան) սեփականութիւնը։ Ան ալ ծնած էր Սթանոս, մօտաւորապէս 1911-ին։ Կիւլիմէ իր ընտանիքով Հայաստան կը ներգաղթէ 1946-ին, այս շրջանակն ալ իր հետ կը տանի։ Բայց Փալաճեաններու շառաւիղները 1990-ին կը վերադառնան Մարսէյ դարձեալ իրենց հետ բերելով շրջանակը։ Այժմ անիկա կը պահուի Իզապէլ Պաղջաճեանի (Հռիփսիմէի ծոռնուհին) քով, Մարսէյ։
Բաց կանաչ/երկնագոյն տախտակէ սնտուկը մեզի ներկայացուց Մարսէյի Համազգայինի աշակերտուհի՝ Թանիա Իշչի։
Պատկանած է Օհաննէս Չաքըրօղլուի: Ծնած է 1900-ին Թոգաթի Հերէք/Էրպահ գիւղը, մահացած է Պոլիս Յունիս 1992-ին: Ցեղասպանութենէն ետք Օհաննէսն ու եղբայրը կը հաստատուին Պոլիս, իրենց հետ կը բերեն նաեւ այս սնտուկը։ Օհաննէսի դուստրը՝ Պայծառ կը ծնի 1940-ին, Պոլիս։ Ան կը ժառանգէ այս սնտուկը, զոր 1995-ին իբրեւ ընտանեկան յիշատակ կը տանի Մարսէյ, ուր ընտանիքին հետ բնակութիւն կը հաստատեն։
Այժմ կը պահուի Օհաննէսի թոռնուհի՝ Քարմէն Իշչիի (ծնեալ Թանճան) քով:
Այս նիւթերը մեզի ներկայացուց Մարսէյի Համազգայինի աշակերտուհի՝ Էւա Կրասեան։
Էւայի մեծ մեծ հայրը՝ Խորէն Տէր Նազարէթեանի ծնած է Բաբերդի շրջանի Լսոնք գիւղը 7 Հոկտեմբեր 1891-ին: Կը մահանայ Նոյեմբեր 1976-ին։
Խորէն Կովկասի մէջ եղած է Զօրավար Անդրանիկ Օզանեանի կամաւորներէն: Անոնք 1917-ին Գորիսի շրջանը գտնուած են։ Խորէն իր օրագրին մէջ կը պատմէ թէ այստեղ ութ ամիս ապրած է Տեղ գիւղի մէջ գտնուող քարանձաւանման տան մը մէջ։ Ան յետագային կ՚անցնի Սալոնիք (Թեսանողիկէ), իսկ այնտեղէն ալ՝ Մարսէյ, 1923 թուականին։ Խորէնի հարսը՝ Իսկուհի Նազարէթեան-Կրասեան (ծնած 1937-ին), որ ընտանիքով հաստատուած էր Մարսէյ, 2011 թուականին կ՚այցելէ օրագիրին մէջ նշուած վայրը, կը մտնէ սոյն քարանձաւը եւ այստեղ ալ կը գտնէ թոնիրին կողքին նետուած տրեխը։ Զայն իր հետ կը բերէ Մարսէյ։
Փաստաթուղթերը եւ տրեխը այժմ կը պահուին Խորէնի թոռնիկին՝ Արմէն Կրասեանի քով, Մարսէյ։
Տրեխ՝ 30 սմ երկայնք եւ 11 սմ լայնք։
Ազատ Էօրտեքեան, ձեռագործ եւ լուսանկար, Պուրսա եւ Պոլիս
Ազատ Էօրտեքեան (Մարսէյի Համազգային դպրոցի աշակերտ) կը գրէ՝
«Այս ձեռագործը հիւսեց հօրս կողմէ մեծ մայրիկիս մեծ մայրը, Աղաւնի Տոկրամաճեան։ Վերջացուց 1913 թուականին, Պուրսա։ Իր ամուսինը, որ դերձակ էր, դերձանները իրեն կու տար։ Մեծ Եղեռնի սկիզբը ձեռագործը տուաւ հեռաւոր զարմկուհիի մը, որ չաքսորուեցաւ, որովհետեւ ամուսնացած էր Պոլիս ապրող իտալացի ատամնաբուժի մը հետ։ Ան պահեց ձեռագործը, ապա Պոլիսէն փոխադրուեցաւ Ֆրանսա։ Հոս գտաւ Աղաւնիին աղջիկը՝ Նազէնին, եւ անոր նուիրեց սոյն ձեռագործը։ Այսպէս պահուեցաւ այս առարկան, որ այսօր հօրս կողմէ մեծ հայրիկիս ու մեծ մայրիկիս տունը կախուած է պատի մը վրայ։Այս ձեռագործը ցոյց կու տայ Մայր Հայաստանը, Հայաստանի աւերակներուն մէջտեղը։ Գետնին վրայ կան զէնքեր ու կը կարդանք պատմական Հայաստանի նշանաւոր քաղաքներուն անունները, ինչպէս Սիս, Տիգրանակերտ, Վան, Կարին, Անի, Վաղարշապատ, Դուին, Նախիջեւան, Արմաւիր եւ Արտաշատ։ Խորքին կ՚երեւին Արաքսն ու Արարատը։»
Սարգիս Էօրտեքեան, Ազատի հօրենական մեծ-մեծ հայրն է։ Լուսանկարը հաւանաբար քաշուած է Պոլիս։ Յետագային Սարգիս կը փոխադրուի Ֆրանսա եւ կը հաստատուի Մարսէյ քաղաքը։
Մանկական ապարանջան եւ մատանի, Տիարպեքիր/Տիգրանակերտ
Մանկական այս զարդեղէնը Տիարպեքիր/Տիգրանակերտէն է։ Շինուած է արծաթէ եւ կապարէ, ունի փոքր զանգակներով զարդարուած շղթայ մը, որուն ամրացուած են մատանի մը, ապարանջան մը եւ ցպիկանման մասնիկ մը։ Այս վերջինը երեխան կը գործածէ երբ ակռայ կը հանէ։
Այս զարդը պատկանած է Պրիժիթ Մարքոյեանի մօրենական մեծ հօրը՝ Միհրան Նաքաշեանի, որ ծնած է 3 մայիս 1903-ին Տիարպեքիր/Տիգրանակերտ։ Այս ապարանջանը այժմ Մարսէյ կը գտնուի եւ կը պատկանի Պրիժիթ Մարքոյեանի քրոջը ծոռան՝ Իշխանին, որ տակաւին փոքր մանուկ մըն է եւ կը կրէ այս զարդը։
Այս առարկան հնամենի տարբերակն է այն արդի խաղալիք-գործիքներուն, որոնք երեխային կը տրուին երբ ան ակռայ հանելու ժամանակ ցաւ եւ քերուըտուք կ՚ունենայ։ Ցպիկանման այս գործիքը շղթայով մը միացած է ապարանջանին եւ մատանիին, այս ձեւով նաեւ չի կորսուիր։ Իսկ անոր արծաթեայ եւ կապարեայ բաժիններուն սառնութիւնը կը մեղմացնէ երեխային լինտերուն ցաւն ու քերուըտուքը, ամէն անգամ որ զայն իր բերանը կը տանի եւ կը փորձէ խածնել։