Գոքինիա, 1939։ Պաղտասարեան եւ Սլտըրեան ընտանիքներու անդամներ։

Սլտըրեան հաւաքածոյ – Գոքինիա, Յունաստան

Հեղինակ՝ Անի Աբիկեան, 30/09/26 (վերջին փոփոխութիւն՝ 30/09/26)։

Ընտանեկան այս յիշողութիւնը մեզի փոխանցողը Մանուշակ Սլտըրեան-Ցուքալան է: Ան իր բաց սիրտով ու ջերմութեամբ ներկայացուց իր գերդաստանին պատմութիւնը: Իր շրջապատին մէջ առատաձեռն հիւրասիրութեամբ յայտնի Մանուշակ մանրամասն պատմեց մեզի իր ընտանիքին եւ անոր անցեալին մասին: Թէեւ իր մանկութեան տարիներուն հարազատները չէին խօսեր անցեալի դժուարութիւններուն մասին, բայց Մանուշակ իր հետաքրքրասիրութեամբ եւ պեղումներով կրցած էր նկատառելի կերպով վերականգնել իր արմատներուն պատմութիւնը:

Սլտըրեան ճիւղը (Եոզկատ)

Մանուշակին մեծ հայրը՝ Նահապետ Սլտըրեանը, Եոզկատէն էր: Ան ամուսնացած էր Կիւլիզարին (ծնեալ Ազատեան) հետ: Ազատեան ընտանիքը Եոզկատի շրջանի Ռումտիկին (ներկայիս Ֆելահիէ Felahiye) աւանէն էր։ Նահապետ եւ Կիւլիզար ունէին մէկ որդի՝ Խորէն (Մանուշակին հայրը) ու երկու դուստր՝ Օվսաննա, երկրորդ դստեր անունը անյայտ է:

Եոզկատի մէջ Նահապետ երեւելի ու հարուստ կալուածատէր էր, որու ընդարձակ ագարակին եւ հողատարածքներուն վրայ կ’աշխատէին բազմաթիւ մշակներ: Ան յարգուած անձնաւորութիւն էր, որովհետեւ մօտէն կը հետաքրքրուէր ու կը զբաղէր քաղաքին հանրային հարցերով եւ սերտ կապեր կը պահէր տեղական իշխանութիւններուն հետ:

1915-ին երբ սկիզբ կ’առնեն հայ բնակչութեան դէմ ջարդերն ու տեղահանութիւնները, Եոզկատի հայերը, ներառեալ Նահապետին ընտանիքը, կը յայտնուին բռնագաղթի սպառնալիքին տակ: Ընտանեկան բանաւոր պատմութեան մէջ կը յիշուի, թէ օր մը Եոզկատի թուրք բարձրաստիճան ոստիկան մը «օղի խմելու» պատրուակով իր մօտ կը հրաւիրէ Նահապետը: Կացութիւնը մեղմացնելու յոյսով՝ Նահապետ տունէն իրեն հետ ուտելիք կը տանի: Շուտով լուր կը ղրկեն կնոջ՝ Կիւլիզարին, որ ան ալ ներկայանայ ոստիկանատուն իր զաւակներուն հետ՝ «իրենց հետ օղի խմելու» համար: Ծանօթ ոստիկան մը կը զգուշացնէ Կիւլիզարը, թէ իշխանութիւնները կը պատրաստուին Նահապետը կախաղան հանելու, ու կը թելադրէ անմիջապէս փախչիլ:

Մինչ Կիւլիզար սկսած էր փախուստի արագ պատրաստութիւններ տեսնել, վրայ կը հասնի երկրորդ ոստիկան մը եւ զիրենք կ’առաջնորդէ տեղահանուող հայոց հաւաքավայրը: Հոս կային բազմաթիւ հայ կիներ ու երեխաներ, որոնք ամբողջ գիշեր այս վայրին մէջ մնալէ ետք, յաջորդ օր բակ կը հանուին՝ ականատես ըլլալու Նահապետի եւ ձերբակալուած հայ այլ երեւելիներու կախաղանով մահապատիժին: Այս ահաւոր տեսարանին ականատես ըլլալէ ետք, Կիւլիզար կը պարփակուի լռութեան մէջ ու երբեք չի խօսիր այս դէպքին, այլեւ իր ամբողջ անցեալին մասին:

Արհաւիրքի այս պայմաններուն մէջ, ընտանիքին մտերիմ բարձրաստիճան թուրք սպայ մը կը նկատէ Կիւլիզարը հայ տեղահանուածներու շարքին։ Ան Կիւլիզարին ու ընտանիքին կը խոստանայ զանոնք ազատել տարագրութեան սպառնալիքէն ու ապաստան տալ։ Սպան զանոնք կառքով կը փոխադրէ մօտակայ գիւղ մը, ուր կ’ապրէին իր ազգականները։ Սլտըրեան ընտանիքը հոս ապաստան պիտի գտնէր եօթը տարի։ Իր ինքնութիւնը թաքցնելու համար Կիւլիզար գլուխը կը ծածկէ սեւ լաչակով, միշտ կը քալէ գլխահակ ու կուզէկուզ, որպէսզի ոչ մէկը իմանայ իր երիտասարդ տարիքը:

Կիւլիզար իր ներքնազգեստին տակ կը պահէր կեսրոջ հարսանեկան նուէրը՝ ոսկի մանեակ-շղթայ մը, ուրկէ կախուած էին ոսկի լիրաներ (հինգնոցներ)։ Ցեղասպանութեան եւ հետագայ քանի մը տարիներուն, Կիւլիզար այս գանձը միշտ իր մօտ պիտի ունենար եւ դուրս պիտի չհանէր պահուած տեղէն։ Մանեակի կողքին, ան իր քով պահած էր դրամներ, որոնք կը գործածէր ըստ կարիքի։

1922-ին, երբ թրքական բանակները կը մօտենան Զմիւռնիոյ եւ ծայր կ’առնէ յոյներու – նաեւ տասնեակ հազարաւոր հայերու – զանգուածային գաղթը դէպի Յունաստան, սպան կը յաջողի Կիւլիզարն ու ընտանիքը բերել մինչեւ Զմիւռնիա, ուրկէ նաւով կը մեկնին Փիրէայի նաւահանգիստը:

Յունաստանի մէջ

Սլտըրեան ընտանիք երբ կը հասնի Յունաստան, Կիւլիզար կը տեղեկանայ թէ պետութիւնը իւրաքանչիւր գաղթական ընտանիքի կը տրամադրէ վրան մը կամ հիւղակ մը: Ինք ալ կը դիմէ եւ կ’որոշէ ժամանակաւորապէս ապրիլ այդ պայմաններուն մէջ։ Նոյն ժամանակ, ան կ’որոշէ վաճառքի հանել իր քով պահած ոսկեղէնը՝ ստացուած գումարով Նիքէայի (Գոքինիա) շրջանին մէջ հողամաս գնելու եւ տուն կառուցելու նպատակով:

Յունաստանի մէջ Կիւլիզար կը վերագտնէ իր եղբօր որդիները՝ Աբրահամ եւ Արմենակ Ազատեանները, որոնց ծնողները ցեղասպանութեան ժամանակ սպանուած էին: Աբրահամ Ազատեան աւելի ետք կ’ամուսնանայ Օվսաննայի հետ (մականունը՝ անյայտ) եւ կ’ունենայ չորս զաւակ՝ Գրիգոր, Անժէլ, Մաքրուհի եւ Տիգրանուհի: Արմենակ Ազատեան կ’ամուսնանայ Դժգուհին հետ եւ կ’ունենայ երկու զաւակ՝ Վաղարշակ եւ Ազատուհի:

Գաղթականութեան պայմաններուն մէջ Կիւլիզար գործի կը դնէ Եոզկատի մէջ իր ընտանիքին ձեռք բերած՝ կալուածատէրի ու կալուածներ պահելու փորձառութիւնը եւ վարձատրութեան դիմաց կը կազմակերպէ տուներու եւ պարտէզներու մաքրումն ու խնամքը։ Այս աշխատանքով ձեռք բերուած գումարները հնարաւորութիւն կու տան գնելու կալուածներ եւ պարտէզներ։ Գոքինիոյ Պելոյեանի փողոցին վրայ ան կը կառուցէ իր սեփական տունը՝ երկու սենեակով, խոհանոցով եւ արտաքին բաղնիքով: Կիւլիզար երկրորդ տուն մըն ալ կը կառուցէ մօտակայ փողոցի մը մէջ՝ որդւոյն՝ Խորէնին համար:

Կիւլիզարին երկրորդ դուստրը (անունը՝ անյայտ), Յունաստան չհասած, անյայտ պատճառներով կը մահանայ կանուխ տարիքին: 

Խորէն Սլտըրեան իր նախնական կրթութիւնը կը ստանայ Գոքինիոյ Զաւարեան վարժարանին մէջ, ապա կը յաճախէ ֆրանսական Սէն Փոլ գոլէճ։ Թէեւ Կիւլիզար կը փափաքէր որ որդին բժիշկ դառնայ, սակայն Խորէն կը նախընտրէ կօշկակարութեան արհեստը, ուր կը դրսեւորէ բացառիկ տաղանդ։ Ան կը դառնայ կօշիկներու յայտնի ձեւաւորող (modelist) եւ կը հիմնէ իր սեփական խանութ-արհեստանոցը, ուր իր շուրջ կը հաւաքէ բազմաթիւ աշխատաւորներ։

Ըստ Մանուշակ Սլտըրեանի վկայութիւններուն, Խորէն ընկերութիւն ըրած է Մարիքա Նինուի հետ, որ այդ ժամանակներուն տակաւին չէր դարձած «ռեպեթիքօ» երգարուեստի նշանաւոր աստղը եւ ծանօթ էր իր իսկական անունով՝ Էւանկելիա Ադամեան։ Երկուքն ալ գաղթական էին եւ կ’ապրէին Գոքինիոյ մէջ։ Դարձեալ ըստ Մանուշակի, երբ Նինու կը սկսի ամբողջութեամբ նուիրուիլ իր արուեստին՝ Խորէնի հետ անոր ճամբաները կը բաժնուին։ Այնուհետ Խորէն կը ծանօթանայ Նուէր Պաղտասարեանին. կ’ամուսնանան եւ կ’ունենան երկու զաւակ՝ Մանուշակ եւ Պաղտասար: Տարիներով իր քով պահած ոսկեայ մանեակը Կիւլիզար կը նուիրէ հարսին։

1946-ին, երբ հազարաւոր յունահայեր կը հայրենադարձուէին, Կիւլիզարի ընտանիքը կը կանգնի ճակատագրական ընտրութեան առջեւ։ Դուստրը՝ Օվսաննան, իր ամուսնոյն՝ Գալուստ Գայսերեանի եւ հինգ զաւակներուն հետ (Սերոբ, Վահան, Նահապետ, Յակոբ եւ Սրբուհի), կը միանայ ներգաղթի կարաւաններուն։ Այդ օրերուն Խորհրդային Հայաստան կը մեկնին նաեւ Արմենակ ու Աբրահամ Ազատեաններն իրենց ընտանիքներով:

Խորէն Սլտըրեան կը շարունակէ Յունաստան մնալ։ Ան Ռամկավար Ազատական Կուսակցութեան գործօն անդամ էր եւ կը վարէր կուսակցութեան քարտուղարի պաշտօնը։ Խորէն նաեւ սերտ յարաբերութիւններ ունէր Յունաստանի հայոց առաջնորդ Կարապետ արք. Մազլըմեանին հետ։ Կիւլիզար կը պատմէ, թէ առաջնորդը լաւատեղեակ էր սթալինեան բռնատիրութեան տակ գտնուող Խորհրդային Հայաստանի ծանր պայմաններուն, բայց չէր կրնար այդ մասին բացայայտ արտայայտուիլ։ Այդուհանդերձ, ան Խորէնը խորհրդապահաբար կը զգուշացնէ Հայաստան մեկնելէ։ Ան կ’ըսէ. «Խորէ՛ն, հոս գործդ լաւ է, մի՛ երթար։ Այս՝ մեր ուզած Հայաստանը չէ։ Թերեւս աւելի լաւ օրեր կու գան, այն ատեն կ’երթանք»։ Խորէն տուն վերադառնալով առաջնորդին պատգամը կը հաղորդէ մօրն ու քրոջը՝ Օվսաննային։ Անոնք անմիջապէս կը հակազդեն. «Պիտի երթա՛նք մեր հայրենիքը, հոս օտար ենք»։ Կիւլիզար նաեւ կ’աւելցնէ. «Տղա՛ս, հայուն երթալիք տեղը Հայաստանն է։ Հոս օտար ենք, պէտք է երթանք ու Հայաստանը կառուցենք»։

Խորէն կը մնայ Յունաստան, մինչ Կիւլիզար, Օվսաննա եւ անոր ընտանիքը կը հայրենադարձեն։

Կիւլիզար Սլտըրեան կը մահանայ Խորհրդային Հայաստանի մէջ՝ 1972-ին կամ 1973-ին: Օվսաննա իր ընտանիքին հետ 1977-ին կը ձգէ Խորհրդային Հայաստանը եւ կը գաղթէ Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու Գալիֆորնիա նահանգ։ 

Պաղտասարեան ճիւղը (Կերմիր, Կեսարիա/Քայսերի)

Նուրիցա հանըմ Գափլանեան (ծնեալ՝ Կիւլպէնկեան) ունէր երեք զաւակ՝ Մանուշակ, Արամ եւ Պետրոս։ Անոնք ծնած են Կեսարիոյ մօտակայ Կերմիր գիւղը։ Որդիները իրենց կրթութիւնը կը ստանան ծննդավայրին մէջ։ Բացի հայերէնէն, անոնք կը տիրապետէին թրքերէնին ու ֆրանսերէնին, իսկ Պետրոս նաեւ գիտէր ինքնաշարժ վարել։ Մանուշակ նոյնպէս յաճախած է տեղական վարժարանը, սակայն 17 տարեկանին կէս ձգած է դպրոցը եւ ամուսնացած Կերմիրի մեծահարուստ կալուածատէրերէն Պաղտասար Պաղտասարեանի հետ (զայն կը կոչէին նաեւ Պաղտասար աղա): Կ’ունենան երեք զաւակ՝ Հռիփսիմէ (ծնած 1918-ին), Նուէր (ծնած 1920-ին) եւ երրորդ զաւակ մը, որ կը մահանայ վաղ տարիքին։

1915-ին օսմանեան իշխանութիւնները Կերմիրի մէջ կը ձերբակալեն եւ կախաղան կը բարձրացնեն Նուրիցա հանըմի ամուսինը (անունը՝ անյայտ), որ գիւղին երեւելիներէն էր։

Պաղտասար ունէր երկու եղբայր. Ստեփան եւ Աբրահամ։ Կրտսերը՝ Աբրահամ 1915-էն առաջ մեկնած էր Ա. Մ. Ն.։ Ծրագրուած էր, որ ան հոն գործի պիտի ձեռնարկէր եւ յաջողութեան պարագային Կերմիր պիտի վերադառնար ու ամբողջ ընտանիքը իր քով պիտի տանէր։ Սակայն նախատեսութիւնները չեն իրականանար։ Այս պայմաններուն մէջ, Ստեփան իր նորակազմ ընտանիքով կը հաստատուի Ֆրանսա։ Ստեփանի կնոջ անունն էր Սրբուհի, անոնց երկու դուստրերը կը կոչուէին Մարի եւ Թագուհի:

Երբ ծայր կ’առնէ հայոց ցեղասպանութիւնը, Կերմիրի մէջ ամենէն առաջ կը ձերբակալեն հայ երեւելիները։ Պաղտասարի հայրը (անունը՝ անյայտ) ձերբակալուողներու շարքին էր եւ հետագային կը սպանուի։

Ընտանեկան պատմութեան մէջ անծանօթ կը մնան հետագայ դրուագները։ Յայտնի է միայն, որ 1922-ի սեպտեմբերին Պաղտասարեան ընտանիքին վերապրած անդամները արդէն ձգած են Կերմիրը եւ կը գտնուին Զմիւռնիա։ Շատերու նման անոնք ալ կը փորձեն քաղաքի նաւահանգիստէն նաւ բարձրանալ եւ հեռանալ երկրէն։ Տիրող խառնաշփոթին մէջ, ընտանիքին անդամները կը յայտնուին չորս տարբեր նաւերու մէջ։ Աբրահամ նաւով կը մեկնի Ֆրանսա, Նուրիցա իր թոռնուհիին՝ Նուէրին հետ կը բարձրանայ Յունաստան մեկնող նաւ մը, իսկ իր դուստրը՝ Մանուշակը եւ անոր դուստրը՝ Հռիփսիմէն կը բարձրանան դէպի Յունաստան մեկնող ուրիշ նաւ մը: Պետրոս ու Արամ կը փորձեն ցատկել արագընթաց շարժանաւի մը մէջ. Պետրոս կը յաջողի, սակայն Արամ ծովը կ’իյնայ։ Տեսնելով իր եղբօր վտանգուած վիճակը, Պետրոս նաւապետէն կը խնդրէ դանդաղեցնել ընթացքը, անմիջապէս ծովը կը նետուի ու կը փրկէ եղբայրը։

Ընտանեկան բանաւոր պատմութեան մէջ կը պատմուի դրուագ մը, որ պատահած է Նուրիցայի բարձրացած նաւուն վրայ, հաւանաբար նաւը դեռ ճամբայ չելած։ Թուրք սպայ մը կը կանչէ երկու տարեկան Նուէրը, որ այդ պահուն կը գտնուէր մեծ մօր՝ Նուրիցային գիրկը։ Նուէր թուխ, գանգուր մազերով եւ կանաչ աչքերով սիրունիկ աղջնակ մըն էր։ Բնականաբար, Նուրիցա ծայր աստիճան կ’անհանգստանայ։ Թուրք սպան, որ խաղող կ’ուտէր, երեխան իր գիրկը կ’առնէ եւ թրքերէն կը հարցնէ թէ արդեօ՞ք այդ լեզուն կը հասկնայ։ Նուէր թրքերէն միայն «էվէթ» (այո) բառը գիտէր եւ սպայի բոլոր հարցումներուն – որոնց շարքին նաեւ Մուսթաֆա Քեմալի մասին – «էվէթ» կը պատասխանէ։ Երբ սպան հարց կու տայ Վենիզելոսի մասին, փոքրիկ Նուէր յոգնած եւ ջղայնացած կը պատասխանէ. «Օ՜ֆ, Վենիզելոս չեմ գիտեր»։ Սպան գոհ կը մնայ պատասխանէն, Նուէրին կու տայ մեծ ողկոյզ մը եւ կ’ըսէ. «Գնա՛ այս խաղողը ընկերուհիներուդ հետ կե՛ր»։ Նուէր կը վերադառնայ մեծ մօր քով եւ նաւուն վրայ գտնուող միւս երեխաներուն հետ կ’ուտէ խաղողը: 

Արամ երբ Յունաստան կը հասնի՝ կ’որոշէ անմիջապէս մեկնիլ Սելանիկ, քանի որ Սելանիկ մեկնող աղջկայ մը սիրահարած էր։ Սելանիկի մէջ Արամ կը մահանայ երիտասարդ տարիքին։

Պետրոս եւ Նուրիցա իրենց ընտանիքով կը հաստատուին Աթէնքի Տուրղութի (Ֆիքս) թաղամասը։ Պետրոս Կեսարիոյ մէջ սորված էր ինքնաշարժ վարել։ Աթէնքի մէջ այս փորձառութիւնը գործի կը դնէ, թաքսիի վարորդ կը դառնայ այնպիսի ժամանակաշրջանի մը, երբ ինքնաշարժը նորութիւն էր Աթէնքի փողոցներուն համար։

Նուրիցա կը մահանայ 1939-ին, Պետրոս՝ 1966-ին, երկուքն ալ՝ Աթէնքի մէջ։

Ընտանիքին մնացեալ անդամները կ’ուղղուին դէպի Աթէնքի հիւսիսային արուարձաններ, յատկապէս Ամարուսիոնի (Մարուսիի) շրջանը։ 1922-ի Մարուսին բնաւ չէր նմաներ այսօրուայ իր վիճակին. ան Ատտիկէի հեռաւոր գիւղերէն մէկն էր, ծանօթ գլխաւորաբար իբրեւ ողիմպիական ախոյեան Սփիրոս Լուիսի ծննդավայրը։ Հոն կազմաւորուած հայ գաղութը բաղկացած էր շուրջ 120 ընտանիքէ, որոնք կը բնակէին գաղթականական մեծ կեդրոններէն հեռու:

Մարուսիի մէջ Պաղտասար կարեւոր ներդրում կ’ունենայ հայկական գաղութի կազմաւորման մէջ։ Ան սերտ կապեր հաստատած էր յոյն մեծահարուստ գործարար Բրոտրոմոս Պոտոսաքիս-Աթանասիատիսի հետ, որ իրեն կ’առաջարկէ տնօրէնի պաշտօն ստանձնել իր ընկերութիւններուն մէջ։ Պաղտասար կը մերժէ առաջարկը. յունարէնին լաւ չէր տիրապետեր, հաւանաբար՝ նաեւ կը փափաքէր անկախ մնալ։ Մարուսիի մէջ Պաղտասար քայլ առ քայլ կը կառուցէ իր ընտանիքին տունը այն հողաշերտերուն վրայ, զորս պետութիւնը յատկացուցած էր գաղթականներուն։ Ըստ Մանուշակի պատմածներուն, Սփիրոս Լուիս ներկայ եղած է հողաշերտերու բաժանման գործընթացին։ Կ’ըսուի, թէ ան իր քայլերով մէկ առ մէկ կը չափէր ու կը գծէր գաղթական ընտանիքներուն տրուելիք փոքր հողակտորները։

Պաղտասարի մտահոգութիւններէն էր գաղթականներուն հայկական ինքնութեան պահպանումը։ Ան հիմնադիրներէն կը դառնայ Մարուսիի հայկական վարժարանին եւ կը հոգայ հայերէնի ուսուցչուհիին ամսականը։ Ան գործի կը դնէ Պոտոսաքիսի հետ իր ունեցած սերտ կապերը. իր բարեկամին միջնորդութեամբ յունական կառավարութիւնը վարժարանին համար կը նշանակէ յունարէնի ուսուցչուհի մը։

Կիւլիզար Սլտըրեանի (ծնեալ Ազատեան) պատկանած ոսկեայ մանեակը։ Նախապէս այս շղթայէն կախուած էին ոսկի լիրաներ: Կիւլիզար զայն իրեն հետ բերած է Եոզկատէն: Հետագային զայն նուիրած է հարսին՝ Նուէր Սլտըրեանի (ծնեալ Պաղտասարեան)։
Ոսկեղէն զարդ, զոր Նուէր Սլտըրեան (ծնեալ Պաղտասարեան) վիզէն կախած է իր պսակադրութեան օրը՝ 1936-ին, Գոքինիոյ Ս. Յակոբ եկեղեցւոյ մէջ։
Ձախին՝ Խորէն Սլտըրեանի կօշկակարութեան արհեստանոցի կնիքը: Աջին՝ «Եօզկատի եւ շրջակայքի շինարարական հայրենակցական միութեան» Բիրէա-Գոքինիոյ մասնաճիւղին կնիքը, որ կը պահուի Սլտըրեան ընտանիքին քով։
Աթէնք, 1935: Նուէր Սըլտրեանի (ծնեալ Պաղտասարեան) ասեղնագործութենէն նմուշ մը։
Կիւլիզար Սլտըրեանին (ծնեալ Ազատեան) պատկանած՝ Կեսարիայէն բերուած շաքարաման եւ սրճաման։
Նուէր Սըլտրեանի (ծնեալ Պաղտասարեան) ձեռագործ բարձեր։
Նուէր Սըլտրեանի (ծնեալ Պաղտասարեան) ձեռագործ բարձեր։
Աթէնք, 1938: Նուրիցա Գափլանեանի (ծնեալ՝ Կիւլպէնկեան) հիւսած ձեռագործ ծածկոց։
1938-1939: Նուէր Սըլտրեանի (ծնեալ Պաղտասարեան) ձեռագործ մետաքսեայ հագուստը, որ նուիրած է իր դստեր՝ Մանուշակ Սլտըրեանի:

Յունաստան հաստատուելէ հինգ-վեց տարի ետք, Պաղտասարի ընտանիքը նոր ողբերգութիւն մը կը դիմագրաւէ. կինը՝ Պաղտասարի բնորոշումով՝ «ադամանդ» Մանուշակը, կրկին կը յղիանայ, սակայն ծննդաբերութեան ժամանակ կը մահանայ։ Պաղտասարը տարիներ ետք կը վերամուսնանայ, սակայն այդ միութիւնը երկար չի տեւեր եւ անոնք կը բաժնուին։ Երկու քոյրերը՝ Նուէրն ու Հռիփսիմէն կը ստանձնեն տան հոգատարութիւնը՝ խնամք տանելով նաեւ իրենց հօրը։
Պաղտասար նոյնպէս կանուխ՝ 56 տարեկանին հրաժեշտ կ’առնէ կեանքէն՝ թոքատապէ։

Նուէր կը յաճախէ եւ կ’աւարտէ «Ցոպանակի» դերձակութեան յայտնի վարժարանը։ Ան այնքան շատ կը սիրէր այս արհեստը, որ սովորութիւն ըրած էր գրեթէ ամէն օր նոր հագուստ մը կարել։ Ան իր հմտութիւնները կը փոխանցէ այլ աշակերտներու։

Հռիփսիմէ կ’ամուսնանայ Գրիգոր Պոյաճեանի հետ։ Կ’ունենան երկու դուստր՝ Թագուհի եւ Լուսին։ 1946-47-ին երբ ծայր կ’առնէ զանգուածային հայրենադարձութիւնը, Հռիփսիմէ եւ Գրիգոր իրենց զաւակներուն հետ կը միանան հոսանքին ու կը մեկնին Հայաստան, ուր 1949-ին կը բախտաւորուին որդիով մը՝ Արամ։

Գոքինիա, 1945: Ձախէն աջ՝ Նուէր Սլտըրեան (ծնեալ Պաղտասարեան), Մանուշակ Սլտըրեան, Խորէն Սլտըրեան։
1949 կամ 1950: Խորէն Սլտըրեանի կօշիկի արհեստանոց-խանութին առջեւ։ Ոտքի, աջին՝ Խորէն Սլտըրեան։ Ամէնէն աջին նստած անձը Վահէ Փաթթուկեանն է, իսկ անոր ծունկերուն առջեւ կանգնած երեխան՝ Պաղտասար/Պաղտիկ Սլտըրեանը: Արհեստանոցը կը գտնուէր Սլտըրեաններու տան մէջ։
Գոքինիա, 2 յունուար 1969։ Պաղտասար/Պաղտիկ Սլտըրեան, Նուէր Սլտըրեան (ծնեալ Պաղտասարեան) եւ Մանուշակ Սլտըրեան:
1971, Աթէնք: Մանուշակ Ցուքալա (ծնեալ Սլտըրեան) եւ Փանայիոթիս Ցուքալա։
Գոքինիա, 1963։ Հաւանաբար Հ. Մ. Ը. Մ.ի պասքէթպոլի խումբն է: Ծունկի եկած, ձախէն աջ առաջինը՝ Կարօ Չերչեան, երրորդը՝ Պաղտասար/Պաղտիկ Սլտըրեան։ Ոտքի, ձախէն աջ երկրորդը՝ Կարօ Աւագեան:
Գոքինիա, Զաւարեան ակումբ , 1963։ Գոքինիոյ Հ. Մ. Ը. Մ.ի սկաուտական խումբը։ Ծունկի եկած, աջէն ձախ երրորդը՝ Պաղտասար/Պաղտիկ Սլտըրեան:
Գոքինիա, 1947։ Նուէր Սլտըրեան (ծնեալ Պաղտասարեան) իր որդիին՝ Պաղտասար/Պաղտիկ Սլտըրեանի հետ, իրենց տան մէջ:
Մանուշակ Պաղտասարեանին պատկանած աղօթագիրք։ Հաւանաբար նախապէս պատկանած է մօրը՝ Նուրիցա Գափլանեանի։ Աղօթագիրքին մէջ կը պահուի Կեսարիոյ քահանաներէն՝ 1915-ին սպանուած Տէր Արիստակէս Թիմուրեանի լուսանկարը։ Ձախ կողմը արձանագրուած են ընտանիքի անդամներուն ծննդեան թուականները։

Ինչպէս տեսանք, Նուէր Պաղտասարեան կ’ամուսնանայ Խորէն Սլտըրեանի հետ եւ կը հաստատուի Նիքէայի (Գոքինիա) շրջանը։ 1938-ին կը ծնի անոնց առաջին զաւակը, զոր կը կոչեն Նուէրին մօր անունով՝ Մանուշակ։ Երկրորդ զաւակը՝ Պաղտասար/Պաղտիկը կը ծնի 1945-ին։ Երեխաները կը յաճախեն Նիքէայի Զաւարեան վարժարան։ Դպրոցական օրերէն, որոշ չափով ալ տնօրէն Օննիկ Զաքարեանի քաջալերանքով, Մանուշակ կը դառնայ հայերէն գիրքի, մա՛նաւանդ Սիլվա Կապուտիկեանի բանաստեղծութեան ջերմ ընթերցասէր։ 1960-ականներուն Կապուտիկեան Աթէնք հրաւիրուած էր։ Հայկական գաղութին առջեւ երբ ելոյթ կ’ունենար, ան ամբաստանական արտայայտութիւններ կ’ունենայ Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութեան հասցէին։ Մանուշակ կը վկայէ, թէ հակառակ բանաստեղծուհիին նկատմամբ իր ունեցած հիացմունքին, այդ խօսքերը լսելէ ետք ոտքի կ’ելլէ եւ կը քննադատէ Կապուտիկեանը։ 

1944-ին 46 տարեկան Նուէր ուղեղի կաթուած կ’ունենայ։ Ան թէեւ կը վերապրի, բայց այլեւս տկարացած եւ հիւանդ անձ դարձած։

Խորէն Սլտըրեան կը մահանայ 1951-ին:

Զաւարեան վարժարանն աւարտելէ ետք Մանուշակ սկսած էր յաճախել մայրապետներու տնօրինած ֆրանսական «Ժանն տ’Արք» վարժարան։ Բայց ընտանեկան ծանր պայմաններուն բերումով, ան կը ստիպուի մէկ տարի դադրեցնել դպրոցական ուսումը։ Այս ընթացքին կը զբաղի գուլպաներ նորոգելով։ Այս աշխատանքէն բաւարար գումար խնայելէ ետք, կը սկսի յաճախել Աթէնքի Ֆրանսական Հիմնարկ (Institut Français)։ Մանուշակ լաւապէս կը տիրապետէ ֆրանսերէնին եւ կը սկսի ֆրանսերէնի անձնական դասեր տալ։ Նուէր թէեւ իր դստեր սորվեցուցած էր դերձակութեան արհեստը, բայց բնաւ չէր փափաքած, որ Մանուշակ այդ դժուար ասպարէզն ընտրէ։

1955-ին Նուէր, Մանուշակ եւ Պաղտիկ կ’որոշեն մեկնիլ Ֆրանսա՝ հոն հաստատուելու նպատակով։ Միայն մէկ տարի կը մնան հոն ու կը նախընտրեն վերադառնալ Յունաստան։

Նուէր Սլտըրեան (ծնեալ Պաղտասարեան) կը մահանայ 1980-ին՝ 60 տարեկան հասակին։

Աւելի ուշ, Մանուշակ կ’ամուսնանայ Փանայիոթիս Ցուքալայի հետ եւ կ’ունենայ երեք զաւակ՝ Տիմիթրա (Տիրա), Նեւի եւ Խորէն։ Երկար տարիներ ան գործուն անդամ եղած է Հայ Օգնութեան Միութեան (Հ. Օ. Մ.), Հայ Կապոյտ Խաչին (Հ. Կ. Խ.), Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութեան (Հ. Յ. Դ.) եւ յատկապէս Հայաստան Համահայկական Հիմնադրամին։

Սլտըրեան ընտանիք, Յունաստան, 1946-ի շուրջ։ Խորէն եւ Նուէր իրենց զաւակներուն՝ Մանուշակի եւ Պաղտասար/Պաղտիկի հետ:
Յունաստան, 1936: Հռիփսիմէ եւ Նուէր Պաղտասարեան քոյրեր։
Աթէնք, 1945: Հռիփսիմէ Պոյաճեան (ծնեալ Պաղտասարեան) եւ Գրիգոր Պոյաճեան իրենց դուստրերուն՝ Թագուհիի (ամէնէն աջին) եւ Լուսիի հետ։
Գոքինիա, 1938։ Ոտքի, ձախէն աջ՝ Հռիփսիմէ Պոյաճեան (ծնեալ Պաղտասարեան), Նուէր Սլտըրեան (ծնեալ Պաղտասարեան)։ Նստած, ձախէն աջ՝ Գրիգոր Պոյաճեան, Թագուհի Պոյաճեան, Խորէն Սլտըրեան։
Աջին՝ Պետրոս Գափլանեան։ Ձախի անձը անծանօթ է։ Ընտանիքը տեղեկութիւն չունի, թէ ինչու Պետրոս Գափլանեան զինուորական տարազով է։
Ձախէն աջ՝ Մանուշակ Սլտըրեան, Պաղտասար/Պաղտիկ Սլտըրեան, Նուէր Սլտըրեան (ծնեալ Պաղտասարեան):
Գոքինիա, 1947։ Մանուշակ Սլտըրեան եւ եղբայրը՝ Պաղտասար/Պաղտիկ Սլտըրեան:
Գոքինիա, 1939: Մանուշակ Սլտըրեան։
Սլտըրեան ընտանիք, Մարուսի, 1949։ Խորէն Սլտըրեան, Մանուշակ Սլտըրեան, Պաղտասար/Պաղտիկ Սլտըրեան, Նուէր Սլտըրեան (ծնեալ Պաղտասարեան):
Գոքինիա, 1952: Մանուշակ Սլտըրեան Զաւարեան նախակրթարանի աւարտականի հանդիսութեան օրը։
Ինքնութիւնն անյայտ կին մը, Զմիւռնիա, 1922։ Մեր ունեցած միակ տեղեկութիւնը այն է, որ ան մաս կը կազմէ Կիւլպէնկեան ընտանիքին եւ ազգական էր Նուրիցա Գափլանեանին (ծնեալ Կիւլպէնկեան)։
Գոքինիա, Ս. Յակոբ եկեղեցի, 1973։ Պաղտասար/Պաղտիկ Սլտըրեանի եւ Տիրուհի Սրապեանի պսակադրութիւնը: Ետեւի շարք, ձախէն աջ՝ Փանայիոթիս Ցուքալա, անոր գիրկը՝ Տիմիթրա (Տիրա) Ցուքալա, Մանուշակ Ցուքալա (ծնեալ Սլտըրեան), Նուէր Սլտըրեան (ծնեալ Պաղտասարեան):
Ազատեան ընտանիք, 1939, Գոքինիա։ Աբրահամ եւ Օվսաննա Ազատեանի զաւակները. ձախէն աջ՝ Գրիգոր, Անժէլ, Մաքրուհի, Տիգրանուհի։ Աբրահամ եղբայրն էր Կիւլիզար Սլտըրեանի (ծնեալ Ազատեան)։ Անոնք Եոզկատի շրջանի Ռումտիկին (այժմ Ֆելահիէ Felahiye) աւանէն էին։

Եղբայրը՝ Պաղտիկը, Նիքէայի հայութեան սիրուած դէմքերէն էր։ Ան վարպետ ոսկերիչ էր, իր գործընկերոջ՝ Յարութիւն-Արիս Նաճարեանի հետ կ’աշխատէր այն տան գետնայարկին մէջ, զոր Կիւլիզար գնած էր Խորէնին համար։ Հոն հաստատուած էր իրենց ոսկերչական արհեստանոցը, որ մինչեւ այսօր կը շարունակէ գործել նոյն վայրին մէջ:

Պաղտիկ Հայ մարմնակրթական ընդհանուր միութեան (Հ. Մ. Ը. Մ.) անդամ էր։ Ան կարեւոր դեր ունեցաւ Զաւարեան վարժարանի նոր շէնքի կառուցման յանձնախումբին մէջ: 

Հայաստանի անկախացումէն ետք երբ երկիրը տնտեսական ծանր ճգնաժամ կ’ապրէր, Մանուշակ եւ Պաղտիկ օգնութիւն կը ղրկէին իրենց մօրաքրոջը՝ Հռիփսիմէին:

1973-ին Պաղտիկ կ’ամուսնանայ Տիրուհի Սրապեանի հետ։ Կ’ունենան երկու դուստր՝ Նորա եւ Մարալ։ Պաղտիկ կեանքէն կը հեռանայ 1997-ին՝ քաղցկեղի հետեւանքով։ Նորա ու Մարալ ներկայիս կը շարունակեն իրենց հօր ոսկերչութեան գործը։

Տեսերիզներ

Այս տեսերիզներուն մէջ Մանուշակ Սլտըրեան-Ցուքալան վկայութիւններ կու տայ իր ընտանիքին պատմութեան մասին։

Տեսերիզ 1

Տեսերիզ 2

Տեսերիզ 3

Տեսերիզ 4

Տեսերիզ 5