Զմիւռնիա, 1915-էն առաջ։ Ձախէն աջ՝ Ոսկիին եղբայրը (անունը անյայտ), Եղիս Մկրտիչեան, Յակոբ Մկրտիչեան, Ոսկի Մկրտիչեան (հետագային Ռափալեան/Ռաֆայէլեան)։

Սիլվա Աւետիսեանի հաւաքածոյ - Աթէնք

06.04.2020

Յիշողութեան այս նիւթերը հաւաքուեցան 30 Նոյեմբերին 2019-ին Աթէնքի մէջ տեղի ունեցած Յուշամատեանի աշխատանոցին ընթացքին։
Սոյն էջը պատրաստուեցաւ գործակցութեամբ Աթէնքի «Արմենիքա» պարբերաթերթին եւ «Համազգային» միութեան։

Սիլվա Աւետիսեանի մայրական կողմը Պերկամայէն (Զմիւռնիա/Իզմիրի հիւսիսը) է։ Մեծ մեծ մայրը Եղիս (Եղիսաբէթ) Մկրտիչեանն է, որուն ամուսինին անունը անյայտ է։ Եղիս ունեցած է երեք զաւակ՝ երկու մանչ եւ մէկ դուստր։ Մանչերէն միայն Յակոբին անունը ծանօթ է։ Դստեր անունը Ոսկի է, ան Սիլվա Աւետիսեանի մեծ մայրն է։

1920-ականներու սկիզբը, Ոսկին եւ Եղիսը առանձին Յունաստան կը գաղթեն։ Ոսկիին եղբայրներէն մէկը նախքան Յունաստան գաղթը կը հիւանդանայ եւ կը մահանայ։ Միւս եղբայրը, ինչպէս նաեւ Եղիսին եղբայրը 1915-ի Ցեղասպանութեան ատեն կը տեղահանուին եւ կը սպաննուին։ Ոսկին ամուսնացած էր, բայց անոր ամուսինը (անունը անյայտ) նոյնպէս կը սպաննուի, թէեւ յայտնի չէ թէ անոր կորուստը Ցեղասպանութեան տարիներուն տեղի ունեցած է, թէ ոչ անկէ ետք։

Ոսկին եւ մայրը նախ կը հաստատուին յունական Սթիլիտա քաղաքը, իսկ աւելի ուշ ալ կը տեղափոխուին Աթէնք։ Հոս Ոսկին կը վերամուսնանայ Անթրէաս Ռափալեան/Ռաֆայէլեանի հետ (ծնեալ 1903), որ Պոլիսէն էր։ Ոսկի եւ Անթրէաս կ՚ունենան երեք զաւակ՝ Մատլէն (ծնեալ 1927), Եղիս (ծնեալ 1929), Յակոբ (ծնեալ 1930)։ Եղիսը Սիլվա Աւետիսեանի մայրն է։

Գիտենք որ Ոսկին եւ իր մայրը՝ Եղիսը, վարպետ ասեղնագործողներ էին։ Անոնք կ՚աշխատէին իրենց տան մէջ, իրենց արտադրութիւնները ձեռքի վրայ կը ծախէին յոյն ընտանիքներու եւ այս ձեւով ընտանիքին ապրուստին մէկ մասը կ՚ապահովէին։

1946-47-ի ներգաղթին, Ոսկին, Անթրէասը եւ ամբողջ ընտանիքն ու հարազատները կ՚որոշեն մաս կազմել Խորհրդային Հայաստան մեկնող կարաւաններուն։ Ընտանիքին գաղթը տեղի չունենար, փոխարէնը 1950-ին անոնք կը գաղթեն Արժանթին։ Հոս ալ կը մահանայ Եղիս Մկրտիչեանը՝ Ոսկիին մայրը։ Տեղի պայմաններուն չյարմարելով, ընտանիքը 1953-ին կը վերադառնայ Աթէնք։

1963-ին Եղիս Ռափալեանը (Ոսկիին դուստրը) կ՚ամուսնանայ Աւետիս Աւետիսեանի հետ (ծնեալ 1921, Պոլիս), յունական Փաթրաս քաղաքին մէջ։ Աւետիսի հայրը՝ Արմենակը, Պուրսա ծնած էր, իսկ մօրը՝ Սրբուհիին (ծնեալ 1896-ին) ծննդավայրը անյայտ է։ Գիտենք որ Սրբուհին եւ իր մայրը 1915-ին տեղահանուած են եւ հասած են մինչեւ Տէր Զօր։ Աքսորի տարիներուն Սրբուհին կը կորսնցնէ իր մայրը եւ ան կը պատմէր, որ իր ձեռքով թաղած է զայն։ Գալով Սրբուհիի ապագայ ամուսինին՝ Արմենակին, ան Պուրսայի մէջ եղած է բեռնակիր։ Առաջին համաշխարհային պատերազմի տարիներուն, Արմենակ կը զինուորագրուի օսմանեան բանակին մէջ, բայց կը յաջողի փախուստ տալ, այն ժամանակ երբ հայ զինուորներէն շատեր կը սպաննուէին բանակին մէջ։

Արմենակին իսկական մականունը Գրիգորեան էր։ Պատերազմէն անմիջապէս ետք կը հաստատուին Օսմանեան կայսրութեան մաս կազմող Թրակիոյ շրջանին մէջ։ Նկատի ունենալով որ Արմենակ բանակէն փախստական մըն էր եւ այս պատճառով ալ ձերբակալուելու վտանգին ենթակայ, կը յաջողի մականունը փոխել եւ այսուհետեւ կը սկսի կոչուիլ Աւետիսեան։

Սիլվային ամուսինը Գրիգոր Ժիրայր Ճանիկեանն է։ Անոր մայրը Վրէժուհի Նշանեանն է, իսկ Վրէժուհիին հայրը Գառնիկ Նշանեանն է, որ ծնած է Չէնկիլէր (ներկայիս Սուկէօրէն, Եալովայի հարաւը)։ Ցեղասպանութենէն ետք, ընտանիքէն վերապրածները կը հաստատուին Եալովա (Պուրսայէն հիւսիս)։ Հոս կը ծնի Վրէժուհին։ Եալովայէն կը գաղթեն Յունաստան, նախ Ալէքսանրուփոլի, ապա Քոմոթինի/Կումուրճինա քաղաքը, հետագային ալ՝ Աթէնք։ Վրէժուհի կ՚ամուսնանայ Ժիրայր Ճանիկեանի հետ, որ Իզմիրէն էր։

Արմենակ Աւետիսեանի պատկանող երկու ժամացոյց։ Իր հետ բերած է Պուրսայէն։

Պուրսայէն եկած հրահան։ Պատկանած է Արմենակ Աւետիսեանին։

Զմիւռնիա, 1915-էն առաջ։ Ձախէն աջ՝ Ոսկիին եղբայրը (անունը անյայտ), Եղիս Մկրտիչեան, Յակոբ Մկրտիչեան, Ոսկի Մկրտիչեան (հետագային Ռափալեան/Ռաֆայէլեան)։

1930-ական թուականներ։ Առաջին շարք, ձախէն աջ՝ Աննիկ Աւետիսեան (ոտքի), Արմենակ Աւետիսեան, Սրբուհի Աւետիսեան, Մէրի Աւետիսեան։ Ետեւի շարք՝ Աւետիս Աւետիսեան։

Ոսկի Ռափալեանի (ծնեալ Մկրտիչեան) կամ Ոսկիին մօր՝ Եղսիկ Մկրտիչեանին ձեռքի գործ ասեղնագործեր։ Չափ՝ 81սմ × 81 սմ (205 × 205 ինչ)

Ոսկի Ռափալեանի (ծնեալ Մկրտիչեան) կամ Ոսկիին մօր՝ Եղսիկ Մկրտիչեանին ձեռքի գործ ասեղնագործեր։ Չափ՝ 75սմ × 75 սմ (190 × 190 ինչ)

Ոսկի Ռափալեանի (ծնեալ Մկրտիչեան) կամ Ոսկիին մօր՝ Եղսիկ Մկրտիչեանին ձեռքի գործ ասեղնագործեր։ Չափ՝ 21սմ × 21սմ (53 × 53 ինչ)

Ոսկի Ռափալեանին (ծնեալ Մկրտիչեան) պայուսակը, զոր իր հետ Զմիւռնիայէն բերած է։

Մտրակ։ Կը պատկանի Գրիգոր Ժիրայր Ճանիկեանի (Սիլվա Աւետիսեանի ամուսինը) նախնիներուն։ Գրիգորի մայրը Վրէժուհի Նշանեանն է, իսկ Վրէժուհիին հայրը Գառնիկ Նշանեանն է, որ ծնած է Չէնկիլէր (ներկայիս Սուկէօրէն, Եալովայի հարաւը)։

Անդրէաս Ռաֆայէլեանի (Ռաբալեան) եւ Ոսկի Մկրտիչեանի ամուսնութեան արձանագրութիւնը եկեղեցական տոմարին մէջ։ Ամուսնութիւնը տեղի ունեցած է 7 Մարտ 1926-ին, կնքահայրութեամբ Մանուկ Միքայէլեանի։ Ամուսնացնող քահանան էր՝ Տէր Խորէն Պչաքճեան։ Կը նշուի նաեւ, որ Անդրէաս 26 տարեկան ամուրի մըն է, որ ծնած է Պոլիս եւ կ՚ապրի Փիրէա։ Իսկ Ոսկի, 28 տարեկան այրի մըն է, որ ծնած է Պերկամա եւ կ՚ապրի Տուրկութի թաղամասին մէջ (Աղբիւր՝ LDS Library, film #1038667, item #2)։