Յիշողութեան այս նիւթերը հաւաքուեցան 30 Նոյեմբերին 2019-ին Աթէնքի մէջ տեղի ունեցած Յուշամատեանի աշխատանոցին ընթացքին։ Սոյն էջը պատրաստուեցաւ գործակցութեամբ Աթէնքի «Արմենիքա» պարբերաթերթին եւ «Համազգային» միութեան։
Թուայնացուած բաց արխիւ բաժնով ներկայացուած ընտանեկան մանրապատմութիւններէն իւրաքանչիւրը որքան ալ իւրայատուկ ըլլայ, բայց եւ այնպէս անոնցմէ շատեր կը կրեն Օսմանեան կայսրութեան հայերու հաւաքական ճակատագրին համանման հետքերը. տեղահանութիւն, հարազատներու սպաննութիւն, վերապրում, աքսոր, նոր կեանք՝ հայրենի աշխարհէն դուրս վայրերու մէջ։
Սուզանա Աբարթեան երբ ներկայացաւ Աթէնքի Յուշամատեանի աշխատանոցին, նկատելի էր որ ընտանեկան իր պատմութիւնը նոյնպէս կը կրէր այս բոլոր հաւաքական ստորոգելիները։ Բայց եւ այնպէս, անիկա տարբեր էր, եւ այս տարբերութիւնը ակնբախ դարձաւ, երբ առաջին անգամ ըլլալով տեսանք Սուզանային բերած յուշ-իրը։
Ձեռքի տոպրակի մը մէջ զետեղուած լայն ու մեծ բան մըն էր, որ բնականաբար մեր ուշադրութիւնը գրաւեց։ Իսկ երբ առարկան դուրս հանուեցաւ տոպրակէն, տակաւի՛ն կարելի չէր գուշակել թէ ինչ էր այդ. փայտեայ անյայտ սարք մը, որ աւելի շատ կը յիշեցնէր հսկայ կրեայի մը պատեանը։
Սուզանան պիտի պատմէր իր ընտանիքին պատմութիւնը, որ ծայր կ՚առնէր Կիլիկիոյ մէջ. Սիս (ներկայիս Քոզան) եւ մօտակայ Քարս Պազար (ներկայիս Քատիրլի) քաղաքը։
Հետը բերած առարկան ուտ շինելու փայտեայ կաղապար մըն էր, որ պատկանած էր հօրեղբօրը՝ Գրիգոր Աբարթեանին (1898-1964)։ Այս վերջինը Սիսի մէջ արհեստով շինարար-ատաղձագործ էր։ Գիտենք որ ուտ կը շինէր, բայց նաեւ մասնակցած է կամուրջներու կառուցումին։
Ուտի պատրաստութեան փայտեայ կաղապար, 41 սմ երկարութիւն։ Այս գործիքը Գրիգոր Աբարթեան իր հետ Սիսէն Յունաստան բերած է։
Գրիգորի հայրը Արթինն էր, իսկ մայրը՝ Սուլթանը։ Անոնք ունեցած են հինգ զաւակ. Գրիգոր, Արիս (Սուզանայի հայրը), Լուսածին, Մարի/Մարիամ, Հայկուհի։ Արթինին հայրն էր Պետրոս, որ ունեցած է այլ որդի մը՝ Մինաս, եւ դուստր մը՝ Վառվառ։ Սուլթան ունէր հինգ քոյր եւ հօրը անունն էր Ասատուր։
Արիսին եւ Գրիգորին միջեւ տարիքի տարբերութիւնը մօտաւորապէս քսանէ աւելի էր։ Արիս ծնած էր 1919-ին, իսկ Գրիգոր ծնած էր Սիսի մէջ, 1898-ին։
Կիլիկիան ձգելէ ետք, Աբարթեան ընտանիքի անդամներ առաջին անգամ Յունաստան կը հասնին 1922-ին։ Նախ կը հաստատուին Միթիլլինի կղզին, կարճ ժամանակ ետք կու գան Քոգինիա (Փիրէա)։
Գրիգոր կը սկսի աշխատիլ Աթէնքի ամէնէն յայտնի կիթառ շինող վարպետ Մուրձինոսի Mourtzinos քով. հոս կը տիրապետէ արհեստին գաղտնիքներուն եւ կարճ ժամանակ ետք ինք եւս կը դառնայ հանրայայտ կիթառ արտադրող վարպետ մը։ Սիսէն բերուած ուտի կաղապարը այնքան ալ գործի չի ծառայեր, պարզ այն պատճառով որ Յունաստանի մէջ ուտը ժողովրդային գործիք մը չէր։ Այս պատճառով ալ Գրիգոր կը սկսի շինել կիթառ եւ մանտոլին, իր առանձին խանութը կը բանայ Փիրէայի մէջ, սկիզբը Ալըփետու Alipedou փողոցին վրայ, աւելի ուշ՝ Ռեձինա Retsina 13 հասցէով։
Գրիգոր իր արտադրած կիթառներուն եւ մանտոլիններուն ձայնային փոսի հատուածին մէջ կը փակցնէր իր պիտակը, ուր սկզբնական շրջանին ֆրանսերէնի եւ յունարէնի կողքին նաեւ կ՚երեւէր հայերէն ձեռագիր գրութիւն։
Սուլթան Աբարթեան։ Լուսանկարուած է նախքան Յունաստան հաստատուիլը։ Այնպէս որ շատ հաւանական է, որ Սիսի կամ Ատանայի մէջ է։
Գրիգոր Աբարթեան
Գոյութիւն ունին 1920-ականներէն մնացած հայերէն ստորագրութիւններ, ուր նշուած է՝ «Գրիգոր Աբարթեան, Բիրէյա, կիլիկեցի, Սիս»։ Գիտենք նաեւ որ 1930-ական թուականներուն Գրիգոր Աբարթեան անդամ էր Քոգինիոյ Սիսի հայրենակցական միութեան վարչութեան։
Գրիգորին քոյրերը՝ Լուսածինը, Մարիամը եւ Հայկուհին, եւ եղբայրը՝ Արիսը, կ՚աշխատէին իրենց եղբօր հետ նոյն արհեստանոցին մէջ։ Գիտենք որ քոյրերը իրենք եւս հոս մատնոլին կը շինէին։
Երկրորդ համաշխարհային պատերազմէն անմիջապէս ետք, Լուսածին եւ Հայկուհի կը գաղթեն Արժանթին, իսկ Մարիամ 1945-1947-ին կը ներգաղթէ Խորհրդային Հայաստան։
Գրիգոր կը մահանայ 1964-ին։ Արհեստանոցին գլուխը կ՚անցնի Սուզանայի հայրը՝ Արիսը, որ կը մահանայ 2003-ին։
Մինչեւ այսօր Յունաստանի մէջ մեծապէս գնահատուած են Գրիգորին ստորագրութիւնը կրող կիթառները։
Գրիգորին արտադրած առաջին կիթառներուն պիտակը, զոր կը փակցնէր գործիքին ձայնային փոսի հատուածին վրայ։ Սկզբնական շրջանին ֆրանսերէնի եւ յունարէնի կողքին նաեւ կ՚երեւէր հայերէն ձեռագիր գրութիւն։ Հոս հայերէնով կը կարդանք. «Գրիգոր Աբարթեան, Բիրէյա, կիլիկեցի, Սիս»։
Գրիգոր Աբարթեանի ձեռքի գործ կիթառ եւ մանտոլին։
Սուզանա կը պատմէ որ հօր մահէն ետք ինքն ալ ուզած է աւելի մօտէն հասկնալ եւ զգալ կիթառ շինող իր ընտանիքի անդամներուն արհեստանոցային կեանքը, հոգեկան աշխարհը, մանաւանդ գիտնալ թէ ինչու հայրը երբեք չէ փափագած որ դուստրը եւ որդին այս արհեստը սորվին։ Այնպէս որ Սուզանա կ՚որոշէ ինք եւս կիթառ շինել։ Մարտահրաւէր մըն էր։ Անհրաժեշտ գիտելիքները կը սորվի եւ 2014-ին կ՚անցնի գործի։ Մէկ տարի շարունակ գործելէ ետք կիթառը պատրաստ էր։ Սուզանա կ՚աւելցնէ, որ հայրը նման կիթառ մը պատրաստելու համար մէկ ամիս ժամանակի պէտք ունէր։ Իսկ իր կիթառը մասնագէտներու կողմէ կը գնահատուի բաւարար՝ առաջին գործի մը համար։ Սուզանային կարծիքով տարուայ մը աշխատանքը բաւարար էր համոզուելու թէ կիթառ շինելը առանձնութիւն պարտադրող գործ է. «ամբողջ տարի մը ես ու փայտն էինք, մինակ…», դիտել կու տայ Սուզանա։
Արիսի կինը եւ Սուզանայի մայրը Սաթենիկն է (1932-ի ծնունդ)։ Սաթենիկի ծնողները՝ Եսայի Գարամանեան (1894-ի ծնունդ) եւ Արուսեակ Գարամանեան Քարս Պազարէն են։ Եսայիի հայրն է՝ Յովհաննէս/Օհաննէս/Օհան Գարամանեան, իսկ մայրը՝ Կիւլէնիա Գարամանեան (ծնեալ Տոմպուրեան), ամուսնացած են 1894-ին։ 1921-ին, Կիլիկիայէն կը գաղթեն Իզմիր եւ հոսկէ ալ կ՚անցնին Յունաստան, 1922-ին։ Եսայի եւ Արուսեակ ունեցած են չորս զաւակ. Յակոբ, Փանոս, Սաթենիկ/Տիրուհի, Մարի։
Գրիգոր Աբարթեանի պիտակը եւ լուսանկարը կրող կիթառներ եւ մանտոլիններ։
Աբարթեան ընտանիքին գաղթականական փաստաթուղթը (յունարէն)։ Պատրաստուած է Յարութիւն (Արթին) Աբարթեանի անունով, Փիրէա, Քոգինիա, 1922։ Հոս նշուած է նաեւ ընտանիքին պարբերաբար ստացած պետական դրամական նպաստը։ Յարութիւնին արհեստը նշուած է հացագործ, 65 տարեկան, ծագումբով՝ Կիլիկիայէն։
Արիս Աբարթեանի 1933 թուակիր դպրոցական վկայականը Գոքինիոյ հայկական վարժարանէն։ Վաւերաթուղթը ունի հայերէն եւ յունարէն տարբերակ։ Արիս հոս 14 տարեկան է, «լաւագոյն» նիշեր ունի, ծննդավայր գրուած է Սիս, իսկ հայրանուն՝ Յարութիւն։
Գրիգոր Աբարթեան (ոտքի տղամարդը), Արիս Աբարթեան (ծնկաչոք տղամարդը)։ Միւսները անծանօթ։
Արիս Աբարթեան
Արիս Աբարթեան իր աշխատանոցին մէջ գործի պահուն։
Արիս Աբարթեան (ձախին) իր աշխատանոցին մէջ։
Աբարթեան եւ Գարամանեան ընտանիքները, 1961-ին, Աթէնք։ Կը տօնեն Սուզանայի եղբօր՝ Արթօ Աբարթեանի տարերադրձը (1956-2010)։ Ձախէն աջ՝ Սաթենիկ Աբարթեան (ծնեալ Գարամանեան), Արիս Գարամանեան, Գրիգոր Գարամանեան, Արիսի եւ Գրիգորի առջեւ կանգնած աղջնակը՝ յոյն դրացուհի մը (անունը անյայտ), Գրիգորի ճիշդ առջեւ կանգնած տղան՝ Արթօ, Գրիգորի կինը (անունը անյայտ), Եղիա Գարամանեան, Արուսեակ Գարամանեան։
Գոքինիոյ Սիսի հայրենկացական միութեան վարչութիւնը, 1938։ Նստած, ձախէն աջ՝ Ա. Կէօքճեան, Գրիգոր Աբարթեան, Գ. Բէքմէզճեան։ Ոտքի, ձախէն աջ՝ Տիգրան Խաչիկեան, Պետրոս Ասըրլեան, Յ. Պլիկեան, Արամ Մուրատեան։
Գարամանեան ընտանիքէն պատկերներ եւ վաւերաթուղթեր
Եսայի Գարամանեան եւ Արուսեակ Գարամանեան, իրենց որդւոյն՝ Յակոբի հետ, լուսանկարուած Զմիւռնիա, 1922-ին։
Եսայի Գարամանեանի (Սուզանայի մօրենական մեծ հայրը) կառապանի արտօնագիրը։ Երեք լեզուներով՝ ֆրանսերէն, հայերէն եւ օսմաներէն-թրքերէն։ Արտօնագիրը տրուած է 1919-էն 1921 Կիլիկիան գրաւած՝ ֆրանսական իշխանութիւններուն կողմէ։
1.
2.
1. 20 Սեպտեմբեր 1920 թուակիր ստացական մը, որ կը հաստատէ թէ Գարամանեան Օհաննէս ձի մը գնած է Ատանայի Հաճնոյ հայրենակցական միութենէն։ Կը կրէ նաեւ սոյն միութեան կնիքը։ 2. Դարձեալ ճամբորդելու արտօնագիր – այս անգամ օսմաներէն-թրքերէն-, որ տրուած է Յովհաննէս Գարամանեանի Ճիհան երթալու։
Եսայի Գարամանեանի ինքութեան թուղթը (ֆրանսերէն եւ օսմաներէն-թրքերէն), որ կը հաստատէ թէ ան, 1 Յուլիս 1920-էն ի վեր, մաս կը կազմէ Ատանայի ոստիկանութեան։ Այս կը պատահի ֆրանսական գրաւման իշխանութիւններու օրերուն։ Ստորագրուած է Ատանայի ոստիկանութեան հրամանատար հարիւրապետ Ահմէտ պէյի կողմէ։ Եսայիի հայրանունը նշուած է՝ Օհաննէս։
Եսայի Գարամանեանի տրուած ինքնութեան թերթիկ Ատանայի Հայոց Առաջնորդարանին կողմէ, 4 Ապրիլ 1921 թուակիր։ Վաւերաթուղթը ֆրանսերէն է։ Եսայիի արհեստը նշուած է «մեքենագէտ»։ Այս վաւերաթուղթը շատ հաւանաբար պիտի գործածուէր Եսայիի Իզմիր ճամբորդութեան նպատակով, նկատի ունենալով որ հոս նշուած է թէ ան պիտի ուղղուի Իզմիր, կնոջ՝ Արուսեակի ընկերակցութեամբ։ Կը կրէ Եղիշէ եպսկ. Կարոյեանի կնիքը։
Լութֆիք Գարամանեանի (16 տարեկան, աշակերտ, ծնեալ Ատանա) տրուած ինքնութեան թերթիկ Ատանայի Հայոց Առաջնորդարանին կողմէ, 8 Հոկտեմբեր 1920 թուակիր։ Լութֆիք եղբայրն էր Եսայի Գարամանեանի։ Վաւերաթուղթը ֆրանսերէն է եւ շատ հաւանաբար պիտի գործածուէր Լութֆիքի Ալէքսանտրէթ/Իսքենտէրուն ճամբորդութեան նպատակով, նկատի ունենալով որ հոս նշուած է թէ ան պիտի ուղղուի Ալէքսանտրէթ։ Կը կրէ Գէորգ եպսկ. Արսլանեանի ստորագրութիւնը։
Թեսաղոնիկէի Ս. Աստուածածին եկեղեցիի թաղական խորհուրդի կողմէ տրուած ինքնութեան հաստատագիր, որ տրուած է Եսայի Գարամանեանի, 24 Յունիս 1922 թուակիր։ Վաւերաթուղթին մէջ նշուած է, որ Եսային ազգութեամբ հայ գաղթական մըն է, որ հասած է Թեսաղոնիկէ։
Հայ գաղթականներու միութեան կողմէ Եսայի Գարամանեանի տրուած անձնաթուղթ, 1925 թուակիր։ Հոս կը հաստատուի Եսայիի գաղթական եւ կարիքաւոր ըլլալը։ Տարիք՝ 31 տարեկան։ Հայրանուն՝ Օհան, մայրանուն՝ Կիւլէնիա։
1921 թուակիր ճամբորդելու ֆրանսերէն արտօնագիր մը (laisser-passer), որ Կիլիկիոյ ֆրանսական իշխանութիւնները շնորհած են Յովհաննէս Գարամանեանի Ճիհան քաղաքը (Ատանայէն արեւմուտք) մեկնելու։ Յովհաննէսը Եսայիի հայրն է։
Երկրորդ համաշխարհային պատերազմին ընթացքին, երբ Յունաստան կը գրաւուի նացիական բանակներուն կողմէ, Եսայի Գարամանեան, շատ մը յոյն տղամարդոց նման, կը ձերբակալուի եւ պարտադիր բանուորութիւն կ՚ընէ Գերմանիոյ մէջ։ Այս մէկը պատերազմէն անմիջապէս ետք պատրաստուած վաւերաթուղթ մըն է, որ արտօնութիւն կու տայ Եսայիի վերադառնալու Յունաստան։
1.
2.
1. Արուսեակ Գարամանեանի տրուած փաստաթուղթ (յունարէն), 1944 թուակիր, նացիական շրջանին գերեվարուածներու Աթէնքի միութեան վարչութեան կողմէ։ Գիտենք որ Երկրորդ համաշխարհային պատերազմին, Եսայի Գարամանեան (Արուսեակի ամուսինը) որպէս գերի պարտադիր բանուորութիւն ըրած է Գերմանիոյ մէջ։ Արուսեակ այս միութեան անդամ էր։ 2. 14 Օգոստոս 1945 թուակիր ֆրանսերէն եւ անգլերէն վաւերաթուղթ, որ կը հաստատէ թէ սոյն թուականին Եսայի Գարամանեանն ու իր հագուստները ենթակայ եղած են DDT-ով փոշեպատումի (dusted with DDT powder)՝ լուերէ զերծ մնալու նպատակով։
1946-ի Աթէնքի Ֆիքս թաղամասի հայկական վարժարանին շրջանաւարտները, ուսուցչական կազմն ու տնօրէնութիւնը։ Պատկերին մէջ պէտք է ըլլայ նաեւ Սաթենիկ Գարամանեան։
Յունական Կարմիր խաչին կողմէ Եսայի Գարամանեանի տրուած փաստաթուղթ, որ կը հաստատէ թէ ան պատերազմի տարիներուն գերի եղած է Գերմանիոյ մէջ եւ Յունաստան վերադարձած է 2 Սեպտ. 1945-ին։