Թերզեան/Զամպագճեան Հաւաքածոյ - Սելանիկ
13/12/21 (վերջին փոփոխութիւն՝ 13/12/21)
Յիշողութեան այս նիւթերը հաւաքուեցան 13 եւ 14 Նոյեմբերին 2021-ին Սելանիկի մէջ տեղի ունեցած Յուշամատեանի աշխատանոցին ընթացքին։
Սոյն էջը պատրաստուեցաւ գործակցութեամբ Աթէնքի «Արմենիքա» պարբերաթերթին եւ «Համազգային» միութեան Սելանիկի մասնաճիւղին։ Աշխատանոցին հովանաւորն էր գերմանական EVZ «Յիշողութիւն, պատասխանատւութիւն եւ ապագայ» հիմնարկութիւնը։
Այս էջին նիւթերը մեզի ներկայացուցին Էտվին Զամպագցեան/Զամպագճեան եւ կինը՝ Մայտա Զամպագցեան/Զամպագճեան (ծնեալ Թերզեան)։ Անոնք աւելի շատ կը վերաբերին Թերզեան ընտանիքին, որ Մայտային ընտանիքն է, բայց հակիրճ տեղեկութիւններ կան նաեւ Էտվինին ընտանիքին՝ Զամպագճեաններուն մասին։
Թերզեան ընտանիքը Պիղա/Պիկայէն է եւ աւելի ուշ տեղափոխուած են մօտակայ Ռոտոսթօ/Թեքիրտաղ քաղաքը։ Ընտանիքին նախահայրերէն ծանօթ է Յակոբ եւ Աննա Թերզեան զոյգը։ Ունէին երեք զաւակ. Կիրակոս (1875-1926), Աբրահամ եւ Նունիա, որոնք ծնած էին Պիղա։ Կիրակոս կ՚ամուսնանայ Ազնիւ Քիրազեանի (1888-1968) հետ Ռոտոսթոյի մէջ եւ կ՚ունենան չորս զաւակ. Յակոբ (1914-1996), Աղաւնի (1913-1995), Պետրոս (1922-1944) եւ Զոհրապ (1920-1990)։ Բոլոր զաւակները ծնած են Ռոտոսթօ։ Ազնիւ ծնած էր Ռոտոսթոյի մօտակայ Չորլու աւանը։ Հայրը Պետրոսն էր, որ կը սպաննուի 1915-ին, իսկ մայրը՝ Հռիփսիմէն (ծնեալ Տիշլեան)։ Քիրազեան ընտանիքին ծառը ներկայացուած է այս էջով։ Հռիփսիմէ Տիշլեան (1862-1947) դուստրն էր Կարապետ եւ Բրաբիոն Տիշլեանի։ Հռիփսիմէէն զատ, անոնք ունէին հինգ այլ զաւակներ. Աննա, Քրիսթինէ, Սարգիս, Միքայէլ եւ Առաքել, որոնք բոլորն ալ ծնած էին Չորլու։
1922-ին, թրքական ուժերուն կողմէ Զմիւռնիոյ գրաւումէն ետք՝ Ռոտոսթոյի յոյն եւ հայ բնակչութիւնը կը ձգէ իր հայրենի քաղաքը եւ ապաստան կը գտնէ Յունաստան։ Թերզեան ընտանիքը Ռոտոսթոյէն քալելով կը հասնի յունական սահմանը։ Սկիզբը կը հաստատուին հիւսիսային Յունաստանի Ալեքսանդրուպոլի քաղաքը (օսմանեան տարիներուն անունը եղած է Տէտէաղաճ), այնուհետեւ կը տեղափոխուին նոյն շրջանին մէջ գտնուող Քոմոթինի, Քսիանթի եւ վերջաւորութեան՝ Սելանիկ։
1930-ական թուականներուն, Ազնիւի եւ Կիրակոսի որդի՝ Յակոբ Թերզեանի արհեստը կօշկակարութիւն էր։ Ան կ՚աշխատէր Մարտիրոս Պալապանեանին կօշիկի գործարանին մէջ։ Կ՚ամուսնանայ Մարտիրոսին դուստրին՝ Հռիփսիմէ/Ռոզային հետ եւ կ՚ունենան երկու որդի՝ Արման/Արմէն եւ Մարտիկ/Մարտիրոս, եւ դուստր մը՝ Մայտա, որ ընտանքին պատմութիւնը մեզի պատմողն է։
Մարտիրոս Պալապանեան (1871-1942) ամուսնացած էր Կիւլիզար Պօյաճեանին հետ (1898-1962)։ Ունէին երկու դուստր. Էպրուհի (ծնեալ 1921) եւ Հռիփսիմէ/Ռոզա (1919-1991)։ Մարտիրոս Պալապանեանին հայրն էր Կարապետ, մայրն էր՝ Էպրուհի, բոլորն ալ Աֆիոն Գարահիսարէն։ Կիւլիզար Պօյաճեանին ընտանիքն ալ նոյն քաղաքէն էր։ Պօյաճեան ընտանեկան ծառը ներկայացուած է այս էջով։ Կիրակոսին առաջին կինը զոհ կ՚երթայ Աֆիոն Գարահիսարի հայկական եկեղեցիին մէջ, երբ թրքական ամբոխը կրակի կու տայ այս շէնքը եւ կը սպաննուին հոն հաւաքուած հայերը։ Կարելի չեղաւ ստուգել թէ աղետալի այս դէպքը 1915-ին տեղի ունեցած է կամ նախորդող թուականի մը։ Կիւլիզարին կ՚ամուսնացնեն Մարտիրոսին հետ, որ տարիքով իրմէ բաւական աւելի մեծ էր։ Ցեղասպանութեան ժամանակ, ընտանիքը կը տեղահանուի եւ կը ղրկուի Հալէպի կողմերը։ Առաջին համաշխարհային պատերազմին աւարտէն ետք, վերապրողները կը վերադառնան Աֆիոն Գարահիսար, ուր կը մնան մինչեւ 1922 թուականը, երբ թրքական բանակներուն յառաջխաղացքէն փախուստ տալով՝ 1922-ին կը գաղթեն Յունաստան։ Բացի Ռոզայէն եւ Էպրուհիէն Մարտիրոս եւ Կիւլիզար ունէին նաեւ որդեգիր որդի մը՝ Աբիկ, որ աւելի ուշ կը մահանայ Վիեննայի մէջ։
Պալապանեան ընտանիքը Սելանիկի մէջ։ Ձախէն աջ՝ Կիւլիզար (ծնեալ Պօյաճեան), Էպրուհի, Մարտիրոս (նստած), Աբիկ, Ռոզա/Հռիփսիմէ։
Կիրակոսի եւ Աղաւնիի դուստրն էր Աղաւնի։ 1943-ին Սելանիկի մէջ կ՚ամուսնանայ Օննիկ Միսգճեանի հետ, որ ծնած էր Ատափազարի մէջ, 1908-ին։ Կ՚ունենան դուստր մը՝ Նուարդը։ 1947-ին ընտանեօք կը ներգաղթեն Խորհրդային Հայաստան եւ կը հաստատուին Երեւանի մէջ։
Գալով Էտվին Զամպագճեանին ընտանիքին, անոր մօրենական մեծ մայրը Անիձա Չիլինկիրեանն էր, որ ծնած ու ապրած է Պուրսայի մէջ։ 1915-ին, օսմանեան իշխանութիւնները կախաղան կը հանեն իր ամուսինը՝ Կարապետ Չիլինկիրեանը։ 1922-ին, Անիձան եւ իր դուստրերը՝ Արշալոյսն ու Արշակուհին, քալելով կը հասնին Սելանիկ՝ բազմահազար այլ գաղթականներու նման։ Անիձան կը մահանայ 1964-ին։ Դուստրը՝ Արշալոյսը, Էտվին Զամպագճեանին մայրն է։
Պետրոս Թերզեանի մահը նացիական Գերմանիոյ մէջ
Հոս առանձին պիտի անդրադառնանք Պետրոս Թերզեանին վիճակուած ճակատագիրին։ Պետրոսը ծնած էր Ռոտոսթօ 1922-ին եւ զաւակն էր Ազնիւին (ծնեալ Քիրազեան) եւ Կիրակոսին։ Ընտանիքը կը պատմէ, որ 1939-ին Պետրոս եւ բարեկամ մը Սելանիկէն կը մեկնին Գերմանիա։ Ճամբորդութեան դրդապատճառը անծանօթ է, միայն թէ գիտենք, որ Երկրորդ համաշխարհային պատերազմը կը բռնկի, անկարող կ՚ըլլայ Յունաստան վերադառնալու եւ կը ստիպուի մնալ Գերմանիա։ Սելանիկի մէջ իր ընտանիքին քով պահուած կարգ մը պատկերներէն դատելով գիտենք որ ան շարունակած է կապ պահել իր հարազատներուն հետ։ Բայց Պետրոս երբեք ալ պիտի չվերադառնար Սելանիկ։ Անյայտ պատճառներով կը ձերբակալուի Կեսթափոյին կողմէ 1942-ին եւ կ՚արգելափակուի Տախաուի կեդրոնացման ճամբարին մէջ (Միւնիխի հիւսիսը), ուր կը մահանայ 1944-ին։
Պետրոս Թերզեան իր այս պատկերը ղրկած է Միւնիխէն (Գերմանիա)։ Պատկերին տակ հայերէնով գրած է՝ «Լաւ օր մը Միւնիխէն, 21.5.42, Պ. Թերզեան»։ Նոյն տարին իսկ պիտի ձերբակալուէր եւ պիտի արգելափակուէր Տախաուի կեդրոնացման ճամբարին մէջ։
Զանազան փաստաթուղթեր, ուր տուեալներ կան Պետրոս Թերզեանի Տախաուի մէջ նացիական իշխանութիւններուն կողմէ արգելափակման մասին (Աղբիւր՝ www.collections.arolsen-archives.org)։
Յակոբ Քիրազեան, լուսանկարուած Պոլսոյ մէջ, 1898-ին։ Պատկերին կռնակին գրուած է որ աշակերտ է։ Լուսանկարիչ՝ Կիւլմէզ եղբայրներ։ Յակոբ եղբայրն էր Ազնիւ Թերզեանին (ծնեալ Քիրազեան)։
Երեք քոյրեր, Ռոտոսթօ։ Կեդրոնը՝ Ազնիւ Քիրազեան (հետագային Թերզեան), աջին՝ Բրաբիոն, ձախի քրոջ անունը անյայտ է։ Լուսանկարը իր կռնակին կը կրէ Միհրան Տատիքօզեանին (հետագային՝ Ապէլ) կնիքը, որուն լուսանկարչատունը կը գտնուէր Ռոտոսթոյի մէջ։ Յատկանշական է, որ Մարտիկ Թերզեանի պատրաստած ընտանեկան ծառին մէջ կը նշուին միայն երկու քոյրեր (Ազնիւ եւ Բրաբիոն), բայց սոյն պատկերին կռնակին Ազնիւին զաւակներէն մէկը գրած է՝ «Մամաս իրեն քոյրիկներովը»։
Թերզեան ընտանիքին պատկանած Ժամագիրք։ Տպագրութիւն՝ Գ. Պաղտատլեան, Կ. Պոլիս, 1895։ Առաջին էջերուն մէջ Յակոբ Թերզեանը (Յակոբ բաբու [յունարէնով՝ մեծ հայրիկ]) իր ձեռագիրով յիշատակած է իր զաւակներուն ամուսնութիւնները եւ թոռնիկներուն ծնունդները։ Շատ հաւանաբար սոյն աղօթագիրքը նախապէս պատկանած է Չորլուի Քիրազեան ընտանիքին, որ Ազնիւ Թերզեանին (ծնեալ Քիրազեան) ընտանիքն է։ Անոր վերջին էջերուն մէջ ձեռագիր աղօթք մը կայ, որ ստորագրուած է Հռիփսիմէ Քիրազեան (ծնեալ Տիշլեան)՝ Ազնիւին մաման։ Ազնիւ իր կարգին աղօթք մը գրած է։ Զայն կը կոչէ «Իմ մամայիս աղօթքը»։ Հոն կը կարդանք. «Տէր Աստուած, կ՚աղաչեմ քեզ մանուկը մօրմէն, նաւը փոթորիկէն, բանտարկեալը բանտէն, պարտատէրը պարտքէն, մեղաւորը մեղքէն դուն ազատես, կրկին կը պաշտեմ քեզ»։ Իսկ վերջին էջին վրայ Յակոբ Թերզեան գրի առած է իր մեծ մօրը՝ Աննա Թերզեանին գործածած լուծողական դեղին պատսրաստութեան ձեւը։