Թուլումճեան հաւաքածոյ - Նիկոսիա, Կիպրոս

Այս հարուստ եւ իւրայատուկ հաւաքածոն մեզի տրամադրեցին Սոնա Թուլումճեան (ծն. Նաճարեան) եւ իր որդին՝ Յաբէթ Թուլումճեան, որոնք կը բնակին Նիկոսիա, Կիպրոս։ Հաւաքածոյին նիւթերը մեզի կը ներկայացնեն Մերսինի (Կիլիկիոյ մէջ նաւահանգիստ քաղաք) հայկական կեանքը. ընտանիքին պատկանող հարիւրամեայ մեծ կահ-կարասիներ Մերսինէն Կիպրոս բերուած են 1921-ին։ Յուշամատեանի հաւաքագրման այս փորձառութիւնը յատուկ էր այն իմաստով որ ամբողջ պատմութիւն մը կը ներկայանար արդիական բարձր շէնքի մը մէկ յարկին մէջ...։ Նիկոսիոյ մէջ գտնուող այս տան իւրաքանչիւր անկիւն Մերսինի անցեալէն հատուած մը կը խտացնէր իր մէջ։
Ընտանեկան այս հաւաքածոյէն մաս մը, առաւելաբար լուսանկարներ, մեզի հասած է Սոնա Թուլումճեանի ծնողներուն կողմէն։ Իսկ յուշիրերը՝ Սոնային ամուսինին՝ Աւետիս Թուլումճեանի կողմէն։ Սարգիս Նաճարեան, Սոնայի հայրը, ծնած է Խարբերդ 1895-6-ի շուրջ եւ մահացած՝ Կիպրոս 1985-ին։ Համաշխարհային առաջին պատերազմին ընթացքին, Սարգիս կամաւոր զինուոր եղած է Արեւելեան լէգէոնին մէջ (Légion d'Orient, որ հետագային կը կոչուի Légion arménienne, կամ Հայկական լէգէոն), այս ճամբով ալ կը հասնի Մերսին, ուր կը հանդիպի Սոնային մօր՝ Սիրանուշ Նաճարեանին (ծնեալ Նեվրուզեան), որ ծնած էր Մերսին, 1900-ի շուրջ (կը մահանայ Կիպրոս 1987-ին)։ Սարգիս եւ Սիրանուշ կ՚ամուսնանան Մերսինի մէջ եւ հետագային կը փոխադրուին Լիբանան։ Կարգ մը լուսանկարներ կը ներկայացնեն հատուածներ այս զոյգին Պէյրութեան կեանքէն։ Սոնա Թուլումճեան (ծնեալ Նաճարեան) ծնած է Պէյրութ, 1 ապրիլ 1927-ին, իսկ իր քոյրը՝ Սիրվարդ Նաճարեանը, ծնած է 21 օգոստոս 1930-ին։ Նաճարեանները կը շարունակեն ապրիլ Լիբանանի մէջ մինչեւ 1980, որմէ ետք կը փոխադրուին Կիպրոս եւ կը հաստատուին Նիկոսիա։
Սոնա Թուլումճեան (ծնեալ Նաճարեան) ամուսնացած է Աւետիս Թուլումճեանին հետ, Կիպրոս, 22 նոյեմբեր 1964-ին։ Աւետիս ծնած է Մերսին, 1 փետրուար 1913-ին եւ մահացած Կիպրոս 31 օգոստոս 2013-ին։ Առաջին համաշխարհային պատերազմէն ետք Կիլիկիոյ տարածքը (ներառեալ Մերսինը) կը գրաւուի ֆրանսական բանակին կողմէ եւ կը կառավարուի ֆրանսական իշխանութիւններուն կողմէ։ Թուլումճեանները կը շարունակեն ապրիլ իրենց հայրենի Մերսինին մէջ մինչեւ ֆրանսական բանակներուն մեկնումը Կիլիկիայէն։ Այսպէս, Կիլիկիան Թուրքիոյ զիջելու որոշումին լոյսին տակ, 1921-ի աւարտին հայերու զանգուածային գաղթ մը ծայր կ՚առնէ կիլիկեան տարածքէն յատկապէս դէպի Սուրիա եւ Լիբանան։ Այս ընթացքին կարգ մը ընտանիքներ ապաստան կը գտնեն նաեւ Կիպրոսի մէջ։ Երբ Աւետիսի ընտանիքը կը փոխադրուի Մերսինէն Կիպրոս 1921-ին, իրենց հետ կը տանին նաեւ բազմաթիւ առտնին ապրանքներ, որոնց մէջ այստեղ ներկայացուած կահ-կարասիները։
1. Թենսուֆ Նեվրուզեան (ծնեալ Չերչիեան, որ Սիրանուշի մայրն է եւ Սոնա Թուլումճեանի մեծ մայրը) լուսանկարուած Մերսինի մէջ, ամուսնութենէն քիչ ետք։
2. Թենսուֆ Նեվրուզեան (ծնեան Չերչիեան) նշանադրութենէն ետք։ Իր ամուսինը, Իսրայէլ Նեվրուզեան աշխատած է իբր փաստաբան Régie-ի մէջ, որ Օսմանեան կայսրութեան մէջ ծխախոտի արտադրութեան մենաշնորհը ունեցող ընկերութիւն մըն էր։
1. Սիրանուշ Նաճարեանի (ծնեալ Նեվրուզեան) եւ Սարգիս Նաճարեանի ամուսնութեան լուսանկարն է Մերսինի մէջ, 1920-ին։ Սիրանուշ ծնած է Մերսին 1900-ի շուրջ, իսկ Սարգիս ծնած է Խարբերդ 1896-ին։ Առաջին համաշխարհային պատերազմին ընթացքին ան կը միանայ Արեւելեան լէգէոնին (Սինայի ճակատին վրայ տեղակայուած դաշնակից բանակին մաս կազմող ռազմական միաւոր մը) եւ կ’երթայ Մերսին, ուր կը ծանօթանայ Սիրանուշին եւ կ’ամուսնանան 1920-ին։
2. Ոտքի ձախէն աջ՝ Յակոբ Թուլումճեան (ծնած Մերսին եւ մահացած Կիպրոս, Յաբէթ Թուլումճեանի որդին եւ Աւետիսի եղբայրը), Ամերիկայէն զարմիկ մը (անունը անյայտ), Աւետիս Թուլումճեան (Սոնայի ամուսինը, ծնած Մերսին 1913-ին եւ մահացած 2013-ին Կիպրոս)։ Նստած ձախէն աջ՝ Էլիզա Թուլումճեան՝ (ծնեալ Չերչիեան) Յաբէթի կինը եւ Սոնայի կեսուրը, եւ Սեդրակ Թուլումճեան (Յաբէթի եղբայրը)։
Արեւելեան լէգէոնի տարիներ
Արեւելեան լէգէոնը, որուն մաս կազմած է նաեւ Սարգիս Նաճարեան, կը հիմնուի Դաշնակից ուժերուն նախաձեռնութեամբ՝ նոյեմբեր 1916-ին, Եգիպտոսի մէջ։ Սկիզբը ան ամբողջութեամբ բաղկացած էր հայ զինուորներէ, որոնք Առաջին համաշխարհային պատերազմին ընթացքին ֆրանսական դրօշին տակ տեղակայուած էին եգիպտական ճակատին վրայ՝ օսմանեան բանակին դէմ։ Հետագային սուրիացիներ եւ լիբանանցիներ նոյնպէս կը միանան զինուորական այս միաւորին, որ ֆրանսական բանակին օժանդակի կարգավիճակ ունէր։ Յունուար 1918-ին Արեւելեան լէգէոնը կը հաշուէր մօտաւորապէս 3400 զինուոր, որոնցմէ մօտ 2650-ը հայ էին։ Յունուար 1919-ին բանակային այս միաւորը կը բաժնուի երկու մասի՝ Հայկական լէգէոն, որ հաստատուած էր Կիլիկիոյ մէջ, եւ Սուրիական լէգէոն, որ կը գործէր Լիբանանի մէջ։
1. Բացիկը ուղղուած է Սարգիս Նաճարեանին հօրաքրոջ, եւ ղրկուած է երբ Սարգիս Արեւելեան լէգէոնի մէջ կը ծառայէր։
2. 1920 յուլիս 8 թուակիր բացիկ Սարիգս Նաճարեանէն Սիրանուշ Նեւրուզեանին ղրկուած Ատանայէն. «Սիրելի նշանածս, ի նուէր ի սիրոյ ջերմ անմոռացութեան եւ մեր ապագայ երջանկութեան»։
3. Լուսանկարին կռնկաին գրուած են հոս երեւցող անձերուն անունները. Սարգիս Նաճարեան, Սերոբ Զօրեան, Գէորգ, Յարութիւն։ Լուսանկարիչ՝ Մանկոյեան։ Սարգիս նաեւ աւելցուցած է՝ «Երանի [երանելի՞] այս օրերու իմ սիրելի ընկերներուս հետ 1919»։
Արարատի պատկերով բացիկ մը։
Ս. Զատիկի առիթով 6 Ապրիլ 1947-ին Գահիրէէն ղրկուած բացիկ Սարգիս Նաճարեանին եւ կնոջ հասցէագրուած։ Ուղարկողին անունը անընթեռնելի է։ Կը թուի թէ ուղարկողը ներշնչուած է այդ տարիներուն դէպի Խորհրդային Հայաստան տեղի ունեցող ներգաղթի ընդհանուր մթնոլորտէն։ Ան կը մաղթէ Աստուծմէ «մեզ բոլորս ալ հաւաքել մեր ամենուս սիրելի Մայր Հայաստանի ծոցին մէջ եւ ուր Արարատի լերան շրջակայքը ման գալ Ազատութեան եւ Անկախութեան անմահական գաղափարներով եւ հոգեկան ազատ եւ սիրալիր ներշնչումներով»։
Թուլումճեան ընտանիքի յուշիրեր
Սոնա Թուլումճեանի Նիկոսիայի տունը կարծես թանգարան մը ըլլայ. ամէնուրէք կան առարկաներ, որոնք Սոնայի նախնիներուն Մերսինի մէջ ապրած կեանքէն հետքեր են։ Այս կարասիները կը պատկանին Սոնայի ամուսինին ընտանիքին. անոնք Սոնայի կեսուրին օժիտին մաս կը կազմէին։ Երբ Սոնա հարս կու գայ Կիպրոս, ան կը յայտնաբերէ այս բոլոր գանձերը, որոնք պահուած էին, քանի որ կեսուրը չէր ուզէր զանոնք գործածել։ Գիտակցելով անոնց արժէքը, Սոնա կը վերանորոգէ բոլոր կարասիները եւ կը սկսի զանոնք գործածել։ Գրեթէ բոլոր իրերը շատ լաւ վիճակի մէջ են մինչ օրս։
Ճաշասենեակի մեծ պահարան Մերսինէն, որ այժմ կը գտնուի Սոնա Թուլումճեանի տունը՝ Նիկոսիա։ Սոնիայի անդրադարձը կարելի է տեսնել հայելիին մէջ։ Քանի մը ուրիշ կարասիներ ալ կ՚երեւին հայելիին մէջ ինչպէս օրինակ՝ բազմոցը, Սոնային ետեւը դրուած ջահը եւ պատէն կախուած Սոնայի մեծ մօր եւ մեծ հօր՝ Թենսուֆ Չերչիեանի եւ Իսրայել Նեվրուզեանի գծագիր պակտերը։

Մերսինէն բերուած այս կանացի բաղնիքի ցամքոցի բոլոր նախշերը ձեռքով կարուած են։ Ցամքոցը հաստ բամպակէ շինուած է եւ զանազան ծաղիկներով եւ այլ նախշերով զարդարուած։ Պատկանած է Սոնա Թուլումճեանի մեծ մօր՝ Թենսուֆ Նեվրուզեանին (ծն. Չէրչիեան)։
1. եւ 2. Ձեռքով գծագրուած մետաքս ծրար, ներքնազգեստի կամ գիշերանոցնի համար։ Պատկանած է՝ Սոնա Թուլումճեանի մեծ մօր՝ Թենսուֆ Նեվրուզեանին (ծն. Չէրչիեան)։ Ծրարը բերուած էր Փարիզէն եւ Թենսուֆի օժիտին մաս կը կազմէր։ Այս պատեանը ընդհանրապէս անկողինին վրայ կը դրուէր, մահճակալին վարի մասը։ Ժապաւէններ կապելով ծրարը կը փակուի։
3. Ձեռագործ թաւշեայ թաշկինակի պատեան։
1. 5 յունիս 1920 թուակիր ստացական պատրաստուած Մերսինի Թաղական խորհուրդին կողմէ եւ յանձնուած Սարգիս Նաճարեանին, այս վերջինին Սիրանուշ Նեվրուզեանին հետ նշանախօսութեան առիթով 100 ղուրուշ կատարուած վճարումին համար։
2. Մերսինի ֆրանսացի կառավարիչ հարիւրապետ Քուլէի կողմէ ստորագրուած եւ 10 սեպտեմբեր 1920 թուակիր հրամանագիր, ուր Յաբէթ Թուլումճեանի Կիպրոսի մէջ անցընելու 15 օրուայ արձակուրդ կը շնորհէ։ Նամակէն կ՚իմանանք նաեւ Յաբէթի այդ ատենուայ պաշտօնը՝ Մերսինի ելեւմտական գրասենեակի վարիչ։