Գերմանիայէն դգալ մը. Գրիգոր Չիլինկիրեանին պատմութիւնը Ճեռահէն Տուրղութի-Աթէնք
25/03/23 (վերջին փոփոխութիւն՝ 25/03/23)։ Սոյն էջը պատրաստուեցաւ գործակցութեամբ Աթէնքի «Արմենիքա» պարբերաթերթին։
Ծնած է Ճեռահ (Պուրսայի շրջանին մէջ գիւղ մը), 1897-ին։ Մայրն է՝ Մաննիկ Չիլինկիրեան (ծնեալ Շիշմանեան), հայրը՝ Կիրակոս Չիլինկիրեան։ Գրիգոր Ճեռահի մէջ ամուսնացած էր։ Կինը (անունը անյայտ) կը մահանայ ծննդաբերութեան ժամանակ, 1914-ի շուրջ։ Ունէին դուստր մը՝ Մաննիկը։ Գրիգորին ծնողքը եւ երկու քոյրեր կը սպաննուին։ Անծանօթ կը մնայ թէ անոնց սպաննութիւնը Ցեղասպանութեա՞ն ժամանակ տեղի կ՚ունենայ, թէ ոչ՝ 1922-ին, երբ թրքական բանակները կը վերագրաւեն ամբողջ Փոքր Ասիան։
Գրիգորը եւ Մաննիկն ալ հայ եւ յոյն գաղթականական հոսքին հետ կը հասնին Յունաստան, 1922-ին։ Իրենց կ՚ընկերանային նաեւ Գրիգորին ուրիշ մէկ քոյրը՝ Մարիամը եւ անոր ամուսինը՝ Շմաւոնը։ Բոլորն ալ կը հաստատուին Աթէնքի Տուրղութի թաղամասին մէջ։ Գրիգոր բանուոր կը դառնայ ճամբաներու շինարարութեան մէջ։ Աշխատանքին բերումով յաճախ կը մեկնէր հիւսիսային Յունաստանի Վէրիա քաղաքը։ Հոս կը վերամուսնանայ Սրբուհիին հետ, որուն հետ կ՚ունենան երկու որդի՝ Սարգիս եւ Ափոսթոլ։
Անյայտ պատճառներով ընտանիքը կը լքէ եւ վերջնականապէս կը վերահաստատուի Տուրղութի թաղամասին մէջ։ 1936-ին, երրորդ անգամ կ՚ամուսնանայ այս անգամ Եղիսաբէթ Թուղլաճեանին հետ, որ որբուհի մըն էր Իզմիթ քաղաքէն եւ մնացած էր Սիրոս կղզիին ամերիկեան որբանցին մէջ (1923-1928)։ Եղիսաբէթին ծնողները՝ Թովմասը եւ Սրբուհին, կը սպաննուին Ցեղասպանութեան ժամանակ։
Եղիսաբէթը եւ Գրիգորը կ՚ունենան իրենց առաջին զաւակը՝ Կիրակոսը, 1937-ին։ 1940-ին կը ծնի երկրորդ որդի մըն ալ՝ Կոստանտինոսը, որ Բ. Համաշխարհային պատերազմի սովի պայմաններուն մէջ կը մահանայ Տուրղութիի իրենց տան մէջ ցուրտին եւ անօթութեան հետեւանքով։
Գրիգոր կը ձերբակալուի 9 Օգոստոս 1944-ին, երբ գերմանական զօրքը եւ յոյն գործակալները կը պաշարեն Աթէնքի Տուրղութի/Ֆիքս թաղամասը եւ պատժական գործողութիւններու կը դիմեն (պլոքօ)։ Շատերու նման Գրիգորն ալ կը տարուի Խայտարիի բանտը։ Հոսկէ ալ Օգոստոս 16-ին բռնի աշխատանքի կը ղրկուի Գերմանիա։ Ճիշդ չենք գիտեր թէ ուր մնացած է Գերմանիոյ մէջ։ Ընտանիքին մէջ յաճախ կը պատմէր, որ երկար պարկ մը գտած էր, վարի բաժինէն ծակ մը բացածէր, գլուխէն վար մինչեւ ոտքերը անցուցած էր եւ իբրեւ զգեստ կը գործածէր։ Գօտիի փոխարէն ալ թել մը անցուցած էր մէջքին։ Բռնութեան այս տարիներէն կը վերապրի։ Աթէնք կը վերադառնայ իր հետ բերելով իր ամէնօրեայ գործածութեան դգալը, որուն վրայ փորագրուած է սվասթիքան։ Զայն կը տեսնենք այս ցուցադրութեան մէջ։
Գերմանիա իր գերութեան այս ամբողջ ժամանակը, Գրիգորին կինը՝ Եղիսաբէթը, սրտի հիւանդութեամբ անկողինին գամուած կը մնայ։ Փոքրիկ Կիրակոսն էր, որ տան ամբողջ հոգերը իր ուսերուն վրայ առած էր։
1946-47-ին ներգաղթին, Գրիգորին քոյրը՝ Մարիամը իր ընտանիքով կը մեկնի Խորհրդային Հայաստան։ Վէրիայի մէջ ապրող Գրիգորին նախկին կինը՝ Սրբուհին եւ իր զաւակները նոյնպէս Խ. Հայաստան կը ներգաղթեն։ Երբ Գերմանիան կը գրաւէ Յունաստանը, Սարգիսը եւ Ափոսթոլը կը միանան հականացի զինեալ դիմադրութեան։ Խորհրդային Հայաստան ներգաղթելէ ետք, ստալինեան վարչակարգը Սարգիսը աքսորի կ՚ենթարկէ։ Տարիներ ետք ան Հայաստան կը վերադառնայ քանդուած առողջութեամբ։
Գրիգոր եւ Եղիսաբէթ կը մահանան 1979-ին, Աթէնքի մէջ։
Կիրակոս Չիլինկիրեան Աթէնքի մէջ կ՚ամուսնանայ Անայիս Մկրտիչեանին հետ։ Կ՚ունենան երկու որդի՝ Մայք եւ Գրիգոր։
Գրիգոր Չիլինկիրեանի թոռը եւ Կիրակոսի որդին է Մայք Չիլինկիրեանը։ Ան Աթէնքի «Արմենիքա» թերթին խմբագիրն է։
Գրիգոր Չիլինկիրեանի մասին տեղեկութիւններ, զորս կը գտնենք գերմանական գրաւման ժամանակաշրջանին հայերու կրած մարդկային եւ նիւթական վնասներուն մասին Յունաստանի հայերուն կողմէ պատրաստուած տեղեկագիրի մը մէջ։ Տուրղութի թաղամասին վերաբերող անուանացանկը պատրաստած է տեղւոյն հոգեւոր հովիւ՝ Տէր Խորէն քհնյ. Միսաքեանը։ Կ՚ենթադրենք որ այս տեղեկագիրը պատրաստուած է 1960-ականներու սկիզբը։