Վիքի Խաչատուրեան հաւաքածոյ - Աթէնք
Յիշողութեան այս նիւթերը հաւաքուեցան 30 Նոյեմբերին Աթէնքի մէջ տեղի ունեցած Յուշամատեանի աշխատանոցին ընթացքին։
Սոյն էջը պատրաստուեցաւ գործակցութեամբ Աթէնքի «Արմենիքա» պարբերաթերթին եւ Համազգային միութեան։
Այս էջով ներկայացուած ընտանեկան նիւթերը կը պահուին Վիքի Խաչատուրեանի քով։
Վիքի Խաչատուրեանի մօրենական մեծ հայրը Սարգիս Չեւիգեանն է, մեծ մայրն ալ՝ Հայկանուշ Չեւիգեան (ծնեալ Չիլինկիրեան)։ Սարգիս Չեւիգեան Ռոտոսթօ (Թեքիրտաղ) քաղաքէն է։ Գիտենք նաեւ Սարգիսին մօր անունը, որ Մարի է։
Սարգիսի կինը՝ Հայկանուշը, ծնած է Ռոտոսթոյէն քիչ մը արեւելք գտնուող Սիլիվրի քաղաքը, քոյրն է հանրածանօթ գրող Ռուբէն Սեւակի (1885-1915)։ Հայկանուշի մայրն է՝ Արմաւենի, հայրն է՝ Յովհաննէս։ Այս վերջինը երկաթի վաճառական էր։ Հայկանուշ ունէր նաեւ այլ եղբայր մը՝ Հայկը, որ իրաւաբանութիւն կ՚ուսանէր, երբ կը վարակուի թոքախտէ եւ կը մահանայ երիտասարդ հասակին։ Միւս քոյրերն ու եղբայրներն էին՝ Քէրովբէ, Հետվիկ, Էֆտիկ, Քրափոս։
Էֆտիկ Հայկանուշի այն քոյրն էր, որ ամուսնացած էր Օննիկ պէյ Յակոբովիչի հետ։ Այս վերջինը Սիլիվրի ապրող հայ մըն էր, որ կը տիրէր մեծածաւալ մշակելի հողերու եւ ագարակներու Սիլիվրիի շրջակայքին։ Աւստրիա-հունգարական կայսրութեան քաղաքացիութիւն ունէր, երեւելի մը ըլլալով սերտ կապեր հաստատած էր տեղական իշխանութիւններուն հետ։ Կը պատմուի որ Օննիկ պէյի միջամտութիւններուն եւ կաշառքին շնորհիւ է, որ Չիլինկիրեան եւ Յակոբովիչ ընտանիքները 1915-ին տեղահանութեան չեն ենթարկուիր եւ անոնց անդամները Սիլիվրի կը մնան մինչեւ 1922՝ յունական բանակներու նահանջը։
Առաջին համաշխարհային պատերազմէն ետք Ռոտոսթօն կը գրաւուի յունական բանակներուն կողմէ։ 1922-էն ետք, Ռոտոսթոյի ամբողջ հայութեան նման, Չեւիգեան ընտանիքէն վերապրողները նոյնպէս կը ձգեն իրենց հայրենի քաղաքը եւ նախքան թրքական իշխանութիւններուն հոս հաստատուիլը, ապաստան կը գտնեն Յունաստանի մէջ։ Անոնք բնակութիւն կը հաստատեն Քեֆալոնիա կղզիին վրայ։
Այս ժամանակ Հայկանուշ իր ընտանիքին միւս անդամներուն հետ նոյնպէս ձգած էր Սիլիվրին եւ անոնք կ՚ապրէին Պոլսոյ մէջ։ Եղբայրը՝ Ռուբէն Սեւակ, Ցեղասպանութեան զոհերէն է։ 1924-ին Հայկանուշ Պոլիսէն հարս կու գայ Յունաստան եւ նոյն տարուան Նոյեմբեր 23-ին կ՚ամուսնանայ Սարգիս Չեւիգեանի հետ, Քեֆալոնիոյ մէջ։ Այս էջով ներկայացուած նիւթերուն կարեւոր հատուած մը մաս կը կազմէ Հայկանուշի ամուսնական օժիտին։
Քեֆալոնիոյ մէջ կը ծնի անոնց առաջին զաւակը՝ Մաննօն, որ Վիքիի մայրն է։ Սարգիսի գործերը յաջողութիւն չեն գտներ հոս, այնպէս որ ընտանիքով կը տեղափոխուին Քավալա (Յունաստանի հիւսիս-արեւելքը), ուր կը ծնի երկրորդ դուստրը՝ Արմինէն։
Մաննօն կ՚ամուսնանայ Աւետ Խաչատուրեանի հետ Աթէնքի մէջ եւ նոր ընտանիքը կը շարունակէ ապրիլ մայրաքաղաքին մէջ։
Աւետ Աքշէհիրէն էր։ Ընտանիքին իսկական անունը Ճօնպալաքեան է, բայց գաղթականութեան տարիներուն կը վերածուի Խաչատուրեանի։ Գաղթականութեան սկիզբը, ան կ՚ապրի Քորֆու/Քերքիրա կղզիին վրայ, ապա՝ Աթէնք։
Ռուբէն Սեւակի (Չիլինկիրեան) բժշկական պայուսակը, որ ժառանգ մնացած է քրոջը՝ Հայկանուշին։ Պայուսակին վրայ արձանագրուած է Dr R.T., ինչ որ կը համապատասխանէ Տոքթ. Ռուբէն Չիլինկիրեանի (Roupen Tchilingirian) սկզբնատառերուն։
1. Հայկանուշ Չեւիգեանի (ծնեալ Չիլինկիրեան) օժիտին պատկանող ձեռագործ մը։ Երկարութիւնը 75 սմ։
2. Հայկանուշ Չեւիգեանի (ծնեալ Չիլինկիրեան) օժիտին պատկանող ձեռագործ մը։ Երկարութիւնը 64 սմ։
3. Հայկանուշ Չեւիգեանի (ծնեալ Չիլինկիրեան) օժիտին պատկանող ձեռագործ մը։ Երկարութիւնը 74 սմ։