Յիշողութեան այս նիւթերը հաւաքուեցան 1 եւ 2 Ապրիլ 2022-ին Աթէնքի մէջ տեղի ունեցած Յուշամատեանի աշխատանոցին ընթացքին։
Սոյն էջը պատրաստուեցաւ գործակցութեամբ Աթէնքի «Արմենիքա» պարբերաթերթին եւ «Համազգային» միութեան Աթէնքի մասնաճիւղին։ Աշխատանոցին հովանաւորն էր գերմանական EVZ «Յիշողութիւն, պատասխանատւութիւն եւ ապագայ» հիմնարկութիւնը։
Ընտանեկան այս պատմութիւնը, որ ծայր կ՚առնէ Խարբերդի շրջանին մէջ եւ կը շարունակուի Յունաստանի մէջ մեզի ներկայացուցին Սիրանուշ Եաղճեանը եւ Հարիթինի Անտրիծաքին։ Աւելի ուշ, լուսանկարներուն բացատրութիւնները հաւաքելու գործին մէջ իր մասնկացութիւնը բերաւ Սիրանուշին որդին՝ Սարօ Տէտէեանը։
Եաղճեան ընտանիքը շատ ծանօթ անուն մըն էր Խարբերդի շրջանի Քեսերիկ/Քէսրիկ (ներկայիս Քըզըլայ/Kızılay) գիւղին եւ անոր շրջակայքին մէջ։ Ընտանիքին հռչակը կեդրոնացած էր Հաճի Օվան (Յովհաննէս) Եաղճեանին վրայ, որ առեւտրական մըն էր եւ ամուր կապեր հաստատած էր Պոլսոյ քաղաքական վերնախաւի շարք մը անդամներու հետ։ Օվան Եաղճեան ունէր երկու զաւակ. Գրիգոր եւ Մարիամ։ Այս վերջինը կ՚ամուսնանայ Գրիգոր Թաշճեանի հետ եւ կ՚ունենան վեց որդի. Յակոբ (1860-1930), Սարգիս (1878-1934), Յովհաննէս/Ճոն (1866-1953), Տիգրան (1883-1949), Պետրոս/Փիթըր (1877-1940) եւ Սողոմոն։ Հետաքրքրական է որ որդիները կ՚որդեգրեն իրենց մօր մականունը եւ այս ձեւով բոլորն ալ կը կոչուին Եաղճեան։ Սողոմոն կրտսերագոյնն էր այս եղբայրներուն մէջ. անոր ծննդեան թուականը անյայտ է։ Կ՚ամուսնանայ Եղիսաբէթ Գալընեանի հետ՝ Խարբերդ քաղաքէն։
Եաղճեան ընտանիքին շառաւիղներէն՝ Մարք Եաղճեան (կ՚ապրի Միացեալ Նահանգներու մէջ), իր հօրմէն եւ ընտանիքին այլ անդամներէն հաւաքած տեղեկութիւններուն հիման վրայ, կը յայտնէ, թէ 1890-ականներու սկիզբը, Սողոմոն իր եղբայրներուն հետ գաղթած է Միացեալ Նահանգներ, ուր աշխատած է Ուսթըրի մէջ։ Հոս ան սորված է լուսանկարչութեան արհեստը, որ հետագային շարունակած է երբ վերադարձած է Խարբերդի շրջան։ Մարքի վկայութեամբ, Սողոմոնին գործերն են Քեսերիկէն մնացած զանազան պատկերներ։ Հարիթինին եւ Սիրանուշը կը պատմեն, որ Սողոմոն իբրեւ լուսանկարիչ կը հրաւիրուէր նաեւ թուրք ընտանիքներու մէջ կիներն ու աղջիկները լուսանկարելու համար։
Վահէ Հայկի գիրքին մէջ («Խարբերդ եւ անոր ոսկեղէն դաշտը», Նիւ-Եորք, 1959, էջ 883) նշուած է թէ 1895-ի հակահայ ջարդերուն ընթացքին, Սողոմոն շարք մը այլ քեսերիկցի հայերու կողքին կը ձերբակալուի օսմանեան իշխանութիւններուն կողմէ, կը տարուի Սեբաստիա, ուր դատարանը այս խումբին անդամները կը համարէ յեղափոխականներ եւ անոնց դէմ մահուան դատավճիռ կ՚արձակէ։ Այդ ժամանակ Հաճի Օվան Եաղճեանը մահացած էր, բայց անոր բարձրաստիճան բարեկամները տակաւին պաշտօնի վրայ էին Պոլսոյ մէջ։ Շնորհիւ անոնց միջամտութեան, դատարանը կը բեկանէ վճիռը, Սողոմոնն ու ընկերները Քեսերիկ կը վերադառնան 26 Դեկտեմբեր 1897-ին։
Սողոմոնին կնոջ՝ Եղիսաբէթի ծնողներն էին՝ Մարիամ եւ Պաղտասար Գալընեան։ Պաղտասար արհեստով լուսանկարիչ էր։ Եղիսաբէթ յաճախած է Խարբերդի «Եփրատ» գոլէճը, որմէ շրջանաւարտ ելլելէն ետք եւ մինչեւ ամուսնութիւնը՝ երեք տարի անգլերէնի ուսուցիչ եղած է Խարբերդի դաշտի կարգ մը գիւղերուն մէջ։ Գալընեան ընտանիքը կը պատկանէր հայ բողոքական համայնքին։
Սողոմոնն ու Եղիսաբէթը կ՚ունենան չորս զաւակ. Սիրանուշ, Միհրան, Բաբգէն, Զապէլ (ծնած է 1913-ին)։ Միհրանը Սիրանուշ Եաղճեան-Տէտէեանին հայրն է, իսկ Զապէլը՝ Հարիթինի Անտրիծաքիին։ Կ՚ենթադրենք որ իրենց ամուսնութենէն ետք այս ամբողջ ընտանիքը ապրած է Քեսիրիկի Եաղճեաններու տան մէջ։ Յայտնի է որ Յունաստան իրենց հաստատուելէն ետք, ընտանիքի անդամներ յաճախ յիշած են Քեսիրիկի իրենց ապարանքը եւ տեղւոյն կեանքը. տունը արտաքնապէս բերդի մը տպաւորութիւնը կը ձգէր, իսկ Սողոմոն ձիով կը տեղափոխուէր Քեսերիկի եւ շրջակայքին մէջ։ Զապէլ երբ կը պատմէր իր անցեալին մասին, յիշած է նաեւ գիւղին մէջ իր ու իր քոյր-եղբայրնրուն մանկութեան խաղընկերներէն՝ կապուտաչեայ Ֆիքրի Սաքուփը, որ թուրք բարձրաստիճան պաշտօնեայի մը որդին էր։ Անոր անունին կրկին պիտի հանդիպինք ընտանեկան այս պատմութեան մէջ։
Առաջին համաշխարհային պատերազմին բռնկումէն ետք, Սողոմոն կը զինուորագրուի օսմանեան բանակին մէջ։ Հոս կը մտերմանայ Խարբերդի շրջանին մէջ ապրող թուրք փաշայի մը զաւակին (անունը անյայտ) հետ, որ նոյնպէս ծառայութիւն կ՚ընէր։ Թուրք այս զինուորականը Սողոմոնին խոհրդապահաբար կը հաղորդէ թէ համատարած հակահայ ջարդեր տեղի պիտի ունենան եւ իրեն խրատ կու տայ ընտանիքով հեռանալ Օսմանեան կայսրութենէն։ Այնուհետեւ, Սողոմոն առիթ մը կը գտնէ ծառայութենէն դադար մը առնելու եւ տուն վերադառնալու։ Ան իր հետ առած էր նաեւ թուրք զինուորականին մէկ նամակը իր բարձրաստիճան հօրը ուղղուած։ Նամակին մէջ փաշայէն կը խնդրուէր նեցուկ կանգնիլ Սողոմոնին ընտանիքին երբ ծայր առնեն հակահայ բռնութիւնները։ Փաշան իսկապէս ալ իր պաշտպանութեան տակ կ՚առնէ Սողոմոնին ընտանիքը։ Բայց Սողոմոնը կը բանտարկուի, հաւանաբար այն ժամանակ երբ ծայր կ՚առնէ Խարբերդի շրջանի երեւելի հայերուն ձերբակալումը։ Ան նախ կը բանտարկուի տեղական բանտի մը մէջ, ուր ընտանիքի անդամներ իրեն այցելութեան կու գային։ Բայց աւելի ուշ բանտէն կը հեռացուի անծանօթ ուղղութեամբ, շատ հաւանաբար ճամբուն վրայ ալ կը սպաննուի։ Ամէն պարագայի, բանտէն դուրս եկած օրէն ի վեր ընտանիքը ոչ մէկ լուր կ՚առնէ Սողոմոնէն։
Ցեղասպանութիւնը ծայր առած էր. Եաղճեան ընտանիքին դրացի թուրք անզաւակ կին մը կ՚առաջարկէ իր քով պահել Սիրանուշը, որ այդ ժամանակ մօտ 10 տարեկան էր։ Ընտանիքը կը յօժարի։ Եղիսաբէթը եւ միւս զաւակները՝ Միհրանը, Բաբգգէնը եւ Զապէլը, կը թագնուին փաշային տան մէջ։ Բայց խուզարկութիւնները յաճախակի էին, այնպէս որ փաշան զիրենք կը տեղափոխէ մօտակայ գիւղ մը, ուր ոստիկանական քննութիւնները նուազ խիստ էին։ Ընտանիքին անդամները կը սկսին գիւղական գործեր ընել. Միհրան կով կ՚արածէր, Բաբգէն հնդակահաւերուն կը հսկէր, եկու եղբայրներն ալ կը մասնակցէին հունձքին։
Առաջին համաշխարհային պատերազմը երբ կ՚աւարտի, Սիրանուշը կը վերամիանայ իր ընտանիքին։ Այդ ժամանակ պատերազմին հետեւանքով շրջանէն հեռացած ամերիկացի միսիոնարներ կը վերադառանան Խարբերդ եւ նոր թափով կը շարունակեն իրենց գործունէութիւնը։ Եղիսաբէթն ու ընտանիքը իրենք ալ կը վերադառնան իրենց հայրենի տունը, ենթադրաբար Քեսերիկ։ Տան մէջ թուրքեր սկսած էին ապրիլ, բայց կարելի կ՚ըլլայ վերատիրանալ տունին։ Ըստ ընտանիքին հաղորդած տեղեկութիւններուն, նոյն այս տան մէջ կը հաստատուի Near East Reliefի (NER) ամերիկեան որբանոց մը, 100-էն 200 որբերով։ Քեսերիկի մէջ որբանոցի մը գոյութեան տեղեկութիւնը կը հաստատուի նաեւ Մանուկ Ճիզմէճեանի գիրքին մէջ («Խարբերդ եւ իր զաւակները», Ֆրէզնոյ-Քալիֆորնիա, 1955, էջ 487)։ Եղիսաբէթին զաւակներն ալ կը յաճախէին այս դպրոց-որբանոցը, իսկ ինք ուսուցչութիւն կ՚ընէր նոյն հաստատութեան մէջ։
Մինչեւ 1922 թուականը Եաղճեանները կը մնան Քեսերիկ։ Այդ թուականին ամերիկեան NER-ը տեղի տալով թրքական ճնշումներուն, կը ստիպուի փակել Թուրքիոյ տարածքին գտնուող իր բոլոր որբանոցները, որոնց շարքին Քեսերիկի որբանոցը։ Այս գիւղին մէջ ապրող բոլոր որբերը ճամբայ կ՚ելլեն դէպի Սուրիա։ Տղաքն ու աղջիկները կը բաժնուին անջատ խումբերու. որբուհիները կը ճամբորդեն եզերու կամ ջորիներու վրայ բարձած, իսկ տղաները՝ ոտքով։ Երկու խումբերուն կ՚ընկերակցէին քիւրտեր, իբրեւ ուղեցոյց եւ պահակ։
Միհրանը, Զապէլը եւ Բաբգէնը իրենք եւս կը գտնուէին Սուրիա հասած այս խումբերուն մէջ։ Մինչ Եղիսաբէթ կը մնայ Քեսերիկի մէջ, այն յոյսով որ պիտի յաջողի համոզել Սիրանուշը իրենց հետ Խարբերդէն հեռանալու։ Սիրանուշ 1919-էն 1922-ի միջեւ (ճիշդ տարին չենք գիտեր), ամուսնացած էր Ֆիքրի Սաքուփին հետ, որ ինչպէս տեսանք նոյնպէս Քեսերիկէն էր, բարձրաստիճան թուրքի մը որդին էր եւ եղած էր Եաղճեան երեխաներուն մանկութեան խաղընկերը։ Բայց Սիրանուշ վճռած էր մնալ Խարբերդ Ֆիքրիին կողքին։ Եղիսաբէթ նոյնիսկ կը փորձէ առեւանգել իր դոստրը, բայց հոս եւս կը ձախողի։ Այսպէս, առանց Սիրանուշին, Եղիսաբէթ կը հասնի Պոլիս։
Միհրանը, Բաբգէնը եւ Զապէլը Պէյրութէն նաւով կ՚ուղղուին Պոլիս։ Եղիսաբէթն ալ շուտով իրենց կը միանայ այս քաղաքին մէջ, որ այդ ժամանակ կը գտնուէր Դաշնակից բանակներու (յատկապէս բրիտանացիներ) տիրապետութեան տակ։ Պոլսոյ մէջ աղջիկները կը ղրկուին մեծ պալատ մը, որ NER-ի որբանոցի վերածուած էր։ Եղիսաբէթ կը դիմէ որբանոցի վարչութեան, որպէսզի ինքն ալ աշխատի հաստատութեան մէջ։ Ուսուցչութեան գործի թափուր տեղ չկար, այնպէս որ աշխատանքի կ՚անցնի իբրեւ լուացարարուհի։ Որբանոցին տնօրէնութիւնը շուտով կը նկատէ Եղիսաբէթին մտաւորական կարողութիւնները եւ անոր կու տան ուսուցչութեան պաշտօն մը։
Եաղճեան ընտանիքին Պոլիս կեցութիւնը երկար չի տեւեր։ Հայկական որբանոցները հետզհետէ կը փակուէին եւ կը փոխադրուէին Յունաստան։ Այս հոսքին կը միանայ նաեւ Եաղճեան ընտանիքը։ Սկիզբը կը հաստատուին Լութրաքիի մէջ։ Հոս NER-ը վարձած էր մեծ հիւրանոց մը, որ վերածուած էր որբանոցի։ Եղիսաբէթին զաւակները կը յաճախեն այս որբանոց-վարժարանը։ Ընտանիքը այդ ժամանակ վիզա ստացած էր Միացեալ Նահանգներ մեկնելու, բայց վիզանին կը գողցուի եւ այնուհետեւ կրկին դիմում չեն ներկայացներ։ Լութրաքի կը մնան մօտ երկու տարի, ապա կ՚անցնին Օրոփոս՝ Աթէնքէն հիւսիս, ուր նոյնպէս ամերիկեան NER-ի որբանոց մը կար։ Եղիսաբէթ ինք եւս կը սկսի աշխատիլ այս որբանոց-վարժարանին մէջ։
Այնուհետեւ կը տեղափոխուին Աթէնքի Ֆիքս/Տիրղութի թաղամասը, ուր կը մնան մինչեւ 1928 թուականը։ Այդ տարին Կորինտոս/Քորինթի մէջ տեղի կ՚ունենայ աղետալի երկրաշարժ մը, որուն հետեւանքով քաղաքը կ՚աւերուի։ Միհրանն ու Բաբգէնը, որոնք որբանոցին մէջ սորված էին ատաղձագործութեան արհեստը, յարմար կը նկատեն տեղափոխուիլ Կորինտոս, ուր վարպետ շինարարներու կարիքը մեծ էր քաղաքը վերակառուցելու համար։ Կորինտոս առաջին գացողը Միհրանը կ՚ըլլայ, ապա իրեն կը միանան միւսները։ Զապէլն ու Եղիսաբէթը Կորինտոսի մէջ կը հիմնեն հայկական վարժարան մը։ Որոշ ժամանակ ետք, Միհրանն ու Բաբգէնը կը բանան կահ-կարասիի սեփական գործարան մը, որ կը գործէ տասնամեակներ շարունակ։ Բաբգէն այս քաղաքին մէջ կը մնայ մինչեւ իր մահը։ Բաբգէն եւ Միհրան Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութեան անդամ էին։
Զապէլ Կորինտոսի մէջ կ՚ամուսնանայ Նիքոսի հետ, որ Կրետէ կղզիէն յոյն մեքենագործ մըն էր։ Երգն ու նուագը անպակաս էին անոնց տան մէջ. Զապէլ մանտոլին կը նուագէր, մինչ Նիքոս՝ կիթար։ Միհրանն ու Բաբգէնը սկիզբը դէմ կը կենան իրենց քրոջ Նիքոսին հետ ամուսնութեան։ Այդ ժամանակ անոնք կ՚ըսէին, թէ Սիրանուշը արդէն կորսնցուցինք – ամուսնանալէն ետք մնացած էր Թուրքիա -, հիմա ալ մեզմէ պիտի հեռանայ Զապէլը յոյնի մը հետ ամուսնանալով…։ Բայց հետագային Նիքոսը կը դառնայ տան հարազատը եւ Եաղճեան ընտանիքին մէջ սիրելի դէմք մը։
Գալով Սիրանուշին, ան կ՚ապրէր Էլազիկի մէջ (Մամուրէթ ուլ-Ազիզ), ուր ամուսինը՝ Ֆիքրին, պետական պաշտօն մը կը վարէր։ Ընտանիքին մէջ տիրած է այն համոզումը թէ զոյգը երջանիկ կեանք մը կ՚ապրէր։ Այդ տարիներուն Սիրանուշին եւ մօրը միջեւ թղթակցութիւն կայացած է։ Իրարու կը փոխանակէին նամակներ եւ պատկերներ։ Սիրանուշէն ստացուած նամակներէն երկու հատ, ինչպէս նաեւ երկու լուսանկար, Եաղճեան ընտանիքին շառաւիղները տակաւին կը պահեն։ Անոնցմէ մէկը գրուած է 7 Յուլիս 1937-ին, Մամուրէթ ուլ-Ազիզէն։ Նամակը հայերէն է, ուղղուած է Եղիսաբէթին, որուն կը կոչէ «Սիրելի եւ կարօտալի մայր իմ»։ Սիրանուշ կը գրէ յստակ եւ գեղեցիկ, տեղ-տեղ գրութիւնը խարբերդեան հայկական բարբառով «համեմուած» է։ Նամակներուն մէջ ակնբախ է աղջկան կարօտը ընտանիքին անդամներուն նկատմամբ։ Ան մօտիկէն կը հետեւի իւրաքանչիւրին քայլերուն, ամուսնութիւններուն, նորերու ծնունդին, մօրմէն կը ստանայ ընտանեկան պատկերներ եւ կը մեկնաբանէ իւրաքանչիւրը։ Յայտնի է որ թղթակցութեան մէջ էր նաեւ այլ ազգականներու հետ, որոնց շարքին՝ մօրաքրոջ։
Սիրանուշը եւ Ֆիքրին թէեւ կ՚ապրին Էլազիկ, բայց անոր նամակներէն կը պարզուի որ ամառները կ՚երթային նաեւ Քեսերիկ, շատ հաւանաբար կը մնային Եաղճեան ընտանիքին պապենական ապարանքին մէջ։ Կարելի է ենթադրել որ Ֆիքրին եւ Սիրանուշը դարձած էին այդ տան սեփականատէրը։ Բայց կարծես թէ Սիրանուշին համար Քեսերիկը եւ հոնտեղի պապենական տունը այլեւս նոյնքան սիրելի վայրեր չէին, երբ բացակայ էին հարազատները։ Այս մասին կը գրէ մօրը. «Բայց այս տարի [ամառը] անցեալ տարուընէ աւելի սէրին [զով] է։ Դարձեալ ամէն կիրակի կ՚երթանք Քէսրիկ տուներնիս լաւ է, բայց հոն ալ ուրիշ համ ունի։ (…) Ես կոչիլ [Քեսերիկ տեղափոխուիլ] չեմ ուզեր, [Էլազիկի] տունը աւելի հանգիստ կու գայ ինծի, արդէն Ֆիքրին գործը հոս է, կէս օրուան ճաշի համար դժուարութիւն պիտ ըլլայ, անոր ալ ուրեմն շաբաթը մէկ անգամ բաւ է»։
22 Նոյեմբեր 1937-ին գրուած նամակին կեդրոնական նիւթը դարձեալ կարօտն է, ընտանիքէն հեռու ըլլալը։ Անիկա ուղղուած է Եղիսաբէթին՝ «Սիրելի եւ անուշիկ մայր իմ»։ Սիրանուշ կը գրէ. «Ախ երբեմն անանկ կը կաօտնամ որ կ՚ըսեմ թէ գոնէ հեռուէն անցած ատեննին Բաբգէնին ու Միհրանին հասակները տեսնէի»։ Բայց արդեօք հնարաւոր չէ՞ր որ Յունաստան այցելէր եւ հանդիպէր հարազատներուն։ Ֆիքրին պետական պաշտօնեայ էր, կ՚ենթադրենք թէ նիւթական խնդիր չկար նման ճամբորդութիւն մը իրականացնելու։ Սիրանուշ կը գրէ. «Երբեմն Ֆիքրին կ՚ըսեմ խրկէ [ղրկէ] որ երթամ տեսնեմ գամ ու անոր համար անկարելի բան է»։ Յայտնի չէ թէ ինչո՞ւ անկարելի էր Ֆիքրիին համար։ Արդեօ՞ք մտավախ էր որ Սիրանուշ պիտի չվերադառնայ եւ այդ պատճառով ալ արգելք կը կենար ճամբրդութեան։ Չենք գիտեր, ոչինչ պիտի գիտնանք, քանի որ այս նամակներէն կարճ ժամանակ ետք Սիրանուշ պիտի մահանար։
Այսպէս, Սիրանուշը եւ Ֆիքրին սովորութիւն ունէին միասին որսի երթալու։ Երբ իր առաջին զաւակով յղի էր, Սիրանուշ դարձեալ որսի կ՚երթայ ամուսինին հետ։ Կը պատմուի, որ հրացանը կրակած պահուն, կոթի հատուածը թափով կը հարուածէ փորը, անմիջապէս արիւնահոսութիւն կ՚ունենայ, կարճ ժամանակ ետք ալ Սիրանուշ եւ իր զաւակը կը մահանան։
Սիրանուշին քրոջ (Զապէլին) դուստրը՝ Հարիթինին, 1980-ականներուն կ՚այցելէ Էլազիկ։ Նպատակն էր Սիրանուշին հետքը գտնել, իմանալ անոր մասին, այցելել գերեզմանը։ Բայց կարգ մը հարցուփորձերէ ետք, կ՚անդրադառնայ որ մարդիկ չափազանց վերապահ են իր նկատմամբ՝ հարցումներուն չէին պատասխաներ եւ չէին փափաքեր պատասխանել։ Ձեռնունայն կը հեռանայ իր մօր եւ հարազատներուն հայրենի երկրէն։
1.1; 1.2) 7 Յուլիս 1937-ին Մամուրէթ ուլ-Ազիզէն գրուած Սիրանուշ Եաղճեանին նամակը, որ ուղղուած է մօրը՝ Եղիսաբէթին։
2.1; 2.2) 22 Նոյեմբեր 1937-ին Մամուրէթ ուլ-Ազիզէն գրուած Սիրանուշ Եաղճեանին նամակը, որ ուղղուած է մօրը՝ Եղիսաբէթին։
15 Օգոստոս 1935, Կորինտոս։ Ձախէն աջ՝ անծանօթ, Միհրան Եաղճեան, Վազգէն Եսայեան։ Այս վերջինը նոյնպէս Խարբերդի շրջանի ծնունդ էր։ Բանաստեղծ էր եւ Եաղճեան ընտանիքին մօտիկ բարեկամ էր։ Ինք եղած էր Սիրանուշ Եաղճեանին մկրտութեան կնքահայրը։
Զապէլին ամուսինը՝ Նիքոսը, Կորինտոսի մէջ ունէր ինքնաշարժներու փոխնորդ կտորներու շինութեան աշխատանոց մը։ 1941-էն 1944, երբ Յունաստանը գրաւուած էր գերմանական ուժերուն կողմէ, այս աշխատանոցը կը բռնագրաւուի եւ կը սկսի ծառայել բանակին պէտքերուն։ Անոնք հոս նորոգութեան կը բերէին իրենց հրասայլերը եւ այլ ռազմական մեքենաներ։ Երբ գերմանացիները Յունաստանէն կը սկսին հեռանալ, Նիքոս կը վերատիրանայ իր գործարանին։ Բայց հոս մնացած էին գերմանական հրասայլեր։ Այնպէս կը պատահի, որ հեռացող գերմանացիներ կը նկատեն այս մեքենաներուն աշխատանոցէն ներս գտնուիլը, կը կարծեն թէ Նիքոս զանոնք գողցած է, կը ձերբակալեն զինք եւ կը տանին գնդակահարելու։ Հոս է որ Բաբգէն կը միջամտէ, կը բացատրէ կացութիւնը եւ կը փրկէ քեռայրին կեանքը։
Գերմանական գրաւման այս տարիներուն, երբ սովն ու գլխաւոր սնունդներու պակասը համատարած էր Յունաստանի տարածքին, Բաբգէնն ու Միհրանը Կորինտոսի իրենց կահ-կարասիի գործարանը կը վերածեն ալիւրի եւ իւղի ջաղացքի։ Շրջակայ գիւղերէն կիներ հոս կը բերէին իրենց հնձած ու քաղած ցորենն ու ձիթապտուղը, Եաղճեան եղբայրները իրենց ջաղացքին մէջ անոնցմէ կ՚արտադրէին ալիւր եւ ձթաիւղ։ Գործարանը այս ձեւով մարդասիրական կարեւոր նպաստ մը կը բերէր սովահար ժողովուրդին։
Գործարանին պաշտօնեաներէն էր Պարոն Ճորճը, որ «վան» տիպի ինքնաշարժ մը ունէր։ Եաղճեան գործարանէն արտադրուած ալիւրն ու ձէթը կը տեղադրէին այս փոքր բեռնակառքին մէջ, կը տեղափոխէին Աթէնքի Տիրղութի թաղամասը եւ կը բաժնէին տեղւոյն սովահար հայերուն։ Բայց Կորինտոսէն մինչեւ Աթէնք ճամբան վտանգաւոր էր. ժողովուրդը այնքան յուսահատ վիճակի մէջ էր, որ մարդիկ անցնող բեռնակառքերուն վրայ կը յարձակէին սնունդ գողնալու յոյսով։ Այնպէս որ, Միհրան միշտ բեռնակառքին ետեւը կը նստէր, որպէսզի արգիլէր որ սովահարներ նետուէին անոր մէջ եւ գողնային սնունդը։
Սիրանուշը (Միհրան Եաղճեանին դուստրը) կը պատմէ, որ ինք երբ համալսարան կ՚երթար, դասընկերուհի մը ունէր որ Կորինտոսէն էր։ Օր մը այս աղջկան հայրը անձամբ կու գայ համալսարան իր դուստրը առնելու։ Այս առիթով դասընկերուհին կը ծանօթացնէ Սիրանուշը իր հօրը. «Երբ մականունս իմացաւ, անմիջապէս հարցուց թէ Միհրանին կամ Բաբգէնին դո՞ւստրն եմ։ Ըսի՝ Միհրանին։ Մարդը ըսաւ՝ հայրդ մեզի անօթութենէ փրկեց»։
1950-ականներուն, Եաղճեան ընտանիքը յունական կառավարութենէն կը ստանայ պաշտօնական նամակ մը, որու մէջ ըսուած էր թէ յունական հպատակութիւն կը շնորհուի իրենց Երկրորդ համաշխարհային պատերազմին ընթացքին իրենց կատարած մարդասիրական օգնութեան համար։ Այդ ժամանակ Յունաստանի հայերուն մեծամասնութիւնը տակաւին յունական հպատակութիւն չունէր։ Եաղճեան ընտանիքին հպատակութիւն ստանալը կը զուգադիպէր Աթէնքի մէջ հայկական «Սոֆիա Յակոբեան» վարժարանին բացումին։ Յունական օրէնքով, պայման էր որ տնօրէնը կամ տնօրէնուհին յունահպատակ ըլլար եւ համալսարանի վկայական ունենար։ Անժէլ Եաղճեանը՝ Միհրան Եաղճեանին կինը, յարմար թեկնածու էր եւ կը լրացնէր այս պայմանները։ Այս ձեւով ինք կ՚ըլլայ հայկական վարժարանին առաջին տնօրէնուհին։
Եղիսաբէթ Եաղճեանի օսմանեան անցագիրը, որուն միջոցաւ հասած է Պոլիս եւ հոնկէ ալ մեկնած՝ Յունաստան։ Թուական՝ 1922։ Անցագիրին կռնակին կայ նաեւ Պէյրութի ֆրանսական իշխանութիւններուն կնիքը, ուր նշուած է որ Եղիսաբէթին կ՚ընկերանան հինգ երիտասարդ հայեր։ Այս տեղեկութիւնը կը հակասէ ընտանիքին վկայութիւններուն, ուր կ՚ըսուի թէ Եղիսաբէթ առանձին Խարբերդէն Պոլիս կ՚անցնի – առանց Պէյրութէն անցնելու -, իսկ զաւակները Պէյրութէն զինք կը միանան Պոլիսի մէջ։