Աթէնքի Տուրղութի (Ֆիքս) թաղամասին մէջ։ Հոս կ՚ապրէին հազարաւոր հայ գաղթականներ։ Տուները տակաւին թիթեղաշէն հիւղակներ են։ Նկարին կռնակին գրուած է. «Ֆիքս, մեր տունին առջեւ»։ Աջէն երկրորդը Ֆիլօր Երկանեանն է (ծնեալ Սուքիասեան)։ Միւսներուն անունները՝ Էլէնի, Զմրուխտ, Սօֆիա, Քաթինա։

Ռիքարտօ Երկանեան հաւաքածոյ - Աթէնք

27.04.2020

Յիշողութեան այս նիւթերը հաւաքուեցան 30 Նոյեմբերին 2019-ին Աթէնքի մէջ տեղի ունեցած Յուշամատեանի աշխատանոցին ընթացքին։ Սոյն էջը պատրաստուեցաւ գործակցութեամբ Աթէնքի «Արմենիքա» պարբերաթերթին եւ «Համազգային» միութեան։

Այս էջով կը ներկայացնենք Երկանեան ընտանիքը, որ Իզմիրի նահանգի մէջ գտնուող Ագհիսար քաղաքէն է (Իզմիրէն 80 քմ. հիւսիս-արեւելք)։ Ընտանեկան պատմութիւնն ու հոս տեղադրուած լուսանկարները մեր տրամադրութեան տակ դրաւ Ռիքարտօ Երկանեանը: Ընտանիքին պատմութիւնը իրեն փոխանցուած է վերապրած իր հարազատներէն, անոնց շարքին յատկապէս իր հօրեղբայր՝ Արտաշէս Երկանեանի (այժմ Պուէնոս Այրէս) պատումներէն: Այլ աղբիւր մըն է՝ Ռիքարտոյի մեծ հօրղբայր՝ Լեւոն Երկանեանի հայկական մամուլին մէջ հրատարակած յօդուածները:

Ռիքարտօ որդին է Արմէն Կարօ Երկանեանի, որուն հայրը՝ Յովհաննէս Երկանեան (1892-1972), ծնած է Ագհիսար։ Առաջին համաշխարհային պատերազմէն առաջ տեղի ունեցած մարդահամարի տուեալներով, մօտ քսաներկու հազար բնակչութիւն հաշուող այս քաղաքին մէջ կ՚ապրէին 11 հազար թուրքեր, 10 հազար յոյներ, 800-900 հայեր (որոնցմէ մօտ 20-ը հայ բոշաներ) եւ մօտ 150 հրէաներ։

Յովհաննէս Երկանեան նախնական կրթութիւնը կը ստանայ ծննդավայրի «Աւետիքեան» վարժարանին մէջ: Այնուհետեւ կը մեկնի Մանիսա/Մաղնիսայի Գ. Էօլմէզեանի (Անմահունի) հիմնած հայ-ամերիկեան գիշերօթիկ վարժարանը, որու հիմնադիրներէն եղած է Յովհաննէսի հայրը՝ Թագւոր, ինչպէս նաեւ այլ կրթասէր հայեր։ Մանիսայէն կ՚անցնի Իզմիր/Զմիւռնիա, ուր ուսումը կը շարունակէ «Մեսրոպեան» բարձրագոյն վարժարանին մէջ։ Շրջանաւարտ ըլլալէ ետք, մուտք կը գործէ նոյն քաղաքին օսմանեան «Մէքթէպը Սուլթանիէ» վարժարանը, բայց կը ստիպուի կիսատ ձգել ուսումը Առաջին համաշխարհային պատերազմին բռնկումին պատճառով:

1915-ի վերջերը Միտիլլի (Միթիլինի, Լեզպոս) գտնուելու բախտը կ՚ունենայ, ինչ որ զինք կը փրկէ Ցեղասպանութեան արհաւիրքէն։ Պատերազմի տարիներուն կ՚անցնի Սելանիկ, ուր կը մնայ մինչեւ զինադադար, որմէ ետք ալ կը վերադառնայ իր ծննդավայրը՝ Ագհիսար:

Յետ-պատերազմեան շրջանին, 1919-էն ետք այս տարածքները կը գրաւուին յունական բանակներուն կողմէ։ Յովհաննէս այդ ժամանակ նոր նշանուած էր համաքաղաքացի Ֆիլօր Սուքիասեանի հետ (ծնեալ 1905), որ իր երկրորդական ուսումը ստացած է Զմիւռնիոյ «Հռիփսիմեանց» վարժարանին մէջ։ Կարճ ժամանակ ետք ծայր կ՚առնէ յունական զօրքերուն նահանջը թրքական բանակներուն յառաջխաղացքին դիմաց։ Յովհաննէս, Ֆիլօր, Ֆիլօրի քոյրը՝ Կիւլա, մայրը՝ Հայկանուշ եւ հայրը՝ Ներսէս, Ագհիսարէն մեկնող վերջին շոքեկառքով ապաստան կը գտնեն Զմիւռնիոյ մէջ։ Յովհաննէս կը յաջողի Ֆիլօրն ու հարազատները տեղաւորել Իզմիրէն դէպի անյայտ ուղղութեամբ մեկնող նաւու մը մէջ, իսկ ինք ու իր փոքր եղբայրը՝ Աւետիսը, ծով կը նետուին եւ կը փորձեն նաւահանգիստի մօտ գտնուող ամերիկեան նաւու մը մէջ մտնել։ Կը մերժուին եւ կը ստիպուին վերադառնալ ցամաք։ Ի վերջոյ, հազարաւոր յոյն եւ հայ տղամարդոց նման գերի կը բռնուին Իզմիրը գրաւած թրքական իշխանութիւններուն կողմէ։ Յովհաննէս, բանտարկեալի կարգավիճակով կ՚աքսորուի Այնթապ եւ Քիլիս, ուր կ՚աշխատի ճամբաներու շինութեան ջոկատներու մէջ։

Հաճը Սուքիաս աղա Աւետիքեան եւ կինը (անունը անյայտ). Ֆիլօր Սուքիասեանի (հետագային Երկանեան) մեծ հայրն ու մեծ մայրը։

Յովհաննէսի թրքագիտութիւնը ճակատագրական նշանակութիւն կ՚ունենայ գերեվարութեան այս տարիներուն։ Այսպէս, թուրք սպայի մը մօտ գրագրութիւն կ՚ընէ. այս աշխատանքին փոխարէն ան կը ստանայ սնունդ եւ ծխախոտ, որոնցմէ մաս մը կը բաժնէ իր շրջապատի հայ եւ յոյն գերիներուն, ինչ որ յարաբերաբար կը բարելաւէ իր եւ ընկերներուն գերութեան պայմանները։ Ի վերջոյ, Միջազգային Կարմիր խաչին միջամտութեամբ, բազմաթիւ գերիներ ազատ կ՚արձակուին. Յովհաննէս 1923-ին կու գայ Աթէնք, առաջին հերթին կ’երթայ քաղաքակեդրոնի հայկական եկեղեցին. հոս, հայ գաղթականներու տոմարներէն կը տեղեկանայ, թէ նշանածը՝ Ֆիլօրը եւ իր հարազատները կը գտնուին Աթէնք։ Անմիջապէս կը միանայ անոնց։ Այնուհետեւ կը հաստատուին Տուրղութի (Ֆիքս) թաղամասի գաղթակայանին մէջ։ Կ՚ամուսնանայ Ֆիլօրի հետ, կ՚ունենան երեք զաւակ. Էլիզ, Արմէն Կարօ եւ Արտաշէս (ընտանեկան շրջանակին մէջ ծանօթ Արտաշ անունով):

Երկրորդ համաշխարհային պատերազմի եւ նացիական գրաւումի ծանրակշիռ տարիներէն ետք, 1949-ին ընտանեօք կը գաղթեն Պուէնոս Այրէս (Արժանթին), ուր Յովհաննէս կը մահանայ1972-ին։

1962-ի Սեպտեմբերին, տեղահանութենէն ճիշդ քառասուն տարի ետք,  Ֆիլօր Երկանեան (ծնեալ Սուքիասեան) Արժանթինէն առանձին ճամբորդելով կու գայ Թուրքիա եւ կ՚այցելէ իր ծննդավայրը՝ Ագհիսար։ Կը գտնէ Երկանեաններուն եւ Սուքիասեաններուն տուները եւ կը լուսանկարուի անոնց առջեւ։ Այս ճամբորութենէն մնացած լուսանկարները կը ներկայացնենք այս էջով։

Յովհաննէս Երկանեանի հօր անունն է Թագւոր։ Ծնած է Մանիսա/Մաղնիսա (Իզմիրի եւ Ագհիսարի միջեւ), իսկ մօր անունն է Էլիզ, ծնած՝ Ագհիսար։ Էլիզի հօր անունը «Քէաթիպ» Յովհաննէս էր, ան ալ բնիկ ագհիսարցի էր: Թագւոր եւ Էլիզ Ագհիսարի մէջ ունեցած են եօթ զաւակ. Աղաւնի, Արմենակ, Յովհաննէս, Տիգրան, Լեւոն, Թորոս եւ Աւետիս։ Ընտանեկան իրենց բարեկեցիկ վիճակը առիթ ընծայած է, որ մինչեւ 1914 թուականը զաւակներուն մեծամասնութիւնը յաճախէ Ագհիսարի նախակրթարանը, հետագային ալ Մանիսայի, Իզմիրի ու Պոլսոյ մէջ բարձրագոյն վարժարաններ:

Ագհիսարի մէջ Թագւոր կը զբաղէր չամիչի արտադրութեամբ եւ առեւտուրով։ Երկանեանները ընդարձակ այգիներ ունէին քաղաքին մէջ, հոս կ՚աճէր Ագհիսարի նշանաւոր անկուտ խաղողը, որմէ չամիչ ալ կը պատրաստէին։ Հետագային, Թագւոր կը նշանակուի ծխախոտի պետական ընկերութեան (Régie de Tabacs) տեղական տնօրէն։ Անոր կեդրոնատեղին Ռէժիի համար յատուկ կառուցուած շէնքին մէջ էր։ Նոյն ընկերութիւնը հետագային զինք գործով կը տեղափոխէ Տէնիզլի։

Ցեղասպանութեան ժամանակ՝ 1916-ին, Թագւորին դուստրը՝ Աղաւնի, որ ամուսնացած էր եւ ունէր երեք զաւակ, ընտանեօք կը տեղահանուի։ Իրենց հետ աքսորի ճամբան կը բռնեն նաեւ Աղաւնիի մայրը՝ Էլիզը եւ եղբայրը՝ Թորոսը։ Այս վերջինը 14 տարեկան պատանի մըն էր, որ ականատես կ’ըլլայ իր հարազատներուն Եփրատ գետի ջուրերուն մէջ անհետ կորուստին։ Թորոս ի վերջոյ կը փրկուի այս արհաւիրքէն եւ վերջաւորութեան կը հասնի Իզմիր, ուրկէ կ’անցնի Աթէնք 1922-ին, այնուհետեւ՝ Փարիզ, Աթէնքի մէջ Հայաստանի Հանրապետութեան դեսպանութեան շնորհած անցագիրով:

Տէնիզլիէն անջատաբար կ՚աքսորուի նաեւ Թագւորը, որ նոյնպէս կը սպաննուի։ Լեւոնն ալ Ցեղասպանութեան տարիներուն կը տեղահանուի, կը հասնի Տարսօն/Թարսուս, ուր փախստական կը մնայ մինչեւ զինադադար, որմէ ետք կը վերադառնայ Ագհիսար։ 192Օ-ին կը հաստատուի Փարիզ, ուր կ՚աւարտէ Սելանիկ եւ Պոլիս սկսած Իրաւաբանութեան իր բարձրագոյն ուսումը։ Փարիզի մէջ տասնամեակներ շարունակ կ՚աշխատակցի նաեւ տեղւոյն «Յառաջ» եւ Գահիրէի «Յուսաբեր» թերթերուն, բազմիցս գրելով Ագհիսարի մէջ ընտանեկան յուշերուն, տեղական կեանքին, ինչպէս նաեւ Իզմիրի հայութեան ճակատագրին վերաբերեալ յօդուածներ։ Կը մահանայ 1971-ին Փարիզ։ Կրտսեր եղբայրը՝ Աւետիս, նոյնպէս կը վերապրի, կը յաջողի անցնիլ Աթէնք, ուր կը մահանայ 1920-ական թուականներուն: Արմենակ եւ Տիգրան կը սպաննուին Զմիւռնիոյ մէջ, երբ 1922-ին քեմալական զօրքերը մուտք կը գործեն այս քաղաքը։

Յովհաննէս եւ Ֆիլօր Երկանեաններու ընտանեկան բոլոր պարագաները ներկայիս կ’ապրին Պուէնոս Այրէս, Արժանթին: Ռիքարտօն 1991-ին ընտանեօք կը հաստատուի Աթէնք:

Թորոս Երկանեանի Հայաստանի հանրապետութեան անցագիրը, որուն միջոցաւ ան Յունաստանէն Ֆրանսա անցած է։ Անցագիրը 1 Նոյեմբեր 1922 թուակիր է եւ կը կրէ Աթէնքի մօտ Հայաստանի դեսպան Տիգրան Չայեանի ստորագրութիւնը։

1. Յովհաննէս Երկանեան եւ Ֆիլօր Սուքիասեան, 1923-ին Աթէնքի մէջ։ Պատկերին կռնակին Յովհաննէս գրած է. «Սեւ օրերու յիշատակ գերութենէ վերադարձիս։ Եղբայրներուս Լեւոն եւ Թորոս Երկանեանին, Բարիզ»։
2. 1924, Աթէնքի Ֆիքս թաղամաս։ Երկանեան ընտանիքը իրենց տան առջեւ։ Ոտքի, ձախէն աջ՝ Յովհաննէս Երկանեան, Ֆիլօր Երկանեան (ծնեալ Սուքիասեան)։ Նստած, ձախէն աջ՝ դրացուհի մը (անունը անյայտ), Հայկանուշ Սուքիասեան։

1. Աթէնքի Տուրղութի (Ֆիքս) թաղամասին մէջ։ Հոս կ՚ապրէին հազարաւոր հայ գաղթականներ։ Տուները տակաւին թիթեղաշէն հիւղակներ են։ Նկարին կռնակին գրուած է. «Ֆիքս, մեր տունին առջեւ»։ Աջէն երկրորդը Ֆիլօր Երկանեանն է (ծնեալ Սուքիասեան)։ Միւսներուն անունները՝ Էլէնի, Զմրուխտ, Սօֆիա, Քաթինա։
2. Աթէնքի Տուրղութի (Ֆիքս) թաղամասէն տեսարան մը, 1920-ական կամ 1930-ական թուականներուն։

1. 1936, Աթէնք։ Արմէն Կարօ Երկանեան (ձախին), յունական աւանդական տարազով։
2. Խմբանկար, 1934, Աթէնք։ Նստած, ձախին՝ Արմէն Կարօ Երկանեան, ոտքի, ամէնէն աջին՝ Էլիզ Երկանեան։

1. 1949-ին, Երկանեան ընտանիքը Արժանթին կը հասնի երկու փուլով: Նախ կը գաղթեն Ֆիլօրը եւ երկու որդիները՝ Արմէն Կարօն եւ Արտաշէսը։ Վեց ամիս ետք իրենց կը միանան՝ Յովհաննէսը, դուստրը՝ Էլիզը եւ Ֆիլօրի մայրը՝ Հայկանուշը: Այս լուսանկարը քաշուած է 1949-ի այն օրը, երբ երկրորդ խումբը կը հասնի Պուէնոս Այրէս: Հոս կ՚երեւի Արմէն Կարօն (ձախին), Հայկանուշը (կեդրոնը), Արտաշէսը (աջին):
2. Պուէնոս Այրէս, 1949. ձախէն աջ՝ Արմէն Կարօ, Ֆիլօր, Արտաշէս։

1. Աթէնք, Տուրղութի (Ֆիքս) թաղամասի հայ կաթողիկէ վարժարանի նախակրթարանի աշակերտները եւ ուսուցչական կազմը, 1941-1942 տարեշրջանին։ Վերջին շարք, ոտքի, ձախէն 5-րդը՝ Արմէն Կարօ Երկանեան: Ուսուցիչներուն մէջ կ՚երեւի Գէորգ Կառվարենցը, ճերմակ շապիկով, առանց փողկապի, հագած է մութ համազգեստ մը, ճիշդ աջին նստած է ճաղատ կրօնական մը, որ դպրոցին տնօրէնն է՝ Յովհաննէս Վրդ. Կամսարական։
2. Աթէնք, Տուրղութի (Ֆիքս) թաղամասի հայ կաթողիկէ վարժարանի նախակրթարանի աշակերտները եւ ուսուցչական կազմը, 1942-1943 տարեշրջանին։

1. Արմէն Կարօ Երկանեանի սկաուտական անձնաթուղթը, Աթէնք, 1945։
2. Աթէնք, 1946. հայ սկաուտներ բանակումի կը մեկնին։

Ֆիլօր Երկանեան կանգնած է Ագհիսարի Երկանեան ընտանիքի հայրենի տան բակին մէջ։

1. 20 Սեպտեմբեր 1962, Ագհիսար։ Ֆիլօր Երկանեան (ծնեալ Սուքիասեան) Արժանթինէն ճամբորդած է Թուրքիա եւ այցելած է իր ծննդավայրը։ Հոս կը տեսնենք զինք Սուքիասեան ընտանիքին հայրենի տան առջեւ։
2. Ագհիսար կատարած Ֆիլօրի ճամբորդութենէն այլ պատկեր մը։ Հոս կանգնած է Սուքիասեաններու հայրենի տան առջեւէն անցնող փողոցին վրայ։

1. Երկանեան ընտանիքը, Աթէնք. ոտքի, ձախէն աջ՝ Ֆիլոր, Էլիզ, Արմէն Կարօ։ Նստած՝ Յովհաննէս, անոր ձախին՝ Արտաշ։
2. Երկանեան ընտանիքը, Աթէնք, 1947. նստած ձախէն աջ՝ Ֆիլոր, Յովհաննէս։ Ոտքի, ձախէն աջ՝ Արտաշէս, Արմէն Կարօ, Էլիզ։

Գահիրէի մէջ «Յուսաբեր» թերթին մէջ լոյս տեսած Լեւոն Երկանեանի Ագհիսարի յօդուածը (Դեկտեմբեր 1967)։ Յօդուածը կարդալու համար, սեղմել վերի նկարը։

Գահիրէի մէջ «Յուսաբեր» թերթին մէջ լոյս տեսած Լեւոն Երկանեանի Զմիւռնիոյ մասին յօդուածը։ Յօդուածը կարդալու համար, սեղմել վերի նկարը։