Ինքնութիւն(ներ). պատկանելիութեան խնդիրներ

Առարկաներ, լուսանկարներ եւ ասոնց ետին գտնուող ընտանեկան պատմութիւններ կը հանդիսանան ոչ պաշտօնական տուեալներ, որոնց ճամբով կարելի է գրի առնել օսմանեան հայերու նախաեղեռնեան եւ յետեղեռնեան անցեալը։ Այս բաժինին մէջ ներկայացուած վաւերաթուղթերը նոյն այս պատմութեան վերակակնգնումին կը ծառայեն այս անգամ քիչ մը աւելի պաշտօնական կերպով։ Անձնաթուղթեր, անցագիրներ, կալուածաթուղթեր, վկայականներ, ծննդեան, մկրտութեան եւ պսակի վկայագիրներ, ինչպէս նաեւ ինքնութեան վերաբերող այլ փաստաթուղթեր ո՛չ միայն Օսմանեան կայսրութեան եւ անոր հաստատութիւններուն հետ հայերու պաշտօնական կապն ու կապուածութիւնը ցոյց կու տան, այլ նաեւ ցուցանիշներ են կայսրութեան սահմաններէն անդին իրենց ապրած բազմաթիւ կեանքերուն՝ հպատակի, քաղաքացիի, կամ պարզապէս պետականազուրկ գաղթականի կարգավիճակով։ Այս վաւերաթուղթերը ծնունդ են, երբ հայեր բռնութեամբ, ազատ ընտրութեամբ, պարտադրանքի բերումով կամ բախտով դէմ յանդիման գտնուած են իշխանութիւններու եւ հաստատութիւններու։ Անոնք լոյս կը սփռեն հայոց պատմութեան զանազան տարբեր մակարդակներու վրայ։

Առաջին հերթին այս վաւերաթուղթերը մանրապատմութիւններու վկայութիւններ են, որոնք կը պատմուին եւ կը կատարուին ամէնէն պաշտօնական մակարդակի վրայ։ Ժողովուրդին պատմութիւնն է, ժողովուրդին կողմէ պատմուած, բայց միջնորդի դերը խաղացողը պամտօնական իշխանութիւններն են, ինչպէս պետութիւն, միջազգային հաստատութիւններ, եկեղեցի, դպրոց, եւայլն։ 

Մանրապատմութիւնները հաստատող այս վաւերաթուղթերը միաժամանակ հատման կէտն են պաշտօնականին եւ ոչ պաշտօնականին միջեւ։ Երկրորդ, այս վաւերաթուղթերը կը նպաստեն հասկնալու համար հայերու ապրած գաղթի տարողութիւնը, նկատի ունենալով որ անոնք – անհատական մակարդակի վրայ -, մանրամասն տեղեկութիւններ կու տան հայերու եւ անոնց կրած վաւերաթուղթերուն անցած ուղիին մասին՝ Ցեղասպանութենէն առաջ եւ վերջ։

Ցեղասպանութենէն անմիջապէս առաջ, երկու հիմնական պատճառներ կային օսմանեան հայերուն քով՝ կայսրութենէն հեռանալու եւ նոր ուղիներ գտնելու։ Առաջին հերթին, առեւտրականներու փոքրաթիւ խումբ մը կ՚ուղղուէր առեւտուրի կեդրոններ, այն պահուն երբ վաճառականութեան համաշխարհային շուկան եւ ցանցերը զարգացում կ՚ապրէին. այս մարդիկը կը հաստատուէին այս քաղաքներուն մէջ։ Բայց հիմնական պատճառը, որ հայերը կը մղէր 19-րդ դարու վերջաւորութեան հեռանալու Օսմանեան կայսրութենէն՝ արեւելեան նահագներու քաղաքական եւ տնտեսական անկայունութիւնն էր։ Յատկապէս 1895-էն սկսեալ, Օսմանեան կայսրութեան հայերու դէմ գործուած զանգուածային շարք մը բռնութիւններու հետեւանքով գաղթականական ալիքները կը սկսին հասնիլ Նոր Աշխարհ։

Ցեղասպանութիւնը այլ թափ մը կու տայ հայկական գաղթային այս շարժումին։ Վերապրողներ, որոնք կը մնան Անատոլիոյ տարածքին՝ օսմանեան հպատակէն կը վերածուին հանրապետական Թուրքիոյ քաղաքացիներու։ Այլ վերապրողներ, որոնք բռնութեամբ կը հեռացուին իրենց հայրենի բնակավայրերէն եւ բնակութիւն կը հաստատեն նախկին Օսմանեան կայսրութեան սահմաններէն անդին կամ նոյն այս կայսրութեան տարածքին մէջ հիմնուած նոր պետութիւններու մէջ (Սուրիա, Լիբանան, եւայլն)՝ վերջաւորութեան կը դառնան քաղաքացիներ, հպատակներ, գաղթականներ այս եւ այլ պետութիւններու։ Այսուհանդերձ, երբեմն նոյնիսկ այս կարգաւորումները – նոր անցագիր, նոր ինքնութեան թուղթ – ժամանակաւոր բնոյթ կը կրէին։ Սահմանագիծերը փոփոխական էին, նոյնպէս նաեւ պետական այն մարմինները, որոնք կը հաստատէին հայերու վերաբերող ինքնութեան այս վաւերաթուղթերն ու օրէնքները։

Հետեւաբար, այս յարափոփոխ սահմաններու, պետութիւններու, իշխանութիւններու եւ օրէնքներու պայմաններուն մէջ, այս բաժինով ներկայացուած վաւերաթուղթերը մեզի կը վերյիշեցնեն «հայկականութեան» մնայուն խնդիրը, ինչպէս նաեւ ինքնութեան եւ պատկանելիութեան հիմնահարցերը։ Այս փաստաթուղթերը ո՛չ միայն կը հաստատեն թէ այս հայերը ո՞վ էին, ո՞վ պիտի ըլլային կամ ո՞վ կրնային ըլլալ, բայց նաեւ ցոյց կու տան թէ անոնք ուրկէ՞ կու գային, իբրեւ նախկին Օսմանեան կայսրութեան հպատակներ ո՞ւր արտօնուած էր անոնց բնակութիւն հաստատել եւ ո՞ւր՝ արտօնուած չէր։ Այս վաւերաթուղթերը կը բացատրեն նաեւ, թէ անոնք ո՞ւր կրնային համարկուիլ եւ պատկանելիութիւն մը ստեղծել եւ ո՞ւր այս մէկը կարելի չէր։ Այլ խօսքով, այս վաւերաթուղթերը, որքան ալ հայոց պատմութեան մասին ըլլան, միաժամանակ անձերու մանրապատմութիւններ են, որոնք կերտուած են համաշխարհային պատմութեան թնճուկին մէջ, անոնք նաեւ ինքնութիւն(ներ) են, զորս հայերը կրած են եւ հազուադեպօրէն համընկնած են։ Այս պատճառով ալ, այս վաւերաթուղթերը ամէն ձեւով հայկական պատմութիւններ են՝ մէկ կողմէ պատկանելիութեան մը, միւս կողմէ ալ անպատկանելիութեան մը. պատմութիւններ, որոնք փոխանցուած են սերունդէ սերունդ, ինչպէս է պարագան այս բաժինով ներկայացուած փաստաթուղթերուն։

Ցեղասպանութենէն ետք Գրիգոր Գրիգորեան ապրած է Յունաստանի Աթէնք քաղաքը։ Այս մէկը Յունաստանի Ներքին գործոց նախարարութեան կողմէ պատրաստուած եւ հաստատուած Գրիգորի ինքնութեան փաստաթուղթն է՝ յունարէն եւ ֆրանսերէն լեզուներով։ Մօր անունն է Վարդանուշ։ Փաստաթուղթին թուականն է՝ 12 Մայիս 1926 (Աղբիւր՝ Ալեքսիս Գրիգորեանի հաւաքածոյ, Լիոն եւ Ժընեւ)։

Թահթաճեան ընտանիքին պատկանող Ընտանեկան պաշտօնական մատեան (Civil registration certificate), 1921 թուակիր, Պուէնոս Այրէս։ Յակոբ Թահթաճեան ծնած է Այնթապ, Պուէնոս Այրէս կը հաստատուի 1910-ին։ Հոս կ՚ամուսնանայ Ռոզա Գալֆայեանի հետ։ Սոյն վաւերաթուղթին մէջ նշուած են իրենց երեք զաւակներուն անուններն ու ծննդեան թուականները. Արտաշէս/Ալֆրէտօ (ծն. 1922), Օվսաննա/Ազատուհի (ծն. 1925), Մելքոն (ծն. 1929) (Աղբիւր՝ Թահթաճեան ընտանիքի հաւաքածոյ, Պուէնոս Այրէս)։

Արշակունի Ռաֆայէլեանի Հայաստանի Հանրապետութեան անցագիրը։ Այս փաստաթուղթը կը տրուէր Եւրոպա ապաստանած հայ գաղթականներուն, որոնք չէին կրնար տեղական երկիրներուն քաղաքացիութիւնը ստանալ։ 1923-ին Արշակունի Ռաֆայէլեան Պէյրութէն Մարսէյ կը հասնի եւ տեղւոյն վրայ ալ կը ստանայ 8 Յունուար 1924 թուակիր անցագիրը։ Ինչպէս կը կարդանք սոյն անցագիրին կռնակին վրայ, այս փաստաթուղթով ալ Արշակունի Ռաֆայէլեան կը վերադառնայ Լիբանան 18 Սեպտեմբեր 1924-ին (Աղբիւր՝ Ռաֆայէլեան հաւաքածոյ, Պէյրութ, Լիբանան)։