Աբարթեան ընտանիքը Սիսէն (ներկայիս Քոզան) քաղաքէն է, իսկ Գարամանեան ընտանիքը՝ մօտակայ Քարս Պազար (ներկայիս Քատիրլի) քաղաքէն։ Երկուքն ալ կը գտնուէին Ատանայի նահանգին մէջ։
1921-ի վերջը, Կիլիկիան ձգելէ ետք, Աբարթեան ընտանիքի անդամներ առաջին անգամ Յունաստան կըհասնին 1922-ին։ Նախ կը հաստատուին Միթիլլինի կղզին, կարճ ժամանակ ետք կու գան Քոգինիա(Փիրէա)։ Գալով Գարամանեան ընտանիքին, 1921-ին Կիլիկիայէն կը գաղթեն Իզմիր եւ հոսկէ ալ կ՚անցնին Յունաստան, 1922-ին։