Տէրունեան ընտանիքը Մարաշի Քիշիֆլի գիւղէն (Մարաշ քաղաքին արեւմուտքը) է։ Կէմիքսիզեան եւ Մաճառեան ընտանիքները Մարաշ քաղաքէն են։ Այս երեք ընտանիքները Մարաշի տարածքի իրենց հայրենի տուները վերջնականօրէն կը ձգեն 1920-ին։ Անոնք 1920-ականներու սկիզբէն բնակութիւն կը հաստատեն Լիբանանի մէջ։
