Յովակիմը Կօշկարեանը ծնած է Խարբերդի դաշտի Շնթիլ գիւղը (ներկայիս Պահչէքափը)։ Գիտենք որ Յովակիմը 20-րդ դարու սկիզբը կու գայ Միացեալ Նահանգներ իբրեւ բանուոր։ Ան տարիներ շարունակ կ՚աշխատի ամերիկեան հանքի մը, ինչպէս նաեւ գործարաններու մէջ՝ հայրենիք վերադառնալու եւ հոն յարաբերաբար բարեկեցիկ կեանք մը ապրելու հեռանկարով։ Որոշ գումար մը վաստկելէ ետք ան իր գիւղը Շնթիլ կը վերադառնայ, կ՚ամուսնանայ, երկու-երեք տարի ետք կրկին ԱՄՆ կը մեկնի՝ հայրենի գիւղը ձգելով կինն ու երկու մանչ զաւակները, որոնք Ցեղասպանութեան տարիներուն պիտի անհետանան։
Յովակիմ Կօշկարեան ԱՄՆ-ի մէջ կը վերամուսնանայ Մարիձա Մազմանեանի հետ, որ ծնած էր 1892-ի շուրջ Հիւսէնիկի մէջ։
Այս մէկը կալուածաթուղթ մըն է՝ վաւերացուած ամերիկեան նոտարական գրասենեակի մը, ինչպէս նաեւ Նիւ Եորքի մէջ օսմանեան հիւպատոսարանին կողմէ։ Շատ հաւանաբար այս մէկը եւս կ՚առնչուի Յովակիմ Կօշկարեանի կալուածային գործառնութիւններուն։ Այստեղ նշուած է թէ Գրիգոր Կարապետեան (Worcester Ուստըր քաղաքէն) կը լիազօրէ Կարապետ Յովհաննէսեանը (Շնթիլ գիւղէն [Խարբերդի մէջ]) Յովակիմ Խաչատուրեանի փոխանցելու զանազան կալուածներ, որոնք մանրամասնօրէն սահմանուած են սոյն վաւերաթուղթին մէջ։ Սոյն կալուածաթուղթը կը կրէ 2 Փետրուար 1910 թուականը։
Սոյն կալուածաթուղթը կը պատկանի Յովակիմ Կօշկարեանի, պատրաստուած է 26 Նոյեմբեր 1909-ին, վաւերացուած է ամերիկեան նոտարական գրասենեակի մը, ինչպէս նաեւ Նիւ Եորքի օսմանեան հիւպատոսարանին կողմէ։
Անիկա կը հաստատէ, որ Յովակիմ Կօշկարեան Ուստըր (Worcester) քաղաքէն (Մասաչուսէց) 200 ամերիկեան տոլար վճարելով կալուածներ գնած է Գրիգոր Տէր Մինասեանէն (Ուստըրի մօտակայ Միլֆորտ քաղաքէն)։
Յովակիմ Կօշկարեանի օսմանեան անցագիրը, որ իրեն յանձուած է Նոյեմբեր 1910-ին Նիւ Եորքի մէջ օսմանեան հիւպատոսարանին կողմէ։ Այդ ժամանակ Յովակիմ արդէն իսկ կը գտնուէր Միացեալ Նահանգներ եւ գիտենք որ մէկ անգամ վերադարձած է Շնթիլ։ Հաւանաբար այս անցագիրը ստացած է սոյն ճամբորդութիւնը իրականացնելու համար։ 1913-ին կրկին կը մեկնի Միացեալ Նահանգներ եւ այս ձեւով կը փրկուի Ցեղասպանութենէն։ Այս երկրորդ ճամբորդութիւնը կը պատմուի որ տեղի ունեցած է խուսափելու համար Պալքանեան պատերազմին ընթացքին Օսմանեան բանակ զինուորագրուելէ եւ ռազմաճակատ ղրկուելէ։ 1915-ին, Շնթիլ մնացած ընտանիքը անհետ կը կորի։ Անցագիրին մէջ նշուած է, որ 1910-ին Յովակիմ 29 տարեկան է։
Յովակիմ Կօշկարեանին պատկանող կալուածաթուղթ օսմաներէն-թրքերէն լեզուով։ Պատրաստուած է 1909-ին եւ նոյն տարին ալ թարգմանուած եւ վաւերացուած է անգլերէնի։
Օսմաներէն-թրքերէնով գրուած սոյն երկու էջերն ալ մաս կը կազմեն Յովակիմ Կօշկարեանի եւ Գրիգոր Տէր Մինասեանի միջեւ կնքուած կալուածային պաշտօնական գործառնութեան։ Այս վաւերաթուղթերը կը հաստատեն անգլերէն թարգմանութեան վաւերականութիւնը։