Վաղարշակ Քիպարեանի օսմանեան անցագիրը։

Վաղարշակ Քիպարեան ծնած է Շապին Քարահիսար, 1888 թուականին։ Հայրը՝ Վռամշապուհ, քաղաքինհայ քահանան էր։ Վաղարշակ Շապին Քարահիսարէն կը տեղափուխուի Պոլիս եւ հոս կը մնայ մինչեւ Քեմալական իշխանութիւններուն մուտքը։ Կը գաղթէ Փարիզ, ուր 1934-ին կ՚ամուսնանայ ԼուսաբերԹաթուլեանի հետ։ Լուսաբեր Օրտուէն էր. Ցեղասպանութենէն միակ վերապրողն էր իր ընտանիքէն։Հետագային ապաստան կը գտնէ Ֆրանսայի մէջ։