Քիթապճեան ընտանիքը Կեսարիա քաղաքէն է։ Ցեղասպանութեան ժամանակ կը տեղահանուին մինչեւ Տէր Զօր։ Ընտանիքէն հազուագիւտ վերապրող՝ Արթին (Յարութիւն) Քիթապճեան, այնուհետեւ կը հաստատուի Հալէպ։ Հոս կ՚ամուսնանայ Պէաթրիս Մաթոսեանի հետ (Այնթապ ծնած) եւ զաւակներ կ՚ունենան։ Զոյգը տասնամեակներ կ՚ապրի Սուրիա։ Երբ Արթինը կ’որոշէ հանգստեան կոչուիլ, ինքն ու կինը կը գաղթեն Հարաւային Քալիֆորնիա, ուր արդէն կ՚ապրէին իրենց երեք զաւակները։