Կատար Գաբրիէլեանի Ֆրանսայի մէջ արձանագրութեան վկայագիր [Registre d'immatriculation], 5 սեպտեմբեր 1924 թուակիր։

Կատար Գաբրիէլեանը եւ Կարապետ Բարիկեանը, Արաբկիր գաւառակի Շեփիկ գիւղէն էին (այսօր՝Եայլաճըք)։ Անոնք կ՚ամուսնանան իրենց գիւղին մէջ 1910-ին։ Տարի մը անց Կարապետը կը մեկնի ԱՄՆ՝Կատարը վստահելով իր ծնողներուն, Շեփիկի մէջ։ Ինչպէս շատ մը հայ երիտասարդ գաղթականներ, Կարապետն ալ սկիզբը բանուորութիւն ըրած է Միացեալ Նահանգներու մէջ։ 1915-ին ամբողջ Շեփիկի հայութիւնը կը տեղահանուի։ Կատար հազուագիւտ վերապրողներէն պիտի ըլլար իր բազմանդամ ընտանիքէն։ 1920-ին ան արդէն Ուրֆայի մէջ էր, իսկ 1923-ին՝ Հալէպ։ 1924-ի վերջերուն Կատարը Պէյրութիճամբով Մարսիլիա պիտի երթար։ Կարապետ, որ Առաջին համաշխարհային պատերազմէն ետք իմացած էր կատարի ողջ ըլլալը, 1925-ի գարնան կը ճամբորդէ Ֆրանսա, ուր 1911 դեկտեմբերէն ետք առաջին անգամըլլալով պիտի հանդիպէր Կատարին։ Կատար կը կրէր Հայայստանի Հանրապետութեան անցագիր։ 1926-ին ԱՄՆ մուտքի արտօնութիւն կը ստանայ եւ այս ձեւով կը միանայ Կարապետին։