Հայ որբեր Անթիլիասի Ֆաուար գետի մէկ կամուրջին վրայէն ձկնորսութիւն կ’ընեն: Սամուէլ Անդրանիկեանը ոտքի, ձախինն է: Այս պատկերը գունաւորուած է MyHeritage.com-ի միջոցաւ։

Սամուէլ Անդրանիկեան հաւաքածոյ - Պէյրութ

28/04/23 (վերջին փոփոխութիւն՝ 28/04/23)

Սամուէլ Անդրանիկեանը ծնած է Օրտու, 1912-ին: Հօր անունն էր Խաչիկ Ճալլաթեան (Ճանլաթեան/Ջանլետեան), մօր անունը՝ Զանակ Ճանլաթեան/Ջանլետեան (ծնեալ Գալուստեան): Զանակ ծնած է Օրտուի շրջանի Քիրազ Տերէ հայաբնակ գիւղը:

1915-ին, երբ Օրտու կը հասնի տեղւոյն հայերու տեղահանութեան հրամանագիրը, Խաչիկը այդ ժամանակ զինուորագրուած էր օսմանեան բանակին մէջ: Զանակ երեք տարեկան Սամուէլը կը յանձնէ իրենց թուրք բարեկամին եւ ինք կը միանայ տարագիրներու կարաւանին:

Ցեղասպանութեան տարիներուն, տարագրութեան ուղիները Զանակը կը հասցնեն մինչեւ հեռաւոր Մուսուլ: Տարագիրի ամբողջ մղձաւանջը ապրելէ ետք, կը վերապրի եւ Առաջին համաշխարհային պատերազմէն ետք կը վերադառնայ Օրտու: Զանակ իր տագրոջ օգնութեամբ թուրք ընտանիքին քովէն կը վերցնէ որդին՝ Սամուէլը: Զանակին ամուսինը՝ Խաչիկը, նոյնպէս ողջ էր. ան օսմանեան բանակէն փախած էր եւ տարիներով ապրած Օրտուի շրջակայ անտառներուն մէջ: Այսպէս, ընտանիքին բոլոր անդամները զիրար կը վերագտնեն եւ կ’ապրին Օրտուի մէջ: Իրենց բնակած տունը նախապէս պատկանած էր հայ տարագրեալ ընտանիքի մը, որ չէր վերադարձած աքսորէն: Այդ տարիներուն Խաչիկ եւ Զանակ կ’ունենան երկրորդ զաւակ մը՝ դուստր մը, որուն անունը անյայտ է:

1921-ին դարձեալ ծայր կ’առնեն հակահայ ճնշումներ Օրտուի մէջ, այս անգամ քեմալական իշխանութիւններուն կողմէ: Խաչիկ կը ձերբակալուի եւ անյայտ ուղղութեամբ կը տարուի: Անոր հետքը մէյ մըն ալ պիտի չյայտնուէր: Զանակ իր երկու զաւակներով կը ստիպուի դուրս գալ Օրտուէն եւ այլ հայերու հետ՝ երկրորդ անգամ ըլլալով բռնել տարագրութեան ճամբան: Այս ուղիներուն վրայ է որ երկրորդ զաւակը անօթութենէ կը մահանայ: Խումբը կը հասնի Տիարպեքիր քաղաքին մօտերը: Գրի առնուած վկայութիւններէն յայտնի չէ, թէ Զանակ իսկապէս Տիարպեքի՞ր քաղաքին կ’ակնարկէ: Հետագայ դէպքերէն դատելով, կարելի է ենթադրել, թէ հասած են մօտակայ այլ քաղաք մը, օրինակ՝ Մեմուրէթ ուլ-Ազիզ (Խարբերդ): Տարագիրները սոված են եւ ուժասպառ. կ’առաջարկուի պատանիներու խումբ մը ղրկել քաղաք՝ ուտելիք բերելու: Հակառակ Զանակի ընդդիմութեան, Սամուէլն ալ կը դրուի այս խումբին մէջ: 9 տարեկան Սամուէլը չի վերադառնար…

Սամուէլի՝ մօրը՝ Զանակին ուղղուած բացիկ, ուր Սամուէլ կը շնորհաւորէ նոր տարին եւ սուրբ ծնունդը: Բացիկը կը պատկեր՝ Անթիլիասի մէջ գտնուող Կիլիկիոյ կաթողիկոսարանն է, որ նախապէս եղած է ամերիկեան Նպաստամատոյցի որբանոցը: Այս մասին Սամուէլ կը գրէ. «Սիրելի մայր, տղադ քեզմէ բաժնուելէն վերջ այս որբանոցին մէջ մեծցաւ, որը այժմ հայոց կաթողիկոսար[ա]նն է»:
 

3 Նոյեմբեր 1936 թուակիր նամակ՝ Սամուէլէն ուղղուած մօրը՝ Զանակին:

Աքսորեալներու խումբը կը շարունակէ իր ճամբան առանց Սամուէլին: Ողջ մնացողները կը հասնին Մուսուլ, քաղաք մը, որուն Զանակ ծանօթ էր իր առաջին տարագրութենէն: Կը սկսի ծառայել միեւնոյն իսլամ ընտանիքին տունը, ուր նախապէս ալ գտնուած էր: Տարագրութեան մասին Զանակի՝ վերապրողի բանաւոր վկայութիւնները գրի առնուած են տարիներ ետք: Բայց յայտնապէս ան ամէն ինչ չի պատմէր տառապանքի իր այդ օրերուն մասին. «Ա՜խ, ամէն ինչ չես պատմի: Որքան անտանելի է, երբ դու քոնը չես: Երբ ուրիշն է քո գլխի տէրը, թէկուզ երեխայ կամ զառամեալ պառաւ լինի: Կ’ասի՝ չոքիր, ու կչոքես, եթէ ուզում ես կենդանի մնալ»:

Մօտ մէկ տարի Մուսուլ մնալէ ետք՝ Զանակ կը վերադառնայ Օրտու: Հարազատները այլեւս չկային: Միայն գիտէր, որ եղբայրը՝ Կարապետ Գալուստեանը կ’ապրէր Աբխազիոյ մէջ: Հակահայ ճնշումները կը շարունակուէին, այնպէս որ Օրտուի շրջանին մէջ մնացած վերջին հայերը կը փորձէին փախուստ տալ Թուրքիայէն: Մօտ 80 հայեր, որոնց մէջ նաեւ Զանակը, նաւակ մը կը վարձեն եւ միասնաբար գաղտնի կերպով կը հասնին Ատլէրի ծովափը, որ Խորհրդային Ռուսիոյ կազմին մէջ մտցուած էր: Այս տարածքին մէջ կ’ապրէին մեծ թիւով օրտուցի համաերկրացիներ: Զանակ անմիջապէս կը միանայ եղբօրը, որ կ’ապրէր Աբխազիոյ Պիլենքովօ շրջանին այդ ժամանակ Օտլուղ կոչուող գիւղին մէջ: Հոս կը վերամուսնանայ Սեդրակ Ճանսըզեանին հետ, որուն նոյնպէս երկրորդ ամուսնութիւնն էր. ան առաջին կնոջմէ ունէր հինգ զաւակ: Զանակ մայրութիւն կ’ընէ Սեդրակի զաւակներուն: Ամուսինին մահէն ետք Զանակ երրորդ անգամ կ’ամուսնանայ:

Անթիլիասի NER-ի որբանոցի «Որոտում» ֆութպոլի խումբը 1928-ին, Պէյրութի Near East League-ի պասքէթպոլի դաշտին մէջ: Սամուէլը ոտքի, ձախէն չորրորդն է:
Անթիլիասի NER-ի որբանոցի սաները: Սամուէլը նստած, ձախէն առաջինն է:
Անթիլիասի NER-ի որբանոցի սաները: Սամուէլը ոտքի, ամէնէն աջին կանգնած ճերմակ շապիկով եւ գլխարկով տղան է:
Անթիլիասի NER-ի որբանոցի սաները: Սամուէլը մէջտեղի շարքին մէջ ձախէն երրորդն է:
«Լիկայի Աստղ» ֆութպոլի խումբը, որ կազմուած էր NER-ի ամերիկեան որբանոցներէն շրջանաւարտ չափահաս որբերէ: Սամուէլը նստած դիրքով, ձախէն երկրորդն է:
Անթիլիասի NER-ի որբանոցի սաները դաշտագնացութեան մը ժամանակ:
Անթիլիասի NER-ի որբանոցի «Որոտում» ֆութպոլի խումբը: Սամուէլը երկրորդ շարքի մէջտեղի տղան է:
«Լիկայի Աստղ» ֆութպոլի խումբը: Սամուէլ Անդրանիկեան ոտքի, ձախէն երկրորդն է:
Անթիլիասի NER-ի որբանոցի սաները: Սամուէլը ամէնէն վերի շարքին մէջ ձախէն վեցերորդն է:

Գալով Սամուէլին, Տիարպեքիրի (կամ Մեմուրէթ ուլ-Ազիզ/Խարբերդի) մօտերը մօրմէն բաժնուելէ ետք, կը հալածուի, կը ստիպուի թաքնուիլ եւ ամիսներ շարունակ փախստական կեանք մը կ’ապրի: Յետոյ բարեացակամ մարդիկ զինք կ’առաջնորդեն տեղական որբանոց մը, որ, շատ հաւանաբար, ամերիկեան Մերձաւոր Արեւելքի Նպաստամատոյցի (Near East Relief – NER) Խարբերդի որբանոցներէն էր: Սամուէլ այս հաստատութեան մէջ կը մնայ մինչեւ 1922 թուականը, երբ Թուրքիոյ մէջ գտնուող ամերիկեան բոլոր որբանոցները կը փակուին եւ անոնց սան-սանուհիները կը տեղափոխուին Լիբանան: Սամուէլի նոր ապաստանարանը կը դառնայ Մերձաւոր Արեւելքի Նպաստամատոյցի Անթիլիասի որբանոցը՝ Լիբանանի ծովափին:

1920-ականներուն ժամանակաւորապէս Հալէպ հաստատուած Կիլիկիոյ Սահակ Բ. կաթողիկոսը 1925 թուականին կ’այցելէ որբանոց, ուր Անթիլիասի Ֆաուար գետի ափին կը կազմակերպուի որբերուն հաւաքական մկրտութիւնը: Կը պատմուի որ մկրտութեան ժամանակ կաթողիկոսը Սամուէլին հարցուցած է անունն ու մականունը: Պատանին պահ մը տատամսած է, յանկարծակի մտաբերած է Զօրավար Անդրանիկը եւ ըսած՝ «Սամուէլ Անդրանիկեան»: Այս ձեւով անոր պաշտօնական անունը կ’ըլլայ Սամուէլ Անդրանիկեան, փոխան Սամուէլ Ճալլաթեանի:

Անթիլիասի որբանոցին մէջ, առօրեայ դաստիարակութեան կողքին, Սամուէլ կը տիրապետէ նաեւ կօշկակարութեան արհեստին: Ան մաս կը կազմէ նաեւ որբերուն կազմած «Որոտում» ֆութպոլի խումբին: Որբանոցի իր ընկերներէն Բաբգէն Տէր Գէորգեան իր յուշերուն մէջ կը գրէ, որ Սամուէլը վարպետ ձկնորս էր, մանաւանդ օձաձուկի, որ տեղական արաբերէնով կը կոչուի հանքլիս: Այս ձուկը առատօրէն կը գտնուէր Անթիլիասի գետին մէջ, որ կը հոսէր որբանոցին ճիշդ քովէն: Օձաձուկը մեծապէս փնտռուած ուտելիք մըն էր, զայն որսալը՝ բաւական բարդ: Սամուէլ թէ՛ կը յաջողէր զանոնք որսալ եւ թէ ծախել Անթիլիասի բնակիչներուն:

Երկրորդ աքսորին ժամանակ Սամուէլին հետքը կորսնցուցած Զանակ 1920-ականներու վերջերէն տեղեակ էր որդւոյն ողջութեան եւ Լիբանան գտնուելուն մասին: Սամուէլի որբանոցին ամերիկացի պատասխանատուները զանազան ապարդիւն փորձեր ըրած են փոքրիկ Սամուէլը իր մօրը քով ղրկելու: Սամուէլի՝ մօրն ուղղուած առաջին նամակը 18 Ապրիլ 1928 թուակիր է, գրուած Անթիլիասէն: Ան պատասխան է մօրմէն ստացուած առաջին նամակին, որ հաւանաբար նոյն տարի հասած է Սամուէլին: Կարճ նամակ մըն է, ուր հակիրճ կ’իրազեկէ իր մասին, ապա մօրմէն տեղեկութիւններ կը խնդրէ անոր ներկայ դրութեան մասին: Սամուէլի գրած 1936 թուակիր նամակէն անուղղակի կ’իմանանք, որ Զանակ այդ ժամանակ ձեւեր կը փնտռէր որդին իր քով տեղափոխելու: Բայց այդ ատենուան քաղաքական պայմանները թոյլ չէին տար նման ճամբորդութիւն մը Լիբանանէն Աբխազիա: Մօրն ուղղուած իր բոլոր նամակները Սամուէլ կը ստորագրէ Ճանլաթեան մականունով:

Սամուէլ Անդրանիկեանի մաս կազմած ֆութպոլի խումբերէն մէկը Պէյրութի մէջ: Սամուէլը, նստած, ձախէն երկրորդն է:
Լիբանանի ծովեզերքը: Սամուէլը աջէն երկրորդն է (ծունկի եկած):
Լիբանանի բնութեան մէջ: Սամուէլը ձախէն երկրորդն է:
Սամուէլը ձախէն առաջինն է:
Լիբանան, ճաշարանի մը մէջ: Սամուէլը ձախէն առաջինն է:
«Լիկայի Աստղ» ֆութպոլի խումբը: Սամուէլը ոտքի, ձախէն չորրորդն է:
«Լիկայի Աստղ» ֆութպոլի խումբը:
«Լիկայի Աստղ» ֆութպոլի խումբը: Սամուէլը ձախէն վեցերորդն է:
Խումբ մը ընկերներ Լիբանանի մէջ ճամբորդութեան մը ընթացքին, ճաշարանի մը մէջ դադար առած՝ ճաշելու համար: Սամուէլը կանգնած է կեդրոնը՝ ճերմակ շապիկով եւ քիչ մը մութ համազգեստով:
Նուագախումբ մը: Շատ հաւանաբար Պուրճ Համմուտի մօտակայ Սահակեան Վարժարանի մարզադաշտին մէջ է: Սամուէլը նստած, ձախէն առաջինն է:
Խումբ մը ընկերներ գարեջուրի սեղանի շուրջ: Սամուէլը ձախէն երկրորդն է:
Շատ հաւանաբար Պէյրութի նաւահանգիստն է, ուր մարդիկ խմբուած են ծանօթ մը կամ ազգական մը ճամբելու համար: Սամուէլը ձախէն առաջինն է:
Շատ հաւանաբար Պէյրութի նաւահանգիստն է, ուր մարդիկ խմբուած են ծանօթ մը կամ ազգական մը ճամբելու համար: Սամուէլը ձախէն առաջինն է:
Ընկերներով պտոյտի մը ընթացքին, Լիբանան: Սամուէլը առաջին շարք, աջէն առաջինն է:

Սամուէլ երբ դուրս կու գայ որբանոցէն, այլ ընկերներու հետ կը հաստատուի Լիբանանի Զահլէ քաղաքը, ուր կը զբաղի կօշկակարութեամբ: Որբանոցի տարիներէն արդէն Սամուէլ լաւ մարզիկ էր: Որբանոցէն դուրս գալէ ետք ան մաս կազմած է «Լիկայի Աստղ» ֆութպոլի խումբին, որ կազմուած էր ամերիկեան որբանոցներէն շրջանաւարտ չափահաս որբերէ: 1940-ականներուն, ան մաս կը կազմէ նաեւ Լիբանանի Հայ Մարմնակրթական Ընդհանուր Միութեան (ՀՄԸՄ) ֆութպոլի հաւաքականին, որ այդ տարիներուն կը շահի նաեւ Լիբանանի ֆութպոլի ախոյեանութիւնը: Զահլէէն ետք, Սամուէլ կը հաստատուի Պէյրութի Էշրեֆիէ թաղամասին մէջ: Պէյրութի կեդրոնական Մաարատի շրջանին մէջ an սենեակ մը կը վարձէ եւ կը սկսի կօշիկի պիտոյք վաճառել:

1943-ին Սամուէլ կ’ամուսնանայ Մարի Փիլիպոսեանի հետ: Առաջին զաւակը՝ Խաչիկը, կը ծնի 1944-ին, բայց շուտով կը մահանայ: Ապա կ’ունենան երկու դուստր՝ Յասմիկ եւ Քնարիկ, եւ երկու որդի՝ Արա եւ Իշխան: Ամուսնութենէն ետք, ընտանիքը բնակութիւն կը հաստատէ Պուրճ Համմուտի մէջ:

Շատ հաւանաբար Պէյրութի նաւահանգիստն է, ուր մարդիկ խմբուած են ծանօթ մը կամ ազգական մը ճամբելու համար: Սամուէլը ոտքի, աջէն երկրորդն է:
Աղջիկներ եւ տղաք դաշտագնացութեան մը ընթացքին, Լիբանան: Պատկերին մէջ կ’երեւին ֆոնոկրաֆ մը եւ երաժշտական գործիքներ: Սամուէլը կեդրոնը, պուզուքի նուագողին ճիշդ առջեւը, ճերմակ շապիկ հագած եւ ծունկի եկածն է:
«Լիկայի Աստղ» ֆութպոլի խումբը: Սամուէլը ոտքի, ձախէն չորրորդն է:
Սեպտեմբեր 1964, Ատլէրի (Ռուսիա) օդակայան: Սամուէլ ժամանած է՝ մօրը հետ հանդիպելու համար: Կեդրոնը, առաջին շարքի վրայ կանգնած, գծաւոր շապիկով եւ լուսանկարչական գործիքը ուսէն կախած պատանին Իշխանն է՝ Սամուէլի որդին: Անոր ետեւը կանգնող երիտասարդի ձախին կանգնածը Սամուէլ Անդրանիկեանն է, իսկ անոր կողքին, լաչակով կինը Զանակն է: Միւս բոլորը ազգականներ են, որոնք եկած են Սամուէլը դիմաւորելու:
Լուսանկարուած Աբխազիոյ մէջ, 1964-ին՝ Զանակի տան դիմացը գտնուող ծխախոտի (թիւթիւնի) գործարանին մէջ: Առաջին շարք, ձախին՝ Մարի Անդրանիկեան (Սամուէլի կինը), առջեւի շարք, աջին՝ Զանակի դուստրն է երկրորդ ամուսնութենէն: Լուսանկարիչը պատանի Իշխանն է, որ իրեն հետ Լիբանանէն բերած էր լուսանկարչական մեքենայ մը: Այս գործարանին մէջ ծխախոտի տերեւները երկաթէ ձողերու վրայ կ’անցընեն, ապա կը ձգեն որ չորնայ:

Մօր հետ կրկին հանդիպումը տեղի կ’ունենայ աւելի քան 40 տարի ետք` 1964-ին: Սամուէլ, Մարիին եւ Իշխանին ընկերակցութեամբ, նաւով կը մեկնի Օտեսա: Հոնկէ օդանաւով կը հասնին Ռուսիոյ՝ Աբխազիոյ մօտիկ նաւահանգստային Ատլէր քաղաքը: Զանակ կ’ապրէր Խորհրդային տասնամեակներուն Վրաստանի կազմին մէջ գտնուած Աբխազիոյ Կանթիատի (ներկայիս՝ Զանտրիփշ) ծովեզերեայ գիւղաքաղաքին մէջ: Սամուէլենք հոս կը մնան մօտ երկու ամիս: Մօր եւ որդւոյն այս հանդիպումը մանրամասնութեամբ եւ յուզիչ կերպով ներկայացուած է աբխազահայ ուսուցիչ Եփրեմ Զաքարեանի յօդուածին մէջ, որ հիմնուած է «Զանակ տատ»ի վկայութիւններուն վրայ: Նախքան այս ճամբորդութիւնը, Սամուէլ 10 Յունիս 1964 թուակիր նամակին մէջ, առ ի պատրաստութիւն այս պատմական հանդիպումին, մօրը կը գրէ. «Սիրելի՛ մայրիկ, միայն քեզմէ պիտի խնդրեմ որ ինքզինքդ քաջ պահես հանդիպման ժամանակ, որ չըլլայ յուզուիս եւ հիւանդանաս, որով շատ ալ դիւրին բան չէ 44 տարի իրարմէ բաժնուած ըլլալ եւ 44 տարի ետքիրարու միանալ եւ իրարմէ կարօտ առնել. Նորէն, նորէն կը կրկնեմ, ինչպէս մինչեւ հիմա քաջ եւ առողջ մնացիր, համբուրուելու ժամանակն ալ ինքզինքդ ամո՛ւր բռնէ»:

Զանակ կը մահանայ 1986-ին, Կանթիատիի մէջ: Սամուէլ կը մահանայ 2005-ին, Լիբանան:

Աղբիւրներ

  • Այս յօդուածի պատրաստութեան համար գործածուած են Սամուէլի որդի Իշխան Անդրանիկեանի եւ Կարօ Տէրունեանի հաւաքած նիւթերը:
  • Եփրեմ Զաքարեան, «43 տարի անց», Ձայն Համշենական ամսաթերթ, Երեւան, թիւ 3-4 (80-81), Մարտ-Ապրիլ 2011, էջ 6-8:
  • Բաբգէն Տէր Գէորգեան, Կեանքը որբանոցներուն մէջ, Պէյրութ, 1963, 283 էջ: