Դամասկոսի հայկական գաղթակայանները 1920-ական թուականներէն սկսեալ
Հեղինակ՝ Սեւան Պօղոս Տէր Պետրոսեան, 18/03/22 (վերջին փոփոխութիւն՝ 18/03/22)
Ցեղասպանութեան յաջորդող տարիներուն ստեղծուած գաղթակայանները կը ներկայացնեն կարեւոր եւ հիմնական փուլ մը վերապրող հայութեան ընդհանուր կեանքին եւ անոր հոլովոյթին մէջ։
Այս յօդուածով կը ներկայացուին Դամասկոսի հայկական գաղթակայանները (ժողովրդային լեզուով անոնք ծանօթ են «քէմփ» անունով), որոնք հաստատուած են 1921-ի վերջերէն սկսեալ՝ դէպի Սուրիա եւ Լիբանան կատարուած հայերու գաղթէն ետք։ Գաղթականութեան այս ալիքը ծայր կ՚առնէ երբ ֆրանսական բանակները կը սկսին քաշուիլ Կիլիկիայէն եւ ամբողջ տարածքը կ՚անցնի թուրքերու տիրապետութեան տակ։ Նախքան թրքական զօրքերուն մուտքը, հայերու զանգուածային գաղթի շարժում մը ծայր կ՚առնէ յատկապէս դէպի Սուրիա եւ Լիբանան։ Նոր հասնողները մեծաւ մասամբ կը հաստատուին մեծ քաղաքներու մէջ հապճեպօրէն կառուցուած գաղթականական կայաններու մէջ, ինչպէս Հալէպի, Պէյրութի, Դամասկոսի, Իսկէնտէրունի (Ալեքսանտրէթ) մէջ։
Սուրիոյ եւ Լիբանանի ֆրանսական հոգատար իշխանութիւններուն համար հրամայական էր հայերու բնակեցումի ծրագիրներու իրականացումը։ Այլ խօսքով, զանոնք պէտք էր դուրս բերել մեծ քաղաքներու մէջ գտնուող գաղթակայաններէն եւ բնակեցնել նոր թաղամասերու մէջ։ Այսպէս, 1926-էն սկսեալ կարելի կ՚ըլլայ ընդհանուր յայտարարի մը բերել զանազան հաստատութիւններու բնակեցումի ճիգերը եւ անցնիլ գործնական աշխատանքներու։ Գործի գլուխն անցած հաստատութիւններէն գլխաւորներն էին՝ Ազգերու Լիկայի գաղթականներու յանձնակատարութիւնը, ֆրանսական հոգատար իշխանութիւնները, Սուրիոյ եւ Լիբանանի պետութիւնները, Միջազգային Կարմիր խաչը եւ Հայկական Բարեգործական Ընդհանուր Միութիւնը։ Այս աշխատանքներուն ընդհանուր համակարգողն էր Ազգերու Լիկայի գաղթականներու յանձնակատարութիւնը (ծանօթ էր նաեւ «Նանսէնի գրասենեակ» անունով) եւ անոր ներկայացուցիչ զուիցերիացի Ժորժ Պիւրնիէն։
Գաղթական հայերը Դամասկոսի մէջ հաստատուած էին երկու տարբեր բնակավայրերու մէջ։ Առաջինը կը գտնուէր քաղաքին պատմական պարիսպներէն դուրս կառուցուած գաղթակայաններու մէջ, որոնք ժամանակի ընթացքին կը վերածուին հայկական թաղամասերու։ Երկրորդը՝ Դամասկոսի պարիսպներէն ներս էր, ուր հայ գաղթականները վարձով կ՚ապրէին արաբական տուներու կամ խաներու սենեակներու մէջ։
Ալ-Քատամ քէմփ
Հայ գաղթականներու խումբ մը ապաստան կը գտնէ Ալ-Քատամ շոգեկառքի կայանին մօտիկ գտնուող օսմանեան զօրանոցի մը մէջ, ուրկէ օսմանեան զօրքերը հեռացած էին։ Սակայն այստեղի գաղթականները շուտով կը տեղափոխուին Դամասկոսի մեծամասնութեամբ քրիստոնէաբնակ թաղամասերը եւ այդ պատճառով ալ այս գաղթակայանը կարճատեւ կեանք մը կ՚ունենայ։
Քէմփ Տիգրան (կամ Պապ Շարքի քէմփ)
Գաղթականներու այլ խումբ մը կը հաստատուի Դամասկոսի Պապ Շարքիի (Արեւելեան դարպաս) պարիսպներէն անմիջապէս դուրս, հարաւային կողմը, հոն ուր այդ տարիներուն կը բանէր ապակիի գործարան մը։ Այդ քէմփին կամ վրանաքաղաքին բնակիչները կարճ ժամանակ ետք իրենց թիթեղաշէն տուներուն փոխարէն կը կառուցեն աւելի ամուր բնակարաններ։ Այս գաղթակայանը ծանօթ էր Պապ Շարքի քէմփ կամ Քէմփ Տիգրան անուններով։
1920-ականներու երկրորդ կիսուն, ծայր կ՚առնէ հայկական գաղթակայանները փակելու եւ անոնց համար նոր թաղամասեր կառուցելու ծրագիրը։ Քէմփ Տիգրանի պարագային ծրագիրն էր գաղթականները նոյն վայրին մէջ պահել, եւ հոս անոնց համար նոր, ամուր տուներ կառուցել։ Այս տուներէն շատեր մինչեւ օրս կանգուն են։
Ուրեմն, կը պատրաստուի այս թաղամասին յատակագիծը, տուներու կառուցումին վրայ կը հսկէ Ժորժ Պիւրնիէ՝ «Նանսէնի գրասենեակ»ին ներկայացուցիչը։ Գաղթականները չէին կրնար իրենց նոր տուներուն կառուցման ծախսերը հոգալ։ Այս պատճառով ալ իւրաքանչիւր բնակիչ Պիւրնիէի գրասենեակին հետ կը ստորագրէ պայմանագիր մը, ըստ որուն տան կառուցման ծախսերը պարտքով պիտի վճարէին յաջորդող եօթը տարիներուն ընթացքին եւ այս ձեւով անոնք պիտի դառնային տանտէրերը իրենց բնակած տուներուն։
Երբ այս գաղթականներուն նիւթական վիճակը կը բարելաւուի, անոնք այդ նոյն շրջանին մէջ հողեր կը գնեն եւ նոր բնակարաններ եւս կը կառուցեն։ Այդպիսով, քէմփին տարածքը կ՚ընդարձակուի եւ բնակչութեան թիւն ալ հետզհետէ կ՚աճի։
Դամասկոս. Քէմփ Տիգրանը 1920-ական թուականներուն։ Գաղթականներուն համար քարաշէն նոր տուներ կը կառուցուին
(Աղբիւր՝ Ֆրանսայի Արտաքին գործոց նախարարութիւն, Centre des Archives diplomatiques de Nantes - CADN)։
Քէմփ Տիգրանին տուները նոյնանման էին. երկյարկանի, իւրաքանչիւր յարկ՝ 7x5 քառ. մեթր։ Գործածուած գլխաւոր շինանիւթերը յարդախառն ցեխը, տախտակը եւ կաւն էին։ Տանիքն ու առաստաղը կառուցուած էին գերաններով։ Տուները կը նկատուէին առողջապահական. ունէին արեւոտ լուսամուտներ, կը գտնուէին լայն ճամբու մը հարեւանութեամբ։ Աւելին, իւրաքանչիւր տուն ունէր իր առանձին բաղնիքը եւ արտաքնոցը։ Միակ խնդիրը ջուրի մատակարարումն էր. ջուրը պէտք էր ձեռքով կրել Պապ Շարքիի մօտակայ աղբիւրէն, որ Քէմփ Տիգրանէն մօտ 500 մեթր հեռաւորութեան վրայ կը գտնուէր։
Բնակիչներուն արհեստանոցները քէմփին մէջ չէին. աշխատանքի համար անոնք այլ վայրեր կ՚երթային։ Բայց այստեղ կը գործէին Տիգրանին փուռը, Պաքքալ (նպարավաճառ) Լեւոնը եւ Պաքքալ Նուպարը։ Այս քէմփին բնակիչներուն կարեւոր հատուածը Հաճընէն գաղթած հայեր էին։
Քէմփ Տիգրանին իւրայատկութիւնը այն է, որ անիկա մինչեւ օրս պահած է իր կառոյցը։ Միայն երկու կամ երեք հայ ընտանիքներ տակաւին հոս կ՚ապրին։ Բայց մինչեւ այսօր այս շրջանը կը կոչուի «Հայերու թաղամաս» (حي الأرمن) եւ հայերու կառուցած տուները կը շարունակեն գոյատեւել։
Խչերի Քէմփ
Դամասկոսի Զապլաթանի շրջանին մէջ նոյնպէս կը հաստատուի հայերու գաղթակայան մը, ուր բնակիչները կ՚ապրէին վրաններու տակ։ Սկզբնական շրջանին վրանաքաղաքին մերձակայ շրջաններուն մէջ գաղթականները կը սկսին կառուցել ցեխէ եւ տախտակէ պարզունակ տուներ թիթեղեայ տանիքներով։ 1924-ին, նոր գաղթականներ կը հասնին Կիլիկիայէն. անոնց շարքին էր Խչեր Կէօնճեանը՝ Ատանայէն։ Ան կը հաստատուի Զապլաթանի շրջանին մէջ, ուր կը վարձէ տուն մը իր եւ իր ընտանիքին անդամներուն համար։ Երբ կ՚ուզէ իր գաղթական բարեկամներուն եւ ազգականներուն համար ալ սենեակներ վարձել, կը նկատէ, թէ նոր տնակներ կառուցելը (հինգ ոսկի) աւելի մատչելի է քան տարեկան վարձը՝ 14 ոսկի։ Այս պատճառով, Խչերը համաձայնութեան կու գայ իր արաբ դրացիին հետ եւ անոր պատկանող հողամասին վրայ կը կառուցէ տնակներ եւ իւրաքանչիւրը տարեկան երեք ոսկիով վարձու կու տայ հայ գաղթականներուն։ Տուներուն թիւը կը հասնի հարիւրի, իսկ բնակչութեան թիւը կը դառնայ 1,300։
Այս պատճառով է որ Զապլաթանի գաղթակայանը հետագային կը կոչուի Խչերի քէմփ։ Սկզբնական տարիներուն այս քէմփը տեղաբնիկ արաբներուն կողմէ «Հայերու Քէմփ» (كم الأرمن) կ՚անուանուի։ Տեղի արաբներու խօսակցական լեզուին մէջ «քէմփ» բառին վերջին «փ» ձայնը կորսուած է եւ դարձած՝ «Քըմմ ըլ Արման»։
Այս քէմփը կը գտնուի Դամասկոսի «Պըրճ ըլ Ռուս» հրապարակի արեւելեան կողմը, «Քորնիշ Զապլաթանի»ի արեւմուտքը, «Ալ Սալիպ» (Ս. Խաչ) եկեղեցւոյ հարաւային, իսկ «Պութրոս ալ-Պսթանի» ճամբուն հիւսիսային կողմը։ Քէմփին շրջանը այսօր ծանօթ է «Հարէթ ալ Սալիպ» (Խաչ թաղամաս) անունով։
Այսպիսով, 1920-ական թուականներուն Խչերի քէմփի գաղթականները վրաններէն դէպի եռանկիւն տանիքներով տուներ կը փոխադրուին։ Բնակարանները պատուած էին տախտակով եւ կաւ-ցեխի խառնուրդ շինանիւթով։ Տանիքները եռանկիւնաձեւ եւ թիթեղեայ էին. անոնց վրայ քարեր ալ կը շարուէին հովէն պաշտպանուելու համար։
1930-ական թուականներուն, երբ գաղթականներուն վիճակը յարաբերաբար կը բարելաւուի, անոնք տուները կը վերակառուցեն հիմնուելով իրենց հայրենի քաղաքներուն եւ գիւղերուն ճարտարապետական ոճին վրայ։ Այսպէս, տուներուն մեծ մասը երկյարկանի էր, տանիքները՝ տափակ, Այնթապի եւ Մարաշի տուներուն օրինակով։ Բակ չունէին եւ երկու յարկերը իրարու կը միանային արտաքին աստիճանով մը։ Թաղին գլխաւոր մուտքը միաժամանակ բոլոր տուներուն մուտքն էր։
Դամասկոս, Խչերի քէմփ։ Հոս հաստատուած գաղթականներու խումբ մը 1920-ականներու սկիզբին։
Գաղթականի վրանը եւ նոր կառուցուած տունը տակաւին կողք կողքի են։
Ըստ դամասկահայ Վերժին Մինասեան Տէր Պետրոսեանի վկայութեան, գաղթակայանին մէջ կենցաղային տարրական պայմաններ չկային։ Գետինը հարթ չէր, կոյուղիներ չկային, ջուրը յաճախ ճամբուն մէջտեղէն բացուած անցքերէ կը հոսէր։ Ճամբաները ամառը փոշոտ էին, իսկ ձմեռը՝ ցեխոտ։ Տուները առանձին արտաքնոց չունէին. կը գործածուէին հաւաքական արտաքնոցներ։ Ջուրը կը մատակարարուէր զանազան հորերէ։ Իւրաքանչիւր հոր մետաղեայ ջրհան մը ունէր՝ հորէն ջուր հանելու համար։ Վերակառուցուած պատերը երբեմն քարէ էին, երբեմն ալ շինուած էին ցեխով եւ կաւով։ Տանիքը եւ առաստաղը կազմուած էին երկար գերաններէ։
1940-ական թուականներուն, երբ հայերուն նիւթական պայմանները աւելի եւս կը բարելաւուին, շատեր իրենց տուները կը քանդեն եւ կը կառուցեն աւելի արդի ոճի բնակարաններ։ Անոնց աստիճանները այլեւս տուներէն ներս էին, պատերը հիւսուած էին քարով եւ պէթոնով, իւրաքանչիւր տուն օժտուած էր ելեկտրականութեամբ, ինչպէս նաեւ ջուրի մատակարարման խողովակներով, կոյուղիներով։ Վերջապէս, փողոցները նոյնպէս պեթոնով պատուած էին։
Խչերի քէմփին մէջ ապրող գաղթականներուն մեծամասնութիւնը կու գար Մարաշէն, Այնթապէն, Ատանայէն, Մուսա Լեռէն, Ուրֆայէն, Տիարպեքիր/Տիգրանակերտէն։ Հայերէն բացի կային նաեւ կարգ մը ասորիներ, որոնք կու գային նոյն այդ վայրերէն։
Սարգիս Պուռունսուզեան իր գիրքին մէջ («ارمن دمشق» [Դամասկոսի հայերը]) կը նշէ, որ սոյն գաղթակայանին մէջ տիրող ընկերային յարաբերութիւնները պարզ եւ ինքնաբուխ էին, բոլորն ալ մէկը միւսին ուրախութիւնն ու սուգը միասին կը կիսէին։ Շաբաթ օրերը քէմփը մաքրելու օրն էր։ Ճամբաները կը ջրուէին, լուացքը կը փռուէր եւ պատրաստութիւններ կը տեսնէին Կիրակի օրը դիմաւորելու համար։ Շաբաթ գիշերները տօնախմբութիւններ տեղի կ՚ունենային։ Թաղը ունէր իր նուագախումբը. ուտ, մանտոլին, քլարինէթ, տարպուքա։ Կը նուագուէին ու կ՚երգէին ժողովրդական մեղեդիներ։
Խչերը թաղին մուխթարն էր (թաղապետ) եւ հիմնադիրներէն էր գաղթակայանին «Բաբգէնեան» վարժարանին (հիմնուած 1935-ին)։
Ինչպէս տեսանք, յատկապէս սկզբնական տարիներուն քէմփին բնակչութիւնը աղքատ էր, ճամբաները աղտոտ էին, սակայն գաղթականներուն տուներէն ներս կ՚իշխէր մաքրութիւնն ու կոկիկութիւնը։ Հոս է որ գետինը, պատերուն կամ կահ-կարասիի վրայ կը ցուցադրուէին կիներուն գործած ձեռագործ սաւանները եւ քիլիմները։ Իսկ տղամարդիկ արհեստաւոր էին. կօշկակար, գորգագործ, փողկապ կարող, եւայլն։
1947-ին, այս գաղթականներէն խումբ մը ներգաղթի կարաւանով կը մեկնի Խորհրդային Հայաստան։ Փոխարէնը, քէմփին մէջ կը հաստատուին Դամասկոսի արուարձաններէն եկող արաբ քրիստոնեաներ։
1970-ական թուականներուն, այս թաղամասի ընդհանրապէս երկյարկանի տուները կը դառնան քառայարկ եւ շրջանը կը սկսի արագ բարգաւաճիլ։ Մինչեւ այսօր ալ հայ ընտանիքներ կը շարունակեն հոս բնակիլ։
Մուխթար Խչերն ալ իր տունը կը վերածէ չորս յարկանի շէնքի մը։ Մինչեւ այսօր տան բակին մէջ կը պահուի հին ջրհորը։ Իր զաւակներն ու թոռնիկները տակաւին նոյն այս շէնքին մէջ կը բնակին։ 1991 թուականին, հոն ապրած է նաեւ Հայաստանի Հանրապետութեան Դամասկոսի առաջին դեսպան Դաւիթ Յովհաննիսեանը։
Դամասկոս, Խչերի քէմփ։ Կը տեսնենք երկյարկանի տուներուն քանդումը։
Անոնց տեղ պիտի կառուցուէին աւելի արդի քառայարկ շինութիւններ։
Գաղթականներ Դամասկոսի պարիսպներէն ներս
Այս խումբին պատկանող գաղթականները բնակելու վայրեր վարձած են արաբական տուներու կամ խաներու մէջ՝ Դամասկոսի հին քաղաքին պարիսպներէն ներս. Պապ Շարքի, Պապ Թումա եւ Ալ-Ապպարա շրջաններուն մէջ։ Այլ խօսքով, այս հայերը գաղթակայանի մէջ չեն ապրած։
Հայոց եկեղեցւոյ պողոտայ (Պապ Շարքի)
Հոս հաստատուած գաղթականները Ս. Սարգիս Հայոց Վանքին պատկանող տուներ եւ սենեակներ կը վարձեն։ Անոնցմէ մաս մը ձրիաբար կը մնայ, նկատի ունենալով որ ծերեր էին, այրի կիներ կամ շատ աղքատ ընտանիքներ։ Այս գաղթականներուն բնակավայրերը վանքը կը շրջապատէին հիւսիսային,հարաւային եւ արեւմտեան կողմերէն։ Մինչեւ օրս, հարաւային մասը «Հայոց եկեղեցւոյ պողոտայ» (جادة كنيسة الأرمن) կը կոչուի։ Հոս նշենք որ Ս. Սարգիս վանքը կը գտնուի Դամասկոսի արեւելեան կողմը՝ Պապ Շարքի դռան կողքի պարիսպին կից։ Եկեղեցին գոյութիւն ունի 15-րդ դարէն ի վեր։
Փելերինի քէմփ
Գաղթականներու ուրիշ խումբ մը կը հաստատուի Դամասկոսի Պապ Թումա շրջանը, Պապ Թումայի կամուրջին մօտիկ, հոն ուր կը գտնուի Ալ Թաքաֆի մզկիթը։ Այս բնակավայրին արեւելեան կողմը ուղղակի մզկիթին կռնակի հատուածն է։ Այստեղ համախմբուած էին Խարբերդէն գաղթած շուրջ 35 ընտանիք, որոնք կ՚ապրէին արաբական բակեր ունեցող տուներու մէջ։ Այս թաղը կը կոչուէր «Ուսթա Կարապետի թաղ»։ Ուսթա Կարապետին իրական անունը Կարապետ Մելիտոսեան էր, խարբերդցի մը, թաղամասին հիմնադիրներներէն եւ անոր մուխթարը (թաղապետ)։ Հետագային, վայրը կը սկսի կոչուիլ «Փելերինի քէմփ»։
Ապպարա
Հայ գաղթականներու խումբ մըն ալ կը հաստատուի Դամասկոսի Ապպարայի շրջանին մէջ, Սուրբ Սարգիս հայկական եկեղեցիին կալուածին վրայ կառուցուած տնակներու կամ խանին մէջ։ Գաղթականները աւելի շատ անօգնական ծերեր էին, որոնց ապաստան կը տրուի եկեղեցապատկան այս տնակներուն մէջ։ Այս փոքր կառոյցները ժամանակին կը ծառայէին իբրեւ կացարան Երուսաղէմ մեկնող հայ ուխտաւորներուն համար։
Գաղթականներուն այս բնակավայրը շատ մօտիկ էր Ս. Պօղոս սրբավայրին, որ աւելի ծանօթ է Ապպարա ( عّبارة) անունով։ Այս անունը ունի իր պատմութիւնը։ Այսպէս, Ս. Պօղոսը հալածական վիճակի մէջ էր, հոս է որ զինք կը դնեն մեծ սակառի մը մէջ եւ այս ձեւով կը յաջողի փախուստ տալ։ «Ապպարա» արաբերէն կը նշանակէ «անցք»։
Այժմ այս քէմփէն ոչ մէկ հետք մնացած է։
Աղբիւրներ
- https://www.albayan.ae/books/from-arab-library/2017-11-21-1.3106878
- http://www.maaber.org/issue_april19/spotlights1.html
- Սարգիս Պուռունսուզեան, ارمن دمشق, [Դամասկոսի հայերը], 2016, Դամասկոս։
- Վկայութիւն՝ Վերժին Տէր Պետրոսեանի (ծնեալ Մինասեան)։ Ձայնագրութիւնը կատարուեցաւ 15 Հոկտեմբեր 2021-ին, Դամասկոս։