Պէյրութի գաղթակայան (Մեծ քէմփ), 1927-ի շուրջ։

Կարօ Տէրունեան հաւաքածոյ - Պէյրութ, Լիբանան

Այս էջով ներկայացուած նիւթերը ստացանք Կարօ Տէրունեանէն (Լիբանան)։ Հոս կը ներկայացուին Մաճառեան եւ Տէրունեան ընտանիքներուն հաւաքածոները։ Տարբեր վայրերէ (Տրապիզոն, Կեսարիոյ եւ Մարաշի շրջաններ) եկող սոյն ընտանիքները խնամիական կապերով միացած են իրարու եւ անոնց պատկանած յուշիրերը ներկայիս կը գտնուին Կարօ Տէրունեանի քով։

Տէրունեան / Տէր Մկրտիչեան / Կէﬕքսիզեան ճիւղ՝ Տրապիզոն, Կեսարիոյ եւ Մարաշի շրջաններ

Կարօ Տէրունեանի մեծ հայրը Յակոբ Տիրիիլլէրն է, որ ծնած է Մարաշի Քիշիֆլի գիւղը (Մարաշ քաղաքին արեւմուտքը)։ Ան Տէրունեան մականունը կ՚որդեգրէ 1920-ականներու սկիզբը Լիբանան գաղթելէ ետք։ Կարոյին մեծ մայրը Էլմաստ Կէﬕքսիզեանն է, որ ﬕնչեւ 1920 թուականը ապրած է Մարաշ քաղաքին մէջ եւ աշխատած է Քերլաքեան ընտանիքին քով։ Էլմաստ եւ Յակոբ իրարու կը ծանօթանան Պէյրութի գաղթականական քէմփին մէջ եւ կը պսակուին նոյն քէմփի Ս. Խաչ եկեղեցիին մէջ։ Կ՚ունենան չորս զաւակ. Արթին (ծն. 1925), Աւետիք (ծն. 1927, Կարօ Տէրունեանի հայրը), Անուշ (ծն. 1929), Կատար (ծն. 1933)։ Ընտանիքը քէմփէն դուրս կու գայ եւ կը փոխադրուի Պուրճ Համուտի նորակառոյց Նոր Մարաշ թաղամասը։

Աւետիք Տէրունեան հոս կ՚ամուսնանայ Մարի Տէր Մկրտիչեանի հետ, որուն հայրը՝ Մեսիա Տէր Մկրտիչեան Կեսարիոյ Էքրէք քաղաքէն էր, իսկ մայրը՝ Հայկանուշ Տէր Մկրտիչեան, ծնած էր Տրապիզոն։

Մեսիային ընտանիքի անդամներ սերունդներով քահանայ եղած են, ընտանիքը նաեւ Էքրէքի մէջ կալուածատարէր էր։ Գիտենք որ Առաջին համաշխարհային պատերազմին բռնկումէն առաջ Մեսիան կը գաղթէ Միացեալ Նանանգներ, ուր կ՚աշխատի Ուիսքանսըն քաղաքի գործարաններուն մէջ։

Հայկանուշ Տրապիզոնի մէջ երեք քոյր ալ ունէր։ Մայրը երիտասարդ տարիքին կը մահանայ, որմէ ետք հայրը կը վերամուսնանայ։ Ընտանիքին բանաւոր պատմութեան մէջ կը պահուի ուշագրաւ դրուագ մը Հայկանուշի մասին, որ կը միտինք այստեղ վերարտադրել։ Հօր վերամասնութենէն ետք ընտանիքին թուրք բարեկամներէն մէկը փափաք կը յայտնէ որդեգել Հայկանուշը։ Այդպէս ալ կ՚ըլլայ եւ Հայկանուշը կը սկսի ապրիլ թուրք ընտանիքին հետ. հոս ան կը շարունակէ պահել իր հայկական անունը, բայց նոյն ժամանակ ալ իսլամական կրթութիւն կը ստանայ։

Այս բանաւոր պատմութեան մէջ թուականները եւ աշխարհագրական վայրերը այնքան ալ յստակ չեն։ Միայն գիտենք, որ երբ Հայկանուշը ամուսնացնելու պահը կու գայ, հայ կամաւորներ արգելք կը կենան այս քայլին, կը փախցնեն աղջիկը եւ պահ մըն ալ կը բանտարկեն, քանի որ Հայկանուշ կը մերժէր հեռանալ իր որդեգիր ընտանիքէն, ինքզինք աւելի ապահով համարելով հոն։ Կ՚ենթադրենք որ այս դէպքերը տեղի կ՚ունենան զինադադարէն ետք, այլ խօսքով 1919-ի շուրջ, հաւանական վայրն ալ Ատանայի տարածքն է, ուր այն ժամանակ կը գործէր Հայկական լեգէոնը։

Այս դէպքէն ետք կը պատմուի որ Հայկանուշ կ՚ամուսնանայ հայ լէգէոնականի մը հետ, յղի կը մնայ, բայց ամուսինը զինուորական իր խումբին հետ կը մեկնի Մարաշ եւ հոն ալ անոր հետքը կը կորսուի։
 

Յետ-պատերազմեան այս ժամանակներուն է, որ Մեսիան կը վերադառնայ Միացեալ Նահանգներէն, հաւանաբար Ցեղասպանութենէն վերապրած ընտանիքի անդամներ գտնելու յոյսով։ Բայց շուտով ի յայտ կու գայ որ ընտանիքը ամբողջութեամբ բնաջնջուած է։ Այս ընթացքին Մեսիան կը ծանօթանայ Հայկանուշին, թէեւ ան տարիքով շատ աւելի մեծ էր կնոջմէն, բայց կ՚ամուսնանան։ Հայկանուշը տակաւին յղի էր, բայց Մեսիան անոր կը յայտնէ, որ ծնելիք զաւակը պիտի ընդունի իբրեւ իր հարազատը։ Կը ծնի դուստր մը, որուն անունը կը դնեն Նուէր։  հետագային ալ բոլորը միասին կը գաղթեն Լիբանան, ուր կ՚ապրին Սարպայի (Պէյրութէն հիւսիս, Ժունիէի մօտիկ) շրջանին մէջ Կեսարիոյ շրջանէն ժամանած բազմաթիւ այլ հայրենակիցներու հետ միատեղ։

Մեսիա եւ Հայկանուշ կ՚ունենան այլ զաւակներ. Մանուկ, Կարապետ, Նուպար եւ Մարի (Կարոյին մայրը)։

1. Արթին Տէրունեանի 1925 թուակիր լիբանանեան անձնաթուղթը։ Ապրելատեղ նշուած է Պէյրութի Մըտաուուար թաղամասը, ինչ որ կը համապատասխանէ հայկական գաղթակայանի վայրին։
2. Էլմաստ Տէրունեանի (ծնեալ Կէﬕքսիզեան) 1925 թուակիր լիբանանեան անձնաթուղթը։ Նշուած է որ ծնած է Մարաշ 1896-ին, հայրանունը՝ Գարեգին։

1. Լիբանանեան բանտի մը մէջ արգելափակուած Կիրակոս Կէմիքսիզեան (ծնած Մարաշ), որ Էլմաստի եղբայրն է։ Արհեստով շինարար էր եւ Պուրճ Համուտի մէջ կառուցուած բազմաթիւ տուներ կը համարուին իր գործը։ Կ՚ըսուի որ 1920-ական թուականներուն զրպարտութեան մը հետեւանքով տեղական իշխանութիւնները զինք կարճ ժամանակով բանտարկած են Պէյրութի Էշրեֆիէ թաղամասի բանտին մէջ։
2. Կիրակոս Կէմիքսիզեան լուսանկարուած բանտին մէջ։

1. Անթիլիաս, Լիբանան, 1958։ Խորքին կ՚երեւի Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսարանը։ Երկաթուղագիծին վրայ կեցած զինուորը ամերիկացի մըն է, մաս կը կազմէ նոյն տարուան մէջ ճիշդ այս վայրին մէջ ցամաքահանում կատարած ամերիկեան բանակին։ Անոր կողքի աղջնակը Հայկանուշ Տէր Մկրտիչեանն է՝ Նուպար Տէր Մկրտիչեանի դուստրը։ Նշենք որ քիչ մը անդին կը գտնուի նաեւ Մեսիա եւ Հայկանուշ Տէր Մկրտիչեանի տունը։

2. Մարի Տէր Մկրտիչեան (յետագային Տէրունեան) լուսանկարուած Անթիլիասի (Լիբանան) ծովեզերքը, 1950-ականներուն։ Ձախին կ՚երեւի կաթողիկոսարանի մայրավանքը։ Իսկ Մարիի ետին երեւցող քարաշէն կառուցուածքը իրենց տունն է։

1. Աւետիք Տէրունեան աշխատանոցին մէջ գործի պահուն։ Ան պղնձեայ կամ արծաթեայ առարկաներ փայլեցնող էր («ֆըրչաճի»)։
2. Աւետիք Տէրունեան (կեդրոնը) արհեստանոցին մէջ այլ արհեստակիցներու կողքին։

 1. Էլմաստ Տէրունեանի (ծնեալ Կէﬕքսիզեան) պատկանած հայատառ թրքերէն աղօթագիրք. «Տուա Քիթապը», Մ. Յովակիմեան մաթպաասը, 1925, Իսթամպօլ։

2. Պօղոս Վրդ. Պզտիկեան, «Աղօթագիրք», Զմմառ, 1927։ Հեղինակը, որ միաժամանակ Պուրճ Համուտի «Մեսրոպեան» վարժարանի հիմնադիրներէն էր եւ առաջին տնօրէնը, այս գիրքը նուիրած է իր աշակերտին՝ Աւետիք Տէրունեանին։

1. Տէրունեան ընտանիքին պատկանած պղնձեայ աման
2. Տէրունեան ընտանիքին պատկանած պղնձեայ մաղ։

Սառա Մաճառեան ճիւղ՝ Մարաշ

Այս էջի գլխաւոր հաւաքածոն կը պատկանի Սառա Մաճառեանին, որ ծնած է Մարաշ 1909-ի շուրջ։ Ցեղասպանութեան տարիներուն Սառան եւ քոյրը՝ Մարկօն, կ՚ըլլան իրենց ընտանիքի միակ վերապրողները։ Առաջին համաշխարհային պատերազմէն ետք անոնք ապաստան կը գտնեն զանազան որբանոցներու մէջ, որոնցմէ մեզի ծանօթ են Շեմլանի (Լեռնալիբանան, Ալէյի մօտիկ) եւ Ղազիրի (Պէյրութէն հիւսիս) աղջկանց որբանոցները։ Այս երկուքն ալ կը ղեկավարուէին Մերձաւոր Արեւելքի նպաստամատոյց կոմիտէի (Near East Relief - NER) կողմէ։

26 Յունիս 1924-ին Սառան հիւանդապահուհի կը վկայուի Հալէպի մէջ գտնուող Կեդրոնական Թուրքիոյ Աղջկանց Գոլէճէն (Central Turkey Girls College), որ նախապէս կը գտնուէր Մարաշ։ Այնուհետեւ, քրոջ՝ Մարկոյին հետ միասին կը յաճախեն Պէյրութի ամերիկեան համալսարանը, ուր կը կատարելագործեն հիւանդապահուհիի իրենց գիտելիքները։ Սառան կը դառնայ գլխաւոր հիւանդապահուհի (head nurse)։ Մարկօն կանուխէն կը պսակուի, իսկ Սառան կը շարունակէ իր ուսումը եւ 1939-ին նոյն ամերիկեան համալսարանէն կը վկայուի իբրեւ մանկաբարձ։

Ան աշխատած է զանազան  հայկական գաղթակայաններու մէջ, ինչպէս Հալէպի եւ Պէյրութի քէմփ, Պուրճ Համուտ եւ Այնճար։ Իբրեւ մանկաբարձ ան գործակցած է դանիացի միսիոնար Մարիա Եաքոպսընի եւ զուիցերոիացի Եաքոպ Քիւնցլերի հետ։ Օրիորդ Սառա կ՚ապրէր Պուրճ Համուտի Սիս թաղամասին մէջ։ Իր հեծանիւով կը շրջագայէր հայկական թաղամասին մէջ՝ բժշկական այցելութիւններ տալով տեղւոյն հայ ընտանիքներուն։ Ան մաս կը կազմէր նաեւ ամերիկեան համալսարանի հիւանդանոցը աշխատող կամաւորներու խումբի մը, որու անդամները կը շրջէին Լիբանանի տարբեր վայրերը եւ ձրի բժշկական խնամք կը շնորհէին տեղացի աղքատ ժողովուրդին։
Գիտենք որ 1950-ականներուն, Օրիորդ Սառա այցելած է Միացեալ Նահանգներ, ուր հանդիպած է Մարաշէն հարազատներու։

Օրիորդ Սառան բողոքական էր, ջերմեռանդ քրիստոնեայ մը, որ երկար ժամեր կը տրամադրէր Աստուածաշունչի ընթերցանութեան։ Կը մահանայ Սեպտեմբեր 1994-ին, Լիբանան։

Սառային քոյրը Մարկօն կ՚ամուսնանայ Հայկազուն Յակոբեանի հետ, որ որբանոցի մէջ հասակ առած երիտասարդ մըն էր։ Օրիորդ Սառան, որ մինչեւ կեանքին վերջը ամուրի կը մնայ, մեծապէս կը հոգար քրոջ ընտանիքին պէտքերը։ Հայկազունի դուստրը Այտա Յակոբեանն էր (հետագային Ռաֆաէլեան)։ Այտայի դուստրը՝ Գարոլին, Կարօ Տէրունեանի կինն է։ Այս ձեւով է, որ Օրիորդ Սառայի նիւթերը ներկայիս կը պահուին Կարօ Տէրունեանի քով։


Օր. Սառայի մանկաբարձի պայուսակը, որ միշտ իր կողքին կ՚ըլլար երբ բժշկական այցելութիւններ կու տար զանազան ընտանիքներու։

Օրիորդ Սառային Աստուածաշունչը, զոր նուէր ստացած է Պէհէսնիլեան ընտանիքէն 5 Սեպտեմբեր 1972ին։
Այս գիրքը Օրիորդ Սառայի կողքին եղած է մինչեւ իր կեանքի վերջին օրերը, երբ գիտակից իր մօտալուտ մահուան զայն կը նուիրէ Գարոլին Տէրունեանին։

Օրիորդ Սառային վկայականներուն մետաղեայ պահպանակը։