Գազանճեան-Թօփճեան հաւաքածոյ - Հալէպ
Հեղինակ՝ Մարուշ Երամեան, 26/08/21 (վերջին փոփոխութիւն՝ 26/08/21)
Երկու կողմիս ալ՝ թէ՛ հօրենական, թէ՛ մօրենական մեծ մեծ պապերը հին հայեր եղած են՝ արման ատիմ, որոնք ապրած են Հալէպի մէջ, ջարդերէն եւ գաղթականներուն Հալէպ հասնելէն շա՜տ առաջ:
Կ'ըսուի թէ Հալէպի մէջ հայերուն պատմութիւնը շատ հեռու կ'երթայ, մինչեւ Տիգրան Մեծի օրերը: Ուրիշներ կը նշեն տասերորդ դարը: Փաստօրէն Հալէպի մայր եկեղեցիին՝ Ս. Քառասուն Մանուկի գետնափոր եկեղեցին, որ հազուադէպ առիթներու կը բացուի եւ խիստ նեղ բացուածքէն իջնելու առիթ կը ստեղծուի, վեցերորդ դարուն կը վերագրուի եւ կը համարուի այդ ժամանակաշրջանէն Հալէպի մէջ հայերու գոյութեան փաստ մը:
Քսաներորդ դարուն սկիզբները Հալէպի հայերը սկսած էին արաբանալ. եկեղեցիին բոլոր արարողութիւնները արաբերէն լեզուով կ'ըլլային. հայերը ամբողջովին մոռցած էին հայերէնը, նոյնիսկ անոնց անուններն ու մականունները արաբացած էին՝ Զէքիյյէ, Մէճիտէ, Էքմէքճի (թերեւս Էքմէքճեան կամ Հացագործեան) Տէօքմէճի, Աճամի, Նահհաս (Գազանճեան), Քայյալի եւ այլն. ազգականական կապերուն անունները եւս արաբերէն էին՝ խալօ, մարթխալօ, խալէ, ամմէ եւ այլն (քեռի, քեռկին, մօրաքոյր, հօրաքոյր):
1915-ի Ցեղասպանութեան ընթացքին եւ անկէ ետք գաղթականներուն Հալէպ հասնիլը կարծէք ցնցումով մը կ'արթնցնէ տեղւոյն հայերուն խիղճն ու ազգային զգացումները. ոչ միայն կը փութան օգնել հասնող հայերուն, այլ իրենք եւս կը սկսին դարձ կատարել դէպի լեզուն եւ ազգայինը: Անունները կը փոխուին, մականունները սակայն նոյնը կը մնան, որովհետեւ Սուրիոյ օրէնքին մէջ խստօրէն արգիլուած է անուն, մանաւանդ մականուն փոխելը:
Հօրենական մեծ պապս՝ Յարութիւն Գազանճեանը 1800-ականներու սկիզբը իր ընտանիքը առած Տիգրանակերտ/Տիարպեքիրէն ճամբայ կ'ելլէ Իսկէնտէրուն/Ալէքսանտրէթ հասնելու համար (այդ օրերուն Սուրիոյ, այժմ Թուրքիոյ տարածքին գտնուող ծովամերձ քաղաք), որպէսզի հոն սպասէ Ամերիկա գացող նաւու մը եւ նաւը նստած հասնի «աւետեաց երկիր»:
-Բայց վիզա ինչպէ՞ս առեր են,- կը հարցնեմ:
-Այն օրերուն վիզա-միզա չկար անշուշտ. նաւը կը նստէիր, բարիով աւետեաց երկրի դուռը՝ Նիւ Եորք կը հասնէիր եւ հոն անունդ արձանագրելէ ետք կ'երթայիր ո՛ւր ուզես. Աստուծոյ տարածքը անսահման...
Հասեր են Հալէպ, որոշեր են հանգստանալ: Քանի մը օր ետք մեծ հայրիկ Յարութիւնը կնոջը կ'ըսէ.
-Խաղաղ, ապահով քաղաք է, մարդիկն ալ բարի են եւ սրտբաց. մնա՞նք:
Կինը լռեր է: Եւ մնացեր են Հալէպ, գործ դրեր են, աշխատեր են եւ իրենց ճակտի քրտինքով իրենց օրապահիկն ու աւելին շահեր:
Մօրենական մեծ մեծ հայրիկս՝ Ֆիլիփ Թօփճեանը, Հալէպի մէջ օսմանեան բանակի ժանտարմ էր: Երեք կին առեր է իրար ետեւէ. երրորդ կնոջ մեռնելէն առաջ ի՛նք մեռեր է.
-Այդ գարշելի քահանան անիծեց զիս,- ըսեր է երրորդ կնոջը,- ես մեռնելիք մարդ չէի:
Քահանան գողութիւն մը ըրած կ'ըլլայ եւ ժանտարմ Ֆիլիփը կը հալածէ զինք: Քահանան գերեզմանատուն կը մտնէ, ժանտարմ Ֆիլիփը ետեւէն ու հոն ոտքը գերեզմանաքարի մը կը զարնուի, գետին կ'իյնայ ... եւ այդ իյնալն է. ա՛լ ոտքի չ'ելլեր: Դատելով պատմուածներէն, ոտքը կանկրէն կ'ըլլայ եւ կը մեռնի տանջուելով:
Բայց կը հասցնէ վեց մանչ եւ երկու աղջիկ ունենալ իր երեք կիներէն: Աղջիկներէն մէկը՝ Արաքսիան, դեռատի հասակին կը մահանայ: Կը մնան Արմենիան եւ վեց մանչերը՝ Կարապետ, Պարթեւ, Բարսեղ, Գրիգոր, Նշան, Արմէն:
Եւ այս վեց մանչերէն միայն վերջինը՝ Արմէնն է, որ իր հօր անունը կու տայ զաւկին:
Ֆիլիփ Թօփճեան կրտսերը այսօր Սպանիա կ'ապրի իր ընտանիքին հետ:
Արմէնը կը յիշուի «Յեղափոխական Ալպոմ»ին [1] մէջ որպէս ահաբեկիչ, որ տէրորի պէտք է ենթարկէր Հալէպ այցելող թուրք կուսակալ մը, սակայն 1909-ին Կիլիկիոյ մէջ Երիտ-թուրքերու կազմակերպած ջարդը սարսափի կը մատնէ հալէպահայութիւնը, որուն պատասխանատուները կը մտածեն ինքնապաշտպանութեան դիմել: Եգիպտոսէն Հալէպ եկած Տիգրան Ծամհուր Արմէնին ռումբ պատրաստել կը սորվեցնէ:
Երբ Հալէպի բարեսիրտ կուսակալին վճռական կեցուածքին շնրոհիւ հալէպահայութեան կը խնայուի հաւանական ջարդը, Արմէն հրահանգ կը ստանայ իրենց խանութին մէկ անկիւնը թաղուած 15 ռումբերը տեղափոխել:
Հակառակ մեծ եղբայրներուն յորդորին՝ ձգել զանոնք ինչպէս որ են, Արմէն կը մտածէ քակել պատրաստած ձեռնառումբերը: Քակելու ընթացքին անոնցմէ մէկը ափերուն մէջ կը պայթի, խլելով իր զոյգ աչքերը, մէկ ձեռքին ափը ամբողջ դաստակէն, իսկ միւս ձեռքէն երկու մատ կը մնայ միայն: Այդ օրերուն տասնինը տարեկան էր:
Հակառակ սիրած աղջկան աղաչանք-պաղատանքին, Արմէն կը մերժէ ամուսնանալ անոր հետ, «Գնա՛ կեանքդ հանգիստ ապրիր» ըսելով: Արմէն Թօփճեան կ'ամուսնանայ շատ ուշ, իր կեանքի աշնան, Ալիս Քէօշկէրեան անունով օրիորդի մը հետ եւ կ'ունենայ մէկ մանչ՝ Ֆիլիփը:
Կարապետ օսմանեան բանակի դեղագործ էր եւ Պաղտատի մէջ կը գործէր: Հոն ալ կը մահանայ խորհրդաւոր պայմաններու տակ:
Գրիգոր իր երկու եղբայրներուն հետ հիմնած է Թօփճեան հաստատութիւնը: Հալէպ քաղաքին ելեկտրականութեան եւ ջուրին կապալառուները եղած են: Գրիգոր Եւրոպա կը ճամբորդէր, հոնկէ ծանր գործիքներ բերելու համար, ինչպէս երկրագործական պաթոսներ: Կը ներածէին նաեւ հեծանիւ, վառարան եւ այլ իրեր:
Գրիգոր կը մահանայ հազիւ երեսունհինգ տարեկանին, արկածահար ինքնաշարժին մէջ բանտարկուած, ծագած հրդեհէն այրելով:
Գրիգոր, մօրենական մեծ հայրս, ամուսնացած էր Խանըմ Գասպարեանին հետ, որուն մայրը՝ Աննա Թափթափեան, ուրֆացի Եօթնեղբայրեաններուն միակ քոյրն էր, իսկ հայրը՝ Յակոբ Էֆէնտի Գասպարեանը:
Երբ Յակոբ Աննան կ'ուզէ, ծնողքն ու եղբայրները կը մերժեն ըսելով, թէ իրենք իրենց աղջիկը դուրս հարս չեն տար: Յակոբ Գասպարեան կը փակէ Հալէպի իր աշխատանոցը, կ'երթայ Ուրֆա, հոն նոր գործ կը բանայ, տուն մը կ'առնէ (կը գնէ՞ թէ կը վարձէ, յստակ չէ) եւ կրկին կը դիմէ Աննային ձեռքը խնդրելու:
Ա՛լ պատճառ չկար մերժելու: Կը պսակեն Աննան Յակոբին:
Տարի մը Ուրֆայի մէջ ապրելէ ետք Յակոբ «կը ծախէ-կը փոխէ» [2] ամէն բան եւ կը վերադառնայ իր սիրելի Հալէպը:
Գրիգոր երբ կ'որոշէ պսակուիլ Խանըմին հետ, կ'ըսէ.
-Այսքան սիրուն աղջկայ մը բնաւ վայել չէ այս Խանըմ անունը. ես քեզ Զուարթ պիտի կանչեմ, որովհետեւ շատ ժպտուն դէմք ունիս:
Մեզի համար մի՛շտ Զուարթ էր մեր իրապէ՛ս ժպտուն, այտերուն փոսիկներով մեծ մայրիկը:
Զուարթ իրմէ մեծ քոյր մըն ալ ունէր՝ Զէքիյյէ անունով, որուն ամուսինը սակայն չէր մտածած անունը փոխել. ան մինչեւ վերջ ալ խալէ Զէքիյյէ մնաց:
Զուարթը եւ Զէքիյյէն երկու եղբայրներ ունէին՝ Արմէն եւ Երուանդ:
Զուարթի եւ Գրիգորի հինգ զաւակներն էին՝ Ազնիւ, Նազելի, Անժէլ, Նուպար եւ Արուսեակ։ Ինչպէս որ Թօփճեանները իրենց օրին կարեւոր տարրեր եղած էին Հալէպի համար, նոյնպէս ալ Գրիգոր Թօփճեանի զաւակներէն գոնէ երեքը կարեւոր տարրեր եղան հալէպահայ գաղութին համար:
Միակ մանչը՝ Նուպարը, որ հինգ զաւակներէն չորրորդն էր, այն օրերուն Հալէպի երկու փոքրերու մասնագէտ բժիշկներէն մէկն էր, որուն կը դիմէր Հալէպի ամբողջ բնակչութեան գոնէ կէսը:
Երրորդ զաւակը՝ Անժէլը, շատ կանուխէն մայրապետներուն ազդեցութեան տակ ինկած էր, որովհետեւ Անարատ Յղութեան Հայ Քոյրերու վարժարանը կը յաճախէր։ Կ'որոշէ մայրապետ դառնալ եւ կը կնքուի քոյր Մելանի Թօփճեան, որ յետոյ Անարատ Յղութեան ամբողջ միաբանութեան մեծաւոր մայրը եղաւ, տարբեր երկիրներու եւ քաղաքներու մէջ ծառայեց՝ Հալէպ, Պէյրութ, Հռոմ, Պաղտատ, Քամիշլի, եւ ի վերջոյ գնաց հանգստանալու Լիբանանի Զմմառու հայ կաթոլիկ վանքը, ուր փակեց իր աչքերը:
Գրիգոր Թօփճեանի զաւակներէն ամենէն փոքրը՝ մայրս, Արուսեակ Թօփճեան-Գազանճեան, մանկաբարձութիւն կ՚ուսանի եւ կը վկայուի Պէյրութի Ֆրանսական համալսարանին մէջ։ Եղբայրը՝ Նուպարը, բժշկութիւն կ'ուսանէր Պէյրութի նոյն համալսարանին մէջ։ Արուսեակ ամբողջ յիսուն եւ քանի մը տարի եղած է Հալէպի Վերժին Կիւլպէնկեան մայրանոցի մանկաբարձուհին, ապա նաեւ տնօրէնուհին:
Թօփճեան եւ Գազանճեան ընտանիքները պտոյտի, Հալէպի մօտիկ Սէպիլի պարտէզներուն մէջ: Սէպիլը պետութենէն վարձով առնուած էր Թօփճեան եղբայրներուն կողմէ: Տարին արձանագրուած չէ, սակայն մօրս տարիքէն ենթադրելով պէտք է 1923-ի եւ 1924-ի միջեւ ըլլայ: Նկարին ձախ կողմը, ոտքի, ֆէսով մարդը հայրսէ՝ Յովհաննէս Գազանճեանը։ Իր քովը կեցողը անծանօթ է, իսկ անոր քովինը, ոտքի, նոյնպէս ֆէսով՝ մօրենական մեծ հայրս է՝ Գրիգոր Թօփճեանը։ Ան գրկած է մայրս՝ Արուսեակ Թօփճեանը: Իրենց առջեւ երկու ուրիշ ֆէսաւոր մարդիկ թաւլի կը խաղան։ Նկարին աջ կողմը, ոտքի, շուրջպարի դիրքով կեցած աղջիկներէն առաջինը Գրիգոր Թօփճեանի զաւակներէն երկրորդն է՝ Նազելի Թօփճեան (հետագային Էքմէքճի), քովինը՝ առաջին զաւակն է՝ Ազնիւ Թօփճեանը (հետագային Բալուլեան): Մնացեալները ծանօթ չեն:
Վերի պատկերէն հատուածներ։ Սեւ-ճերմակ այս լուսանկարները գունաւորուած են DeOldifyի միջոցաւ եւ վերաշխատցուած են Յուշամատեանի կողմէ։
Երբ հայրս կ'ամուսնանայ մօրս հետ, հարս ու կեսուրի զրոյցներուն ընթացքին կը բացայայտուի, թէ երկու ընտանիքները՝ Գազանճեանները եւ Թօփճեանները դրացի եղած են:
-Ընտանիքիս պատմութիւնները մօրմէս աւելի կեսուրէս իմացած եմ,- կ'ըսէր մայրս եւ խնդալով կ'աւելցնէր, թէ երբ հօրս մայրը՝ իմ նէնէ Հայկանոյշս յանկարծ անդրադարձեր է, որ հին պատկերի մը մէջ մայրս եւ հայրս նոյն ատեն կ'երեւին, այդ լուսանկարը մէջտեղէն վերցուցեր է ու մայրս զայն գտեր է մեծ մօրս մահէն ետք միայն:
Ինչո՞ւ: Որովհետեւ նկարին մէջ հայրս՝ երիտասարդ ու գլխուն ալ ֆէս, նարտիի խաղ մը կը դիտէ (նկարին ձախ կողմը), մինչ իր դիմաց կանգնած է մօրենական մեծ հայրիկս՝ Գրիգոր Թօփճեանը, մայրս` Արուսեակը գիրկը... Մօրս եւ հօրս տարիքներուն հսկայ տարբերութիւնը արդէն բացայայտ է...