Լուսանկարուած Քեսքին Մատեն, 1914-ի շուրջ.

Գրիգոր Կէօքճեան հաւաքածոյ – Պէյրութ

Հեղինակ՝ Գրիգոր Կէօքճեան (վերջին փոփոխութիւն՝ 06/04/21), թարգմանիչ՝ Շաղիկ Շահինեան-Արծրունի

Այս էջին մէջ ներկայացուած նիւթերը մեզի տրամադրած է Գրիգոր Կէօքճեանը (Լիբանան)․ Կէօքճեան եւ Գասպարեան ընտանիքներու հաւաքածոներէն բերուած նմուշներ են։ Այս ընտանիքները խնամիական կապերով կապուած էին իրարու. արմատներով Քեսքին Մատենէն, Կիւրիւն/Կիւրինէն եւ Քըրշեհիր/Քիրշեհիրէն են։

Հաւաքածոյին բոլոր իրերը ընտանեկան ժառանգութեան գանձեր են եւ այժմ կը պահուին Լիբանան։

Պիտի տեսնենք, որ ընտանիքին անդամներուն մականունները տարբեր գրելաձեւերով բերուած են (Կէօեճեան/Geuyjian, Կէօքճեան/Geukjian, Կէօքճէ/Gökce, եւ այլն)։ Ընտանիքի տաարբեր անդամներ տարբեր վայրերու եւ տարբեր ժամանակներու տարբեր գրելաձեւ որդեգրած են։

Գրիգոր Կէօեճեանը Սարգիսի եւ Սիմոնի հայրն էր։ Գրիգորը ծնած էր Կիւրին, ապա փոխադրուած Քեսքին Մատեն (այսօր՝ Քըրըքքալէ)։ Ամենայն հաւանականութեամբ ան 1895-ի Սուլթան Ապտուլհամիտի գահակալութեան օրերուն կատարուած կոտորածներէն ետք տեղափոխուած էր։ Սարգիսը եւ Սիմոնը ծնած են Մատեն։ Ընտանիքին մականունը՝ Կէօճեան, հետագային Թուրքիոյ մէջ դարձած է Gökce, իսկ Լիբանանի մէջ՝ Կէօքճեան/Geukjian։

Գրիգոր Կէօքճեանը այս լուսանկարները ժառանգեր է իր նախնիներէն։ Ժառանգեր է նաեւ մեծ հօրը՝ Գրիգոր Կէօեճեանին անունը։ Գիտենք նաեւ որ Գրիգորը՝ ընտանիքին նահապետը, ունէր Իսկուհի անունով քոյր։ Իսկուհիին ամուսինը Ցեղասպանութեան զոհ դարձած էր, իսկ ինքը եւ իր երկու զաւակները՝ Յարութիւն որդին եւ Աննա դուստրը, վերապրեր էին։

Քեսքին Մատեն, 1906. ձախէն աջ՝ Գրիգոր Կէօյճեան, Կիւլիզար Անթիքաճեան (նստած) եւ Զապէլ Կէօյճեան (ծնեալ Անթիքաճեան, Կիւլիզարի դուստրը եւ Գրիգորի կինը)։

Կէօքճեան/Կէօեճեան եւ Անթիքաճեան ճիւղերը

Գրիգոր Կէօեճեանը ապրած եւ գործած է Քեսքին Մատենի մէջ. յայտնի դերձակ էր։ Իր արհեստանոցին մէջ նկարուած լուսանկարէն կ’իմանանք, որ վեց աշկերտ ունեցած է։ Ընտանիքը երեք սերունդ շարունակ կապ ունեցած է կար ու ձևի եւ մանուածեղէնի հետ։ Գրիգորի աւագ որդին՝ Սիմոնը հռչակաւոր դերձակ պիտի դառնար Պոլսոյ մէջ, իսկ Սիմոնի որդիները՝ Գրիգորը եւ Յակոբը, բամպակեայ եւ բրդեայ հանդերձանք արտադրող գործարանի տէր։ Գրիգոր Կէօեճեանի կրտսեր որդին՝ Սարգիսը (Սիմոնի եղբայրը), թել ու դերձանի առեւտուրով կը զբաղէր սկիզբը Պոլսոյ մէջ, ապա՝ Պէյրութի, ուր իր որդին՝ Գրիգորը, այսօր ընտանեկան գործին գլխուն է։

Զապէլ Անթիքաճեանը Գրիգոր Կէօեճեանին կինն էր։ Անթիքաճեանները արմատով Կիւրինէն էին, բայց Ցեղասպանութենէն առաջ հաստատուած էին Քեսքին Մատեն։ Դանիէլ Անթիքաճեանը ամուսնացած էր Կիւլիզարին հետ (աղջկական մականունը չենք գիտեր), եւ ունէին եօթ զաւակ՝ չորս աղջիկ եւ երեք մանչ։ Աղջիկները կը կոչուէին Զապէլ, Տիգրանուհի, Մարի եւ Արաքսի, իսկ մանչերը՝ Լեւոն, Մանուկ եւ Սուրէն։ Սուրէնը կրտսեր զաւակն էր ամոլին, ծնած էր իր քրոջ (Զապէլի) որդիին՝ Սարգիսին ծնած տարին։ Ըստ մեր ունեցած տեղեկութիւններուն՝ Դանիէլը Քեսքին Մատենի մէջ հանրային բաղնիքի մը (համամ) տէրն էր, որ յաջողութեամբ կը բանեցնէր։

Գրիգոր Կէօեճեան եւ Զապէլ Անթիքաճեանը պսակուած էին Քեսքին Մատենի մէջ, ամենայն հաւանականութեամբ 1910-ի շուրջ։ Ունէին երկու որդի՝ 1913-ին ծնած Սիմոնը եւ 1914-ին ծնած Սարգիսը։ Ունեցած են նաեւ դուստր մը, որ մանուկ հասակին մահացած է։

Քեսքին Մատեն, 1914-ի շուրջ. ոտքի ձախէն աջ՝ Զապէլ Կէօյճեան (ծնեալ Անթիքաճեան), Լեւոն Անթիքաճեան եւ Տիգրանուհի Անթիքաճեան։ Նստած ձախէն աջ՝ Գրիգոր Կէօյճեան եւ Կիւլիզար Անթիքաճեան՝ գիրկը Սարգիս Կէօքճեան. Գրիգորի եւ Կիւլիզար միջեւ կեցած է Սիմոն Կէօքճէն։

Հայոց ցեղասպանութեան ժամանակ (1915) Կէօեճեան եւ Անթիքաճեան ընտանիքներու անդամ բոլոր այրերը ընտանիքի միւս անդամներու աչքին առջեւ սպաննուած էին։ Կիները եւ մանուկները չէին սպաննուած շնորհիւ գերդաստանին ազդեցիկ թուրք հարեւաններուն՝ Մեհմետ աղային եւ անոր եղբայր Ճամ Կէօզ Մուսթաֆայի միջամտութեան։ Առաջին համաշխարհային պատերազմէն ետք նոյն թուրք դրացիները խորհուրդ կու տան Կիւլիզար Անթիքաճեանին առնել որդիներն ու «գեղեցիկ» դուստրերը եւ Պոլիս փոխադրուիլ։ Այդ օրերուն արդէն ոչ մէկ հայ մնացած էր Քեսքին Մատենի մէջ, իսկ այս հայ ընտանիքը իր անդամներուն թոյլ չէր տար թուրքի հետ ամուսնանալ։

Ընտանիքը կ’որոշէ հետեւիլ այս խորհուրդին եւ Պոլիս փոխադրուիլ։ Չենք գիտեր ստոյգ քանի՛ հոգի 1920-ի շուրջ լքած է Քեսքին Մատենի իր տունը եւ բռնած Պոլսոյ ճամբան. գիտենք միայն որ այդ խումբը միայն կիներէ եւ մանուկներէ բաղկացած էր, որոնք միայն ամենաանհրաժեշտ մի քանի իր առած էին իրենց հետ, հակառակ անոր որ լաւ գիտէին, որ իրենց տուներէն կը մեկնէին առանց վերադարձի որեւէ յոյս ունենալու։ Դէպի Պոլիս ճամբորդութիւնը սարսափելի չարչարանք էր։ Քալելով կ’երթային. իր քաշած դժուարութիւնները այնքան շատ էին, որ Կիւլիզարը ի վիճակի չէր իր ամենակրտսեր զաւակին՝ Սուրէնին անընդհատ լացը տանելու։ Չդիմանալով՝ Սուրէնը կը ձգէ ծառի մը տակ եւ կը շարունակէ քալել, ապա որոշ ժամանակ անց կը զղջայ իր ըրածին համար, կը վերադառնայ, նորէն կը գրկէ Սուրէնը եւ կը շարունակէ ճամբան։

Քեսքին Մատեն (այսօրուան անուանումով՝ Քըրըքքալէ) կամ Կիւրիւն/Կիւրին, 1905-ի շուրջ։ Ոտքի կեցած ձախէն երրորդը Գրիգոր Կէօյճեանն է (պեխաւոր եւ գլխաբաց)։ Կարի մեքենային ետեւը ամենաձախին կեցածը հաւանաբար Լեւոն Անթիքաճեանն է, Գրիգորի աներձագը։

Կեանքը Պոլսոյ մէջ Առաջին համաշխարհային պատերազմէն ետք

Պոլիս հասնելով՝ Կէօեճեանները եւ Անթիքաճեանները մէկ կամ երկու սենեակ կը վարձեն խանի մը մէջ (ճամբորդներու իջեւան աժան պանդոկ)։ Կիները կը սկսին հարուստ ընտանիքներու մէջ աշխատիլ իբրեւ խոհարար, լուացարար, պնակ լուացող։

Ժամանակի ընթացքին, երբ քիչ մը կը մեծնան, Սիմոնը, Սարգիսը եւ Սուրէնը մանր-մունր գործեր կ’ընեն ընտանիքին ապրուստը ապահովելուն իրենց նպաստը բերելու համար։ Սիմոնը եւ Սուրէնը դերձակի աշկերտ էին, իսկ Սարգիսը փերեզակ էր։ Որոշ ժամանակ անձ Սարգիսը գործ կը գտնէ մետաղի հայ վաճառականի մը քով։ Ընտանիքին նիւթական անձուկ պայմաններուն պատճառաւ տղաները չէին կրցած լաւ կրթութիւն ստանալ։ Միայն Սարգիսը բախտը պիտի ունենար Պոլսոյ Պէզճեան Մայր վարժարանը յաճախելու եւ նախակրթարանի վկայական ստանալու։ Ըստ իր վիճակացոյցերուն եւ ուսուցիչներուն գնահատումին՝ ան փայլուն աշակերտ էր եւ մրցանակակիր մարզիկ։

Արդէն չափահաս դարձած այս երեք որբ տղաները, շնորհիւ իրենց հետեւողականութեան եւ ժրաջանութեան, կամաց-կամաց կը սկսին իրենց ասպարէզին մէջ յայտնի անուններ դառնալ։ Սակայն կացութիւնը կը փոխուի 1941-ին, երբ թուրք կառավարութիւնը կ’արձակէ «20 Kura Askerlik» հրամանագիրը, համաձայն որուն Թուրքիոյ քաղաքացի ոչ թուրք 20-40 տարեկան բոլոր այրերը պէտք էր զօրակոչուէին բանակ։ Զանոնք կը լծէին ճանապարհաշինութեան եւ երկաթուղիի շինարարութեան գործերու՝ շատ ծանր պայմաններու մէջ։ Սիմոնը, Սարգիսը եւ Սուրէնը երեքն ալ ստիպուած էին ծառայելու տխրահռչական «Amele Taburu»(աշխատանքային գումարտակ) շարքերուն մէջ։

Այս պարտադիր աշխատանքէն հազիւ ազատ արձակուած էին, երբ կառավարական նոր հրամանագիր մը կը հրապարակուէր 1942-ին նոյեմբերին, «Varlik Vergisi»-ին (ունեւորութեան տուրք)։ Այս տուրքը կը գանձուէր Թուրքիոյ ոչ իսլամ քաղացիներէն իբրև թէ երկիրին պաշտպանութեան համար գումար հանգանակելու համար։ Իրականութեան մէջ ան կը միտէր երկիրին փոքրամասնութիւններուն տնտեսական ուժը չէզոքացնելու (այլ խօսքով՝ տնտեսութիւնը թրքականացնելու)։ Սիմոնը, Սարգիսը եւ Սուրէնը ձեւը կը գտնեն իրենց պարտադրուած ծանր տուրքերը վճարելու եւ այսպիսով զերծ կը կացուցանուին հեռաւոր Էրզրումի աշխատանքային ճամբարները քշուելու՝ չվճարողներուն բաժին ինկող բախտէն։ Այս օրերուն կը յաջորդէ յարաբերական անդորրի եւ խստութեան նուազումի ժամանակաշրջան մը, որուն ընթացքին երեք տղոցմէ իւրաքանչիւրը իր անձնական գործը կը հիմնէ. Սիմոնը դերձակի արհեստանոց կը բանայ, Սարգիսը՝ թել-դերձանի եւ բուրդ ու կծիկի խանութ, իսկ Սուրէնը իր աներձագին՝ Մերուժան Հաշիմեանին հետ արծաթեղէնի խանութ մը։

14 յուլիս 1931, Պոլիս. Պէզճեան Մայր վարժարանի աւարտական դասարանը։ Սարգիս Կէօքճեանը վերի շարքին մէջ է, աջէն առաջինը։ Լուսանկարը՝ Andriomenos-ի (Պոլսոյ համբաւաւոր լուսանկարչատուներէն մէկը)։
Պէզճեան Մայր վարժարանի ամենամեայ մարզահանդէս, 1931, Պոլիս. վարի շարքի աջէն երկրորդը Սարգիս Կէօքճեանն է։
1.
2.
3.
4.

1. Պոլիս. ձախէն աջ՝ Ովսաննա Էքերը (Սուրէնի քրոջ դուստրը եւ Սարգիսի զարմուհին), Սուրէն Անթիքաճեան եւ Սարգիս Կէօքճեան։
2. Պոլիս, 1920-ականներ։ Ոտքի ձախէն աջ՝ Սարգիս Կէօքճեան եւ Սիմոն Կէօքճեան, նստած ձախէն աջ՝ Արաքսի Անթիքաճեան եւ Զապէլ Կէօքճեան (ծնեալ Անթիքաճեան)։

3. Սարգիս Կէօքճեանը ծնած է 1914-ին։ Չենք գիտեր քանի՛ տարեկանին սկսած է յաճախել Պոլսոյ Պէզճեան Մայր վարժարանը, սակայն գիտենք որ շրջանաւարտ եղած է 17 տարեկանին։ Հաւանաբար 15 կամ 16 տարեկան էր երբ այս լուսանկարը նկարուած է Պոլսոյ մէջ։ Ձեռքին բռնած է ձեռային աշխատանքի դասին համար նրբատախտակի կտորներով իր պատրաստած զարդ- սպասքապահարանը։ «Տեքուփաժ» կոչուող այս ձեւը 1960-ականներուն շատ տարածուած էր կերպարուեստի մէջ։
4. Սարգիս Կէօքճեանը թրքական բանակի համազգեստ հագած․ լուսանկարուած է Ատափազարի մէջ իր զինուորական ծառայութեան օրերուն։ Դարձերեսին գրուած է «7.9.1941, Թուրքիա»։

Գերդասատանին Գասպարեան ճիւղը

Այժմ անդրադառնանք Գրիգոր Կէօքճեանի ընտանիքինի մօրենական կողմին։ Գասպար Գասպարեանը ծնած էր Կիւրին 1880-ի շուրջ։ Ամուսնացած էր նոյնպէս կիւրինցի Աննա Կէօեճեանին հետ։ Չենք գիտեր թէ ինչո՛ւ զոյգը կը հաստատուի Քերշեհիր/Քրշեհիր քաղաքը (Անգարայի եւ Կեսարիոյ միջեւ գտնուող քաղաք մը)։ Հոն Գասպարը իր ապրուստը կ’ապահովէ անգորական այծի բուրդի (մոհեր) առեւտուր ընելով։ Ինչպէս կը տեսնենք՝ Աննան եւ Գրիգոր Կէօեճեանը զարմիկներ էին։ Գասպարը եւ Աննան ամուսնացած էին 1910-ի շուրջ եւ ունեցած տասը զաւակ, որոնցմէ երկուքը մանուկ տարիքի մահացած էին։ Անոնց վեց դուստրերը՝ աւագէն կրտսեր կը կոչուէին Արփինէ, Մելինէ, Արմինէ, Արսինէ, Հերմինէ եւ Մալուին։ Որդիները կը կոչուէին Կարապետ եւ Համբարձում։ Բոլոր զաւակները ծնած էին Քերշեհիր։

Տղաները եւ ամենակրտսեր աղջիկները պիտի կարենային իրենց թաղի վարժարանին մէջ սահմանափակ նախնական կրթութիւն ստանալ։ Միայն Հերմինէն եւ Համբարձումը պիտի կարենային իրենց կրթութիւնը շարունակել ընտանիքին Պոլիս փոխադրուելէն ետք։ Գասպարը, զօրակոչուած ըլլալով օսմանեան բանակ, Ցեղասպանութեան զոհ չէր գացած։ Եւ քանի որ ընտանիքին գլխաւորը զինուոր էր, ընտանիքին արտօնուած էր Քերշեհիր մնալ Առաջին համաշխարհային պատերազմի օրերուն։

Երբ Գասպարը ռազմաճակատէն տուն կը վերադառնայ, եւ տրուած ըլլալով որ քաղաքին եւ անոր շրջակայքին մէջ հայ բնակիչ չէր մնացած, ընտանիքը կ’որոշէ Պոլիս փոխադրուիլ։ Ընտանեկան լուսանկարներու դարձերեսին գրուած թուականներէն դատելով կրնանք ենթադրել, որ Գասպարեանները 1939-ի շուրջ Պոլիս կը փոխադրուին։

Գասպարեան եւ Կէօեճեան ընտանիքները Պոլսոյ մէջ

Պոլսոյ մէջ Գասպարեան երէց դուստրերը՝ Մելինէն եւ Արմինէն, Կարապետին հետ շապկագործարան մը կը բանան։ Կարապետը նաեւ կարի մեքենաներու խանութ մը կը բանայ։ Հերմինէն եւ Համբարձումը իրենց երկրորդական ուսումը աւարտելէ ետք կ’ընդունուին Պոլսոյ Պետական համալսարան։ Համբարձումը բժիշկ կը դառնայ։ Իսկ Հերմինէն մէկ տարի դեղագործութիւն ուսանելէ ետք 1947-ին կ’ամուսնանայ Սարգիս Կէօքճեանին հետ։

Հերմինէին եւ Սարգիսին անդրանիկ զաւակը՝ Գրիգորը, կը ծնի 1948-ին։ Երկրորդ զաւակը՝ Վարդուհին, կը ծնի 1952-ին։ Այս տարիներուն Սարգիսին գործը կը բարգաւաճի, եւ ան իր ապագան ապահովելու համար ներդրումներ կ’ընէ անշարժ գոյք գնելով։

Աւաղ, սակայն, քաղաքական անդորրի եւ հանդարտութեան օրերը առհասարակ երկար չեն տեւեր Թուրքիոյ մէջ։ 1955-ին արդէն Կիպրոսի խնդիրը քաղաքական գլխաւոր հարցը կը դառնայ։ 6 լոյս 7 սեպտեմբեր 1955 (թրքերէնով՝ 6-7 Eylul Olaylari), Թուրքիոյ փոքրամասնութիւններուն պատմութեան մէջ եւս մէկ սեւ էջ պիտի ըլլար։ Երկիրին հեռաւոր անկիւններէն Պոլիս բերուած խուժանը կանխամտածուած եւ լաւ պատրաստուած յարձակումներով իսկական աւերի եւ թալանի կը մատնէ ոչ միայն «ռում» (յոյն) բնակիչներու ինչքերը (կիպրական հարցին բերումով), այլ նաեւ հայ եւ հրեայ բնակչութեան պատկանողները։

Այս «փոկրոմին» նպատակը մէկ անգամ ընդմիշտ ոչնչացնել էր տակաւին փոքրամասնութիւններու ձեռքը գտնուող տնտեսական ուժը եւ զայն փոխանցել թուրք տարրին։ Հետեւանքը ան կ’ըլլայ, որ փոքրամասնութեան պատկանող հազարաւոր ընտանիքներ կը լքեն Թուրքիան՝ այլ երկիրներու մէջ փնտռելով ապահով եւ կայուն կեանք։ Սարգիսին խանութը մէկն էր քաղաքի հազարաւոր խանութներէն, որոնք յարձակման ենթարկուած էին, թալանուած ու կողոպտուած։ Սեպտեմբեր 7-ի առաւօտեան իր խանութը երթալու ճամբուն Սարգիսը տեսեր էր, թէ ինչպէս իր խանութի ապրանքը աղբի վերածուած ցիր ու ցան նետուած էր թաղի փողոցները։

Այս դէպքերը Սարգիսին վրայ սթափեցնող ներգործութիւն կ’ունենան։ Ան կը համոզուի, որ իր ընտանիքը այլեւս չէր կրնար խաղաղ կեանք ապրիլ Թուրքիոյ մէջ։ Հետեւաբար կ’որոշէ որքան կարելի է շուտ մեկնիլ երկրէն անվերադարձ եւ կը սկսի ծախել իր ունեցուածքը։ Շատ կարճ ժամանակի մէջ կը յաջողի ունեցած-չունեցածը վաճառել՝ ցած գինով ծախելով ամեն ինչ։ Երբ ընկերները իրեն խորհուրդ կու տան չաճապարել, ան կը պատասխանէ. «Զիս այս երկիրին կապող ոչ մէկ բան կ՚ուզեմ ունենալ»։ Իսկ իր եղբայր Սիմոնը եւ մօրեղբայր Սուրէնը իրենց ընտանիքներով կը մնան Պոլիս, հոն կ’ապրին ու կ’աշխատին։

Նոր կեանք Լիբանանի մէջ

1956 դեկտեմբերին Սարգիսը Թուրքիայէն կը մեկնի Լիբանան։ Ընտանիքին անդամներէն առաջինն էր, որ կը մեկնէր հոնտեղէն։ Կինը եւ զաւակները մի քանի օր անց կը միանան իրեն Լիբանանի մէջ։ Բոլորը միասին չճամբորդելը զգուշաւորութեան նպատակով էր. չէին փափաքիր իրենց ընտանիքին վրայ հրաւիրել ուշադրութիւնը թրքական կառավարութեան, որ շատ մօտէն կը հետեւէր փոքրամասնութեան անդամ քաղաքացիներու տեղաշարժերուն։ Այլ սահմանափակումներու շարքին պետութիւնը նաև ոչ թուրք բնակիչներուն կ’արգիլէր երկիրէն մեկնումի պահուն 100 թրքական ոսկիէն աւելի տանիլ իրենց հետ։

Լիբանանը ընտրուած էր իբրեւ ժամանակաւոր հանգրուան, ուրկէ ընտանիքը կը յուսար երթալ Գանատա կամ ԱՄՆ։ Երբ Կէօքճեան ընտանիքը գէշ-աղէկ ոտքի կը կենայ Լիբանանի մէջ, Գասպարեան ընտանիքի անդամներն ալ մէկը միւսին ետեւէն հոն կու գան եւ կը միանան իրենց։

Գանատա կամ ԱՄՆ գաղթելու ընտանիքին ճիգերը յաջողութեան չեն հասնիր, եւ անոնք ի վերջոյ կ’որոշեն մշտական բնակութիւն հաստատել Լիբանանի մէջ եւ հոն նոր կեանք սկսիլ։

1957-ին Սարգիսը Պէյրութի կեդրոնական թաղամասին մէջ դերձանի եւ կտորեղէնի անձնական խանութը կը բանայ։ Այսօր խանութը տակաւին կը գործէ Սարգիսին որդիին՝ Գրիգոր Կէօքճեանի ղեկավարութեան տակ։ Գրիգորը ընտանիքին միակ անդամն էր որ արաբերէն սորված էր (դպրոցը սորված էր) եւ այդպիսով ամբողջ ընտանիքին թարգմանիչն էր։ Միւս անդամները միայն հայերէն եւ թրքերէն գիտէին։

Նստած ձախէն աջ՝ Գրիգոր Կէօքճեան եւ Գասպար Գասպարեան. ետեւը ոտքի կեցած է Մելինէ Գասպարեանը։ Լուսանկարուած են Սարգիս Կէօքճեանի Պէյրութի խանութին մէջ (1960-ականներ)։
Սարգիս Կէօքճեանի խանութին առջեւ նկարուած լուսանկար, Պէյրութ, 1960-ականներ։ Սարգիսը աջէն առաջինն է, ոտքի է։Միւսները Լիբանան այցի եկած զբօսաշրջիկներ են։

Ընտանիքին Լիբանան ժամանումէն մօտաւորապէս տարի մը ետք երկիրը թատերաբեմ կը դառնայ մէկ կողմէ արաբ ազգայնականներու և միւս կողմէ ԱՄՆ-ի աջակցութիւնը վայելող նախագահին զօրակցող զինեալներու միջեւ արիւնալի բախումներու։ 1958-ի դէպքերը պիտի բացայայտէին լիբանանահայ համայնքին փխրուն վիճակը եւ քաղաքական նման արտասովոր կացութիւններու յարմարելու անոր անկարողութիւնը։ Հայերը բաժնուած էին թշնամի երկու ճամբարներու՝ մէկ կողմը ՀՅԴաշնակցութիւնը, որ Լիբանանի արեւմտամէտ նախագահին դաշնակից էր, միւս կողմը՝ ՍԴՀԿուսակցութիւնը և հայ համայնավարները, որոնք դաշնակցած էին արաբ ազգայնականներուն հետ։ Այս կացութիւնը Կէօքճեան եւ Գասպարեան ընտանիքներուն համար դառն հիւրընկալութիւն էր. բարեկամները կը կարեկցէին իրենց՝ ըսելով «անձրեւէն փախաք, կարկուտի բռնուեցաք»։

Թուրքիայէն փախած եւ Լիբանան ապաստանած բազմաթիւ հայ ընտանիքներ, որոնք յոյս ունէին ապահով կեանք գտնել Լիբանանի մէջ, ափ ի բերան մնացած էին ու յուսաբեկ եղած ի տես եղբայրասպաննութեան դէպքերուն, որոնց ականատես եղած էին եւ որոնք իրենց համար աներեւակայելի ու անըմբռնելի էին։ Լիբանան նոր ժամանած հայ ընտանիքներէն շատերը պիտի անվերադարձ մեկնէին հոնկէ․ բայց Կէօքճեան եւ Գասպարեան ընտանիքները մնացին։

1958-էն ետք ալ եւ մինչեւ այսօր քաղաքական ճգնաժամներն ու ալեկոծումները լիբանանեան կեանքի անբաժան մասն են։ Լիբանանահայ համայնքը սակայն զուտ իր պատկանելիութեան բերումով երբեք յարձակման թիրախ չէ դարձած։

Օրինակի համար՝ Լիբանան փոխադրուելէ ետք Կէօքճեանները երբեւիցէ չեն լսած «կեաւուր» (արաբերէնով «Քէֆիր», որ կը նշանակէ անհաւատ) նախատական եւ անարգական արտայայտութիւնը, որ ամէնօրեայ գործածուող բառ մըն էր Թուրքիոյ մէջ ոչ իսլամներու հասցէին։

1980-ականներու վերջաւորութեան Գրիգոր Կէօքճեանը կը ծանօթանայ արմատներով արաբկիրցի Անի Բալուլեանին հետ, որ ֆրանսերէն կը դասաւանդէր Պէյրութի Համազգայինի Նշան Փալանճեան Ճեմարանէն ներս։ Գրիգորը եւ Անին կ’ամուսնանան 1987-ին եւ կ’ունենան երեք դուստր՝ Արփին, Դալարը եւ Կարինը։

Լուսանկարուած Քորսիքա, 1954։ Կիւլիզարի եւ Զապէլի առաջին հանդիպումը Արաքսիին հետ, որ 1920-ականներուն ընտանիքէն բաժնուելով ամուսնացած էր Ֆրանսայի մէջ։

Աջէն ձախ՝ Կիւլիզար Անթիքաճեան, Արաքսի Անթիքաճեան-Տալաքուփէեան եւ Զապէլ Անթիքաճեան-Կէօքճեան (Արաքսին եւ Զապէլը Կիւլիզարի դուստրերն են)։ Մանչը Տանիէլ Տալաքուփէեանն է՝ Արաքսիի որդին։
Պիլկի հանըմ (ձախին)՝ Քէսքին Մատենցի Ճամ Կէօզ Մուսթաֆայի եւ Մեհմեթ Աղայի թոռնուհին։ Լուսանկարին մէջ Պիլկի հանըմը Տանիէլ Անթիքաճեանի հետ է (աջին)․ Տանիէլը Կիւլիզարի թոռնիկն է եւ Սուրէն Անթիքաճեանի որդին։ Նկարուած են Պոլիս։

Այլ լուսանկարներ

Ահաւասիկ ընտանեկան հաւաքածոյէն այլ լուսանկարներ եւս։ Լուսանկարներուն մէջ պատկերուած անձերու ինքնութիւնը ճշդել չկրցանք․ կ’ենթադրուի, որ ազգականներ են կամ ընտանիքի բարեկամներ։

Օսմանեան բանակի համազգեստ հագած երկու այր։
Լուսանկարիչ՝ Քոսթաքի Վաֆիատի, Համիտիէ պողոտա, No. 2, Պոլիս։