Քիւրքճեան հաւաքածոյ - Պէյրութ, Լիբանան

Սոյն նիւթերը մեր տրամադրութեան տակ դրաւ Անի Քիւրքճեան, Լիբանան։ Բոլորն ալ ընտանեկան ժառանգութիւններ են։ Անիին մօրենական մեծ մօր (Լուսնթագ Թօզգօնմազեան) ընտանիքը Թալաս քաղաքէն է, որ կը գտնուի Կեսարիոյ հարաւ-արեւելքը։ Ցեղասպանութենէն վերապրած ընտանիքի անդամներ - որոնց շարքին Լուսնթագը - յետագային կը հաստատուին Դամասկոս։ Անոնք իրենց հետ կը բերեն նաեւ այս էջով ներկայացուած նիւթերը։ Աւելի ուշ ընտանիքը կը հաստատուի Պէյրութ։

Թալաս, «Տիգրիս» շաբաթաթերթի խմբագիրները։ Թերթը կը հրատարակուէր քաղաքին ամերիկեան գոլէճին մէջ շատ հաւանաբար 1908-էն սկսեալ։

Աջէն առաջինը՝ Հարպիկ Թօզգօնմազեան։ Ան Լուսնթագի եղբայրն է։ Աւարտած է Թալասի ամերիկեան գոլէճը, ապա ուսուցչութիւն ըրած է նոյն հաստատութեան մէջ։ Հարպիկ տաղանդաւոր գեղագիր էր (calligrapher) եւ ջութակահար, կը գրէր բանաստեղծութիւններ։ Իրմէ կը մնան քանի մը տետրակներ, որոնց մէջ հայերէնով կամ հայատառ թրքերէնով գրած է բանաստեղծութիւններ։ Մօտ 21 տարեկան էր երբ զոհ կ՚երթայ Ցեղասպանութեան։

Թալասի ամերիկեան գոէլճի տնօրէնութիւնն ու ուսուցչական կազմը։ Ամէնէն վերի շարք, ձախէն երկրորդը՝ Մանուկ Թօզգօնմազեան։ Ան Լուսնթագի եւ Հարպիկի հայրն է։ Թալասի գոլէճին մէջ կը դասաւանդէր ուսողութիւն (mathematics)։ 1915-ին, Ցեղասպանութեան սկիզբը, երբ ծայր կ՚առնեն Թալասի հայութեան երեւելի դէմքերուն ձերբակալութիւնները, Մանուկն ու որդին՝ Հարպիկը, նոյնպէս կը կալանաւորուին եւ բոլորին նման իրենք ալ կը սպաննուին։

1) Հարպիկ Թօզգօնմազեանի կողմէ ընդօրինակուած բանաստեղթութիւններու տետրակէն ձեռագիր էջ մը։ Այստեղ կ՚երեւի Պետրոս Դուրեանի «Ի՜նչ կ՚ըսեն»ը։

2) Հարպիկ Թօզգօնմազեանի հասցէաթուղթը։

Կեսարիա/Քայսերի. Սուրբ Կարապետ վանքն ու վարժարանը։

Լուսնթագ (Լուսին, ծնեալ Թօզգօնմազեան) եւ ամուսինը՝ Արթին Գայայեան (նստած), 1920-ական թուականներուն, իրենց երկու զաւակներուն հետ, Դամասկոս։

1) Թալաս, ամերիկեան միսիոնարական գոլէճն ու հիւանդանոցը։

2) Հարպիկ Թօզգօնմազեանի կողմէ պատրաստուած քարթ, 1912-ի Ս. Ծնունդը շնորհաւորող։

Գայեայեան ընտանիքը, Պէյրութ։ Պատկերին կեդրոնը նստած՝ Արթին Գայեայեան։ Ամէնէն աջին ոտքի՝ Լուսնթագ Գայեայեան (ծնեալ Թօզգօնմազեան)։ Մնացեալները իրենց հինգ զաւակներն են։