Մատթէոս Զարիֆեան Արխիւ - Պէյրութ, Լիբանան
Հեղինակ՝ Նորա Սարաֆեան - Թաշճեան, 11/12/19 (վերջին փոփոխութիւն՝ 23/12/19)
Խմբագրութեան կողմէ
Այս էջով կը ներկայացնենք Մատթէոս Զարիֆեանի եւ անոր ընտանիքին լուսանկարները, վաւերաթուղթերը ու յիշողութեան առարկաները։ Մատթէոս Զարիֆեան (1894-1924) բանաստեղծ մըն է, որ ապրած եւ ստեղծագործած է իր ծննդավայր Պոլսոյ մէջ։ Այս էջին բոլոր նիւթերը կը պատկանին Մատթէոս Զարիֆիանի արխիւներուն եւ մեզի տրամադրուած են անոնց ժառանգորդ՝ Սիլվիա Աճէմեանի կողմէ։ Պէտք է նշել որ այս նիւթերը հատուած մըն են Մատթէոս Զարիֆեանին ընդհանուր արխիւէն։ Յուշամատեանի խումբը յատուկ շնորհակալութիւն կը յայտնէ Սիլվիային՝ այս էջին պատրաստութեան ընթացքին իր գործակցութեան համար։ Շնորհակալութիւն նաեւ Համազգային մշակութային միութեան։
Հայ քնարերգութեան տաղանդաւոր ներկայացուցիչներէն՝ Մատթէոս Զարիֆեան ծնած է Պոլիս (Կէտիկ Փաշա թաղամաս), 1894-ին: Իր կարճատեւ կեանքին մեծագոյն մասը անցուցած է Պոլսոյ Սկիւտար թաղամասին մէջ:
Գրական ասպարէզ նետուած է 1918-ին եւ թոքախտէն մահացած՝ 1924-ին, 30 տարեկանին:
Հակասութիւններով լի կեանքի պատմութիւն մը, նման նոյն ժամանակաշրջանի հայ ժողովուրդի պատմութեան, ուր յոյսեր եւ յուսախաբութիւններ, ճառագայթող մշակոյթ եւ աղէտներ, պատերազմ, գաղթ ու զինադադարի խանդավառութիւն փոխնիփոխ կը յաջորդեն իրարու:
Չորրորդ զաւակը՝ Տաճատ եւ Հռիփսիմէ Զարիֆեաններուն, Մատթէոս Զարիֆեան պատանեկութիւնն ու երիտասարդութիւնը կ՛անցընէ Սկիւտարի գեղատեսիլ բնութեան գիրկը: Պատանի տարիքին՝ դէմ յանդիման կը գտնուի մահուան, երբ կը կորսնցէ մեծ եղբայրը՝ Վահագնը: Վաղամեռիկ եղբօր յիշատակը իր հոգիին մէջ կը մնայ անբաժան եւ անոր կը ձօնէ իր բանաստեղծութիւններու առաջին հատորը:

Նախակրթութիւնը Սկիւտարի Ազգային վարժարանին մէջ ստանալէ ետք, կը յաճախէ Պէրպէրեան վարժարան (Քատըքէօյ թաղամաս), ապա Պարտիզակ քաղաքի ամերիկեան «Բիւթանիա» Bithynia գոլէճ, «Րոպըրթ» գոլէճ (Պէպէք թաղամաս), դարձեալ Պէրպէրեան վարժարան, ուրկէ 1913-ին կը վկայուի «Պսակաւոր Արուեստից» տիտղոսով:
Այդ տարիներուն, Պոլսոյ մէջ մարզական եւ սկաուտական շարժումները կ՛ապրին աշխոյժ վերելք: Զարիֆեան անմասն չի մնար այս շարժումէն: Շատ արագ կը դառնայ սիրուած եւ ծանօթ անուն մը մարզական կեանքին մէջ՝ օժտուած գերազանց յատկութիւններով եւ արժանացած բազմաթիւ մրցանակներու: Նոյն տարիներուն հայկական Պոլիսը կ՛ապրի ազգային-գաղափարական ոգեւոր շրջան մը: Զարիֆեան՝ աւարտելէ ետք Պէրպէրեան վարժարանը, 1913-ին կամաւոր կը մեկնի Կիլիկիա՝ ստանձնելու համար նոր սերունդներ դաստիարակելու պարտականութիւնը՝ իբրեւ Ատանայի Ազգային վարժարանի անգլերէն լեզուի եւ մարմնակրթութեան ուսուցիչ: Սակայն, տարեշրջանը չաւարտած ստամոքսային ծանր հիւանդութեան մը պատճառով կը հեռանայ Ատանայէն։
1914-ի գարնան, կու գայ Լիբանան՝ բժշկուելու ստամոքսային անհանգստութենէ մը: Քանի մը ամիս ետք դարձեալ Պոլիս է եւ կ՛որոշէ բժշկութիւն կամ դեղագործութիւն կամ ճարտարագիտութիւն ուսանիլ, բայց Համաշխարհային առաջին պատերազմը կը խանգարէ այդ ծրագիրը: Կը զինուորակոչուի օսմանեան բանակ՝ որպէս ենթասպայ: Չհանդուրժելով զինուորական կեանքի պայմանները՝ կը դիմէ փախուստի եւ ըմբոստութեան բազմաթիւ փորձերու, որոնց պատճառով աքսորուելու վճիռ կը ստանայ զիւնուորական ատեանի մը կողմէ: Բազմաթիւ միջամտութիւններու շնորհիւ վճիռը կը մեղմանայ եւ կը բանտարկուի։ Կարճ ժամանակ ետք, նոյն բարեխօսութիւններու շնորհիւ ազատ կ՚արձակուի եւ կը դառնայ հիւանդանոցի մը մէջ «հիւանդապահ»:
Զինադադարէն ետք, Զարիֆեան թարգման է Պոլիսը գրաւած բրիտանական բանակին մէջ: 1919-ին բրիտանական քննչական յանձնաժողովի մը հետ կը մեկնի հայկական գաւառներ՝ տեղւոյն կացութեան մասին տեղեկագիր մը պատրաստելու եւ հայ որբեր հաւաքելու նպատակով:
1919-ի վերամուտէն մինչեւ 1921-ի ամառը կը պաշտօնավարէ Պոլսոյ Պէրպէրեան վարժարանին մէջ որպէս անգլերէն լեզուի եւ մարմնակրթութեան ուսուցիչ: Կը դառնայ վարժարանի աշակերտութեան եւ Պոլսոյ երիտասարդութեան կողմէ սիրուած բանաստեղծը՝ ինչպէս հետագային պիտի վկայէր այդ ժամանակաշրջանի վարժարանի աշակերտներէն՝ Շահան Շահնուր, որ Սիմոն Վրացեանին ուղղած նամակին մէջ կը գրէ. «Կը նախընտրէի մնալ իմ խումբիս մէջ, կազմուած Պէրպէրեանցիներէ, որուն առանցքը կը կազմէր բանաստեղծ մը, մերի՛ն բանաստեղծը՝ Մատթէոս Զարիֆեան» (Շահան Շահնուր, «Սիրելի Պրն. Վրացեան», Բագին ամսագիր, ԺԸ տարի, թիւ 4, 1979, Պէյրութ):
Անողոք հիւանդութիւնը շատ արագ կը հիւծէ մարզիկի կենսունակութեամբ լեցուն անոր երիտասարդ մարմինը եւ կը յառաջացնէ կեանքէն հեռանալու խոր զգացում, որ կը վերածուի գրական ստեղծագործական աշխատանքին փարելու մղումի: Մ. Զարիֆեանի առաջին գործը մամուլի մէջ կը տպագրուի՝ 1918-ին: 1919-1923 տարիները կ՛ըլլան Զարիֆեանի ստեղծագործական կեանքի բեղուն ժամանակաշրջանը:
Հիւանդութեան եւ տառապանքի այս մռայլ օրերուն, լոյս աշխարհ կու գան Զարիֆեանի երկու հատորները. «Տրտմութեան եւ խաղաղութեան երգեր»ը՝ 1921-ին եւ «Կեանքի եւ Մահուան երգեր»ը՝ 1922-ին, որոնք բաւարար կ՛ըլլան անմահացնելու 9 ապրիլ 1924-ին, վարդերու եւ եղեւիններու Մեծ կղզիին մէջ վերջնականապէս իր աչքերը փակող երիտասարդ բանաստեղծին անունը:
Կը թաղուի Սկիւտարի հայոց գերեզմանատան մէջ:
1956-ին Պէյրութի մէջ լոյս կը տեսնէ բանաստեղծին քրոջ՝ Սիրան Սեզայի (Սիրան Զարիֆեան Քիւփէլեան) եւ Վահէ Վահեանի խմբագրած «Ամբողջական գործեր» հատորը, որ կը բովանդակէ բանաստեղծի կենդանութեան լոյս տեսած երկու հատորներու բովանդակած բանաստեղծութիւններուն կողքին, անոր անտիպ քերթուածները, օրագրութիւնը, նամակները, ինչպէս նաեւ արձակ էջերը:


Պատկերին կռնակին Զարիֆեան գրած է՝ «Ապաքինարանի ոտքի վրայ եղող հիւանդները. 1) ma mère [մայրապետ], 2) ma sœur [քոյր], 3) երկու հայ ապաքինողներ, 4) Գահիրէէն՝ Տիգրան, 5) հայ կաթոլիկ՝ Ժաք, 6) վռնտուած գլուխ պատռող մը…»։
Մատթէոս Զարիֆեանի հրատարակութիւնները՝
- Տրտմութեանեւխաղաղութեաներգեր, Պէրպէրեան վարժարան, տպարան Օ. Արզուման, Կ.Պոլիս, 1921, 126 էջ։
- Կեանքիումահուաներգեր, Հրատարակութիւն Հայկաշէն գրատան, Հրազդան մատենաշար, տպարան Ֆ. Ճարեան, Կ.Պոլիս, 1922, 115 էջ։
- Ընտիրքերթուածներ, տպարան Սեւան, Հալէպ, 1946, 29 էջ։
- Ամբողջականգործեր. քերթուածներ, օրագրութեանէջեր, նամակներ, խմբագիր՝ Սիրան Սեզա եւ Վահէ Վահեան, տպարան Ատլաս, Պէյրութ, 1956, 656 էջ։
- Երգեր, Հայաստան հրատարակութիւն, Երեւան, 1965, 238 էջ։
- Երկեր (ՌուբէնՈրբերեան, ՌուբէնՍեւակ, ՎահանԹէքէեան, ՄատթէոսԶարիֆեան), Սովետական գրող, Երեւան, 1981, 480 էջ։
- Երկեր, խմբագիր՝ Աբրահամ Ալիքեան, Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան տպարան, Անթիլիաս, 1990, 277 էջ։
- Բանաստեղծութիւններ, խմբագիր՝ Զուլալ Գազանճեան, Մխիթարեան հրատարակութիւն, Վենետիկ, 1994, 95 էջ։
Յաւելեալ տեղեկութիւններ Զարիֆեան ընտանիքին մասին
Զարիֆեաններու հայրը՝ Տաճատ Զարիֆեան (1860-1935) զբաղած է վաճառականութեամբ: Ամուսնացած էր Հռիփսիմէ Զարիֆեանի հետ (1864-1948)։
Արուեստը ապրող եւ ներշնչող մնայուն մթնոլորտ ըլլալով՝ միեւնոյն ընտանիքէն յաջորդական երեք սերունդներու կենսագրութեան ուսումնասիրութիւնը կը վկայէ, որ անոնք թէեւ խառնուածքով իրարմէ տարբեր, բայց եւ այնպէս բոլորն ալ օժտուած են ստեղծագործական շնորհներով, եւ իրենց գրական, բանաստեղծական թէ մանկավարժական գործունէութեամբ հետք թողած եւ իրենց գործով անմահացած անուններ են:
1924-ին երկրորդ մանչ զաւակը կորսնցնելէ ետք Զարիֆեանները կը տեղափոխուին եւ կը հաստատուին Լիբանան, ուր հայրը կը շարունակէ վաճառականականութիւնը, իսկ անոր դուստրերէն իւրաքանչիւրը կը ծաւալէ իր մասնագիտական գործունէութիւնը:
Սիրան Սեզա (1903-1973), բուն անունով Սիրան Զարիֆեան Քիւփէլեան, Նիւ Եորքի «Գոլումպիա» համալսարանէն կը վկայուի գրականութեան եւ լրագրութեան «Մագիստրոս»ի տիտղոսով: Ան կու գայ Լիբանան, ուր կը շարունակէ իր մասնագիտական գործունէութիւնը: Անոր ստորագրութեամբ յօդուածները լոյս կը տեսնեն Պոսթոնի «Հայրենիք»ի (ամսագիր), Լիբանանի «Ազդարար»ի (շաբաթաթերթ) եւ «Նայիրի»ի (պարբերաթերթ) մէջ: Անոր վէպերէն են՝ «Պատնէշը», «Մեղաւորուհին»: Սեզա կը դառնայ լիբանանահայ կնոջական դերը բնորոշող ռահվիրայ դէմքը՝ շնորհիւ իր հրատարակած «Երիտասարդ Հայուհի» թերթին (1932-1934, 1947-1968):
Սեզայի միւս քոյրը՝ Լիւսի Զարիֆեան Թոսպաթ, Լիբանանի մէջ հրատարակուող «Այգ» օրաթերթի տնօրէնուհին եղած է: Անոր ամուսինը՝ Տիգրան Թոսպաթ, ծանօթ հրապարակագիր եւ քաղաքագէտ է ինչպէս նաեւ Պէյրութի մէջ հրատարակած է «Լը Սուար» (Le Soir) ֆրանսատառ օրաթերթը: Լիւսի Զարիֆեան Թոսպաթի լրագրական գործունէութիւնը մեծապէս նպաստած է լիբանանահայ մամուլին:
Մատթէոս Զարիֆեանի երրորդ քրոջը՝ Պերճուհի Զարիֆեան Կիւլպէնկեանի դուստրը՝ Եոլանտ Կիւլպէնկեան Աճէմեան, քանի մը տասնամեակ պաշտօնավարած է Համազգայինի Նշան Փալանճեան ճեմարան եւ դարձած է շատերու կողմէ յարգուած եւ սիրուած «Մատամ»ը: 1950-1975, ան աշխատակցած է «Լը Սուար» (Le Soir)-ին իբրեւ արուեստի քննադատ: Անոր ամուսինը հանրայայտ երգիծանկարիչ Տիրան Աճէմեանն է, դուստրը՝ Սիլվիա Աճէմեանը, որ ծանօթ արուեստաբան է Լիբանանեան իրականութեան մէջ: