Այլազան - Լիբանան

Կարօ Տէրունեանի հաւաքածոյ - Լիբանան

Զանգակ, անասունի վրայ կախուող, Մարաշ։

Պատկանած է Էլմաստ Կէﬕքսիզեանին, որ ﬕնչեւ 1920 թուականը ապրած է Մարաշ։ Փոքր աղջնակ մը, ան աշխատած է քաղաքի Քերլաքեան ընտանիքին քով։ Այս զանգակը եղած է իր խաղալիքը։ 1920-ին հազարաւոր հայերու նման իր ընտանիքով դուրս կու գայ Մարաշէն, յետագային ալ կը հաստատուի Լիբանան։ Զանգակը ներկայիս կը պահուի իր թոռնիկին՝ Կարօ Տէրունեանի քով, Լիբանան։

Յասմիկ Խանիկեանի հաւաքածոյ - Լիբանան

Այս նիւթերը մեր տրամադրութեան տակ դրաւ Յասմիկ Խանիկեան, Յուլիս 2012-ին, երբ Պուրճ Համուտի մէջ (Լիբանան) Յուշամատեանը կազմակերպած էր - Հայկազեան համալսարանին հետ գործակցաբար - ձեռնարկ մը, ուր բազմաթիւ անձեր ներկայացան իրենց հետ բերելով ընտանեկան յիշողութեան առարկաներ եւ հին լուսանկարներ՝ Օսմանեան կայսրութեան մէջ հայերու կեանքին առնչուող։ Յասմիկին ժամանումը այս ձեռնարկին իւրայատուկ էր։ Ան հասաւ թաքսիով մը, որուն սնտուկը լեցուն էր առարկաներու եւ թուղթերու հարուստ ժառանգութեամբ մը՝ 19-րդ դարէն սկսեալ եւ բոլորն ալ սքանչելիօրէն պահպանուած. հին լուսանկարներ, թափուներ, 1654 թուականէն սկսեալ ընտանեկան ծառ մը, Խարբերդէն հարսանեկան հագուստ մը, փէշ մը, վզկապ մը եւ զանազան ուրիշ բաներ, բոլորն ալ Յասմիկի նախնիներէն՝ Խարբերդէն մնացած։

Հարսանեկան տարազ (Խարբերդի շրջան)

Սոյն զգեստը պատկանած է Վերոնիքա Թէմպէքիճեանի (ծնեալ՝Միսաքեան), որ ապրած է Մեզիրէ (Մամուրէթուլ-Ազիզ, ներկայիս Էլազիկ)։ Վերոնիքա զայն հագած է իր ամուսնութեան ժամանակ՝ 19-րդ դարու երկրորդ կէսին։ 1915-ին, Վերոնիքան եւ ընտանիքը կը տարագրուին, բայց կաշառքով կ՚ազատին։ Մինչեւ Ա. Աշխարհամարտի աւարտը իսլամացած կ՚ապրին Խարբերդի շրջանին մէջ։ Ապա, ընտանիքէն հատուած մը կը հաստատուի Լիբանան։ Հարսանեկան հագուստը այժմ կը գտնուի Պէյրութ, Վերոնիքայի ծոռնուհիին՝ Յասմիկ Խանիկեանի մօտ։

Մեզիրէ (Մամուրէթուլ-Ազիզ), 1904։ Նստած, ձախէն աջ՝ Տիրուհի Խանիկեան (ծնեալ Թէմպէքիճեան, Վերոնիքայի դուստրը), Վերոնիքա Թէմպէքիճեան (ծնեալ՝ Միսաքեան), փոքրիկը՝ Նուպար Խանիկեան, Աւետիս Խանիկեանի մայրը (անունը անծանօթ), Գայեանէ Թէմպէքիճեան (ծնեալ Ֆապրիքաթորեան)։ Ոտքի, ձախէն աջ՝ Աւետիս Խանիկեան (փոքրիկ Նուպարին հայրը), Մառանիկ Թէմպէքիճեան (Վերոնիքայի դուստրը), Խոսրով Թէմպէքիճեան (Վերոնիքայի տղան)

Քաշմիրէ հիւսուած շալ, որ պատկանած է Խանիկեան ընտանիքին, Մեզիրէ։ Ներկայիս կը գտնուի Յասմիկ Խանիկեանի մօտ, Պէյրութ։

Խարբերդ եւ Մեզիրէ քաղաքներէն Միսաքեան ընտանիքին տոհմածառը 1654-էն սկսեալ մինչեւ 1930-ական թուականները։ Տպուած է Գահիրէի մէջ 1947-ին։ Այստեղ կ՚երեւին ընտանիքին միայն այրերուն անունները։

Սիմոնէ Խաչատուրեանի հաւաքածոյ - Լիբանան

Գորգի նմուշներ, Կեսարիա/Քայսերի

Սահակ Հալլաճեան Կեսարիոյ մէջ վարպետ գորգագործ մըն էր։ Այս քաղաքին մէջ կը շարունակէ ապրիլ իր կնոջ Ֆիլոր Հալլաճեանի (ծն. Պապաօղլանեան) հետ՝ ﬕնչեւ 1932 թուականը։ Գորգի գործարանը ան կը վարէր թուրք ընկերակիցի մը հետ, բայց այս վերջինը տարբեր ձեւերով կը տիրանայ գործարանին եւ Սահակը ստիպուած էր աշխատիլ իբրեւ սովորական պաշտօնեայ։ Ասկէ ետք Սահակն ու ընտանիքը ապաստան կը գտնեն Լիբանան։ Ան իր հետ կը բերէ գորգագործութեան համար գործածած իր նմուշները։ Լիբանանի մէջ կը զբաղի ատաղձագործութեամբ եւ երբեք գորգագործութիւն չ'ըներ: Ներկայիս, գորգի նմուշները կը պահուին Սահակի թոռնուհիին՝ Սիմոնէ Խաչատուրեանի քով, Լիբանան։

Կեսարիա/Քայսերի, թուականը անյայտ. Ոտքի, ձախէն աջ՝ Ֆիլոր Հալլաճեան (ծն. Պապաօղլանեան), Սահակ Հալլաճեան։ Նստած՝ Ռեպեքա Հալլաճեան (Սահակի մայրը), իսկ ձախին, կանգնած փոքրիկը՝ Հռիփսիմէ Հալլաճեան (Սիմոնէ Խաչատուրեանի մայրը)։