Պետրոս Սահակ Փելթէքեան հաւաքածոյ - Պյէրութ, Լիբանան

Այս հաւաքածոյին լուսանկարները մեզի ղրկեց Շողիկ Փելթէքեան, Լիբանանէն։ Անոնք կը ներկայացնեն իր հայրական կողմի ընտանիքը, որ Տէօրթեօլի շրջանի Էօզերլի գիւղէն է։ 1922-ին, երբ ֆրանսական բանակները կը քաշուին այս քաղաքէն իրենց տեղը զիջելով թրքական կառավարութեան, տեղւոյն հայերը եւս կը հեռանան եւ անոնցմէ շատեր կը հաստատուին Անտիոքի շրջանին մէջ, որ այդ ժամանակ Սուրիոյ մաս կը կազմէր։ Շողիկի հօր ծնողները նոյնպէս այս ուղիին կը հետեւին, կը հաստատուին Ալէքսանտրէթ (Իսքէնտերուն) քաղաքը, որ մինչեւ 1939 թուականը մաս կը կազմէր Սուրիոյ։ 1939-ին, Ֆրանսայի եւ Թուրքիոյ միջեւ կայացած համաձայնութեան հիմամբ Ալէքսանտրէթի ամբողջ սանճաքը (գաւառ) կը յանձնուի Թուրքիոյ։ Շողիկին հայրական ընտանիքը արդէն իսկ 1938-ին հեռացած էր այս տարածքէն եւ հաստատուած՝ Լիբանան։
Սալթ (ներկայիս Յորդանան, մայրաքաղաք Ամմանի հիւսիս-արեւմուտքը), 1918. կը համապատասխանէ Ցեղասպանութեան ժամանակներուն, երբ Փելթէքեան ընտանիքը Տէօրթեօլի տարածքի շատ մը հայերուն նման տեղահանուած էր եւ՝ քշուած այս կողմերը։ Հոս է նաեւ որ կը մահանայ ընտանիքին երիցագոյն անդամը՝ Պետրոս Փելթէքեան։ Լուսանկարը կը ներկայացնէ Պետրոսի դագաղը, ընտանիքի անդամներն ալ անոր շուրջը։ Հանգուցեալի աջին, նստած եւ մազերը ծածկած՝ այրին՝ Մարգարիտ Փելթէքեան։ Մարգարիտի ճիշդ ետեւը, ոտքի, երկու ձեռքերը հանգուցեալ հօր դագաղին վրայ դրած՝ Սահակ։ Մարգարիտի աջին, ոտքի՝ Նոյեմի (Սահակի կինը)։ Նոյեմիի ոտքերուն փաթթուած փոքրիկը՝ Ասատուր (Նոյեմիի եւ Պետրոսի անդրանիկ որդին)։
Փելթէքեան ընտանիքը։ Լուսանկար՝Խաչերեան եղբարք, Անտիոք։
Ոտքի, ձախէն աջ՝ Երուանդ, Խաչիկ, Ալիս, Սիրանուշ, Սահակ, Ասատուր։ Նստած, ձախէն աջ՝ Փիեռ, Զարուհի, Մարգարիտ, Նոյեմզար, Ստեփան։ Ամէնէն առջեւի շարքին վրայ նստած փոքրիկը՝ Շաքէ։
Փիէռը, Ալիսն ու Խաչիկը զաւակներն են Սահակ Փելթէքեանի երէց եղբօր՝ Փանոսին եւ իր կնոջ՝ Զարուհիին։ Խաչիկը Սահակին միւս եղբայրն է, իսկ Սիրանուշը՝ անոնց քոյրը։ Շաքէն եւ Ասատուրը Սահակին եւ Նոյեմզարին զաւակներն են։
Անտիոքի շրջանին մէջ խրախճանքի պատկեր մը։ Աջէն երկրորդ անձը (քանոն նուագողին կողքին, ձեռքին օղիի գաւաթ բռնած, փողկապով)՝ Խաչիկ Փելթէքեանն է, որ փաստաբան էր եւ կը ծառայէր Սուրիոյ մէջ ֆրանսական վարչամեքենային։ Խաչիկ որդին է Սահակ եւ Մարգարիտ Փելթէքեանի։ Լուսանկարը քաշուած է հաւանաբար Ալէքսանտրէթի շրջանին մէջ, թէեւ բնատիպ բացատրութեան մէջ նշուած է Տէօրթեօլ։ Ծանօթ է որ քաղաքը իր հայերէն պարպուեցաւ 1922 թուականին։