Ռաֆայէլեան ընտանիքը, 1920-ականներուն, երբ տակաւին կ՚ապրէին Պէյրութի մօտակայ հայկական գաղթակայանին մէջ։

Ռաֆայէլեան հաւաքածոյ - Պէյրութ, Լիբանան

Ռաֆայէլեան ընտանիքը Սիսէն է։ Պետրոս եւ Սաթենիկ Ռաֆայէլեան իրենց ընտանիքով հայրենի իրենց քաղաքը կը ձգեն եւ 1921-ին կամ 1922-ին եւ հազարաւոր հայ գաղթականներու հետ ապաստան կը գտնեն Լիբանան։

Սկզբնական շրջանին անոնք կ՚ապրին Պէյրութի նաւահանգիստին մօտակայ գտնուող հայկական գաղթակայանին մէջ (քէմփ)։ Պետրոս իր առաջին ամուսնութենէն Թրվանտա Թիւլէնեանի հետ ունէր արդէն երեք զաւակ՝ Հայկազ, Արշակունի (ծնած 1905-ին) եւ Մարիամ։ Իսկ Սաթենիկին (ծնեալ Փասլեան) հետ անոնք կ՚ունենան դուստր մը՝ Մարի։

1923-ին, Արշակունի Ռաֆայէլեան կը հեռանայ ընտանիքէն եւ կը մեկնի Ֆրանսա, ուր կ՚ապրի Մարսէյի Օտտօ հայ գաղթակայանին մէջ։ Արշակունի տարի մը կ՚աշխատի իւղի գործարանի մը մէջ։ Այս տարիներուն է որ ան կը տիրանայ Հայաստանի Հանրապետութեան անցագիրին, որ կը շնորհուէր Ֆրանսա հաստատուած հայ գաղթականներուն։ Նոյն այս անցագիրով է որ Արշակունի 1924-ին, քիչ մը դրամ վաստկելէ ետք, կը վերադառնայ Լիբանան եւ կը միանայ իր ընտանիքին։

1929-էն սկսեալ ծայր կ՚առնէ Պուրճ Համուտի մէջ հայկական թաղամասերուն շինութիւնը, որոնցմէ մէկը կը կոչուէր Նոր Սիս։ Հոս է որ Ռաֆայէլեան ընտանիքը բնակութիւն կը հաստատէ, իսկ Արշակունին ալ կը դառնայ այս թաղամասի հայ երեւելիներէն մէկը։

Կ՚ամուսնանայ 1931-ին Ազատուհիի (ծնեալ Ատուրեան) հետ, որ նոյնպէս Սիս ծնած գաղթական հայուհի մըն էր։ Ցեղասպանութեան տարիներուն Ազատուհիի ընտանիքը չի տարագրուիր եւ կը շարունակէ մնալ Սիս։ Այս ընթացքին անոնք կ՚իսլամանան. սարսափի այս տարիներուն կը ծնի Ազատուհին, անունը կը դնեն Սուլթանա։ Պատերազմի աւարտէն ետք, ֆրանսական զօրքերը կը գրաւեն Կիլիկիան եւ վերապրող հայերը կը վերադառնան Սիս. այն ատեն Սուլթանան քրիստոնեայ կը մկրտուի եւ կը կոչուի Ազատուհի։

Ազատուհին եւ Արշակունին կ՚ունենան որդի մը՝ Միսաք։ Միսաք կ՚ամուսնանայ Այտա Յակոբեանի հետ եւ կ՚ունենան երեք զաւակներ՝ Պետրոս, Պէթի եւ Քարոլին։ Քարոլին կինն է այս նիւթերը մեզի հայթայթած Կարօ Տէրունեանի։ 

Արշակունի անդամ էր Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութեան։ Նոր Սիսի մէջ կ՚ըլլայ առաջին մուխթարը։ Պուրճ Համուտի քաղաքապետարանի խորհուրդի հիմնադիր կազմի անդամ էր։ 1935-ին իր տան մէջ տեղի կ՚ունենայ ՀՄԸՄ-ի (Հայ Մարմնակրթական Ընդհանուր Միութիւն) Պուրճ Համուտի մասնաճիւղին հիմնադիր ժողովը։ Նոր Սիսի եկեղեցիին եւ դպրոցին հիմնադիրներէն եղած է, ինչպէս նաեւ իր կարեւոր մասնակցութիւնը բերած է համայնքային կեանքին մէջ։

Սեփականատէրերէն մէկն էր Պէյրութի կեդրոնական Պուրճ թաղամասի Café de la Bourse-ին, ինչպէս նաեւ այլ սրճարանի մը՝ Պոլոնիայի մէջ, որ Լիբանանի գիւղագնացութեան ժողովրդային վայրերէն էր։ Գալով Ազատուհիի, ան հիմնադիրներէն էր Լիբանանի Օգնութեան Խաչ բարեսիրական միութեան։

Արշակունի կը մահանայ 1991-ին, իսկ Ազատուհի՝ 2005-ին։

Համայնապատկերէն հատուածներ։ Լուսանկարներ թիւ 2-ին եւ թիւ 3-ին մէջ կը տեսնենք Պուրճ Համուտէն անցնող երկաթուղագիծը։

Ֆրանսական հոգատարութեան տակ գտնուող լիբանանեան անցագիր, 1923 թուակիր։ Պատկանած է Արշակունի Ռաֆայէլեանի։ Այս անցագիրով ան մեկնած է Պէյրութէն Մարսէյ, ուր մնացած է մօտ մէկ տարի։

Արշակունի Ռաֆայէլեանի Հայաստանի Հանրապետութեան անցագիրը։ Այս փաստաթուղթը կը տրուէր Եւրոպա ապաստանած հայ գաղթականներուն, որոնք չէին կրնար տեղական երկիրներուն քաղաքացիութիւնը ստանալ։ 1923-ին Արշակունի Ռաֆայէլեան Պէյրութէն Մարսէյ կը հասնի եւ տեղւոյն վրայ ալ կը ստանայ 8 Յունուար 1924 թուակիր անցագիրը։
Ինչպէս կը կարդանք սոյն անցագիրին կռնակին վրայ, այս փաստաթուղթով ալ Արշակունի Ռաֆայէլեան կը վերադառնայ Լիբանան 18 Սեպտեմբեր 1924-ին։

Մարի Ռաֆայէլեանի մանկապարտէզի վկայականը Պէյրութի Սահակեան վարժարանէն, 26 Յունիս 1927 թուակիր։ Վկայականը կը կրէ Լիբանանի հայոց Թեմի Առաջնորդ Եփրեմ Տոհմունիի, ինչպէս նաեւ դպրոցի տնօրէն Ղազար Չարըքի ստորագրութիւնները։
Հետաքրքրական է որ վկայականին մէջ կը նշուի նաեւ երեխային ծնողներուն որտեղացի ըլլալը, այս ձեւով անոնց հայրենակցական ինքնութիւնը ճշդելու համար։ Մարի Ռաֆայէլեանի պարագային տնօրէնութիւնը յայտնապէս սխալմամբ գրած է «հաճընցի», բայց կարծես թէ ծնողները յետագային միջամտած են, կարմիր գրիչով սրբագրած են այս «վիրաւորական» սխալը եւ գրած են «սիսեցի»։

1.Պուրճ Համուտ, Նոր Սիս, 1933 Մայիս 28։ Ձախէն աջ՝ Մարի Ռաֆայէլեան (յետագային Աջապահեան), Մարիամ Ռաֆայէլեան (յետագային Գուլայեան), Ազատուհի Ռաֆայէլեան (ծնեալ Ատուրեան)։
2.Ազատուհի Ատուրեան (յետագային Ռաֆայէլեան), լուսանկարուած Պուրճ Համուտի Նոր Սիս թաղամասին մէջ։

1.Պուրճ Համուտի ՀՄԸՄ-ի ֆանֆարը, Պուրճ Համուտ, 1940-ական թուականներ։ Արշակունի Ռաֆայէլեան նստած է կեդրոնը թմբուկին ճիշդ ետեւը։
2.Պուրճ Համուտի ՀՄԸՄ-ի սկաուտները, 1940-ական թուականներուն։

Արշակունի Ռաֆայէլեանի ՀՄԸՄ Պուրճ Համուտի մասնաճիւղի անդամատետրը, 1961 թուակիր։ Ուշագրաւ է անդամագրութեան թիւը՝ 1։

1.Նոր Սիսի Լուսինեան վարժարանի 1958-1959 տարեշրջանի շրջանաւարտներն ու ուսուցչական կազմը։ Կեդրոն, ձախէն չորրորդը՝ Այտա Յակոբեան (յետագային Ռաֆայէլեան)։

2.Նոր Սիսի Լուսինեան վարժարանի մանկապարտէզի աշակերտներ եւ ուսուցչական կազմ։ Երկրորդ շարք (ուսուցիչներուն շարքը), ձախէն հինգերորդ երախան Այտա Յակոբեան (յետագային Ռաֆայէլեան)։

3.Նոր Սիս, Սուրբ Սարգիս եկեղեցիին փակին մէջ, Թաղական խորհուրդի անդամներ։ Արշակունի Ռաֆայէլեան կանգնած է նկարին կեդրոնը, ակնոցաւոր եւ սեւ տարազով։ Անոր ձախին՝ Սարգիս Գուլայեան։ Արշակունիին ճիշդ ետին կանգնած կինը՝ Ազատուհի Ռաֆայէլեանն է։ Ազատուհիին ձախ կողմը Մարիամ Գուլայեան (ծնեալ Ռաֆայէլեան, Արշակունիին քոյրը)։ Ոտքի, ձախէն վեցերորդ անձը՝ Հայկազուն Յակոբեան։ Նստած ակնոցաւոր կրօնաւորը՝ Եզնիկ վրդ. Բալայեան։ Աջէն երրորդ անձը՝ Կարապետ Մխիթարեան։

1.Ազունիէ, Ազգային բուժարան, 20 Ապրիլ 1965։ Լիբանանեան Օգնութեան Խաչի անդամուհիներ այցելութեան մը ընթացքին։ Մարդուն ձախին, ետեւ կանգնած եւ բաց գոյն հագուստով կինը՝ Ազատուհի Ռաֆայէլեան։

2.Ազատուհի Ռաֆայէլեան 1987-ին շքանշան կը ստանայ Լիբանանի Օգնութեան Խաչին (ԼՕԽ) երկարատեւ իր ծառայութեան ի պատիւ, ձեռամբ այդ տարիներու Լիբանանի Թեմի Առաջնորդ Արամ Քէշիշեանէն (յետագային Կաթողիկոս)։

1.Նոր Սիս, Ռաֆայէլեաններու տան մէջ։ Ձախէն աջ՝ Արշակունի Ռաֆայէլեան, կեդրոնի կրօնաւորին ինքնութիւնը անյայտ, Հայկազուն Յակոբեան։

2.Ձախէն երրորդը՝ Տէր Գրիգոր քհնյ. Ֆարաճեան, հինգերորդը՝ Արշակունի Ռաֆայէլեան, Կարապետ Մխիթարեան, Շաքէ Մխիթարեան։

1.Պուրճ Համուտ, Նոր Սիս թաղամաս, 10 Փետրուար 1963, Սուրբ Սարգիս եկեղեցիին առջեւ։ Սուրբ Սարգիսի տօնակատարութիւն։ Լուսանկարին կեդրոնը գտնուող ակնոցաւոր եւ փողկապով մարդը Արշակունի Ռաֆայէլեանն է։ Անոր ձախին՝ Կիլիկիոյ Զարեհ Ա կաթողիկոս Փայասլեան (1915-1963)։ Կաթողիկոսին ձախին եւ քիչ մը ետեւ կանգնած ակնոցաւոր, պեխաւոր եւ փողկապով մարդը Պուրճ Համուտի քաղաքապետ Յակոբ Աշճեանն է։ Արշակունի Ռաֆայէլեանի աջի կրօնաւորը Լիբանանի Հայոց թեմի Առաջնորդ Խորէն Բարոյեանն է (յետագային Կաթողիկոս)։

2.Նոր Սիս, Պուրճ Համուտ, Սուրբ Սարգիս եկեղեցւոյ առջեւ, 1980-ականներու սկիզբ։ Կեդրոնի կրօնաւորը՝ Լիբանանի Թեմի Առաջնորդ Արամ Քէշիշեան (յետագային Կաթողիկոս)։ Անոր ձախին՝ Արշակունի Ռաֆայէլեան։ Առաջնորդին աջին՝ Անդրանիկ Ուրֆալեան։