1930 թուականին, Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութիւնը, ինը տարի թափառական մնալէ ետք, կըհաստատուի Անթիլիաս, Լիբանան։ Կալուածը Կաթողիկոսութեան կը փոխանցուի Մերձաւոր Արեւելքի նպաստամատոյցի (Near East Relief) կողմէ, որ նախապէս զայն կ՚օգտագործէր որպէս հայ որբերու ապաստանարան (1921-1928):
Սեպտեմբեր 1930-ին, Սահակ Կաթողիկոս Խապայեան Հալէպէն կը հասնի Անթիլիաս, եւ մէկ ամիս վերջ գործակցաբար ապագայ Բաբգէն Աթոռակից Կաթողիկոսին կը կատարէ Դպրեվանքի բացումը, որ պիտի ծառայէր հայ գաղութներուն եկեղեցականներ եւ ուսուցիչներ պատրաստելու նպատակին։ Բաբգէն Եպսկ. Կիւլէսէրեան Աթոռակից Կաթողիկոս կը դառնայ փաստօրէն 1928-էն սկսեալ, իսկ անոր պաշտօնական օծումը տեղի կ՚ունենայ 1931-ին։
Շահէ Ծ. Վրդ. Գասպարեան, (ապա՝ Արքեպիսկոպոս) կը նշանակուի Դպրեվանքի վերատեսուչ։
Դպրեվանքի առաջին տարուան դասաւանդութիւնները կը սկսին 38 աշակերտներու մասնակցութեամբ, որոնք ընտրուած էին լեզուական, ուսողական, գիտական ու պատմական նիւթերու մէջ գրաւոր քննութիւններուն յաջողելով եւ առաջնորդարաններէ տրուած բարի վարուց վկայականի, բժշկական վկայագրի, ինչպէս նաեւ անհատական տեսակցութեան ու բերանացի քննութիւններու թողած տպաւորութեանց հիման վրայ։
Դպրեվանքի առաջին տարին իսկ, Բաբգէն Աթոռակից Կաթողիկոս, նկատելով որ կարելի չէ առանց մատենադարանի Կաթողիկոսարան ու Դպրեվանք պահել, Շահէ Ծ. Վրդ. Գասպարեան վերատեսչին հետ կը յաջողի պոլսեցի նշանաւոր գրասէր եւ հոգեւորական Տ. Յովհաննէս Աւագ Քհնյ. Մկրեանի արժէքաւոր մատենադարանին գնումը 1931-ին եւ Պոլիսէն Անթիլիաս փոխադրութիւնը 1932-ին։ Մկրեան Քհնյ.ի մատենադարանը կը բաղկանար 3200 հատոր դասական մատենագրութիւններէ, ձեռագիրներէ եւ 19-րդ դարու պարբերականներու հաւաքածոյ հատորներէ։
Այս մեծարժէք գիրքերու եւ ձեռագիրներու Անթիլիաս փոխադրութիւնը հիմք կը ծառայէ Կաթողիկոսարանի Մատենադարանին եւ Ձեռագրատան ստեղծման եւ առիթ՝ Դպրեվանքի սաներուն հայկական հին թէ նոր մատենագրութեան ծանօթացումին եւ ուսումնասիրութեան։
Հնադարեան ձեռագիրներու կախարդանքը մասնաւորաբար կը հրապուրէ Դպրեվանքի առաջին սերունդի աշակերտներէն Սիմոն Սիմոնեանը՝ ապագայ ուսուցիչ, դասագիրքերու հեղինակ, բանասէր, խմբագիր, գրահրատարակիչ, գրագէտ, արձակագիր, որ պիտի ըլլայ «այս ձեռագիրները առաջին խուզարկողը»։ [1]
Անոնցմէ երկուքը յատկապէս կը գրաւեն պատանի ուսանողին ուշադրութիւնը. Մովսէս Կաղանկատուացիի «Աղուանից Պատմութիւն»ը, որ կը դառնայ իր առաջին աւարտաճառի նիւթը, եւ Ստեփանոս Դաշտեցիի տաղերը։ Այս վերջինը եւ անոր մասին իր կատարած ուսումնասիրութիւնը, [2] ինչպէս նաեւ Դպրեվանքի ձեռագրատան մէջ ընդօրինակած՝ Նաղաշ Յովնաթանի եօթը անտիպ տաղերը, Սիմոնեան միասնաբար կը հրատարակէ 1965-ին՝ իր խմբագրած «Սփիւռք» գրական-գեղարուեստական-հասարակական շաբաթաթերթին մէջ։ Աւելի ուշ՝ 1981-ին, առանձին հատորով մըն ալ լոյս կը տեսնէ իր սեփական «Սեւան» տպարանէն՝ Պէյրութ։ Ստեփանոս Դաշտեցիին ձեռագիրը, ինչպէս կը գրէ Սիմոն Սիմոնեան, աւելի ուշ կ՚անհետանայ ձեռագրատունէն։ [3] Ինչ որ կը նշանակէ, թէ Սիմոնեանի քով գտնուող ընդօրինակութիւնները միակ օրինակներն են այս կարեւոր գործին։
Փակուած Անթիլիասի խեղճ ու խոնաւ սենեակին մէջ, Սիմոն Սիմոնեան իր ուսանողութեան վերջին երկու տարիները (1934-1935) «միջնադարեան գրիչի համբերութեամբ, տաժանքով եւ սիրով» [4] կը յատկացնէ ընդօրինակելու եւ հարիւրամեակներու մշուշէն դուրս հանելու Ստեփանոս Դաշտեցիի եւ Նաղաշ Յովնաթանի անտիպ տաղերը, որոնք իրենց մշակութային արժէքին կողքին անխուսափելի վաւերաթուղթերեն իրենց ապրած ժամանակաշրջաններու պատմութեան, բարբառին եւ բանահիւսութեան։
Վերապրումի կրկնագիր էջեր
Սիմոնեանի հարուստ արխիւին մէջ կը հանդիպինք Նաղաշ Յովնաթանի տաղերուն մէկ բաժինին այլ արտագրութեան, այս անգամ ընդօրինակուած ո՛չ Սիմոնեանի կողմէ, բայց շատ հաւանաբար իր թելադրանլով, Դպրեվանքէն իր մեկնումէն ետք, վստահաբար վերստուգումներ եւ կամ ճշդումներ ընելու նպատակով։
Այս ընդօրինակութիւնները, զորս Սիմոնեան հաւանօրէն վստահած էր իրեն ծանօթ դպրեվանեցիի մը, կատարուած են NER-ի Անթիլիասի որբանոցին պատկանած հեռագիրներու չօգտագործուած երեսներուն վրայ, ուր ճակատագրի հեգնանքով մը արձանագրուած են նոյն ժողովուրդի աւելի մօտիկ անցեալի տխուր պատմութեան ապացոյցները։
Այսպէս, նոյն հեռագիրի երկու տարբեր երեսներուն վրայ, Նաղաշ Յովնաթանի լաւատեսութիւն եւ զուարթութիւն բուրող տաղերուն զուգահեռ կ՚արտացոլայ հայ տարագիր որբերու եւ անտէր մնացած փոքրիկներու յոյսի նշոյլներ պարգեւող NER-ի փրկարար գործունէութիւնը. այս հաստատութեան հիմնած որբանոցներէն ներս հազարաւոր որբեր կը գտնեն իրենց ապաստանարանը, կը սնուին, կը ստանան կրթութիւն, ֆիզիքական խնամք, արհեստ ու մասնագիտական ուսում, եւ ամէնէն կարեւորը վերապրելու ոյժ։
Նամակագրութիւնը պատկերացում մը կու տայ NER-ի վարչական աշխատանքներուն, կեդրոններու (Պէյրութ, Սայտա, Ղազիր, Հալէպ, Աթէնք) միջեւ տեղեկութիւններու փոխանցման եղանակին, ինչպէս նաեւ որբերու հարազատներու փնտռտուքին, աշխատանքի տեղաւորման եւ առողջապահական մտահոգութիւններուն մասին։ Քանի մը տասնեակ կարճ ու կտրուկ գրուած հեռագիրներ, որոնք նեղ տողերու մէջ կ՚ամփոփեն հայ որբերու ցաւերն ու տառապանքները եւ միւս կողմէ այդ ցաւերն ու տառապանքները մեղմացնելու համար թափուած հսկայական ճիգերը։ Սոյն նամակագրութեան հեռագիրներուն վրայ կը հանդիպինք այդ օրերու NER-ի հոգատար աշխատակիցներէն ոմանց անուններուն։
Նաղաշ Յովնաթանի տաղերը եւ NER-ի հեռագիրները զուգահեռաբար կ՚ընթանան մօտ 200 տարուան հեռաւորութեամբ։ Այսպէս, էջ 177/1 հեռագիրին մէկ երեսին վրայ կը կարդանք Նաղաշ Յովնաթանի հետեւեալ տողերը՝
Այսօր հնչեաց աւետեաց ձայն [Այսօր հնչեց աւետիսի ձայն]
Երկնից բարբառ հրեշտակական [5] [Երկնքի հրեշտակային բարբառ/ձայն]
Մինչ երկրորդ երեսին վրայ NER-ի Անթիլիասի որբանոցի տնօրէն Մ. Տ. Պրաուն, 15 Մայիս 1926 թուակիր հեռագրով կ՚աւետէ, թէ որբանոցի սաներէն՝ Կիրակոս Սարգիսեան, գործի տեղադրուած է ինքնաշարժի նորոգութեան կեդրոնի մը մէջ։ Երկնքի հրեշտակային ձայնի նմանող այս լուրը Կիրակոսին համար հաւանաբար պիտի ըլլար նոր սկիզբ մը. որբանոցէն նոր դուրս եկած, արհեստի մը մէջ հմտացած, ան այլեւս կրնար առանձին շարունակել կեանքի իր երթը։
Էջ 184/8-ին վրայ կը կարդանք Նաղաշ Յովնաթանի հետեւեալ տաղը՝
Ասեն եւ բանք աստուածայնոյ [Լսեցի եւ աստուածային ձայնը]
«Առաքելոյ սուրբ աղաւնոյ» [Ուղարկուած սուրբ աղաւնիի տեսքով]
Այլեւ հնչեն փող եւ թմբուկ՝ [Նաեւ կը հնչեն փող եւ թմբուկ]
Տալով բուրվառ խունկ եւ կնդրուկ։ [6] [Բուրվառով խունկ եւ կնդրուկ օծելով]
Իսկ երկրորդ երեսին վրայ, Պէյրութի NER-ի Երեխաներու ընկերային ծառայութեան բաժինի ուղարկած 1927 թուակիր հեռագիրը իր կարգին փող եւ թմբուկ կը հնչեցնէ գտնելու համար Շնորհիկ Պիլմէզեան անունով որբուհին։
Էջ 186/10 հեռագիրին երկրորդ երեսէն կ՚իմանանք, որ 1925-ին, Սայտայի (Լիբանան) Թռչնոց բոյն որբանոցի (աւելի ուշ Լիբանանի Ժպէյլ քաղաքը տեղափոխուած) տնօրէնուհի Մարիա Եաքոպսըն լծուած է այլ որբուհիի մը՝ Արաքսի Մինասեանի անցագիրի պատրաստութեան աշխատանքին, որուն որբանոցային կեանքը ըստ երեւոյթին աւարտած է եւ կ՚երթայ միանալու իր վերագտած ընտանիքին կամ ընտանիքի անդամներէն մէկուն եւ կամ կազմելու նոր ընտանիք մը։
Էջ 188/12-ի վրայ Նաղաշ Յովնաթանի տողերն են.
Ձեր որդիքըն ծաղկանման [Ձեր ծաղկանման որդիները]
Օր ըստ օրէ պայծառանան [7] [Օրէ օր կը պայծառանան]
Աշուղի այս խօսքերը եւ բարեմաղթութիւնները կարծէք թէ ուղղուած են NER-ի Երեխաներու ընկերային ծառայութեան Հալէպի եւ Պէյրութի պաշտօնէութեան, որոնք ինչպէս կ՚երեւի հեռագիրին երկրորդ երեսին վրայ 1925-ին անխոնջ, բայց ապարդիւն աշխատանք կը տանին NER-ի Պէյրութի որբերէն Պարոյր Սողոյեանը միացնելու իր ընտանիքէն ողջ մնացած հօրաքրոջ Մարիամ Սողոյեանին, զայն փնտռելով Հալէպի հայկական եկեղեցւոյ եւ Էրզրումի հայրենակցական Միութեան շրջանակներուն մէջ։
Էջ 190/14-ի վրայ Նաղաշ Յովնաթան իր տաղերը կ՚ուղղէ «Սուրբ Յակոբայ հայրապետին»։ Մինչ երկրորդ երեսին վրայ կը գտնենք NER-ի Ղազիրի (Լիբանան) որբանոցի տնօրէն (նախապէս Ուրֆայի որբանոցի տնօրէն) Եաքոպ Քիւնցլէրի ստորագրութիւնը կրող հեռագիրը, որ կը զեկուցէ որբուհի Ֆրանսուհի Չաքրճեանի Ղազիրի որբանոցին մէջ պատսպարելու համար տարուած աշխատանքներու մասին։
Եւ հովանի կազմեալ վըրան [8] [եւ որպէս հովանի կազմած վրան]
Վերի տողը հեռագիրին էջ 192/16-ն է։ Երկրորդ երեսին վրայ, այս անգամ Եաքոպ Քիւնցլէրի տիկինն է՝ Էլիզապէթ Քիւնցլէր, որ 1924-ին Ղազիրի որբանոցէն կը հեռագրէ Պէյրութի NER-ի գրասենեակին, տեղեկութիւններ փոխանցելով հովանիի կարիքը ունեցող որբուհի Ովսաննա Գույումճեանի գտնուած հաւանական վայրին մասին։
Սիմոնեանի արխիւին միջոցաւ մեզի հասած Նաղաշ Յովնաթանի տաղերու այս արտագրութիւններուն կողքին, իւրաքանչիւր հեռագիր մեզի կը փոխանցէ դրուագ մը՝ ցեղասպանութենէն ճողոպրած որբերու այն սերունդին մասին, որ դատապարտուած էր մեռնելու,… բայց որ ապրեցաւ։
«Փոքրիկ Բանասէրը»
Սասունցի ջաղացպան հօր (Կերմաւ գիւղէն) եւ այնթապցի մօր անդրանիկ զաւակը՝ Սիմոն Սիմոնեան ծնած է Օսմանեան կայսրութեան Այնթապ քաղաքը՝ 1914-ին։ 1921-ին Կիլիկիոյ բռնագաղթին, ընտանիքին հետ կը տեղափոխուի Հալէպ, ուր կը բնակի «քէմբի մը թիթեղապատ հիւղակին մէջ 7x4մ. տարածութեամբ, որուն հողն իսկ մեզի չէր պատկաներ», կը հաստատէ Սիմոնեան։ [9]
Այնթապ կիսատ թողած ուսումը կը շարունակէ Հալէպի մէջ նախ աշակերտելով Հայկազեան, ապա Կիլիկեան եւ «ֆրէրներ»ու վարժարանները, իսկ 1930-ին շրջանաւարտ կ՚ըլլայ Կրթասիրացէն եւ նոյն տարին կ՚ընդունուի Անթիլիասի Դպրեվանք, ուր կը հասնի 1930 Հոկտեմերին եւ կ՚ուսանի մինչեւ շրջանաւարտ դառնալը՝ 1935, Յունիս։
Դպրեվանքի յարկին տակ սկիզբ կ՚առնէ լեռնականներէն սերած պատանիին արշալոյսը։
12 Հոկտեմբեր 1930-ին, Ս. Թարգմանչաց Կիրակին, Ս. Պատարագով եւ հաղորդութեամբ կը կատարուի Դպրեվանքի բացումը, առժամապէս եկեղեցիի վերածուած NER-ի նախկին որբանոցի կառոյցներէն մէկուն մէջ, որ նախապէս կ՚օգտագործուէր որպէս ատաղձագործարան։
Առաջին տարուան դասընթացքներուն կը հետեւին 38 աշակերտներ, բաժնուած՝ երեք դասարաններու. առաջինը կը բաղկանայ եօթը երիտասարդներէ (22-25 տարեկան), որոնք կը կազմեն «մասնաւոր դասարան»ը. անոնք երկրորդականը աւարտած եւ ուսուցչական որոշ փորձառութիւն ունեցող սաներն են։ Երկու տարուան ծրագիրի մը հետեւելով՝ անոնք պէտք է զարգացնեն իրենց կրօնական-կրթական գիտելիքները եւ ապա շարունակեն ուսուցչական ասպարէզը։ Երկրորդ դասարանին խումբը կը բաղկանայ 17 պատանիներէ. անոնք կը կազմեն Դպրեվանքի հնգամեայ դասընթացքի առաջին դասարանը, իսկ մնացեալ 14-ը՝ նախապատրաստական դասարանը։
Սիմոն Սիմոնեան մաս կը կազմէ երկրորդ դասարանի խմբակին, իր հետ դասընկեր ունենալով այլ Սիմոն մը՝ Փայասլեան, ապագայ Զարեհ Ա. Կաթողիկոսը։
Սիմոն Սիմոնեանին գրած մէկ նամակը իր ծնողքին՝ Հալէպ։ Գրուած է Անթիլիասի մէջ եւ կը կրէ 27 Հոկտեմբեր 1930 թուականը, երբ Սիմոնեան Դպրեվանքի սան էր։ Ան գործածած է Դպրեվանքի գլխագրութեամբ պաշտօնական նամակաթուղթը։ Ձեռագիրին լեզուն հայատառ թրքերէն է, նկատի ունենալով որ Սիմոնեանի մայրը թրքախօս էր։
Սահակ Կաթողիկոսը Դպրեվանքը կը նկատէ Կաթողիկիսարանի կարեւորագոյն ձեռնարկը, իսկ Բաբգէն Աթոռակից զայն կը կոչէ «Կաթողիկոսարանի ջիղը» եւ Շահէ Եպիսկոպոսի հետ (ապա՝ Արքեպիսկոպոս) երկուքն ալ Արմաշի Դպրեվանքի նախկին ուսանողներ, իրենց վարչական ծանր պարտականութիններուն առընթեր կը ստանձնեն Դպրեվանքի մէջ դասաւանդելու պարտականութիւններ։
Մեծ կ՚ըլլայ Բաբգէն Աթոռակիցի վաստակը Դպրեվանքի առաջին սերունդի սաներուն վրայ, որուն անդրադառնալով Սիմոնեան կը հաստատէ, թէ «(…) իրեն կը պարտինք մեր նախասիրութիւնները (հայագիտութիւն, պատմիչներ, գրաբար, հայ մատենագրութիւն) լեզուական մոլեռանդութիւնը, նկարագիրը (…)», [10] մինչ Դպրեվանքին անդրադառնալով՝ 1936-ին, իր ուսուցիչներէն Բիւզանդ Եղիայեանի գրած նամակին մէջ կ՚ըսէ. «Աւազուտքին՝ որբերու ձեռքով կերտուած համեստ շէնքերուն մէջ շինուեցաւ անտեսանելի միւս շէնքը, ուրիշներ պիտի ըսէին բարոյական շէնքը, միտքի եւ հոգիի լաւագոյն վաստակովը մեր ուսուցիչներուն։ Տաճար մը եղաւ ան լոյսի, որովհետեւ օրհնուեցաւ աղօթքով, քար առ քար բարձրացաւ ազնիւ աշխատնաքով…»։ [11]
Բծախնդրութեամբ կը կատարուի նաեւ Դպրեվանքի ուսուցիչներու ընտրութիւնը եւ ուսման ծրագրի ճշդումը։
Մատենադարանի եւ ձեռագրատան հիմնումէն ետք, նոյնքան նշանակալի կ՚ըլլայ Կաթողիկիսարանի տպարանի բացումը եւ սարքաւորումը։ Բաբգէն Աթոռակից Կաթողիկոս կը յաջողի Աթէնքի NER-ի որբանոցէն բերել տալ տպագրական մեքենայ մը, զոր պէտք էր ոտքով աշխատցնել ելեկտրական սարքաւորում չունենալու պատճառով, իսկ Պոլիսէն կ՚ապսպրուին հայերէն տառեր Գէորգեան ձուլարանէն։ Այս փոքրիկ տպարանին մէջ է, որ լոյս կը տեսնէ Կաթողիկոսարանի «Հասկ» պաշտօնաթերթի առաջին թիւը, Յունուար 1932-ին։ Տպարանին առաջին գրաշարները եւ ոտնամամուլով տպագրիչները կ՚ըլլան Դպրեվանքի սաները եւ բնականաբար, ապագայ տպարանատէր պատանի Սիմոն։ Մատենադարանի կողքին նորաստեղծ տպարանին մէջ ան կը գտնէ իր իսկական բնակավայրը, կը մխրճուի մագաղաթներու եւ գիրքերու աշխարհին մէջ՝ յագեցնելով անոնց հանդէպ ունեցած ծարաւը այն աստիճան, որ Բաբգէն Աթոռակից, երբ իր անուան ակնարկէր «փոքրիկ բանասէրը» կը կոչէր զինք [12], մինչ իր դասընկերները կատակելով կ՚ըսէին՝ «մագաղաթ կը հոտիս»։
Ընթերցանութեան եւ ձեռագիրներու ուսումնասիրութեան մէջ, Սիմոնեան կը գտնէ իրականութիւններ, որոնք աւելի հարազատ եւ հմայիչ կը թուին, քան այն ողբալի իրավիճակը, որ այդ օրերուն կ՚ապրէր գաղթական դարձած հայութիւնը։
Մատենադարանին եւ տպարանին պիտի գար միանալու նոյն շրջանին Կաթողիկոսարանին բակին մէջ հիմնուած մանկապարտէզ-նախակրթարանը՝ ծառայելու համար Անթիլիասի եւ շրջակայքի հայ ընտանիքներու զաւակներուն, միանգամայն իբրեւ փորձառական մանկավարժանոց՝ Դպրեվանքի բարձրագոյն աշակերտներուն համար, եւ ուր Սիմոնեան պիտի ապրէր դաստիարակ-ուսուցիչի իր առաջին փորձառութիւնները։
Անթիլիասի մէջ ստեղծուած մատենադարան-տպարան-վարժարան եռանկիւնը, Դպրեվանքի Արմաշական դպրոցի ուսուցիչներէն առած գրաբարի եւ մատենագրութեան ճաշակն ու գիտելիքները, առաւել իր անխոնջ ինքնաշխատութիւնն ու ուսումնասիրութեան ինքնախոյզ կիրքը պիտի կերտէին ապագայ մտաւորականը։ Դպրեվանքի իր դասընկերներէն՝ Նշան Խոշաֆեան, առիթով մը պիտի ըսէր, թէ «երբ Դպրեվանքէն շրջանաւարտ ելանք, Սիմոն Սիմոնեան արդէն պատմաբան-բանասէր ու գրագէտ էր»։ [13]
Հալէպ, 1930-1931։ Սիմոնեան ընտանիքը եւ ազգականներ։ Ամէնէն առջեւը գետին նստած ճաղատ մարդը՝ Օվէ Սիմոնեանն է (Սիմոնին հայրը)։ Անոր ճիշդ աջին՝ Յարութիւն Սիմոնեան (Սիմոնին կրտսեր եղբայրը), Յարութիւնին ճիշդ աջին՝ Գրիգոր (Սիմոնին միջնեկ եղբայրը)։ Ամէնէն աջին, առջեւի շարք, գետին նստած ճաղատ մարդը Ճըրճի (Գէորգ) Ժիրագոն է (Սիմոն Սիմոնեանի մօրեղբայրը), Ճըրճիին ետեւը, քիչ մը ձախին՝ Յակոբ Տարագճի (հետագային Ժիրագօ)՝ Սիմոն Սիմոնեանի մօրենական մեծ հայրը։ Կեդրոնը նստած կրօնաւորուհին Քոյր Ֆիլոմէն Ժիրագօն է (Սիմոն Սիմոնեանի մօրաքոյրը)։ Անոր աջին նստած կինը՝ Մեննուշ Սիմոնեանն է (Սիմոնին մայրը)։ Մնացեալները ազգականներ են՝ Ժիրագօ, Շիթիլեան, Գասպարեան, Պօճի եւ Սիմոնեան ընտանիքներուն պատկանող։
- [1] Սիմոն Սիմոնեան, Նորայայտ տաղասաց մը. Ստեփանոս Դաշտեցի ուսումնասիրութիւն եւ տաղեր։ Յաւելուած Նաղաշ Յովնաթանի եօթը անտիպ տաղերը, տպ. Սեւան, Պէյրութ, 1981, էջ 7։
- [2] Ստեփանոս Դաշտեցիի տաղերուն մասին կատարած Սիմոն Սիմոնեանի այս ուսումնասիրութիւնը առանձնաբար լոյս տեսած է Արշակ Չօպանեանի խմբագրած «Անահիտ» հանդէսին մէջ (Սիմոն Սիմոնեան, «Ստեփանոս Դաշտեցի. նորայայտ աշուղ մը (տաղեր եւ ուսումնասիրութիւն), Անահիտ հանդէս, 1939, թիւ 3, Ապրիլ-Մայիս, էջ 51-68)։
- [3] Սիմոնեան, Նորայայտ տաղասաց մը. Ստեփանոս Դաշտեցի, էջ 128։
- [4] Նոյն, էջ 7։
- [5] Ձեռագիր արտագրութեան այս էջը կը համապատասխանէ տպագիր գիրքին էջ 77-ին (Սիմոնեան,Նորայայտ տաղասաց մը. Ստեփանոս Դաշտեցի)։
- [6] Ձեռագիր արտագրութեան այս էջը կը համապատասխանէ տպագիր գիրքին էջ 83-ին (Սիմոնեան,Նորայայտ տաղասաց մը. Ստեփանոս Դաշտեցի)։
- [7] Ձեռագիր արտագրութեան այս էջը կը համապատասխանէ տպագիր գիրքին էջ 86-ին (Սիմոնեան,Նորայայտ տաղասաց մը. Ստեփանոս Դաշտեցի)։
- [8] Ձեռագիր արտագրութեան այս էջը կը համապատասխանէ տպագիր գիրքին էջ 89-ին (Սիմոնեան,Նորայայտ տաղասաց մը. Ստեփանոս Դաշտեցի)։
- [9] Սիմոն Սիմոնեան, Լեռնականներու վերջալոյսը, տպ. «Սեւան», Պէյրութ, 1968, էջ 207։
- [10] Սփիւռք շաբաթաթերթ, 13 Հոկտեմբեր 1966, էջ 1։
- [11] «Հասկ» ամսաթերթ, ԾԵ. տարի, թիւ 3, Մարտ 1986, Անթիլիաս, Լիբանան, էջ 118:
- [12] Բիւզանդ Եղիայեան, Հասկ պարբերաթերթ, Մարտ-Ապրիլ 1969, էջ 134։
- [13] Նշան Խոշաֆեան, «Սիմոն Սիմոնեանի ‘Լեռնականներու Վերջալոյսը’», Սփիւռք շաբաթաթերթ, թիւ 24, 7 Յունիս 1970, Պէյրութ, էջ 4։